Յօդուածներ

Կիրակնօրեայ Յիշատակելի Օր.  Մեսրոպեանի Մէջ Բացուեցաւ «Հաւատարմութեան Շատրուանը», Բարեսիրական Ընթրիքին Հանգանակուեցաւ 109 Հազար Ամ. Տոլար

Կիրակնօրեայ Յիշատակելի Օր. Մեսրոպեանի Մէջ Բացուեցաւ «Հաւատարմութեան Շատրուանը», Բարեսիրական Ընթրիքին Հանգանակուեցաւ 109 Հազար Ամ. Տոլար

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի կրթական տարուան փակումը նշանաւորուեցաւ միեւնոյն օրը կայացած զոյգ ձեռնարկներով: Ընդառաջելով վարժարանի տնօրէնութեան հրաւէրին` 19 յունիս 2015-ի երեկոյեան Մեսրոպեանի բարեկամներ իրենց ներկայութեամբ պատուեցին արդէն աւանդական դարձած դպրոցի կարիքաւոր աշակերտներու ֆոնտին ի նպաստ բարեսիրական ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ Մեսրոպեան մանկապարտէզի շրջափակին մէջ: Նախքան ճաշկերոյթը` հրաւիրեալները մասնակցեցան դպրոցի գլխաւոր բակին մէջ «Հաւատարմութեան շատրուան»-ի բացումին: Ձեռնարկներուն ներկայ եղան` Հայաստանի...

Հայ Աւետ. Կէրթմէնեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէս

Հայ Աւետ. Կէրթմէնեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէս

Ուրբաթ 12 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին  տեղի ունեցաւ Հայ աւետ. Կէրթմէնեան վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը: Կանուխ ժամերէն արդէն վարժարանին բակը լեցուած էր ծնողներով եւ բարեկամներով, որոնք անհամբեր կը սպասէին, որ բացուին սրահին դռները, որպէսզի գրաւեն իրենց տեղերը: Արդարեւ, հասաւ ժամը, եւ սրահ մուտք գործեցին մանկապարտէզի աշակերտները, որոնք իրենց տեղերը գրաւեցին բեմին վրայ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք աշակերտները...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Ինչպիսի Աւարտ Կարող Է Ունենալ Մարշալ Բաղրամեանի Պայքարը

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Բազմաթիւ ներքին եւ արտաքին գործօններ կան, որոնք ազդում են Հայաստանի ինչպէս ներքաղաքական, այնպէս էլ արտաքին քաղաքական զարգացումների վրայ: Այդ պատճառով բարդ եւ անշնորհակալ գործ կը լինի կանխատեսել, թէ ինչպիսի՛ հանգուցալուծում, ինչպիսի աւարտ կ՛ունանայ Մարշալ Բաղրամեան պողոտայում շարունակուող ընդվզումը` ընդդէմ ելեկտրականութեան գնի 7 դրամով թանկացման: Ներկայացնենք հիմնական եւ հնարաւոր զարգացումներն ու հանգուցալուծումները: Առաջին. Հայաստանի իշխանութիւնները գտնում են ձեւը եւ...

Նոր Գիրքեր.  Յուշագիրներ… Հեղինակ` Պօղոս Սնապեան

Նոր Գիրքեր. Յուշագիրներ… Հեղինակ` Պօղոս Սնապեան

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ Տարի մը առաջ մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ սփիւռքահայ գրագէտ, գրական քննադատ, վերլուծաբան, գրականութեան ուսուցիչ-դասախօս, «Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսի քառասուն տարիներու խմբագրապետ Պօղոս Սնապեան: Իր հարուստ գրական վաստակը հիացում կը պատճառէ ընթերցողին եւ մշակութասէր անձերու: Ան հեղինակն է երեսուներեք հատորներու` վէպեր, գրական-քննադատական էջեր, մասնաւորաբար հայրենի գրողներու եւ կարմրաշռայլ (բառը իրն է) անձերու մասին, քրոնիկներ եւ մեր առօրեան հետաքրքրող քննադատական եւ ուսանելի ...

Փառաւոր Սերունդ

Փառաւոր Սերունդ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Այլեւս խորհրդային բարքերէն ամբողջովին ազատագրուած` Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ազատ քաղաքացիներու սերունդ ունինք: Սերունդ, որ իր վարքով, պատասխանատուութեան իր գիտակցութեամբ, իր ողջախոհութեամբ, իր շրջահայեացութեամբ, բայց եւ իր պայծառատեսութեամբ յոյս կը ներշնչէ բոլորիս, ամէնէն առաջ` յուսահատութեան դուռը հասած հայրենի ժողովուրդին: Այս սերունդը կազմուած է սահման պաշտպանած, բանակի մէջ  ծառայած երիտասարդներով, որուն հայրենասիրութիւնը կասկածի տակ կարելի չէ առնել, որուն հայրենի հողին...

Հայը… Մենք Ենք

Հայը… Մենք Ենք

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Դպրոցական տարեշրջանը հասած է իր աւարտին: Ամավերջի վկայականի բաշխման հանդիսութիւնները իրարու կը յաջորդեն: Մեր տարիներուն երկու վկայական կը ստանայինք` մանկապարտէզի եւ երկրորդականի: Ամերիկայի մէջ ամէն ինչ առատ է, նոյնիսկ վկայականները: Մանկապարտէզ, նախակրթարան (5-րդ), միջնակարգ (8-րդ) երկրորդական (12-րդ) եւ իւրաքանչիւր հանդիսութեան աւարտին` շքեղ «պարահանդէսներ», ապա` տուներու մէջ հաւաքոյթներ: Երբ այսքան շատ հանդէսներ տեղի կ՛ունենան, վստահաբար եթէ ոչ ամէն տարի,...

10 Յունիս 1909. Լոյս Տեսաւ Դաշնակցական Մամուլի Ճակատը Լուսաւորող Պոլսոյ «Ազատամարտ» Օրաթերթը

Հարիւրամեակի Դասեր

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 3) Պետական Պահանջատիրութեան Ուղին` Անկոխ Եւ Անհարթ Ազգովին հպարտ ենք, որ Մեծ եղեռնի 100-ամեակին, համահայկական աննախընթաց միասնականութեամբ, պատմական քայլ մը նետեցինք եւ պաշտօնապէս ՊԵՏԱԿԱՆ մակարդակի բարձրացուցինք հայկական պահանջատիրութիւնը: Ծիծեռնակաբերդի բարձունքէն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, համայն հայութեան պետական, հոգեւորական, քաղաքական եւ հասարակական ղեկավարութեանց միասնակամութիւնը արտայայտելով, ՊԵՏԱԿԱՆՕՐԷՆ իրաւատէր ներկայացաւ քաղաքակիրթ աշխարհին: Այդպէ՛ս, ազգովին եւ պետականօրէն` յիշեցինք ու պահանջեցինք: Մինչեւ 29 յունուար...

Հայուհիի Մը Անգլերէն Գիրքի Հրատարակութենէն Թելադրուած Մտածումներ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Նիւ Եորք կը գտնուէի, այն օրերուն, երբ ամերիկածին, բայց հայախօս եւ հայագիր բացառիկ ընկերոջ մը հոգեհանգիստին ներկայ եղայ, որ ի վերայ ամենայնի «դոկտոր» էր, տիտղոսով չէր գինովցած եւ չէր ըսած, որ «հայերէնը ռոմանթիկ լեզու է, բիզնեսի լեզու չէ», բայց չես գիտեր ի՛նչ հրաշքով նախանձ շարժող «մաքրութեամբ» հայերէն կը խօսէր եւ կը գրէր: Նոյն օրերուն  գրասեղանիս վրայ դիզուեցան «հարիւրամեակի...

Յարգանքի Տուրք Գըրգ Գըրգորեանին` Արտակարգ Մարդու Յիշատակին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Յունիս 15-ի Գըրգ Գըրգորեանի մահէն ետք հազարաւոր լրագրողներ ընդգծեցին անոր զարմանահրաշ նուաճումները գործարարական աշխարհին եւ հսկայ աւանդը` բարեգործութեան բնագաւառին մէջ: Սակայն այդ լրագրողները երբեք չէին հանդիպած այս մեծանուն մարդուն, քանի որ ան հազուադէպ հարցազրոյցներ կու տար լրատուամիջոցներուն: Գրեթէ երեք տասնամեակ աշխատելով Գըրգորեանի հետ` որպէս «Լինսի» հիմնադրամի փոխնախագահ եւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահ, կը ցանկայի իմ անձնական յարգանքի տուրքս...

Խմբագրական.  Աւանդութեան Վերյիշեցում

Խմբագրական. Աւանդութեան Վերյիշեցում

Երկրորդ տարին ըլլալով` «Հորիզոն»-ի կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ մարաթոն վազքը ընդդէմ թմրամոլութեան կամ աւելի ճիշդը թմրամոլութեան վտանգաւոր հետեւանքները կանխազգուշացնելու եւ այդ առումով յատկապէս նոր սերունդի իրազեկութիւնն ու զգօնութիւնը բարձր պահելու նպատակով: Այս կը նշանակէ արդէն, որ կազմակերպող կողմը կը ցուցաբերէ հետեւողականութիւն. այնպէս չէր, որ անցեալ տարուան կազմակերպուած վազքը պարագայական քարոզչական մէկ գործողութիւն էր, որ իր առաքելութիւնը աւարտած նկատեց վազքին վերջնագիծ...

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղը`  80 Տարիէ Պատնէշի Վրայ

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղը` 80 Տարիէ Պատնէշի Վրայ

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Ի զուր չէ, որ հայ ժողովուրդը վերապրիլ ու գոյատեւել բառերուն մարմնացումը հանդիսացած է, յատկապէս 100 տարի առաջ, երբ ամէնէն դաժան ու ահաւոր անմարդկային արարքները կրեց իր մորթին վրայ, սակայն կրցաւ թօթափել անմարդկայինը եւ մարդկայինին կառչիլ` ո՛չ միայն վերապրելով, այլ կազմակերպուելով եւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելով: Վերապրողներուն ոդիսականը միայն տարագրութեան ճամբուն վրայ չէր, այլ նաեւ այն վայրերուն, ուր...

Տե՛ս Մօրդ Արցունքը

Տե՛ս Մօրդ Արցունքը

ԱՅԲ Քանի՜ կեանքեր, ծաղկահասակ ու դեռատի,  ընդմիջուեցան, վերջ գտան, քանի՜ դագաղներ սպիտակ, ճերմակ եւ թափօրներ թաղման մեր սրտերը ծանրացուցին, մայր հողը չգրկածներու քանի՜ ծնողներ ստիպուեցան իրենց զաւակները թաղել եւ արցունքներով ջրել այդ շիրմաքարը... Վասն ինչի՞... Սիրո՞յ, ազգի՞, ընտանիքի՞... Ո՛չ: Տկարութեան վայրկեանի մը պատճառով, ծանր ու մութ այս աշխարհին մէջ, սխալ փապուղիի մը ծայրը լոյսի նշոյլ մը փնտռելով, այսպիսով սիրողներուն աշխարհը...

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Խօսքը Արմէն Արսլանեանի Յուղարկաւորութեան

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Խօսքը Արմէն Արսլանեանի Յուղարկաւորութեան

Յարգելի՛ եւ սիրելի սգակիցներ, Արմէն Արսլանեանի մահը որքան ցաւ ու ցասում կը պատճառէ բոլորիս, նոյնքան ալ զարմանքի առիթ կու տայ. իր մահը անտարակոյս հաւատքի խախտումի դուռը կը բանայ ըլլա՛յ բնազանցական արդար կարծուող աներեւոյթ ուժերու հանդէպ, ըլլա՛յ մեզի ժամանակակից ոչ արհամարհելի յաճախականութեամբ մը շեփորուող  առողջապահութեան սկզբունքներուն եւ այդ մարզէն ներս վիճակագրական անվիճելի կերպով հաստատուած եւ օրէնքի ուժ ստացած որոշ յանձնարարութիւններու հանդէպ:...

Խօսք Յիշատակի

Խօսք Յիշատակի

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Քառասուն օր անցաւ արդէն Արմէն Արսլանեանի անժամանակ մահուան գոյժէն, 17 մայիս 2015-ին: Արմէն Արսլանեան ծնած էր 9 յուլիս 1960-ին, Պէյրութի մէջ: Ան երէց զաւակն էր Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի գլխաւոր բարերարներէն Հայկ Արսլանեանին: Մանկութեան ու պատանեկութեան տարիները անցընելէ ետք Պէյրութի մէջ, Արմէն Արսլանեան ընտանեկան ասպարէզի բերումով հաստատուած էր Պելճիքա: Իր կապը, սակայն, Լիբանանի հետ բնաւ չէր...

Արփիկ Միսաքեան

Արփիկ Միսաքեան

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Այս պարզութեամբ կը խորագրեմ էջը: Նաեւ` անոր համար, որ չեմ ուզեր խօսիլ մահուան մասին: Պէյրութ էի, երբ իմացայ Արփիկ Միսաքեանի անհետացումը: Երբ դրական յիշատակը կը պահուի, մահը ձեւական երեւոյթ կ՛ըլլայ: Արփիկ Միսաքեան հայ մամուլի «Մեծ տիկին»-ն էր, անձնաւորութիւն մը, որուն հետ կարելի էր համաձայն չըլլալ, բայց անկարելի էր անոր վրայ չհիանալ եւ զինք չյարգել իր քաջութեան համար: ՅԱՌԱՋ-ը...

Հողին Ուժը  (Սնապ Սնապեանի Յիշատակին)

Հողին Ուժը (Սնապ Սնապեանի Յիշատակին)

Արդէն քառասուն օրերու թեթեւութիւն մը կայ հողին վրայ այն հայուն, որ մօրեղբայրս էր` Սնապ Սնապեան անունով: Յիշատակը անմար պահելու սոյն երկտողը չի նմանիր պարտադիր գովերգութեան: «Գնա մեռիր, եկուր սիրեմ» ասացուածքէն ալ շատ հեռու է, այլ կու գայ մէկ տարուան մէջ երկրորդ մօրեղբայր մը կորսնցուցած քրոջ որդւոյն ցաւող սրտի խորերէն: Մօրեղբայր... Սոյն կոչումին մէջ, հին ատեն, ազգականական պարտադիր կապէ մը աւելի...

Լաւատեսութեամբ Ճառագայթող Էտին

Լաւատեսութեամբ Ճառագայթող Էտին

Դժուար է այն պահը, երբ առյաւէտ մեզմէ բաժնուող հարազատի մը վերջին հրաժեշտ տալու ժամը կը հասնի: Կը փորձենք գտնել սփոփանքի եւ մխիթարութեան խօսքեր, թէկուզ լաւապէս գիտակցելով, որ մեծ ազդեցութիւն պիտի չունենան, պիտի չկարենան լեցնել այն հսկայ դատարկութիւնը, որ կը ստեղծուի սիրելիի մը անժամանակ կորուստով: Սակայն ընտանիքին, ծնողքին, հարազատներուն ու բարեկամերուն համար մխիթարականը այն իրականութիւնն է, որ իրենց սիրելին ձգած է...

Տեսակէտ.  Միջնամատեր

Տեսակէտ. Միջնամատեր

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան կարգ մը նկարներուն մէջ օդը բարձրացած միջնամատեր կ՛երեւին... Հայաստանի ելեկտրականութեան սակի բարձրացումին դէմ բողոքող հասարակութիւնը դիմած է հաւաքական բողոքի, նստացոյցի, քայլարշաւներու: Երեւանի Ազատութեան հրապարակն ու Բաղրամեան փողոցը օրերէ ի վեր երիտասարդութեամբ ու ոստիկանութեան ուժերով ողողուած են: Ցուցարարները բազմաթիւ կոչերու, նստացոյցերու, բացագանչութիւններու, երգերու, նուագներու եւ շուրջպարերու կողքին, ցուցական այլ արտայայտութիւն մըն ալ կ՛օգտագործեն: Անոնցմէ շատեր, տղայ...

Հայութիւնը Յաւերժագրող Մեծագոյն Տիտաններ

Հայութիւնը Յաւերժագրող Մեծագոյն Տիտաններ

Պատրաստեց` ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ Հայ ժողովուրդը երախտագիտական բարձր գիտակցութեամբ կը յիշէ եւ կը մեծարէ հայ ազգի գոյութենական յաւիտենականութիւնը երաշխաւորող, հայ գիրերու գիւտարար եւ թարգմանիչ սերունդի ղեկավար Ս. Սահակն ու Ս. Մեսրոպը: Հայ դպրութիւնը ճառագայթումն էր հայու ստեղծագործ ոգիին ու ճանաչողութեան ձգտումին: Արդիւնքն էր հայու անխորտակելի կամքին` յաւէտօրէն ու միաբանօրէն ապրելու: Հայ տառերը աստուածատուր ժառանգութիւն մը ըլլալով , թարգմանչաց սերունդը գերբնական իմաստութեամբ...

Ծանօթանանք Լիբանանի Ազգային Առաջնորդանի Ժողովներուն, Բաժանմունքներուն Եւ Գործունէութեան.  Ազգային Սահմանադրութիւն  Եւ Ազգային Տուրք

Ծանօթանանք Լիբանանի Ազգային Առաջնորդանի Ժողովներուն, Բաժանմունքներուն Եւ Գործունէութեան. Ազգային Սահմանադրութիւն Եւ Ազգային Տուրք

Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի Տեղեկատուական բաժանմունքին, 24 յուլիսէն 2 սեպտեմբեր 2015, տեղի պիտի ունենայ Ազգային առաջնորդարանի ժողովներու, բաժանմունքներու եւ գործունէութեան ծանօթացման հարցազրոյցներու հաղորդաշար մը, որ պիտի ներկայացուի «Վանայ Ձայն»-էն, չորեքշաբթի օրերը, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Հարցազրոյցը կը վարէ «Վանայ Ձայն»-ի հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Առաջին յայտագիրը նուիրուած էր Ազգային սահմանադրութեան եւ Ազգային տուրքին: Այս գծով հարցազրոյցի մասնակիցն էր Կիլիկիոյ...

Page 1044 of 1110 1 … 1,043 1,044 1,045 … 1,110

Արխիւներ