Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչեւ Ե՞րբ

Յունիս 26, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ

6-26-15_syria-8Միջին Արեւելքը վայրագութիւններու ահասարսուռ թատերաբեմի վերածուած է: Համատարած քանդումի եւ մարդասպանութեան ի տես, տարածաշրջանի վերաձեւաւորման միտող միջազգային գլխաւոր ուժերն անգամ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու հնարաւորութիւնը կորսնցուցած կը թուին ըլլալ:

Իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ, սոսկ իր նկրտումներուն համար պայքարելով, կոյր կը ձեւանայ ծայրայեղ իսլամականներուն կողմէ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն նկատմամբ (քրիստոնեայ թէ մահմետական) ի գործ դրուած հրէշային արարքներուն դիմաց:

Ծայրայեղականներու մարտնչումները այսօր յար եւ նման են միջնադարեան նախճիրին. «յաղթել կամ շրջանը ոչնչացնել»-ու խաւարամիտ տրամաբանութիւնը դժբախտաբար կը բախի միջազգային ընտանիքի սառն անտարբերութեան հետ, որուն իբրեւ հետեւանք ահաբեկչական խմբաւորումներ նոյնանման սառնասրտութեամբ արիւնահեղութեան նոր դաւեր կը հիւսեն:

Գազանաբարոյ պատերազմը կը շարունակէ օրական անմեղ զոհեր խլել, յատկապէս` Հալէպ քաղաքին մէջ: Ռումբերու տարափը մարդկային աղէտի կը վերածէ հալէպաբնակ ժողովուրդին կեանքը:

Եկեղեցիները, մզկիթները, բնակարանները, մշակութային կոթողները, հասարակ ժողովուրդն ու անմեղ երեխաները մշտական թիրախն են ահաբեկչական խմբաւորումներուն: Ի՞նչ փոյթ, թէ քանի՛ զոհ կ՛արձանագրուի, քանի՞ երեխայ որբ ու անտուն կը մնայ, քանի՞ ընտանիք փլատակներու տակ շնչահեղձ կը սպաննուի:

Միջազգային թէ սուրիական բեմահարթակներու վրայ դիւանագիտական եռուզեռը կործանիչ այս պատերազմը կասեցնելու, գործնական եզրակացութիւններու ցարդ չէ յանգած: Հակամարտ կողմերը բանակցութեան սեղանին բերելու փորձերը, դրական ըլլալով հանդերձ, ապարդիւն կը մնան: Իսկ ահաբեկչական ծրագիրները վիժեցնելու եւ ահաբեկիչներուն անմիջական զօրակցութիւն յայտնող երկիրները դատապարտելու կոչերը` «ձայն բարբառոյ յանապատի»:

Տարածաշրջանային կարգ մը երկիրներ տակաւին խելակորոյս կուրութեամբ կը շարունակեն քանդումի, հրկիզման եւ մարդասպանութեան քաղաքականութիւնը վարողներու վոհմակը առաջնորդել դէպի Սուրիա` ծունկի բերելու զայն, Սուրիոյ ողջ ժողովուրդի սպանդին ու երկրի համատարած կործանումին գնովն անգամ:

Իսկ յղփացած աշխարհակալներ, գերադասելով իրենց շահերը, դատապարտումի բանաւոր խօսքերէն անդին չեն անցնիր: Աւելի՛ն. անոնք տագնապի հանգուցալուծման առաջնորդող ուղիներ որոնելու փոխարէն` Սուրիոյ բնակչութեան երկրէն դուրս գալու յորդորներ կը կարդան:

Անմեղ բնակչութիւնը թիրախ դարձնելու ահաբեկչական խմբաւորումներու ռազմավարութիւնն ու անոնց այլատեացութեան դրսեւորումները կը վկայեն, որ ազատութեան ու կրօնի քողին տակ գործող ծայրայեղականները իրականութեան մէջ ոչ միայն տարածաշրջանին, այլ ողջ աշխարհին սպառնացող հոսանքի մը ներկայացուցիչներն են, որոնք կը ֆինանսաւորուին արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան անունով հանդէս եկող աշխարհակալներուն իսկ կողմէ:

Հակառակ այս բոլորին` Սուրիոյ ժողովուրդին դիմադրողականութիւնը, իր երկրին տէր կանգնելու վճռակամութիւնը եզակի յանդգնութեան ու հայրենասիրութեան դրսեւորումներ են, որոնց դէմ յանդիման` զինեալ ահաբեկիչներ վրիժառութեան իրենց կիրքերը յագեցնելու համար կը սպաննեն երկրի խաղաղ բնակչութիւնը` ի՛նչ կրօնի, դաւանանքի կամ ազգի ալ պատկանին անոնք` մահմետական թէ քրիստոնեայ, սիւննի թէ շիի, արաբ թէ այլազգի:

Սուրիոյ տագնապին լուծումը երկար ժամանակի կարօտի անգամ` մարդկային աղէտին կասեցումը մեծ ճիգ չի պահանջեր, պարզ ու յանդուգն որոշում պէտք է պարզապէս զինադադար յայտարարելու, զինեալ խմբաւորումներուն հոսքը կասեցնելու, անոնց դիմաց սահմանները փակելու եւ, վերջապէս, պատասխանատուութեան հրաւիրելու անոնց նեցուկ կանգնող երկիրներու ղեկավարները, որոնք կոյր ատելութեամբ կը քաջալերեն պատերազմը եւ Սուրիոյ ժողովուրդին սպանդն ու տարհանումը:

Այլապէս ողջ աշխարհը պիտի վերածուի համայնակուլ ծայրայեղականներու թիրախին, իսկ մարդկային իրաւունքներու, անվտանգութեան պահպանման կոչուած միջազգային կազմակերպութիւնները ոչ միայն անզօր մարմիններ պիտի դառնան, այլեւ նպաստած պիտի ըլլան աշխարհը դէպի անդունդ առաջնորդող խաւարամիտ բռնակալներու հզօրացման:

 

 

 

 

Նախորդը

«Պատերազմ»

Յաջորդը

Այշէ Հիւրն Էլ Ասաց` «Սապիհա Կէօքչենը Հայ Է»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?