Հոկտեմբեր 3-ին Հայկազեան համալսարանը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 60-ամեակը: Այդ առիթով համալսարանը պիտի կազմակերպէ պաշտօնական դրամահաւաք-հանդիպում, ինչպէս նաեւ ներկայացում` «Կրեմմի» մրցանակի արժանացած սպանացի նշանաւոր թենոր Փլասիտօ Տոմինկոյի կատարմամբ Վուտի Ալընի` Փուչչինիի «Ճիաննի Սքիքի» գործի հիման վրայ: Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի «Տորոթի Շանտլըր» սրահին մէջ: Զայն պիտի վարեն Հերի ՆաՃարեանը եւ Թինա Սեկելը: Այս մասին կը յայտնեն Հայկազեան համալսարանի մամլոյ ծառայութենէն:
Խօսելով տեղի ունենալիք նախաձեռնութեան մասին` Փլասիտօ Տոմինկօ ողջունեց նման քայլ մը եւ կիսեց իր յիշատակները: «Մայրս հիանալի երգչուհի էր, իսկ անոր երգել սորվեցուցած էր հայ մը: Ուստի, ես միշտ ալ հիացած եմ հայ ազգի երաժշտութեան եւ կատարողական արուեստի հարուստ ժառանգութեամբ»:
Հանդիսութիւնը պիտի սկսի ընդունելութեամբ, որմէ ետք տեղի պիտի ունենան Փլասիտօ Տոմինկոյի երկու հիանալի ներկայացումները: Անկէ ետք հիւրերը մեծ դահլիճին մէջ պիտի ճաշեն ու զրուցեն: Պատուաւոր յանձնաժողովի անդամներն են համալսարանի նախկին նախագահ Ճորճ Տուքմեճեանը, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը, Վարդան Գրիգորեանը եւ Ճոյս Փիլիպոսեան-Շտայնը: