Յօդուածներ

«Կը Բաւէ, Որ Հայկական Կուսակցութիւն Չըլլաք».  Ըստ Թուրք Լրագրողին` Թուրքիոյ Ընտրութիւններուն Յաղթեցին Ծպտեալ Հայերը

«Կը Բաւէ, Որ Հայկական Կուսակցութիւն Չըլլաք». Ըստ Թուրք Լրագրողին` Թուրքիոյ Ընտրութիւններուն Յաղթեցին Ծպտեալ Հայերը

Էյքին Թուրք լրագրող Մեհմետ Շեւքեթ Էյքին Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ բաւական հետաքրքրական վերլուծումներ եւ մեկնաբանութիւններ կատարած է «Միլլի Կազէթէ» կայքէջի յունիս 11-ի թիւին մէջ: Ան կը կարծէ, որ ընտրութիւններուն յաղթած են ծպտեալ հայերը (իսլամացած հայեր, թաքուն հայեր): «Յաղթեցին ծպտեալ հայերը» խորագրով յօդուածին մէջ Էյքին կը պնդէ, որ քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (ԺՀԿ-HDP) իրականութեան մէջ քրտական չէ: «Արտաքնապէս քրտական երեւցող այդ...

Ի՞նչ Ակնկալութիւններ Ունի Հայ Համայնքը Թուրքիոյ Նոր Խորհրդարանէն .  Հարցազրոյց «Ակօս»-ի Խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեանի Հետ

Ի՞նչ Ակնկալութիւններ Ունի Հայ Համայնքը Թուրքիոյ Նոր Խորհրդարանէն . Հարցազրոյց «Ակօս»-ի Խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեանի Հետ

Տանձիկեան «Էրմէնիհապեր» կայքէջը կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ կը շարունակեն քննարկել խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներն ու ապագայ կառավարութեան կազմը: Խորհրդարանական նախորդ ընտրութիւններէն արմատական կերպով տարբերող այս ընտրութիւններու առանձնայատկութիւնը Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մէկ ստուար ընտրազանգուածի կորուստն էր եւ քրտամէտ, ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու համար պայքարող Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ) մուտքը խորհրդարան: Թուրքիոյ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ կը պնդեն, որ ասիկա նոր Թուրքիոյ...

«Արմէն» Ճամբարի Որբերը Գործածուեցան Որպէս Ընտրարշաւի Նախանիւթ.  Առ Այժմ Յոյս Չկայ, Որ Կալուածը Կը Վերադարձուի Հայ Համայնքին

«Արմէն» Ճամբարի Որբերը Գործածուեցան Որպէս Ընտրարշաւի Նախանիւթ. Առ Այժմ Յոյս Չկայ, Որ Կալուածը Կը Վերադարձուի Հայ Համայնքին

Թուզլայի «Արմէն» ճամբարի խնդիրը կը շարունակէ զբաղեցնել միտքը բոլոր անոնց, որոնք օրերէ ի վեր կ՛աշխատին այս պատմական շէնքը փլուզումէ փրկելու համար: Բայց բոլոր նշանները ցոյց կու տան, որ հայ համայնքին ակնկալութիւնները պիտի չիրականանան «Նոր զարթօնք»-ի երիտասարդներուն ու անոնց զօրակցող խմբակի դիմադրութեան դիմաց, կալուածին այսօրուան տէրը յանկարծ յայտնած է, որ որոշած էր կալուածը նուիրել հայ համայնքին: Անշուշտ ասիկա շատ գեղեցիկ լուր...

Արմէնին Պատմութիւնը (Հայրենիքէ  Հայրենիք)

Արմէնին Պատմութիւնը (Հայրենիքէ Հայրենիք)

ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ  «Կ՛ուզեմ գիրք մը գրել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ, արաբերէն լեզուով, արաբ պատանիներուն համար, որոնք չեն լսած Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդին տառապանքներու մասին», ըսաւ Նաթալին ու սկսաւ աշխատանքին` ծնունդ տալով «Արմէնին պատմութիւնը» գիրքին: Գիրքին հերոսն է Արմէն անունով հայ պատանի մը, Վան քաղաքէն, որ իր ընտանիքին հետ կը բռնէ գաղթի ճամբան` կորսնցնելով ամէն բան, տուն, ընտանիք, ընկերներ: ...

Նամականի

Նամականի

Տեսակէտ յայտնելու եւ քննադատութեան իրաւունքը յարգելու սկզբունքէն մեկնած` տեղ կու տանք տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի նամականիին: Այս պարագային բանավէճ ստեղծելու միտումէն հեռու, արծարծուած կէտերուն առաջինին համար, սակայն, կ՛ուզենք յայտնել, որ հրաման բառը զինուորական բառամթերքին մէջ կ՛օգտագործուի ոչ անպայման անմիջապէս պարտադիր իրագործելի որոշում հասկացողութեամբ: Յստակ է, որ արաբերէնէ թարգմանուած է լուրը եւ արաբերէնը այս պարագային «Ամրըլ եոմն» է, որ այլ թարգմանութեան տեղ...

Յուշատետր.  Աստուծոյ Սիրած Զաւակը

Յուշատետր. Աստուծոյ Սիրած Զաւակը

Ռ. Հ.  Խմբագրատունէն ներս մտաւ հեւ ի հեւ ու ինքզինք թողուց բազկաթոռին մէջ: Օֆ,- հանեց բերնէն,- յոգնեցայ: Սադուխը շատ եկած էր իրեն: - Ինչո՞ւ աճապարեցիր.- ըսի,- երանի՜ թէ աւելի դանդաղ ելլէիր: - Աճապարանքի հարց չէ,- պատասխանեց,- ծերանալու հարց է: Ծերացանք: Խնդացի: Ինձմէ առնուազն հինգ տարեկան պզտիկ ըլլալու էր: Եւ ասիկա կարծես ինծի իրաւունք կու տար մտածելու, որ գոնէ իմ քով...

Առ Յայտնութիւնն Գարնանային

Առ Յայտնութիւնն Գարնանային

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Թէքէեան մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը 7-10 մայիսին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-իբեմին վրայ ներկայացուց հեղինակ-բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիի (այսուհետեւ` ՎԱ) «Գարնան երեք օրերը»: ՎԱ կ՛ըսէ, թէ գործին տուն տուած են հոգեկան խոցը (վիրաւորանքը) եւ վախը: Կը մէջբերեմ. «Վախ, անոր համար, որ թուրքը կրնայ ընդունիլ իր մեղքը եւ ներողութիւն խնդրելէ ետք հարցնել.- «Լա՛ւ ... հիմա ըսէք, հայեր, ի՞նչ կ՛ուզէք ինձմէ»: ՎԱ-ի...

Միասնական Հարիւրամեակ Եւ «Ազդակ Ալ Արապի»

Միասնական Հարիւրամեակ Եւ «Ազդակ Ալ Արապի»

ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ «Ապրիլ 24-ը օրն է անարդարութեան եւ իրաւազրկման դէմ պայքարի, օրն է իրաւունքի եւ հատուցման պահանջի»: Հարիւրամեակի առթիւ սա կոչն էր հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միացեալ մարմինին. հոնկէ ծնունդ պիտի առնէր պատմական նախաձեռնութիւն մը` Լիբանանի մէջ հրատարակուող հայկական օրաթերթերու ապրիլ 24-ի առիթով լոյս ընծայուած միացեալ թիւը: «100-ամեակէն անմիջապէս ետք» խմբագրականին մէջ միասնական շունչով երեք խմբագիրները կը հաստատեն. «Շուրջ չորս տարիէ...

Նոր Մարտահրաւէրներ

Նոր Մարտահրաւէրներ

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Յունիս 26-ը թմրամոլութեան դէմ միջազգային արշաւի օրն է: Ձեւով մը` թմրամոլութեան զգուշացման եւ զգաստութեան օր է: Ամերիկաներու եւ Եւրոպայի մէջ նախազգուշական նոր ձեւեր որդեգրելով` կը փորձեն կանուխ տարիքէն դաստիարակչական կազմակերպուած եւ մնայուն ծրագիրներ պատրաստել, կազդուրման կամ բուժման կեդրոններու իրենց մեծագումար նպաստները կը նուազեցնեն եւ աւելի մեծ յատկացում կը կատարեն նախազգուշական արշաւներու: Միջին Արեւելքի մէջ ընդհանրապէս թմրամոլութեան թղթածրարին առնչութեամբ...

Թարգմանաբար Լոյս Ընծայուած Գառնիկ Բանեանի Յուշերէն` «Goodbye Antoura»-ի Առթիւ

Թարգմանաբար Լոյս Ընծայուած Գառնիկ Բանեանի Յուշերէն` «Goodbye Antoura»-ի Առթիւ

Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը, կատարուած` Հուրի Պոյամեանի հետ, որ դուստրն է վաստակաւոր ուսուցիչ եւ ազգային գործիչ Գառնիկ Բանեանի: Վերջերս կարելի եղած է թարգմանել անոր «Յուշեր մանկութեան եւ որբութեան» գիրքը: Նշենք, որ Հուրի Պոյամեան նաեւ տնօրէնն է Ուաթըրթաունի (Մասաչուսեց) Սուրբ Ստեփանոս ազգային ամէնօրեայ վարժարանին: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կարելի՞ է ամփոփ ձեւով ներկայացնել այս գիրքին ծննդոցը: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Հայրս` Գառնիկ Բանեան ծնած է Կիւրին,...

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Այլեւս Լիտմոսաթուղթ Չէ Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութիւններուն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Այժմ, երբ աւելի քան տասնեակ մը թեկնածուներ արդէն իսկ հաստատած են իրենց մտադրութիւնը 2016-ի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուելու, ամերիկահայերը կը մտածեն, թէ որո՛ւ պիտի աջակցին յաջորդ տարուան ընտրութիւններուն: 2012-ին նոյն հարցին մասին ես յօդուած մը գրեցի` բացատրելով, թէ ինչո՛ւ իմ քուէս պիտի չտայի ո՛չ գործող նախագահ դեմոկրատ Պարաք Օպամային, ո՛չ ալ անոր մրցակից հանրապետական Միթ Ռամնիին:...

Ասիկա Պատմական Պահ Է Թուրքիոյ  Հայ Համայնքին Համար.  Հայերու Մուտքը Խորհրդարան

Փակ Թղթածրարներ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Պէտք է ողջունել «Անկախ Նորութիւն» (ankakh.com) կայքէջի 13 յունիսի հրապարակումը` Եղիշէ Չարենցի, Ակսել Բակունցի, Վահան Թոթովենցի եւ այլ վաստակաւոր գրագէտներու նահատակութեան պարագաներուն մասին հայրենի գրականագէտ Արքեմնիկ Նիկողոսեանի դիպուկ քննարկումներով: Ստալինեան մաքրագործումներու բովին մէջ, 1937-ին, մեր գրականութիւնը կորսնցուց միտքի տիտաններու ամբողջ սերունդ մը: Ճիշդ ինչպէս 1915-ի ապրիլի 24-ին, հայոց քանքարի մեծ հոյլն էր, որ յանկարծ կ՛ըլլար արմատախիլ` մեր կեանքերէն:...

«Չարենցի, Բակունցի, Թոթովենցի Դահիճները Պէտք Չէ Ներկայացուեն Լուսապսակի Ներքոյ». Արքեմնիկ Նիկողոսեան

«Չարենցի, Բակունցի, Թոթովենցի Դահիճները Պէտք Չէ Ներկայացուեն Լուսապսակի Ներքոյ». Արքեմնիկ Նիկողոսեան

«ԱՆԿԱԽ» ԿԱՅՔ Լուսանկարը` «Գրեթերթ» կայքից Թէեւ անցել է աւելի քան 70 տարի, սակայն ստալինեան բռնութիւնների եւ հայ մտաւորականների սպանդի շրջանը լիովին բացայայտուած չէ. դատապարտուել են արարքները, սակայն ողբերգական իրադարձութիւնների մեղսակիցներն իրենց արժանի գնահատականը չեն ստացել: Վերջին շրջանում գրականագէտները շատ են խօսում այն մասին, որ պէտք է վերարժեւորել այն, ինչ տեղի ունեցաւ 1937 թուականին: Նրանց թւում է գրաքննադատ Արքեմնիկ Նիկողոսեանը: Նա...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Հայաստանը Եւ Թուրքիան Տեմիրելի Ժամանակներում

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Անցնող շաբաթ, կեանքի 91-րդ տարում մահացաւ Թուրքիայի նախկին նախագահ (1993-2000 թթ.), եօթ անգամ վարչապետի պաշտօնը զբաղեցրած Սուլէյման Տեմիրելը: Նա գիտէր` ի՛նչ է Հայկական հարցը, գիտէր Հայաստանը, թէեւ երբեք չէր այցելել: Նա ճանաչում էր Հայաստանի ղեկավարներին, երեք-չորս անգամ հանդիպել էր առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, երկու անգամ` երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ: Նրա վարչապետութեան վերջին շրջանը համընկաւ Խորհրդային Միութեան...

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Հանդիսաւոր եւ ցնծուն տրամադրութիւն կը տիրէր Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճին մէջ. մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն էր, որ տեղի կ՛ունենար 6 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին,  հովանաւորութեամբ Լիբանանի թեմի բարեջան առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ տիկին Միրէյ Խանամիրեանի: Փոքրիկներու ներկայութիւնը բեմին վրայ ոչ միայն բերկրանք էր բոլորին, այլեւ` յուսալի եւ ամուր ապագայ մը ունենալու զգացողութիւն: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք...

61 Ծաղիկներ Որպէս Շրջանաւարտ Վկայուեցան Մեսրոպեան Մանկապարտէզէն

61 Ծաղիկներ Որպէս Շրջանաւարտ Վկայուեցան Մեսրոպեան Մանկապարտէզէն

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի Ծաղիկ եւ Կոկոն դասարաններու ամավերջի հանդէսը եւ աւարտականներու վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 13 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի բակին մէջ: Աշակերտներու երգեցողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեցին Մարիա Պալատի, Լորի Նիկոլեան եւ Լորի Այնեճեան: Բարի գալուստի խօսքերէն ետք հանդէսի մասնակից աշակերտները կատարեցին երկու խմբերգ,  հինգ պար` հայկական,...

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան 100-Ամեակի Մանկապարտէզի Հունձք

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան 100-Ամեակի Մանկապարտէզի Հունձք

Յունիս 14-ի առաւօտեան ՀԲԸՄ Պ.Գ. Կարմիրեան վարժարանի բազմամարդ մուտքն ու նախասրահը յագեցած էին տօնական տրամադրութեամբ: Մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդէսը կ՛ազդարարէր 2014 - 2015 ուսումնական տարուան բարեյաջող աւարտը: Օրը տօնական էր անխտիր բոլորին` ղեկավարութեան թէ ուսուցչական կազմին, ծնողներուն թէ շրջանաւարտ փոքրիկներուն համար: Ծաղիկ դասարանցիներուն խմբակը մկրտուած էր «Հարիւրամեակի հունձք» անուամբ, իսկ բեմն ու սրահը ներկաները կը պարուրէին մանիշակագոյնի ու ճերմակի երանգներով:...

Զգուշ Եւ Զգաստ

Զգուշ Եւ Զգաստ

ԶԵՓԻՒՌ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Կար ժամանակ, երբ թմրեցուցիչն ու թմրամոլութիւնը որոշ շրջանակներու յատուկ երեւոյթներ էին եւ առողջ դաստիարակութիւն ունեցող ընտանիքներու եւ հաւաքականութիւններու համար հեռաւոր վտանգ կը նկատուէին: Աշխարհը ցնցող պատերազմները եւ անոնց ընկերակցող  ընկերային ու տնտեսական տագնապները թմրամոլութիւնը անհամեմատօրէն ներմուծեցին բոլոր երկիրներու  ժողովուրդներու  եւ յատկապէս երիտասարդութեան մէջ: Վտանգը դարձաւ համատարած: Թմրամոլութեան այս լայն տարածումը կը սպառնայ պատանիներն ու երիտասարդութիւնը կամազուրկ դարձնել եւ ...

Պատանիները` Թմրամոլութեան Մասին

Պատանիները` Թմրամոլութեան Մասին

Յանձնուիլ Թունաւոր Ճիւղի՞ն, Թէ՞ Շարքերը Արդարութեան Ծաղիկ մը երբ գուրգուրանք չի ստանար իր տիրոջմէն, բնականաբար պիտի յուսահատի ծաղկելէ ու իբրեւ հետեւանք պիտի թոռմի: Բայց երբ ամբողջ պարտէզը թոռմի, այլեւս պիտի դադրի պարտէզ անուանուելէ, պիտի դառնայ չորցած ու դեղնած դաշտ, եւ ոչ դալար ու անուշաբոյր ծաղիկներով պարտէզ: Նոյնպէս ալ պատանին կարիք ունի գուրգուրանքի, ու հետեւողական ցուցմունքի: Այս բոլորը կը տրամադրէ հայ...

Յունական Հերթական Ճգնաժամ

Յունական Հերթական Ճգնաժամ

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Յունաստան ամիսներէ ի վեր կը ղեկավարուի Եւրոպայի մէջ երկար ժամանակ իր օրինակը չունեցող ձախակողմեան կառավարութեան մը կողմէ: Աւելի քան հինգ տարիներէ ի վեր տնտեսական գրեթէ տեւական ճգնաժամը արիւնաքամ ըրած է պետութիւն եւ ժողովուրդ: Երբ եւրոյի իբրեւ հասարակաց դրամանիշ որդեգրման օրերուն Յունաստան հպարտօրէն եւրոգօտի կը մտնէր, ժողովրդային տօնախմբութիւն էր: Այսօր այդ նոյն պատճառով երկիրը մոխիրներու վրայ նստած է եւ...

Page 1046 of 1110 1 … 1,045 1,046 1,047 … 1,110

Արխիւներ