Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

Յունիս 25, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի
Միջնակարգի Ամավերջի Հանդէս

6-14-15_jemaran

Յունիս 14-ին տեղի ունեցաւ Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի 2014-2015 տարեշրջանի միջնակարգի ամավերջի հանդէսը, ուր իննսուն շրջանաւարտներու հունձք մը, արժանացաւ հայկական վկայականի` պսակուելով «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սերունդ»:

Հայերէն լեզուով բացման խօսքը արտասանեց շրջանաւարտ Յակոբ Սասունեան, որ հաստատեց, թէ հակառակ անոր որ մենք տարագրուած ժողովուրդի մը զաւակներն ենք, սակայն ի գին ամէն դժուարութեան կրցած ենք պահել մեր հարուստ մշակոյթն ու մայրենի քաղցր լեզուն:

Շրջանաւարտ Սարգիս Պալապանեան իր արաբերէն լեզուով արտասանած բացման խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց սոյն յիշարժան պահուն իր արտասանած խօսքին համար հաստատելով, որ իրենցմէ իւրաքանչիւրը իր լաւագոյնը ընծայաբերեց կատարելագործելու միջնակարգի ուսումնական ծրագիրը:

Գեղարուեստական յայտագրով ներկայացուեցան խմբային երգեր եւ ասմունք:

Արաբերէն ուղերձը ներկայացուց Վանայ Եագուպեան որ հաստատեց, թէ Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանը եղած է այն լուսաշող փարոսը, որ լուսաւորած է իրենց ճանապարհը աւելցնելով, որ պիտի դառնան ջահակիրները սիրելի ճեմարանին, բարձր պահելով անոր վարկը:

Հայերէն ուղերձը արտասանեց Մարլա Պահարեան, որ շեշտեց, թէ հակառակ խոչընդոտներով լեցուն ուսումնական տարեշրջանի` ուսման տենչը թոյլ չտուաւ, որ ընկրկին: Ան շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց ճեմարանի զոյգ տնօրէններուն, ուսուցչակազմին, նաեւ` ծնողներուն:

Ճեմարանի պետական տնօրէնուհի Աիշա Գապալան շնորհաւորելով շրջանաւարտները շեշտեց, թէ իրենք են երկրի յոյսն ու ապագան: Ան յայտնեց, թէ ինչպէս որ ջարդուած ու տեղահանուած պապերը դիմակալեցին ամէն դժուարութիւն ու կերտեցին պատուաբեր սերունդներ, նոյնպէս ալ իրենք  անկոտրում կամքով եւ վճռական քայլերով պիտի շարունակեն անոնց կտակը` դառնալով երեւելի անձնաւորութիւններ:

Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլեճեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ տարեշրջանը յատկանշուեցաւ տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային ճգնաժամով, որ իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցաւ կրթական գործընթացին վրայ, սակայն ճեմարանականները իրենց ժրաջան աշխատանքով հաստատեցին, որ իրենք չեն վհատիր: Ապա ան փոխանցեց 2014-2015 տարեշրջանի ՔԵԱ ճեմարանի գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գնահատագիրներու եւ վկայականաց բաշխում:

Աւարտին թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան բարձր գնահատեց ճեմարանի առաքելութիւնը, որ սփիւռքի զանազան գաղթօճախներուն համար կը պատրաստէ գլխագիր ՄԱՐԴԸ, որ ամէն օր ճեմարանով կ՛ապրի ու կը սատարէ անոր բարգաւաճման ու վերելքին:

Հայ Աւետարանական Բեթէլ
Երկրորդական Վարժարանի Միջնակարգի
Աւարտական Հանդէս

6-04-15_Petel

Յունիս 4-ին Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանի միջնակարգի աւարտական հանդէսը: Այս տարուան հունձքը զատորոշուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սերունդ ըլլալու յատկութեամբ:

Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Պեթի Գրաճեան-Եփրեմեան, որ իր խօսքին մէջ վեր առաւ աշակերտներու դիմագրաւած դժուարութիւններն ու սոյն հանգրուանին նոր մեկնարկի մը ազդանշանը: Ան նշեց նաեւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի այս սերունդը, պահանջատիրութեան անժամանցելի իրողութեան համոզումով, պիտի շարունակէ իր երթը:

Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժնով ներկայացուեցաւ «Մեծ մայրիկին յուշերը» թատրոնը նաեւ խմբային արտասանութիւններ:

Հայերէն ուղերձը կարդացին Սարօ Արման Չուլճեան եւ Սիլվա Արմանի Չուլճեան, իսկ արաբերէն ուղերձը` Անթուան Սուս:

Ապա եկեղեցւոյ բեմին վրայ տեղադրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողի մանրակերտին առջեւ ծաղիկներ զետեղուեցան` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներուն:

Այնուհետեւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի ձեռամբ տեղի ունեցան վկայականաց բաշխումն ու առաջնակարգ աշակերտներու պարգեւատրումը, ինչպէս նաեւ յատուկ գնահատանքի արժանացան հայերէն լեզուի գերազանցները:

Աւարտին, իր սրտի խօսքը արտասանեց վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան: Ան արժեւորեց Հայ աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանի ուսումնակրթական աշխատանքը եւ նշեց, որ երկրիս վիճակուած չարաշուք օրերու արհաւիրքին մէջ գոյատեւող այս աշակերտները միանգամայն կը զատորոշուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սերունդ ըլլալով: Ան շեշտեց, որ թուրքը երբեք չկրցաւ ազգերու գնահատանքին արժանանալ, այլ իր անունին ընդմիշտ կցուած պահեց այլամերժութիւնը:

 

Յունաստան

Յունաստանի Համազգայինին Կազմակերպութեամբ`
Նունէ Եսայեանի Բացառիկ Համերգ Աթէնքի Մէջ

nune-bar-19-6-2015

15 յունիս 2015-ին Աթէնքի «Տորա Սթրաթու» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի սիրուած երգչուհի Նունէ Եսայեանի բացառիկ համերգը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Համերգը հովանաւորուած էր Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ, «Փիւնիկ» եւ «Հրայր Յովնանեան» հիմնադրամներու աջակցութեամբ, կազմակերպուած էր Համազգային Յունաստանի Շրջանային վարչութեան կողմէ:

Համերգի երեկոյին բացումը` յանուն Շրջանային վարչութեան, հայերէն եւ յունարէն լեզուներով կատարեց Արշալոյս Սափրիչեան:

Նունէ Եսայեան հանդէս եկաւ 23 երգերէ բաղկացած ընտրեալ երգացանկով մը` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով բացօթեայ դասական թատրոնին մէջ:

Սոյն համերգին համար երգչուհին ու իր աշխատանքի խմբակը պատրաստած էին մեր պատմութիւնը իւրայատուկ ոճով պատկերող տեսերիզ մը, որ համերգի ամբողջ տեւողութեան հսկայ պաստառի մը վրայ կը ներկայացուէր երգի, երաժշտութեան ու տեսողութեան սքանչելի ու զգացական ներդաշնակութիւն մը ստեղծելով հանդիսատեսին առջեւ:

Աշուղական, ազգային, ժողովրդական, բանակային, յեղափոխական երգացանկին մաս կազմեցին Կոմիտաս, Սայաթ Նովա, «Ատանայի ողբը», «Զարթիր լաօ», «Տըլէ Եաման», «Գնդակ որո-տաց», «Կիլիկիա», «Հայ ենք մենք», եւ աւարտին` «Մեր հայրենիք»:

nune-yesayian-barakhoump-19-6-2015

Համերգի ընթացքին Նունէ Եսայեանին` հայրենիքէն այս ելոյթին համար բերուած հայկական տարազներով ընկերացաւ Համազ-գայինի Շրջանային վարչութեան «Նայիրի» երկսեռ պարախումբը, պարուսոյց` Էտկար Էկեանի: Պարախումբին մասնակցութիւնը յաւելեալ փայլ ու խանդավառութիւն ստեղծեց համերգին:

Համերգի աւարտին Նունէ Եսայեանը պատուելու համար, բեմ հրաւիրուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, որ յանուն Յունաստանի Համազգայինին` սիրուած երգչուհիին յանձնեց ձիթենեաց արծաթէ ճիւղերով յունատիպ յուշանուէր մը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Յունահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, որ դարձեալ Յունաստանի Համազգայինի կողմէ երգչուհիին նուիրեց յուշատախտակ մը: Սրբազան Հայրը հայրենասիրական ոգեւորիչ խօսք մը ուղղեց ներկաներուն` խանդավառելով ժողովուրդը:

Աւարտին վաճառուեցան մեծ թիւով Սի. Տի.-Վիտէոներ վաճառուեցան, որոնք սիրայօժար կերպով տրամադրուած էին Նունէ Եսայեանի կողմէ, վաճառքէն գոյացած գումարը տրամադրելու համար սուրիահայութեան կարիքներուն:

Հանդիպում Նունէ Եսայեանի Հետ

Աթէնք իր այցելութեան առիթով, հայրենի սիրուած երգչուհի Նունէ Եսայեանի եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը, համերգի նախապատրաստութեան եւ ընդհանրապէս հայկական մշակոյթին մասին զրոյց մը ունենալով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» համերգային ծրագիրին համար, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած էր, նշուեցաւ հայրենիքի եւ սփիւռքի գաղութներու միջեւ մշակութային բնոյթի յաւելեալ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, հայ մշակոյթի եւ մշակութային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման նպաստելու առումով:

Ջերմ ու անմիջական զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան ազգային մշակոյթի պահպանութեան գործին մէջ սփիւռքի ստեղծագործող երիտասարդութեան ներգրաւման, ուծացման ու լեզուամշակութային ինքնութեան կորուստին դէմ պայքարին նպաստող քայլերու եւ նախաձեռնութիւններու, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ Համազգայինի հիմնական դերակատարութեան վերաբերող հարցեր:

 

Ատրպատական

ՀՕՄ-ի «Ծերունի Գասպարեան»
Կրթօճախի Դաշտահանդէսը

5-30-15_HOM

\Մայիս 30-ին ՀՕՄ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ մանկապարտէզ-նախակրթարանի ուսուցչակազմի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ «Ծերունի Գասպարեան» կրթօճախի տարեկան դաշտահանդէսը` ազգային առաջնորդարանի այգիի ծառերու հովանիին ներքեւ:

Գեղարուեստական բաժնով աշակերտները ներկայացուցին երգեր եւ արտասանութիւններ:

Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռուբիկ Ճենանեան իր խօսքին մէջ Ազգային իշխանութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի վարչութեան եւ յատկապէս ուսուցչական կազմին, միութեան հովանիին ներքեւ իրականացուցած կրթական եւ մշակութային աշխատանքներուն համար:

Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ  Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատանքին համար, եւ կարեւորեց ծնողներու դերը եւ կրթօճախի հետ գործակցութիւնը:

Այս առիթով, «Ծերունի Գասպարեան» մանկապարտէզ-նախակրթարանի աշակերտները սրբազան հօր ձեռամբ ստացան իրենց վկայականները:

Թաւրիզի ազգային դպրոցի տեսչուհի Արմինէ Վահրամեանի կողմէ բոլոր աշակերտները ստացան մանկական հրատարակութիւններ հարստացնելու իրենց ընդհանուր զարգացումը:

Այս առիթով, Ծնողական խորհուրդի կողմէ յատուկ յուշանուէրներով գնահատուեցան ուսուցչական կազմի անդամներ` Նայիրի Դիլանեան, Անի Դիլանեան, Կարէն Սարգիսեան եւ օգնականուհի` Մելանիա Բարոյեան:

 

Թեհրան

Խումբ Մը Պատասխանատու Յորդանանցիներու
Այցը` Ազգային Առաջնորդարան

5-31-15_Iran-visit

Մայիս 31-ին Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն այցելած խումբ մը պատասխանատու քրիստոնեայ եւ իսլամ յորդանանցիներ, որոնք պետութեան հիւրերն էին, այցելեցին ազգային առաջնորդարան: Անոնք ներկայ գտնուեցան ս. պատարագին, ապա առաջնորդարանի սրահին մէջ հանդիպում ունեցան թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին հետ:

Հիւրերը գոհունակութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար, ապա հետաքրքրուեցան հայ համայնքի կեանքով ու ընդհանրապէս քրիստոնեաներու իրավիճակով: Սրբազան հայրը տեղեկութիւններ փոխանցեց անոնց, խօսեցաւ իրանահայ համայնքի անցեալի եւ ներկայի պատմութեան մասին, անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի սփիւռքեան վերածաղկեալ կեանքին: Հիւրերը հարցումներ ուղղեցին նաեւ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան երեսփոխան Ռոպերթ Պեգլարեանի, որ հանգամանօրէն պատասխանեց բոլոր հարցումներուն:

Հիւրերը բոլորն ալ անխտիր իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին` դատապարտելով Ցեղասպանութեան հեղինակները, որոնք անհաւատութեան եւ ոճրագործութեան խորհրդանիշներ էին:

 

Փարիզ

Ապրիլեան Նահատակներուն Յարգանքի
Արարողութիւն

Յունիս 6-ին, «Փարք Պորլի»-ի հայկական խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Արդարեւ, 1992-ին զբօսայգիին մէկ անկիւնը զետեղուեցաւ գեղեցիկ խաչքար մը, նուէր Երեւանի քաղաքապետութեան կողմէ` Մարսէյի քաղաքին, իբրեւ վկայ ֆրանս-հայկական դարաւոր բարեկամութեան:

Օրուան հանդիսավարն էր կեդրոնական քաղաքապետարանի արարողապետ Ժ. Քարափլիս: «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Խ. Եըլմազեանի, մեկնաբանեց ֆրանսական եւ հայկական քայլերգները, նաեւ «Ի վերին Երուսաղէմ»-ը, որմէ ետք Տարօն Եպս. Ճերեճեան կարդաց հոգւոցը:

Ապա խօսք առին Օհան` Հեքիմեան, Տիտիէ Բարակեան, տեղական «Սէ. Սէ. Ա. Էֆ.»-ի համանախագահ Սիմոն Ազիլազեան եւ Մարթին Վասալ, որ յայտնեց, թէ իր արտասահմանեան առաջին պաշտօնական այցելութիւնը աշնան պիտի կատարէ դէպի Հայաստան: Ծանուցուեցաւ, որ այս տարի յուլիս 14-ին, Ֆրանսայի ազգային տօնին օրը, քաղաքապետութեան պաշտօնական հիւրը պիտի ըլլայ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:

Էքս-Մարսէյի համալսարանի հայկական ամպիոնի վարիչ Փաթրիք Տօնապետեան իր ելոյթին մէջ շեշտը դրաւ նահատակներուն մեզի կտակած հոգեւոր ժառանգութեան , հայոց լեզուի պահպանման ու փոխանցման անյետաձգելի պարտաւորութեան վրայ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ Նահանգային խորհուրդի, քաղաքապետարանի եւ Հայաստանի հիւպատոսարանին նուիրած ծաղկեպսակներու զետեղում:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Նուիրուած Գիտաժողով

Նախաձեռնութեամբ Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական խումբի նախագահ Ֆիլիփ Կալտենպախի, վերջերս Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆրանսա` երկիր, որ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայերը» խորագիրով գիտաժողով:

Գիտաժողովին պատմաբան Իւ Թեռնոն ներկայացուց պատմական ժամանակաշրջանը ու այն պայմանները, որոնց մէջ գտնուող Ֆրանսան ընդունած է գաղթականները:

Վալերի Թորանեան ներկայացուց իր ընտանիքին պատմութիւնը եւ այն սարսափը, որով անցած է իր մեծ մայրը: Ան շեշտեց, որ այդ հայերն ու անոնց սերունդները Ֆրանսան ընդունած են որպէս երկրորդ տուն եւ նպաստած` հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման:

Ծերակոյտի Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Էսթեր Պենպասա պատմեց Պոլսոյ մէջ անցուցած իր մանկութեան մասին:

Լիոնի «Կոմիտաս» Երգչախումբին
Ելոյթը

Յունիս 7-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ Ս. Էջմիածինի հիմնադրութեան տօնին առիթով, Կրընոպլի Ս. Գաբրիէլ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Լիոնի «Կոմիտաս» 35 հոգինոց երկսեռ երգչախումբին համերգը` ղեկավարութեամբ խմբավար Ժան Պէրպէրեանի:

Եկեղեցւոյ ատենապետ Պետրոս Յակոբեան գնահատական խօսքերով ներկայացուց երգչախումբը:

Յայտագիրին ընթացքին ներկայացուեցան Կոմիտասէն, Յովհաննէս Թումանեանէն, Մակար Եկմալեանէն եւ Խաչատուր Աւետիսեանէն ստեղծագործութիւններ:

Երգչախումբին երգեհոնով ընկերակցեցաւ Կրեկորի Պալեսթերոս:

 

Նախորդը

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Յաջորդը

«Հոլանտ փառատօն». «Կիւրճիեւ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մարտ 23, 2023
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը
Գաղութէ Գաղութ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը

Մարտ 22, 2023
Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան Եւ Ազգ. Մանկապարտէզ
Գաղութէ Գաղութ

Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան Եւ Ազգ. Մանկապարտէզ

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In