Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Քայլ` Դէպի Իրաւական Պետութիւն

Յունիս 25, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

MHM97072-copy,jpg

Ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացման դէմ ծաւալած քաղաքացիական շարժումը գուցէ երկուշաբթի օրուան պատկերը չստանար, եթէ խորհրդարանին մէջ արտայայտուած մտահոգութիւնները թէ քաղաքական ասուլիսներու ընթացքին հնչած տեսակէտները նկատի առնուած ըլլային: Աւելի՛ն. եթէ դաշնակցական երիտասարդական միութեան կազմակերպած ցոյցին առիթով փոխանցուող առաջարկները գտնէին իրենց համարժէք արձագանգները համապատասխան գերատեսչութիւններուն կողմէ, մագլցողականութիւնը տարածք չէր ունենար նուաճելու: Եթէ անշուշտ բացառենք շարժման այլասերման միտող արտաքին ներշնչումներու տեսութեան աշխատելու հաւանականութիւնը: Թէեւ ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական ոչ բարենպաստ իրավիճակը պարարտ ենթահող է նման դրսեւորումներու կտրուկ սրումին:

Առաջին հաստատումը, որ պէտք է արձանագրել այն է, որ թափ հաւաքած շարժումը առ այս պահը կը մնայ քաղաքացիական դրսեւորումի սահմաններուն մէջ: Քաղաքացիական եւ ոչ քաղաքական այն առումով, որ նախաձեռնող եւ համակարգող խումբերը քաղաքացիական տարբեր շարժումներու ներկայացուցիչներ են, որոնց արծարծած նիւթերը ընդդիմութեան բարձրացուցած քաղաքական պահանջներէն կը տարբերին:

Պէտք է ըսել, որ քաղաքացիական  շարժման նախաձեռնութիւններու կարճ ժամանակի առումով պատմականը կը յուշէ, որ կան դրական նախանիշեր հասարակական առողջ համակարգ առաջադրելով` կենսոլորտի, քաղաքաշինական հարցերու, հանքային պաշարներու անօրինական օգտագործումներուն դէմ բողոքելու, ֆիզիքական բռնութիւնները դատապարտելու եւ նմանատիպ հարցերով հանդէս գալու օրինակներով ուշադրութիւնը գրաւած են մեր երկրին մէջ փոփոխութիւն բերելու պատրաստ ուժերուն եւ ընդհանրապէս հայ մարդուն:

Այս նախաձեռնութիւնները շեշտակիօրէն երիտասարդական բնոյթ ունին: Երիտասարդութիւնը կլանուած է նման նիւթերով եւ ըստ էութեան հայրենատիրական մղումներով փորձ կը կատարէ իր ընդվզումը յայտնելու ամէն տեսակի անարդարութիւններու եւ յատկապէս հարստապետական կարգերու իբրեւ արդիւնք երկրին մէջ ստեղծուած անօրինականութիւններու դէմ: Գուցէ անտեղի պիտի չըլլար նման դրսեւորումներ եւ բողոքի գործողութիւններ զուգահեռագծել Կեզի այգիի շարժման ետին կանգնած քաղաքացիական խմբաւորումներու առաջադրած նիւթերուն եւ պահանջներուն թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ՛ եղանակներուն հետ:  Նման շարժումներ որոշ տեղ մը հատեցին քաղաքացիականէն քաղաքական սահմանը եւ ճիշդ է, որ իշխանափոխութիւն չյառաջացուցին, այնուամենայնիւ տկարացուցին իշխանութեան դիրքերը:

Այս նախաձեռնութիւններու ազդեցիկութեան հետ հաշուի նստած էր նաեւ քաղաքական այն փորձը, որ նման նախաձեռնութիւններ համախմբելու կը միտէր Քաղաքացիական պայմանագիր անուան տակ եւ որ շեշտակիօրէն երիտասարդ մարդուժը յառաջ քշելով տարանջատուեցաւ  դասական ընդդիմութեան շարքերէն:

Այսօր կան հրապարակային քննարկումներ, որոնք կը խօսին ընդդիմադիր դաշտի փոշիացումէն ետք նոյն դաշտի քաղաքացիական շարժումներով կայացման անհրաժեշտութեան մասին: Այստեղ հաւանաբար կը կատարուի հիմնական շեղում, այն առումով, որ քաղաքացիական նախաձեռնութիւնները դասական ընդդիմութեան դերակատարութիւնը ստանձնելու կոչուած չեն. անոնք նոյնքան կրնան պայքարիլ ընդդիմութեան այս կամ այն ուժին առաջադրած ծրագրին որքան գործող մեծամասնութեան դէմ:

Քաղաքացիական շարժումները ժամանակակից հնչեղութիւն ունին եւ ատով իսկ կրնան գրաւիչ դառնալ երիտասարդութեան համար: Առողջ բաժինը նաեւ այն է, որ հայրենի երիտասարդութիւնը իր երկրին ճակատագիրը որոշելու ունակութիւն, պատրաստակամութիւն եւ վճռակամութիւն ցոյց կու տայ այս ձեւով:

Առողջ այս երեւոյթներուն առընթեր զգօնութիւնը` արտաքին շրջանակներէ հեռակառավարման փորձերու ազդեցութեան տակ չիյնալու անշրջանցելի հրամայական է: Վիլնիւսի օրերուն, եւրոպական քաղաքական շրջանակներ քանի մը առիթով շեշտեցին համապատասխան կառոյցներով` ոչ կառավարական կազմակերպութիւններով հասարակութեան հետ աշխուժօրէն աշխատելու անհրաժեշտութիւնը: Նման նախաձեռնութիւններ եւ շարժումներ աննկատ չէին կրնար մնալ նոյն այդ շրջանակներուն կողմէ: Եւ ոչ միայն այդ շրջանակներուն:

Ժողովրդավարական կարգերով կառավարուող երկիրներու մէջ ցոյցերը, բողոքի ելոյթները, նստացոյցերը օրինաչափ եւ իրաւաչափ երեւոյթներ են: Իրաւապահ մարմիններուն պարտականութիւնն է  հասարակական կարգի պահպանումը: Օրինազանցութիւնն ու քաղաքացիական անհնազանդութիւնն է միայն, որ ուժի կիրարկումի առիթ կրնայ տալ` սանձելու համար խախտումները:

Այն ինչ որ կը պատահի մեր երկրին մէջ կ՛ընկալուի իբրեւ ուժի անհամաչափ կիրարկում, լրագրողներու եւ ցուցարարներու դէմ գործադրուող բռնամիջոց, բերման ենթարկուողներու եւ ձերբակալուողներու չափազանցութիւն: Դժուար թէ բացատրուի նաեւ քաղաքացիական համազգեստներով ոստիկաններու առատութիւնը կամ դիմակաւոր ոստիկաններու երեւումը: Պաքուի մէջ լրագրողներուն եւ ցուցարարներուն դէմ կիրարկուած եւ հեռարձակուող պատկերներու համանմանութիւնը պիտի բացառել մեր երկրին մէջ:

Քաղաքացիական գործիչներու նախաձեռնութեան առաջին ծաւալային փորձառութիւնն է այս մէկը: Հաւանաբար այս իրականութիւնն է նաեւ այն պատճառը, որ ընդհանուր վերահսկողութեան մեքենականութեան պակասը կը զգացուի երիտասարդութեան մօտ: Քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը նաեւ քաղաքացիական կրթութիւն կ՛ենթադրէ, որ պէտք է բացառէ հայհոյանքը, հունէն դուրս գալը, խօսակցութեան պահուն ոստիկան անարգելը եւ երկխօսելու համար հրամցուած առիթներուն մերժումը:

Երկկողմանի գիտակցական մօտեցումի անհրաժեշտութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ է` լարուածութենէն հեռու մնալու: Ելեկտրականութեան սակերու բարձրացման դէմ ծաւալած շարժումը առիթ է աշխարհին ցոյց տալու բողոքող աշխուժ երիտասարդութեան քաղաքակիրթ նկարագիրը, օրէնքի յարգումը, ժողովրդավար հասարակարգի յարիր պահուածքը, միւս կողմէ նաեւ իրաւապահ մարմիններու արհեստավարժութիւնը եւ  վերահսկողութիւնը: Ներքին առումով ալ առիթ է հաշուի նստելու իր երկրին ճակատագիրով մտահոգ երիտասարդութեան հետ, ականջալուր ըլլալու անոր պահանջներուն, ամէն գնով երկխօսութիւնը կայացնելու եւ արդար ու համոզիչ արդիւնքներու յանգելու:

Դէպի իրաւական պետութիւն մեր համազգային երթին մէջ այս մէկը կարեւոր քայլ կրնայ նկատուիլ:

Նախորդը

Սերժ Սարգսեան Երէկ Պրիւքսէլ Հասաւ

Յաջորդը

Ռէյնա Տեղափոխուեցաւ Նափոլի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?