Յօդուածներ

Պատառիկներ Հօրս Յուշերէն

Պատառիկներ Հօրս Յուշերէն

ՄԻՀՐԱՆ ՉԱՂԼԱՍԵԱՆ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կարդալով Մարաշի աղէտին մասին, յիշեցի հօրս պատմածները, որովհետեւ անոնք ականատեսի վկայութիւններ էին աղէտին մասին: Հայրս քիլիսցի էր, արհեստով պղնձագործ: Աշխատանքի բերումով ամիսը անգամ մը կ՛երթար Մարաշ` իր գործերը վաճառելու: Օր մըն ալ, երբ Մարաշ գացած է, տեսած է, որ տարօրինակ իրարանցում մը կը տիրէ փողոցներուն մէջ, հայերը` սարսափած, այս ու այն կողմ կը վազէին, որովհետեւ...

Հայերի Ունեզրկման Գործընթացը 1915-1923 Թթ.  (Ա. Մաս)

Հայերի Ունեզրկման Գործընթացը 1915-1923 Թթ. (Բ. Մաս)

ԱՐԷՆ ՊԵՏՈՒՆՑ Այսպիսով, համաձայն սոյն որոշման, հայերին պատկանող հսկայական թուով շէնքեր չվերադարձուեցին իրենց տէրերին: 1919 թուականին սկսեց զինուորական գործիչ Մուսթաֆա Քեմալի վերելքը, որն աւելի ուշ պատմութիւն մտաւ  «աթաթիւրք» («Թուրքերի հայր») անուամբ: Քեմալը Անգարայում ձեւաւորեց նոր կառավարութիւն, որն էլ 1920 թուականի ապրիլին նրան ընտրեց նախագահ: Այսպիսով, ստեղծուեց 2 կառավարութիւն, մէկը` Կ. Պոլսում դաշնակից պետութիւնների հսկողութեան տակ, միւսը` ազգայնական, որը համախմբուած էր...

Այշէ Հիւրն Էլ Ասաց` «Սապիհա Կէօքչենը Հայ Է»

Այշէ Հիւրն Էլ Ասաց` «Սապիհա Կէօքչենը Հայ Է»

Այն պնդումը, թէ Աթաթիւրքի հոգեզաւակներից օդաչու Սապիհա Կէօքչենի իսկական անունը Խաթուն Սեպիլճեան է, կրկին բարձրացել է օրակարգ: «Ռատիքալ» թերթի սիւնակագիրներից պատմաբան Այշէ Հիւրն իր այս սիւնակում պնդում է, թէ Աթաթիւրքի հոգեզաւակներից Սապիհայ Կէօքչենն, ըստ էութեան, հայ Խաթուն Սեպիլճեանն է: Ա. Հիւրը գրում է, որ իրականում Մ. Քեմալը Սապիհային (Խաթունին) Այնթապում է որդեգրել, յետոյ Պուրսայից` առանձնատուն բերել: Ահա Հիւրի պնդումներից մի...

Մինչեւ Ե՞րբ

Մինչեւ Ե՞րբ

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ Միջին Արեւելքը վայրագութիւններու ահասարսուռ թատերաբեմի վերածուած է: Համատարած քանդումի եւ մարդասպանութեան ի տես, տարածաշրջանի վերաձեւաւորման միտող միջազգային գլխաւոր ուժերն անգամ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու հնարաւորութիւնը կորսնցուցած կը թուին ըլլալ: Իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ, սոսկ իր նկրտումներուն համար պայքարելով, կոյր կը ձեւանայ ծայրայեղ իսլամականներուն կողմէ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն նկատմամբ (քրիստոնեայ թէ մահմետական) ի գործ դրուած հրէշային արարքներուն դիմաց: Ծայրայեղականներու մարտնչումները...

«Պատերազմ»

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Նորութիւն մը չէ, որ կը բացայայտեմ: Հաւանաբար այս տողերը շատերուն տափակ «հնութիւններ» թուին կամ ըլլան: Բայց անպայման կ՛ուզեմ ըսել, թէ կ՛ապրինք քսանմէկերորդ դար, որ տակաւին իր քառորդին չհասած` արդէն մեզի ազգովին սկսած է կրկին անգամ համտեսել տալ եւ կամ ճանչցնել` տառապանքն ու սարսափը, ահն ու մահը, աւերակն ու ջարդը եւ նոյնիսկ` պատերազմն ու կոտորածը: Աշխարհը հիւանդ է: Ատելութիւն...

Լիպանիզ Միւզիք Սքուլի Համերգը Ս. Լուիս Եկեղեցւոյ Մէջ

Շաբաթ, 21 յունիս 2015-ին Ֆեթ տը լա միւզիքի համերգաշարերու ծիրին մէջ իր եզակի եւ բարձրորակ ելոյթը ունեցաւ Լիպանիզ միւզիք սքուլը` Քրիսթինա Փափազեանի տնօրէնութեամբ, Պէյրութի Քափուչինեան միաբանութեան Ս. Լուիս եկեղեցւոյ մէջ: Սոյն երաժշտակրթական հաստատութիւնը, որ 2011-էն ի վեր կը գործէ, արդԷն չորրորդ անգամն ըլլալով կը մասնակցի այս փառատօնին: Նորաշունչ այս երաժշտական հաստատութիւնը ունենալով արագընթաց զարգացում եւ աճ, կարողացաւ պատշաճ ձեւով ներկայացնել...

Խմբագրական.  Քայլ` Դէպի Իրաւական Պետութիւն

Խմբագրական. Քայլ` Դէպի Իրաւական Պետութիւն

Ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացման դէմ ծաւալած քաղաքացիական շարժումը գուցէ երկուշաբթի օրուան պատկերը չստանար, եթէ խորհրդարանին մէջ արտայայտուած մտահոգութիւնները թէ քաղաքական ասուլիսներու ընթացքին հնչած տեսակէտները նկատի առնուած ըլլային: Աւելի՛ն. եթէ դաշնակցական երիտասարդական միութեան կազմակերպած ցոյցին առիթով փոխանցուող առաջարկները գտնէին իրենց համարժէք արձագանգները համապատասխան գերատեսչութիւններուն կողմէ, մագլցողականութիւնը տարածք չէր ունենար նուաճելու: Եթէ անշուշտ բացառենք շարժման այլասերման միտող արտաքին ներշնչումներու տեսութեան աշխատելու հաւանականութիւնը: Թէեւ...

«Հոլանտ փառատօն». «Կիւրճիեւ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը

«Հոլանտ փառատօն». «Կիւրճիեւ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը

«Հոլանտ փառատօն»-ը երկրին մէջ տեղի ունեցող կատարողական արուեստներու ամենահին եւ աշխարհի ամենահեղինակաւոր փառատօներէն մէկն է: Այն այս տարի ներկայացուց Կոմիտասի երաժշտութիւնը մեծ շեշտադրումով եւ լայն անդրադարձ ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Փառատօնին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանէն «Կիւրճիեւ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը, որ ելոյթ  ունեցաւ «Միւզիքեփաու» եւ «Փոտիում մոզայիք» համերգասրահներուն մէջ: Համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն  Իսկենեան նախաբանով ներկայացուց Կոմիտասի ստեղծագործական կեանքին եւ անոր...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Միջնակարգի Ամավերջի Հանդէս Յունիս 14-ին տեղի ունեցաւ Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի 2014-2015 տարեշրջանի միջնակարգի ամավերջի հանդէսը, ուր իննսուն շրջանաւարտներու հունձք մը, արժանացաւ հայկական վկայականի` պսակուելով «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սերունդ»: Հայերէն լեզուով բացման խօսքը արտասանեց շրջանաւարտ Յակոբ Սասունեան, որ հաստատեց, թէ հակառակ անոր որ մենք տարագրուած ժողովուրդի մը զաւակներն ենք, սակայն ի գին...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Կան սրտցաւ հայ ծնողներ, որոնք կը մտահոգուին իրենց զաւակներու օտարախօս դառնալու ընթացքէն, մանաւանդ երբ գիտեն, որ իրենք կանգ չեն առած զոհողութիւններու առջեւ, որպէսզի իրենց զաւակները հայ ըլլան, ըլլան հայախօս, չհեռանան իրենցմէ եւ իրենց արմատներէն: Ի հարկէ կան քաղքենի հոգեբանութեամբ հայ ծնողներ, որոնք անհիմն գործնապաշտութեամբ եւ անգիտութեամբ, չեն մտահոգուիր իրենց զաւակներու հայեցի կրթութեամբ եւ հայախօսութեամբ` միակ նպատակ դարձուցած ըլլալով...

Հայրենիքը Որո՞ւ Կը Պատկանի

Հայրենիքը Որո՞ւ Կը Պատկանի

ՅՈՎԵԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ Անցեալ դեկտեմբերին Տուպայի մէջ հանդիպեցայ զարմիկիս` Մարտիկին, որ վերջերս Հալէպէն հոն փոխադրուած էր իր գործարանով, մեքենաներով եւ 25 ոսկերիչներու պաշտօնակազմով, բոլորը` իրենց ընտանիքներուն հետ մէկտեղ: Ընթրիքի ընթացքին ան ըսաւ. «Սիրտս կ՛այրի. շատ պիտի նախընտրէի փոխանակ Տուպայի` Հայաստան հաստատուիլ... Ես հոն տու՛ն ունիմ, իմ սի՛րտս հոն է... Հոս մեր զաւակները հայերէն կարդալ եւ գրել պիտի չսորվին... եւ Աստուած գիտէ,...

Շահէ Գազանի Իւրայատուկ Ցուցահանդէսը Պարպիզոնի Մէջ

Շահէ Գազանի Իւրայատուկ Ցուցահանդէսը Պարպիզոնի Մէջ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Արուեստագէտ Շահէ Գազան (Գազանճեան) յունիս 12-21 իր գործերը ցուցադրեց Պարպիզոնի «Մարք Ժագէ» մշակութային կեդրոնին մէջ: Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 13 յունիսին, ժամը 7:00-ին: Շահէ Գազան լոյսի նկարիչն է: Քառասուն տարիներէ ի վեր ան կը ճգնի արտայայտել լոյսի զանազան ձեւերը, հակադրութիւնները եւ փայլատակումները` հարուստ իր գոյներով եւ երանգներով: Վերապաշտ է, բայց բնաւ խիստ, ինչպէս եղած են 19-րդ դարու նկարիչները,...

Փլասիտօ Տոմինկօ Պիտի Մասնակցի Հայկազեան Համալսարանի 60-Ամեակին

Հոկտեմբեր 3-ին Հայկազեան համալսարանը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 60-ամեակը: Այդ առիթով համալսարանը պիտի կազմակերպէ պաշտօնական դրամահաւաք-հանդիպում, ինչպէս նաեւ ներկայացում` «Կրեմմի» մրցանակի արժանացած սպանացի նշանաւոր թենոր Փլասիտօ Տոմինկոյի կատարմամբ Վուտի Ալընի` Փուչչինիի «Ճիաննի Սքիքի» գործի հիման վրայ: Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի «Տորոթի Շանտլըր» սրահին մէջ: Զայն պիտի վարեն Հերի ՆաՃարեանը եւ Թինա Սեկելը: Այս մասին կը յայտնեն Հայկազեան համալսարանի...

Առ Յայտնութիւնն Գարնանային

Առ Յայտնութիւնն Գարնանային

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ.- «Տարօրինակ» բառը թատրերգութեան մէջ գործածուած է շուրջ քսան անգամ: Նուազ յաճախականութեամբ (յաճախ անտեղի) կրկնուած են այլ բառեր, ինչպէս` «աննշան» : Այս ցոյց կու տայ, որ թատրերգութեան տիպարները կը խօսէին ոչ թէ իրենց յատուկ եւ յարիր «լեզու»-ներով, այլ միանշանակ` «ատրուներէն»: Այս բացթողումը, ցաւօք, առկայ է տեղական բոլոր ելոյթներուն մէջ: Թատերական լեզուի հարցը իսկապէս ցաւոտ է: Բացի այդ, կային...

Հայերի Ունեզրկման Գործընթացը 1915-1923 Թթ.  (Ա. Մաս)

Հայերի Ունեզրկման Գործընթացը 1915-1923 Թթ. (Ա. Մաս)

ԱՐԵՆ ՊԵՏՈՒՆՑ Առաջաբան Հայաստանի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան մէջ Հայկական հարցը շարունակում է մնալ հիմնական առաջնահերթութիւններից մէկը: Նման պայմաններում շատ կարեւոր է ուսումնասիրել պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ` աշխուժօրէն հետեւել այժմեան  Թուրքիայի Հանրապետութեան վարած քաղաքականութեանը: Հարկաւոր է լաւ սերտել պատմութեան դասերը եւ Հայկական հարցի լուծման գործընթացը կառուցել ձեռք բերուած փորձի եւ գիտելիքների հիման վրայ: Հայկական հարցի լուծման պարունակում շատ կարեւոր է հայ...

Ցուցահանդէս` «Եղեռն` Եղեռնից Յետոյ»

Ցուցահանդէս` «Եղեռն` Եղեռնից Յետոյ»

ՆՈՒԱՐԴ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ Անուանի յուշարձանագէտ, պատմաբան, բանահաւաք Սամուէլ Կարապետեանի «Եղեռն` եղեռնից յետոյ» խորագրով ցուցահանդէսը յունիսի 8-ին բացուեց Արցախի հանրապետութեան մայրաքաղաքում, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի ճեմասրահում: Ցուցահանդէսի բացմանը ներկայ էին ԼՂՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերի նախարար Նարինէ Աղաբալեանը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Սլաւա Ասրեանը, արտաքին գործերի նախարար Կարէն Միրզոյեանը, ԼՂՀ ԱԺ պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ,  պաշտօնատար  այլ անձինք:...

Հայոց Ցեղասպանութեան Գիրքեր Վաճառող Գրախանութէ Մը Գիրք Կը Գնուի՞

Ապտուլլահ Պասմաճը Համացանցի վրայ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ «Պիզիմ Անթալիա»-ի սիւնակագիր Ապտուլլահ Պասմաճըի ստորագրութեամբ գրութիւն մը, ուր հեղինակը կը պատմէ գրախանութէ մը ներս իր տեսածին մասին: Հրատարակուած յօդուածին բովանդակութիւնը այդքան ալ զարմանալի չէ: Շատեր կը զարմանան, որ այս երկրին մէջ հիմա կը տպուին Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրքեր, որոնց անունն իսկ կարելի չէր արտասանել ասկէ քանի մը տարի առաջ: Այս նոր...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀՄԱՄՃԵԱՆ Սէյրան Օհանեան Պարգեւատրած Է Փրոֆ. Նիկոլայ Յովհաննիսեանը Յունիս 19-ին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունած է պաշտպանութեան նախարարութեան Դրաստամատ Կանայեանի անուան ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու հիմնարկի պետի խորհրդական, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէնի խորհրդական, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Նիկոլայ Յովհաննիսեանը: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու հիմնարկի պետ, պաշտպանութեան նախարարի...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Բանակը` Արեւելեան Արուարձաններու Գլխաւոր Դիրքերուն Վրայ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Բանակը` Արեւելեան Արուարձաններու Գլխաւոր Դիրքերուն Վրայ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Հարաւը` Տաք Ռազմադաշտ Լիբանանեան հակամարտ կողմերու եւ տարբեր կազմակերպութիւններու միջեւ ընդհատ բախումները` Պէյրութի արեւելեան թէ արեւմտեան շրջաններուն եւ երկրի տարբեր վայրերու մէջ կը շարունակուէին: Միւս կողմէ, Պէյրութի եւ այլ շրջաններու կարգ մը դիրքերէ արաբական զսպիչ ուժերու հեռացման որոշում առնուեցաւ: Նաեւ` լիբանանեան կառավարութիւնը 1980 փետրուարին որոշեց երկրին ապահովութիւնը բանակին վստահիլ: Սակայն, քաղաքական հակադիր կեցուածքներու եւ վերապահութեանց բերումով` բանակին...

Ահաբեկչական Մարտահրաւէրներ «Թուրքական Հոսքի» Ճանապարհին

Ահաբեկչական Մարտահրաւէրներ «Թուրքական Հոսքի» Ճանապարհին

ԿԷՈՐԿԻ ՔՈԼԱՐՈՎ Պուլկարիայի Հանրապետութեան նախկին նախագահ, «Պուլկարական վերածննդի այլընտրանք» կուսակցութեան նախագահ Կէորկի Փարւանովը 2015թ. ապրիլի 28-ին կուսակցութեան խորհրդաժողովում վերընտրուել է այդ պաշտօնում: Ըստ նրա, «Հարաւային հոսքի» կորուստը նշանակում է «պուլկարական արտաքին քաղաքականութեան կատարեալ ձախողում» եւ կոչ է արել վարչապետին, արտաքին գործերի նախարարին ու եւրապատգամաւորներին Պրիւքսելում ստանալ թոյլտուութիւն, որպէսզի Եւրոպական Միութեան շրջանակներում կարգաւօրէն Մոսկուայի հետ Սոֆիայի յարաբերութիւնները: Արտաքին գործերի նախարար Տանիել...

Page 1045 of 1110 1 … 1,044 1,045 1,046 … 1,110

Արխիւներ