Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Յունիս 25, 2015
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Կան սրտցաւ հայ ծնողներ, որոնք կը մտահոգուին իրենց զաւակներու օտարախօս դառնալու ընթացքէն, մանաւանդ երբ գիտեն, որ իրենք կանգ չեն առած զոհողութիւններու առջեւ, որպէսզի իրենց զաւակները հայ ըլլան, ըլլան հայախօս, չհեռանան իրենցմէ եւ իրենց արմատներէն: Ի հարկէ կան քաղքենի հոգեբանութեամբ հայ ծնողներ, որոնք անհիմն գործնապաշտութեամբ եւ անգիտութեամբ, չեն մտահոգուիր իրենց զաւակներու հայեցի կրթութեամբ եւ հայախօսութեամբ` միակ նպատակ դարձուցած ըլլալով կեանքի մէջ անոնց  յաջողութիւնը, ապաշնորհ այն մանկավարժական տեսութեամբ, որ հայերէնը արգելք կ՛ըլլայ օտար լեզուներու իւրացման եւ ընդհանրապէս, դասերուն: Այս վերջինները, ազգային տեսանկիւնէ, պարտուածներ են, ազգային ինքնութեան պահպանման վնասակար տարրեր, որոնց ուղղութեամբ լայնածիր լուսաբանական աշխատանք պէտք է կատարել:

Ուշագրաւ է այն ծնողներու պարագան, որոնք կը ցանկան եւ ցանկացած են, որ իրենց զաւակները հայ ըլլան` ժառանգելով լեզու եւ լայն առումով մշակոյթ: Բայց միշտ չէ, որ յաջողած են: Ձախողութիւնն ալ իրենց թերացումով չէ եղած: Արեւմտեան աշխարհի մէջ ընդհանրապէս, հետզհետէ նաեւ` հայրենամերձ գօտիներու, այս ծնողներն ալ կը գտնուին ձախողութեան առջեւ: Ի Հարկէ կան բացառութիւններ: Եթէ լսէք ծնողները, կը կանգնիք հարցականներու առջեւ: Նոյն ընտանիքի զաւակներ, նաեւ` անոնց ընկերները, երբ հայկական դպրոց կ՛երթան եւ հայերէն կը սորվին, բացատրութեան կարօտող կացութիւններու առջեւ կը կանգնեցնեն առաջին հերթին զոհութիւն ընող ծնողքը, ապա նաեւ անոնք, որոնք կը խորհին, որ լեզուի կորուստի դէմ պատուարը հայկական վարժարանն է, իր բոլոր ձեւերով:

Հիմա, ինչպէս ամէնուրեք, նաեւ ժողովուրդներու խառնարան Նիւ Եորքի մէջ ալ կան մտահոգ հայ ծնողներ, որոնք չեն հաշտուիր փտախտի նմանող օտարումի հետ: Զրոյցի մը ընթացքին ըսին, որ իրենց զաւակները հայկական դպրոց կ՛երթան, իրենց հետ հայերէն կը խօսին, կը նշանակէ, որ կը սորվին, բայց  իրարու հետ ամերիկերէն կը խօսին, նոյն յարկին տակ: Երեւոյթ, որուն յանդիման կը թուի թէ ձեռնթափ են: Դպրոցին բակը եւ դուրսը ընկերներու հետ հայերէնը հաղորդակցական լեզու չէ: Անճրկած ծնողներ, ինչպէս միշտ, պատրաստ են մեղադրելու դպրոց եւ ուսուցիչ, այդ մեղադրանքը հիմնաւոր ըլլայ թէ ոչ: Քննադատութիւնները մեղադրանքէն տարբեր հիմնաւորումներ կրնան ունենալ: Ինչո՞ւ քննադատել, երբ տղաքը հայերէն կը սորվին: Բայց ի՞նչ կը պատահի, երբ իրենց սորված հայերէնը իրապէս կենդանի լեզու չի դառնար արտադասարանային եւ հայրիկէն-մայրիկէն մէկ կանգուն հեռու գտնուող հաղորդակցութիւններու պարագային:

Հայերէնը եթէ պիտի սահմանափակուի հայրիկի եւ մայրիկի հետ հաղորդակցութեան համար, ան պիտի ընկալուի որպէս սոսկ տեսակ մը գաւառաբարբառ, չըլլայ կեանքի լեզու: Խաղաղականի ափին մշակոյթով եւ գիտութեամբ հանգամանաւոր զբաղող մը չէր վարանած ըսելու, որ հայերէնը ռոմանթիք լեզու է, բիզնեսի լեզու չէ, աւելի ռամիկ ձեւով չե՞նք լսած, որ հայերէնը փոր չի կշտացներ: Շրջապատի այս ապազգային (չ)իմաստութիւնը կը ներծծուի աշակերտին կողմէ, նորերուն կողմէ: Ազդեցութիւններ եւ բացասականութիւններ հարկ է առաձնացնել եւ չեզոքացնել, եթէ կ՛ուզենք, որ հայերէնը ըլլայ կենդանի լեզու, կեանքի լեզու: Ի հարկէ, ըսել աւելի դիւրին է, քան ընել: Այս աշխատանքը սիրողական եղանակով եւ թուքով կպցրած միջոցներով չի յաջողիր: Ծնողք, իրապէս մտահոգ պատասխանատուութիւն զգացողները, կրնան հարց տալ, թէ ի՞նչ պէտք է ընել, մանաւանդ` ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով:

Ինչպէ՞ս բացատրել այս ձախողութիւնը: Դատապարտուա՞ծ ենք այս ձախողութեան: Կրնա՞նք չձախողիլ: Եթէ հետեւինք պարզուող ընդհանուր պատկերին, անիկա բնական կը համարուի, իրատեսական: Մեծամասնութեան սառցակոյտ մը կայ, ազգային տեսանկիւնէ տգիտութեան քարացած ըմբռնումներով, որուն դէմ, առանց ճապկումներու եւ մարդորսական շահախնդրութիւններու, իսկական լուսաբանական-դաստիարակչական պայքար պէտք է շղթայազերծել, սերունդ փրկելու համար: Այդ պայքարին զուգահեռ, համոզիչ ըլլալու համար, պէտք է յանդգնիլ արդար եւ ճշգրիտ ախտաճանաչումը ընելու չյաջողող դրութեան: Այս ախտաճանաչումը ուզա՞ծ ենք ընել, կ՛ուզե՞նք ընել, պատրա՞ստ ենք այդ ախտաճանաչման գինը վճարելու: Ըսել կ՛ուզեմ, որ մեր բազմապիսի ղեկավարութիւնները, որոնք որոշումներու լծակներուն կը տիրեն եւ կը հակակշռեն յատկացումները եւ նիւթական միջոցները, անդրադառնալով ծանրակշիռ կացութեան, յանձն պիտի առնե՞ն նման ախտաճանաչում ընելու (ընել տալու), եզրակացութիւնները լսելու եւ ապա դարմանները գործադրելու:

Ներկայացող խնդիրը ի հարկէ մանկավարժական է, բայց նաեւ` ազգային-ռազմավարական, այսինքն` ազգապահպան գաղափարախօսական, որ տարբեր որակ է քաղքենիի մտմտուքներէ եւ սպառողական ընկերութեան գերութենէ, հայրենակցական յուզումներու թափահարումներէ, ժողովրդականութիւն ձեռք բերելու համար կազմակերպուած հանդէսներէն եւ դաշտահանդէսներէն:

Ախտաճանաչումը Սրտցաւութեան
Շատախօսութիւն Չէ

Լեզուի ուսուցումը մշակոյթի եւ պատմութեան էականութեան փոխանցում է: Երբ ուսուցուած լեզուն կեանքի լեզու չ՛ըլլար, կը սահմանափակուի ընտանեկան շրջագիծէ մը ներս, ինչպէս` հայկական կոչուած խոհանոցը, կը նշանակէ, որ այդ ուսուցումը կ՛անգիտանայ ժամանակը, միջավայրը, յարափոփոխ քաղաքակրթութիւնը, գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան արագացած հոլովոյթը: Կամ, ինչպէս այդ կ՛ըլլայ լատիներէնի կամ հին յունարէնի համար, լեզու կը սորվին որպէս գիտութիւն` ուսումնասիրութիւններու համար, ինչպէս որ ցարդ պարագան է գրաբարին :

Այսինքն սփիւռք(ներ)ի կացութեան պատշաճող հայերէնի ուսուցման յատուկ եւ մասնագիտական մշակուած մանկավարժութիւն չունինք, չունինք միջոցները, նոր ժամանակներու տուեալներու լոյսին տակ պատրաստուած դասագիրքերը եւ զանոնք օգտագործելու համար պատրաստուած անձնակազմը: Հայաստան հայերէնագիտական ուսում ստացածներ անպայման չեն կրնար ուսուցանել սփիւռքի մէջ, բայց վերապատրաստութեան դրութիւն չունինք: Մէկ կամ երկու սերունդ առաջ «Հայկարան»-ներով հայերէն կարելի էր սորվիլ, քանի որ հայերէն կը շնչէր շրջապատը, ինչ որ չէ պարագան այսօր: Ան կարծէք ջերմոցի պահուող-աճող բոյս է, աշխարհի մէկ գօտիէն միւսը, առաւել կամ նուազ շեշտուած կերպով եւ տարբերութիւններով:

Ասկէ առաջ առիթ եղած է խօսելու ԵՐԿԼԵԶՈՒԱՆԻ մանկավարժութեան մասին, զոր մենք յաճախ կը շփոթենք երկու (կամ աւելի) լեզուներ սորվեցնելու հետ: Եթէ շարունակենք երկու լեզու սորվեցնելու պէս վերաբերիլ հայերէնի ուսուցման, անպայման պիտի ձախողինք, քանի որ մանուկը եւ պատանին շրջապատին մէջ հնչող լեզուով պիտի ճանչնան աշխարհը, եւ հայերէնը ժամանակավրէպ պիտի թուի, թուքով կպցրած բան մը: Իսկ երկլեզուանի մանկավարժութեան գործադրութեամբ, մանուկը կամ պատանին աշխարհաճանաչում պիտի իրականացնեն երկու լեզուներով, միաժամանակ, առանց աշխարհ եւ հորիզոն փոխելու: Մանուկը եւ պատանին այդ ընկալումը դիւրութեամբ պիտի ընեն: Ծուռ մանկավարժութիւնը ծնողներու հացի ետեւէ վազող երեւակայութեան մէջ է: Երկլեզուանի ուսուցման մեծ մասնագէտ է Ժիլպեր Տալկալեան*: Փոխանակ աւաղելու, որ չենք յաջողիր, ինչո՞ւ խորհրդակցութեան մը չհրաւիրել Ժիլպէր Տալկալեանը, որ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ լեզուներու ուսուցման իր մասնագիտական նպաստը բերած է` տեղական լեզուին զուգահեռաբար զարգացնելով ուրիշ լեզուի մը ուսուցումը, այդ ըլլայ Ֆրանսա, Ասիա, Ափրիկէ, Եւրոպա: Իր մասնագիտական նպաստը բերած է նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ծիրէն ներս: Ան կը բացատրէ, թէ վաղ մանկութենէն սկսեալ կարելի է գործադրութեան դնել երկլեզուանի մանկավարժութիւնը, մանկամսուրէն եւ մանկապարտէզէն սկսեալ: Զրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով հարցումի մը (Ի՞նչ է կանխահաս երկլեզուանի ուսուցման առաւելութիւնը, մանկամսուրէն եւ մանկապարտէզէն սկսեալ) ըսած է. «Այդ ժամանակ մանուկը հարկ եղած բոլոր պայմանները ունի երկրորդ լեզու մը սորվելու: Այդ լեզուի տարիքն է, որ կը կառուցուի միակ կամ երկու լեզուով: 0 եւ 4 տարիներու միջեւ մանուկը նեարդային (neuronal) առաւելագոյն կարողութիւնները ունի: Այդ կը տեւէ մինչեւ 7 տարիքը: Հետագային ըլլալիք բոլոր սորվելու ընթացքները պիտի անցին արդէն գոյութիւն ունեցող նեարդային սարքաւորումէն` կառուցուած վաղ մանկութեան շրջանին»: Այսպէս, պէտք է եզրակացնել, որ մեր պարագային, հայերէնի ուսուցումը պէտք է սկսի վաղ մանկութեան շրջանին, այդ ալ ընելու համար պէտք է դիմել յատուկ մանկավարժութեամբ կատարելապէս պատրաստուած ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, որոնք կարենան ի գործ դնել երկլեզուանի մանկավարժութիւնը: Այսինքն մանկամսուրը եւ մանկապարտէզը  պէտք է դիմաւորել որպէս իսկական դպրոց, ոչ որպէս մանուկները պահող եւ խաղցնող շրջապատ:

Միջազգային փորձագէտ Ժիլպեր Տալկալեան կը գրէ նաեւ հետեւեալը. «Միւս կողմէ, երկլեզուանի դարձած մանուկը, նպաստաւոր շրջապատի մէջ, իր ընկերներէն շատ աւելի շուտ եւ աւելի հիմնաւոր պիտի սորվի երրորդ լեզու մը (օրինակ` անգլերէնը)»:

Այս թռուցիկ նշումները մեզ կը մղեն կրկին անգամ յիշեցնելու, որ կրթական գործը պատրաստութիւն կը պահանջէ, մասնագիտութիւն է, ինչպէս երբեմն կ՛ըսուի սրահ յուզելու ճառով, ան նախ սոսկ ազգային առաքելութիւն չէ: Եթէ ըլլայ նաեւ, աւելի՛ լաւ: Բայց այդ առաքելութիւնը խարսխուած պէտք է ըլլայ պատրաստութեան վրայ. գիտութիւն եւ իւրայատուկ կացութեան վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւններէ բխած ծրագրում:

Ծրագիր, Դասագիրք, Տարիքային Բառամթերք

Պատրաստուած անձնակազմի զուգահեռ, հիմնական կարեւորութիւն ունի մեր բազմահամայնք եւ մոլորակային կացութեան պատշաճող համապարփակ հայերէնի ուսուցման ծրագրումը: Աշխատանքներ միշտ եղած են, համապարփակը բացակայած է: Չկան հայերէններ, որ ըլլան արժանթինեան, քալիֆորնիական, ֆրանսական, լիբանանեան, իրանական: Հարցը չի վերաբերիր դասագիրքերու զանազանութեան, այլ` ծրագրի եւ բովանդակութեան, այսինքն ե՞րբ եւ ի՞նչ պէտք է սորվեցնել:

Ժամանակն է տարիքային բառամթերքի եւ բառարաններու կազմութեան: Ո՞ր բառերը եւ քանի՞ բառ պիտի սորվին հայերէն սորվողները, ըստ տարիքի, օրինակ, նախակրթարան մուտքին, միջնակարգ մուտքին, երկրորդականի աւարտին, որպէսզի, ինչպէս կ՛ըսէր Շաւարշ Միսաքեան, խօսուած (եւ գրուած հայերէնը) չըլլայ «հաց-պանիրի հայերէն»: Այս սահմանուած բառամթերքի վրայ հիմնուած ուսուցման մեթոտ եւ ձեռնարկ կը մշակուին: Դասագիրքը կը պատրաստուի աշակերտին համար` ըստ տարիքի եւ ծանօթութեան մակարդակի: Եթէ շատ բան կ՛ուզենք փոխանցել, յատուկ ձեռնարկ պէտք է մշակել ուսուցիչին օժանդակելու համար: Ոչ մէկ կասկած, որ ժամանակակից արհեստագիտութեան նպաստէն պէտք է օգտուիլ, բայց ողջախոհութեամբ, առանց անպայման տուրք տալու նոյնինքն կրթութեան վնաս պատճառող չափազանցութեամբ արդիականացման, որ կ՛անտեսէ խորքը եւ նպատակը:

Նպատակ պէտք է ըլլայ հայերէնի ուսուցումը ծրագրել որպէս ԿԵԱՆՔԻ ԼԵԶՈՒ, որ չի կրնար բաւարարուիլ քանի մը հեղինակներու էջերուն վրայ գտնուող բառերու բացատրութեամբ եւ իւրացումով, որքան որ ալ այդ բառերը հաճելի-գիտական եւ տպաւորիչ ըլլան: Դեռ մէկ կամ երկու սերունդ առաջ աշխարհագրութիւն, հայոց եւ ընդհանուր ազգաց պատմութիւն, իրագիտութիւն, թուաբանութիւն, մարդակազմութիւն, մարզանք եւ այլն հայերէնով կ՛ուսուցուէին: Այդ բոլոր առարկաները կեանքը կը բերէին մանուկի առօրեային մէջ: Երբ այդ բոլորը կը բացակային հայերէնի ուսուցման  մէջ, պատշաճ կերպով չեն փոխարինուիր, հայերէնը կը դառնայ կեանքէն հեռացած լեզու մը, որ կապ չ՛ունենար առօրեային հետ, լուսանցքային զբաղում մը: Այդ բոլոր կեանքի բառերը, վաղ մանկութենէն, պէտք է առնուին հայերէնի մէջ` խմբագրելով յատուկ գրութիւններ, նկարազարդումով, էջեր, որոնք կրնան տեղադրուիլ համացանցային կայքի վրայ: Համասփիւռքեան ձեռնարկ մը կարելի է իրականացնել համագործակցութեամբ, սփիւռքներու հայերէն ուսուցանող կեդրոններու հետ հասարակաց կոճղի վրայ աւելցնելով տեղական պայմաններուն եւ քաղաքակրթութեան պատշաճող էջեր, միշտ` ըստ տարիքի: Նման նախաձեռնութիւն ո՛չ տեղական, ո՛չ ալ սիրողական կ՛ըլլայ:

Պարզ նախաձեռնութիւն մը. ինչո՞ւ մարզանքի դասերուն համար հայախօս դասատուներ չպատրաստել, ասոր համար հայագիտութեան դոկտորականի կարիք չկայ:

Միաժամանակ, նկատի ունենալով Հայաստան-սփիւռք փոխճանաչման նոր կապերը, տեղ մը նաեւ պէտք է յստակացնել, անկախ ընդհանրապէս ուղղագրութեան հարցէն, կարգ մը բառերու զարտուղի ուղղագրութիւնները, ինչպէս` փափաք-փափագ, արձագանգ-արձագանք, փնտրել-փնտռել: Նաեւ ձեռնարկել, փոխհասկացողութեամբ, օտար բառերու իրաւ հայացման: Սփիւռքի աշակերտը ինչպէ՞ս պիտի հասկնայ կիկլոնը, թերապեւտը… Ինչո՞ւ չընդհանրացնել ինքնագործ բառի գործածութիւնը` փոխան աւտոմատի, շարքը երկար է: Այս ձեւով նաեւ տեղի կ՛ունենայ երկու աշխարհաբարներու աստիճանական մերձեցումը:

Այդ մերձեցման մասին կը խօսուի, բայց ան կը նմանի Պիզէի «Արլեզիէն»-ին, որուն մասին կը խօսուի, բայց ան չի գար:

Պճեղ Մը Հայկական Իրատեսութիւն

Հայերէնախօսութիւնը չ՛անջատուիր գրաւորի աստիճանական իւրացումէն:

Ներկայիս կը դիմագրաւենք այլ մեծ բարդութիւն մը, աւեր գործող նախայարձակում մը. լատինատառ հայերէնի գործածութիւնը, որ սովորական դառնալով` կը դառնայ սպառնալիք ոչ միայն հայերէնի իւրացման (գիր, ուղղագրութիւն), այլ նաեւ` ընդհանրապէս հայերէնի վերջնական այլասերման, օտարման (aliénation): Եթէ երեւոյթին առաջքը չառնուի, հետեւանքները կ՛ըլլան աղէտ: Այս արդէն այլ հարց է, որուն վրայ պէտք է հակիլ` որպէս մշակութային վերականգնումի առանցք:

Հայերէնախօսութիւնը մաղթանքի եւ բարի ցանկութիւններէն անդին է, մեր կացութենէն բխող տուեալներ եւ ժամանակակից հնարաւորութիւններու ընծայած կարելիութիւններով կը կազմակերպուի:

Շատախօսութիւն պիտի ըլլայ ըսել, որ կը յաջողինք, եթէ այս նպատակի իրականացման ձգտինք` հրաժարելով սիրողականէ, անորակէ, զոհողութեան դատարկաբանութենէ եւ քար-մարմարի ու ցուցադրականի փոխարէն` կրթութեան համար ներդրումներ ընենք:

Հայերէնախօսութիւնը եւ հայագրութիւնը մեր տոկալու եւ տեւելու երաշխիքն են: Լսա՞ծ էք Մաշտոցի ազգապահպան երեսունվեց զինուորներու մասին…

Մաշտոցի ուղիէն շեղիլ` ազգակործան ընթացք է: Այս պէտք է կրկնել ամէնուրեք, քաղաքական կեանքի, կրօնական կեանքի, արուեստներու մէջ:

Այլապէս դարպասները միշտ բաց են ծագումով հայ ըլլալու համար:

 

19 յունիս 2015, Պուրճ Համուտ

 

 

Նախորդը

Հայրենիքը Որո՞ւ Կը Պատկանի

Յաջորդը

Գաղութէ-Գաղութ

RelatedPosts

Դամասկոսի Արաբական Լիկա Վերադարձը Մօտալուտ Կը Թուի
Անդրադարձ

Դամասկոսի Արաբական Լիկա Վերադարձը Մօտալուտ Կը Թուի

Մարտ 29, 2023
Ժամի Խեղկատակութիւնը
Անդրադարձ

Ժամի Խեղկատակութիւնը

Մարտ 29, 2023
Ընկեր Վազգէն Էթիեմեզեանը` Մտաւորական Գործիչը
Անդրադարձ

Ընկեր Վազգէն Էթիեմեզեանը` Մտաւորական Գործիչը

Մարտ 29, 2023

Comments 1

  1. Harout Chekijian says:
    8 years ago

    ՅՕԴՈՒԱԾ
    Արեւմտահայերէնը Պահպանելու Գործնական Միջոցներու Որոնում
    Յարութիւն Քիւրքճեանի «Ապրիլ 24-Էն Առաջ Ու Ետք` Մեր Պատասխանատուութիւններուն Դէմ . Արեւմտահայերէն Եւ Արեւմտահայ Մշակոյթ. Ի՞նչ Հեռանկարներ» յօդուածը (Ազդակ՝ 30 Մայիս եւ 1 Յունիս 2015) արդարացիօրէն կը ներկայացնէ Արեւմտահայերէնի այժմու իրավիճակը:
    Մեկնելով Քիւրքճեանի յօդուածին եզրափակիչ հարցադրումէն՝ «Ու մանաւանդ հարց տալ, թէ արեւմտահայերէն ու արեւմտահայ մշակոյթ, եթէ «վտանգուած» են, ինչո՞ւ վտանգուած են: Ճակատագիրի անխախտելի հրամանո՞վ մը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ախտաճանաչումով ու նախատեսութեա՞մբ,- թէ՞, այդ բոլորէն առաջ ու վեր, իբրեւ հետեւանք մեր սեփական կեցուածքին ու որոշումին – մեր դասալքութեան:
    Արամ Ա Վեհափառը Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարին՝ նուիրուած Արեւմտահայերէնին, Պիքֆայա, 18 Օգոստոս, 2011-ին բացման խօսքին մէջ կ՛ըսէ՝ «Այսօր սակայն, տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնը՝ ինքնութիւն ու մշակոյթ, լեզու ու աւանդութիւն գունաթափող ու մաշեցնող սփիւռքի պայմաններուն մէջ: Արդարեւ, երբ 2007 թուականը հռչակեցինք «Հայ Լեզուի Տարի», Մեր Հայրապետական Գիրին մէջ արդէն սփիւռքի մէջ հայ լեզուի նահանջին ահազանգը հնչեցուցինք ըսելով՝ «Հայ լեզուն կը նահանջէ ամէ՛ն տեղ, տարբեր կերպերով ու ամէ՛ն իմաստով… 1600 տարիներու պատմութիւնը իր ամէնէն ահաւոր զէնքերով չկրցաւ սպաննել հայ լեզուն: Այսօր, մենք է որ կը սպաննենք հայ լեզուն՝ երբեմն մեր անտարբերութեամբ, երբեմն մեր տգիտութեամբ, երբեմն մեր անհաւատարմութեամբ, երբեմն մեր օտարամոլութեամբ …»:
    Փորձենք պարզացուած տրամաբանութեամբ քննարկել թէ ինչու՞ Արեւմտահայերէնը վտանգուած է՝ եւ ի՞նչ պէտքէ ընել լեզուն վտանքի գօտիէն դուրս բերելու համար. յատկապէս Միջին արեւելքի համեմատաբար նուազ վտանգուած կարծեցեալ միջավայրին մէջ:
    1. Սկզբունքով, տուեալ ազգ մը ընդհանրապէս կը բնորոշուի իր սեփական կենսաբանական ծինային ժառանգութեամբ, լեզուով, աւանդութիւններով, մշակոյթով, խոհանոցով, սովորութիւններով, հաւաքական յիշողութեամբ, ապրելակերպով եւ պատմութեամբ՝ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն:
    2. Սկզբունքով, տուեալ ազգի մը լեզուն իբրեւ սեփականութիւն՝ եւ անբռնաբարելի իրաւունք առանց քարոզչութեան կարիքի, բնականօրէն, բնազդօրէն պէտք է գործածուի (լսել, խօսիլ, կարդալ, գրել, ըմբռնել եւ մտածել) այդ ազգի զաւակներուն կողմէ:
    3. Սկզբունքով. ոեւէ անհատ բնականօրէն եւ բնազդօրէն, ամէն գինով կը պաշտպանէ իր սեփականութիւնները՝ տունը, խանութը, ինքնաշարժը, ….լեզուն:
    4. Սկզբունքով, տուեալ ազգի մը զաւակը դժուարութիւն կունենայ ապրելու իր հարազատ միջավայրին մէջ՝ եթէ չկարենայ խօսիլ. գրել. կարդալ, ըմբռնել, մտածել իր իսկ լեզուով:
    Եթէ վերեւ յիշուած պարզացուած չորս սկզբունքներուն համաձայնինք, կարելի կը դառնայ վերլուծել հետեւեալը՝ (միշտ նկատի առնելով որ լեզու մը կը գոյատեւէ եթէ հարազատ եւ անսխալ գործածողներուն թիւը եւ պահանջը չնուազի համեմատած իր թիւին եւ մանաւանդ երբ այդ լեզուով նոր գրականութիւն կը մշակուի):
    ա. Առաջին սկզբունքի պարագային, ծնելով հայ ծնողքէ՝ անհատը բնականօրէն եւ անխուսափելիօրէն կը դառնայ հայ ազգի զաւակ, հայ, եւ իր իրաւունքը եւ պատասխանատուութինն է սորվիլ եւ կիրարկել հայերէն լեզուն, աւանդութիւնները, մշակոյթը, խոհանոցը, սովորութիւնները, ապրելակերպը եւ պատմութիւնը:
    Ու՞ր եւ ինչպէ՞ս կը սորվի եւ կը կիրարկէ, նախ տան մէջ, դպրոցը, եկեղեցին, միջավայրը եւ ակումբը (օրինակ Հ.Մ.Ը.Մ. ի արի-արենոյշի եօթներորդ դաւանանքը՝ «Արին Արենոյշը մաքուր հայերէն կը խօսի ամէն ատեն եւ ամէն տեղ»): Անշուշտ հայերէն լեզուի ուսուցման գլխաւոր միջոցը Հայկական Դպրոցն է, որ պէտք է միշտ դառնայ գուրգուրանքի եւ բոլորիս ուշադրութեան կեդրոնը (ցաւալի է որ դպրոցի կարգ մը խնամակալներ եւ աւելի գերադաս մարմիններու անդամներ մակերեսային չափով հայերէն լեզուին ծանօթ են, եւ ոմանք իրենց զաւակները օտար վարժարան կը ղրկեն): Սակայն պէտք չէ թերացումները վերագրել միայն կրթական համակարգին, երբ նոյն դպրոցէն եւ դասարանէն տակաւին կունենանք վերոնշեալ գիտութիւններով եւ ազգային պաշարով զինուած շրջանաւարտը: Ուրեմն այստեղ յստակ է նաեւ անհատական գործօնը:
    Կարեւորութեամբ կ՛առաջարկեմ հայերէն գրականութեան դասաւանդումի ծրագիրին մէջ մտցնել պայծառ նիւթեր, հերոսաական նուաճումներ, յաղթանակներ, ազատութեան պայքարի փայլուն դրուագներ եւ մանաւանդ հայկական առասպելներ: Այլապէս երբ ներկայացնենք տխուր եւ մռայլ կամ բոլորովին ճապաղ՝ անգոյն եւ անհամ նիւթեր, եւ երբ մեր գրեթէ բոլոր գրագէտները, բանաստեղծները եւ մշակոյթի գործիչները կը ներկայացնենք իբրեւ խեղճ ու թշուար, թոքախտահար, սոխ ու հացով սնանողներ՝ ո՞ր պատանին պիտի փափաքի մտնել հայկական գրականութեան եւ մշակոյթի մարզը, եւ նոյնիսկ հաւանաբար իր ենթագիտակիցին մէջ պիտի խորշի մայրենի լեզուէն:
    Լուծում՝պատճառարկութիւն (motivation), դրդումի կարիք:
    բ. Երկրորդ սկզբունքի պարագային, երբեմն նկատելի է քարոզչութեան կարիքը հայերէնը սորվելու, խօսելու, կարդալու եւ գրելու՝ երբ հայ լեզուն հայ անհատին թէ իրաւունքը եւ թէ սեփականութիւնն է: Ծնողներ երբ իրենց զաւակը օտար վարժարան կը ղրկեն՝ (հոն ուր հայկական վարժարան կայ) մարդկային տարրական իրաւունքէ կը զրկեն իրենց զաւակը եւ կը գողնան անոր պատկանող սեփական լեզուն:
    Կրկին պիտի անդրադարնամ անհատական գործօնին: Ճանցած եմ երեք անձեր որոնք թէպէտ օտար վարժարան յաճախած են, բայց յետագային անձնական ճիգերով հայերէն սորված՝ առաջինը՝ Ազգային վարժարանի տնօրէն եղած: Երկրորդը՝ ազգային միութենական կեանքի մէջ քարտուղար եղած: Երորդը՝ արաբական երկիր ծնած եւ մեծցած համալսարանի դասընկերս, որ կցկտուր հայերէն գիտէր, եւ հեքելով կը կարդար: Խանդավառուելով մեր ազգային յեղափոխական պայքարի մասին զրոյցներէն, նախ պահանջեց այս նիւթերուն մասին անգլերէն գիրքեր, ապա ազգային նիւթերու ծարաւը յագեցնելու համար կարդաց այդ օրերու մեր յեղափոխական գրեթէ բոլոր գրականութիւնը, ներարեալ Մալխասի քառահատոր «Զարթօնք»-ը:
    Լուծում՝ Պատճառարկութիւն, դրդումի, խթանումի կարիք եւ ամենակարեւորը՝ պահանջի զգացում:
    գ. Երրորդ սկզբունքը, անհատապէս եւ որպէս հաւաքականութիւն մեզմէ կը պահանջէ պաշտպանել Արեւմտահայերէնը ամէն տեսակի աղաւաղումէ, մանաւանդ սովետական հայերէնէն, որ աւելի դիւրին կերպով սկսած է մուտք գործել քիչ մը ամէն տեղ:
    Այնպէս ինչպէս կը պաշտպանենք եւ կը պահպանենք մեր անձնական այլ գոյքերը, մեր լեզուն նաեւ մեր գուրգուրանքի առարկան պէտք է դառնայ խստապահանջ մօտեցումով: Օրինակի համար, համագաղութային բանակումի մը ընթացքին Յունաստանէն եկած սկաուտի մը հարցուցի գոյքի մը յունարէն անուանումը՝ ըսաւ թէ իրենց արգիլուած է յունարէն խօսիլ բանակումի ընթացքին…: Նոյն առիթով երբ Միացեալ Նահանգներէն եկած արենոյշներ անգլերէն-հայերէն կը խօսէին, իրենց յիշեցուցի մաքուր հայերէն խօսիլու մասին եւ հնազանդեցան: Երբ այս նիւթը արծարծեցի պատասխանատուներուն հետ, ըսին թէ խստապահանջութիւնը կը խրտչեցնէ…: Եթէ այդ պատասխանատուին ինքնաշարժին վրայ սկաուտներ ցատկռտեն արդեօք ի՞նչ կեցուածք կունենայ:
    «Վնաս չունի», «կը խրտչին», «այսքանին համար ալ փառք», «գրագէտ մը պիտի ըլլանք»…եւայլն: Նախ եւ առաջ այս արտայայտութիւնները հայու վայել չեն, եւ ճիշդ այս բծախնդրութեան եւ խստապահանջութեան պակասը արեւմտահայերէնը այս վիճակին հասցուց: Այդ ոչ խստապահանջ անձերը իրենց անցնական եկամուտի ասպարէզին մէջ նոյն ձեւո՞վ կը վարուին եթէ պաշտօնեան վնաս հասցնէ գործին:
    Լուծում՝ Արեւմտահայերէնի պահակութիւն խստապահանջ մօտեցումով բոլորիս կողմէ:
    դ. Չորորդ սկզբունքը, հայկական համայնքին մէջ ձեւով մը վտարանդի կամ աքսորեալ կարգավիճակի մէջ կը զետեղէ այն հայերը՝ որոնք հայերէն խօսիլ, գրել կարդալ չեն գիտեր: Կը մէջբերեմ Քիւրքճեանի « Ոչ ոք թող յոգնի մեզ համոզելու` օտարախօս եւ օտարամշակոյթ, բայց «հոգիով հայ» մարդու շողշողուն պատկերով: Այդպիսի պայծառ բացառութիւններ, փոքրամասնութիւն-խմբակներ կը ճանչնանք»: Հարցը ոչ թէ լեզուն գիտնալու սիրոյն է, այլ ամբողջ մեր գրականութեան պատմութեան եւ մամուլին ծանօթանալու հարազատ եւ լեզումտածողական հոլովոյթի մը հետամուտ ըլլալու ունակութիւնը, եւ կրօնամշակութային հսկայական աւանդին հարազատ ընկալումը: Այլ խօսքով՝ հայութեան եւ համայնքին հետ հասարակ յայտարարի պակասը:
    Լուծում՝ բնաւ ուշ չէ հայերէն սորվիլը որպէս զի դառնան լիիրաւ անդամներ համայնքին եւ կարենեն կարդալ Մալխասի «Զարթօնք»-ը:
    Յարութ Չէքիճեան
    2 Յունիս 2015

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In