Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Գիրքեր Վաճառող Գրախանութէ Մը Գիրք Կը Գնուի՞

Յունիս 24, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապտուլլահ Պասմաճը
Ապտուլլահ Պասմաճը

Համացանցի վրայ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ «Պիզիմ Անթալիա»-ի սիւնակագիր Ապտուլլահ Պասմաճըի ստորագրութեամբ գրութիւն մը, ուր հեղինակը կը պատմէ գրախանութէ մը ներս իր տեսածին մասին:

Հրատարակուած յօդուածին բովանդակութիւնը այդքան ալ զարմանալի չէ: Շատեր կը զարմանան, որ այս երկրին մէջ հիմա կը տպուին Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրքեր, որոնց անունն իսկ կարելի չէր արտասանել ասկէ քանի մը տարի առաջ: Այս նոր զարգացումին դիմաց ժողովուրդին կեցուածքը ի՞նչ է սակայն:

Յօդուածագիրը նախ զարմանք կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ մէջ անհամար գիրքեր կը տպուին, հակառակ որ ժողովուրդը ընթերցասէր չէ: Հրատարակիչները ինչպէ՞ս կը յաջողին տպել այսքան շատ գիրք: Բայց բուն նիւթը այս չէ: 11 յունիսը շատ տաք օր մըն էր, ու ինք ալ գրախանութէ մը ներս մտած էր հետաքրքրական գիրք մը ընտրելու համար: Միջոց մը իր ուշադրութիւնը գրաւեցին այր ու կին մը, որոնք գիրքերը կը քննէին: Կինը քանի մը գիրք առած էր արդէն ձեռքին մէջ, իսկ այրը կը կարդար գիրքի մը վերջին էջը: Հետաքրքրուեցաւ ու տեսաւ, որ այդ գիրքը կը կոչուէր «Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւն»: Մարդը կը կարդար այդ գիրքի վերջին էջին մէջ տպուած բացատրութիւնը: Բայց յանկարծ այնքան զայրացաւ իր կարդացածէն, որ սկսաւ կնոջը պոռալ. «Վա՛ր դիր այդ գիրքերը, ես Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրք վաճառող գրախանութէն գիրք չեմ գներ: Այստեղ Թուրքիա է, չեմ հասկնար, թէ ինչպէ՞ս կ՛արտօնեն այսպիսի գիրքերու հրատարակութիւնը»:

Բոլոր գիրքերը թողուցին հոն ու զայրոյթով դուրս ելան գրախանութէն:

Յօդուածագիրը այս պատահարը պատմելէ ետք կ՛ըսէ. այդ մարդը չլսեց, որ խանութին մէջ ներկայ գտնուողները ի՛նչ ըսին իր ետեւէն: Բայց ինք լսեց: Ներկաները կ՛ըսէին. «Փայտ գլուխ», «Մարդը չի կարդար որ», «Բոլորս ալ նախապաշարեալ ենք, այս կերպով մարդ չենք կրնար ըլլալ», «Այստեղ գրախանութ է, տանկալա՛ք, հարկա՛ւ ամէն տեսակ գիրք պիտի վաճառուի», «Սա մարդուն նայէ, մարդու կը նմանի՞», «Ա՜խ, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վիճակը»:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ցուցահանդէս` «Եղեռն` Եղեռնից Յետոյ»

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?