ՅՈՎԵԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ
Անցեալ դեկտեմբերին Տուպայի մէջ հանդիպեցայ զարմիկիս` Մարտիկին, որ վերջերս Հալէպէն հոն փոխադրուած էր իր գործարանով, մեքենաներով եւ 25 ոսկերիչներու պաշտօնակազմով, բոլորը` իրենց ընտանիքներուն հետ մէկտեղ: Ընթրիքի ընթացքին ան ըսաւ. «Սիրտս կ՛այրի. շատ պիտի նախընտրէի փոխանակ Տուպայի` Հայաստան հաստատուիլ… Ես հոն տու՛ն ունիմ, իմ սի՛րտս հոն է… Հոս մեր զաւակները հայերէն կարդալ եւ գրել պիտի չսորվին… եւ Աստուած գիտէ, որո՛ւ հետ պիտի ամուսնանան…»:
Մարտիկ յուզուած էր. ան քանի մը անգամ Հայաստան գացած էր, հոն շինարարական գործի սկսած եւ վերջերս Երեւանի մէջ ամբողջացուցած էր անձնական տան շինութիւնը: Ան նպատակ ունէր հոն տեղափոխելու իր գործը. կրկին գացած էր քննարկելու իր նպատակը ընկերներու հետ, որոնք արդէն հոն գործատեղիներ ունէին ու կը դիմագրաւէին ընդհանրացած դիւանակալական դժուարութիւններ (read Rapapaort article) եւ մաքսային գործողութիւններու դանդաղութիւն` ներածման եւ արտածման գործողութիւններու ընթացքին ապրանքներու ուշացում, շաբաթներով: Ան յուսահատ վերադարձած էր: Ինչո՞ւ հարցումիս պատասխանելով` ան բացատրեց. «Գոհարեղէնի արտադրութեան համար ես օրական 2 քիլոկրամ ոսկի կը գործածեմ. ոսկին, որ հոս կը գնեմ առաջին օրը, կը յանձնեմ եւ կը վճարուի յաջորդ օրն իսկ. Հայաստանի մէջ արտադրելու պարագային, պէտք պիտի ըլլար յատկացնել աւելի քան 50 քիլոկրամ ոսկի, ի զուր, դանդաղ մաքսային գործողութիւններու պատճառով»: Այս մէկը ընելու միջոցը չ՛ունէր. հրաժարեցաւ:
Համակարգին դէմ պայքարիլը դիւրին չէ. նոյնիսկ մեր Հայ ոսկերիչներու միութիւնը, որ նախագահութեան բուռն աջակցութիւնը կը վայելէ, իր կարգին դիմագրաւեց այդ նոյն դիւանակալական դժուարութիւնները, անցեալ տարի Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին ընթացքին:
***
Անցեալ շաբաթ տեղեկացայ, որ ընկերոջս` Յակոբին գործատեղին Հայաստանի մէջ, որ ժամանակին 100 ոսկերիչի մարդուժ ունէր, գրեթէ դադրեցուցած էր իր արտադրութիւնը. տարիներու ընթացքին հպարտացած եմ Յակոբին ոսկերչական նուրբ գործերով, պատրաստուած հմուտ հայ ոսկերիչներու ձեռքով, հպարտ` իր հռչակաւոր ապրանքանիշով, ցուցադրուած` Հոնկ Քոնկի, Սինկափուրի, Տուպայի, Փարիզի եւ Մանհաթընի 5-րդ պողոտայի լաւագոյն ցուցափեղկերուն ետին: Արդեօք ի՞նչ պիտի պատահի իր աշխատաւորներուն: Հաւանաբար Յակոբ իր հմուտ վարպետ ոսկերիչները պիտի տեղափոխէ դէպի իր արտասահմանի գործատեղիները, իսկ մնացածնե՞րը…:
***
Քանի մը ամիս առաջ Փարիզի մէջ հանդիպեցայ կնոջ մը` իր 6-10 տարեկան երեք զաւակներով, բոլորն ալ` պատշաճ հագուածքով եւ քաղաքավար վարմունքով: Անոնք, օր մը առաջ հասած էին Երեւանէն եւ կ՛ուղղուէին ֆրանսական քաղաք մը: Հայաստան` կինը լսած էր, թէ աւելի դիւրութեամբ կրնային գաղթի թուղթեր ստանալ` գաւառային շրջաններու մէջ. անոնք այդ օրուան նախորդ գիշերը անցուցած էին Փարիզի ‘«Gare de Lyon» գնացքի կայարանի սպասման սրահին մէջ, եւ որեւէ գաղափար չունէին, թէ ո՛ւր պիտի անցընէին յաջորդ գիշերները: Ֆրանսայի մէջ ոեւէ ծանօթ չունէին: Ես փորձեցի բացատրել, որ կեանքը դիւրին չէր այստեղ, եւ թերեւս աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ Հայաստան վերադառնային: Կնոջ համար իրենք իրենց երազած տեղը հասած էին… իրենց Էլտորատոն: «Էլ հարց չկար»: Ամէն պարագայի, անոնք ծախած էին իրենց տունը` գնելու համար իրենց վիզաները, հատը 5000 տոլարի:
Կը մտածեմ Մարտիկին մասին, իր աշխատաւորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն մասին, զրկուած հայրենիքէն, անոր հողէն, առիթէն, զոր Հայաստանը կ՛ընծայէ պահպանելու եւ փոխանցելու մեր մշակութային ժառանգութիւնը, ժառանգութիւն մը, որ նոյնքան թանկ է «մեզի» համար, քան` նիւթական ժառանգութիւն մը, որ ամէն գնով կը ջանանք փոխանցել մեր զաւակներուն:
Կը մտածեմ Յակոբին գործաւորներուն մասին, որոնցմէ քանիներ իրենք զիրենք պիտի գտնեն Պրիւքսէլի, Փարիզի եւ Լոս Անճելըսի փողոցներուն մէջ. ճիշդ այդ կնոջ պէս, որուն հանդիպեցայ Փարիզի մէջ. Ժամանակի ընթացքին անոնք յաջողութիւն պիտի գտնեն եւ ի վերջոյ ձուլուին` իրենց որդեգրած նոր «հայրենիքներուն» մէջ:
Միւս կողմէ, կը մտածեմ նաեւ մեր սփիւռքի հայ գործարարներուն մասին, որոնք կ՛աշխատցնեն տասնեակ հազարաւոր գործաւորներ` Չինաստանի, Վիեթնամի եւ Թայլանտի մէջ, եւ որոնք վարպետ գործաւորներու կարիքը ունին: Ասիոյ ընթացիկ սղաճի կացութեամբ, աշխատավարձերը ներկայիս աւելի աժան են Հայաստանի մէջ, ուր մարդիկ աւելի ուսեալ եւ վստահաբար աւելի հմուտ են: Ի՞նչն է, որ արգելք կը հանդիսանայ սփիւռքի գործարարներուն, որ Հայաստան տեղափոխեն իրենց գործը:
Ո՞ւր սխալած ենք:
Որոշ արհեստներ կապուած են յատուկ ազգերու. արհեստներէն մէկը, որուն մէջ հայեր կը գերազանցեն, ոսկերչութիւնն է: Ինչպէս պարսիկները նշանաւոր են գորգ հիւսելու մէջ, հայերը ճանչցուած են որպէս վարպետ` ոսկիի եւ արժէքաւոր մետաղներու գործին մէջ: Պատմութեան ընթացքին, ըլլայ օսմանեան կամ ռուսական կայսրութիւններուն մէջ, սուլթանները եւ ցարերը միշտ դիմած են հայ ոսկերիչերու:
Խորհրդային Միութեան ժամանակ հայերուն այս ձիրքը ճանչցուած էր, ուրեմն ոսկերչութեան եւ ադամանդ տաշելու ճարտարուեստը գլխաւորապէս կեդրոնացած էր Հայաստանի մէջ:
Այժմ մօտաւորապէս 15,000 հոգի կ՛աշխատի ոսկերչութեան ճիւղին մէջ. սակայն քանակը այնքան կարեւոր չէ, որքան` որակը: Հայ ոսկերիչը հաստատապէս ճանչցուած է միջազգային շուկային մէջ` որպէս հմուտ վարպետ:
Ո՞ւր սխալած ենք:
Կը մտածեմ սփիւռքի մարդուժին մասին, անկախ վերոյիշեալ գործատէրերէն, եւ անկախ բարերարներէն, որոնք նիւթական նպաստ կը բերեն հայրենիքին:
Ֆրանսայի մէջ միայն, ունեցած ենք հայ նախարարներ`տնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, ունեցած ենք հայ վարչապետ… Ֆրանսայի պէս երկրի մը մէջ, ճանչցուած` որպէս օրէնքի պետութիւն եւ օժտուած` ազատ շուկայի տնտեսութեամբ:
Թուրքիոյ մէջ վերջերս ունեցած ենք հայ մը, որ եղած է Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդականը:
Թուրքիա հպարտ անդամ մը` աշխարհի 20 հզօրագոյն տնտեսութիւններու «ակումբ»-ին:
Ես կը մտածեմ քաղաքական գործիչներու եւ տնտեսագէտներու մասին` Ֆրանսա, Թուրքիա եւ այլուր, որոնք հայ են ո՛չ միայն ծագումով, այլ` սրտով եւ հոգիով, որոնք վստահաբար պիտի կատարեն իրենց ներդրումը, եթէ կոչ ուղղուի անոնց:
***
Մենք` սփիւռքահայերս, զրկուած ենք հայրենիքէն, հայրենիքի կարօտով կ’ապրինք, ինչպէս շնչահեղձ մը կը կարօտի օդի, կը յուզուինք այն վայրկեանին, երբ ոտք կը դնենք Հայաստանի հողին վրայ, եւ ա՛լ աւելի կը զգացուինք, երբ սփիւռքի նախարարին կամ վարչապետին հիւրը կ՛ըլլանք, եւ կամ երբ կը ճանչցուինք որպէս մասնակից Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովներու:
Պէտք չէ՞ որ նախարարներու երկար եւ զգացական ճառերը մտիկ ընելու փոխարէն` մենք գործի լծուինք: Պէտք չէ՞ որ մարդասիրական նպաստ բերելէ անդին` օգնենք մեր գիտուժով, եւ մեր այդ փորձառութիւնը, որ կը տարբերի խորհրդային վարչակարգի ժառանգուած փորձառութենէն, հայրենիքին ի նպաստ ծառայեցնենք:
Պէտք չէ՞ ստանձնենք մեր պատասխանատուութիւնները` ի դէմս մեր ազգին, մեր հայրենիքին: Պէտք չէ՞ որ սփիւռքը հաւաքէ իր գործարարները, տնտեսագէտները եւ քաղաքական գիտնականները, խնդրէ անոնցմէ, որ պատրաստեն ծրագիր` Հայաստանի տնտեսութիւնը բարեփոխելու կարելի ձեւերու մասին յանձնարարականներ տալով: Այս բոլորը` նպատակ ունենալով բարելաւել Հայաստանի դիրքը միջազգային դրամատան «Երկիրներու գործի դիւրութեան» կարգին մէջ (World Bank’s rating of countries for their «ease of doing business»).ասիկա` անշուշտ առանց որեւէ նպատակ ունենալու իշխանութեան միջամուխ ըլլալու:
Արդեօք սփիւռքը բաւական հասո՞ւն է նման գործ ստանձնելու:
Արդեօք սփիւռքի օդանաւին մէջ օդաչու կա՞յ:
Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին կ՛ըսուի, թէ մէկուկէս միլիոն հայեր արտագաղթած են Հայաստանէն` դառնալով ենթակայ ճերմակ ջարդին: Այս մէկուկէս միլիոնին համար, ոչ մէկ օտար պետութիւն կրնանք մեղադրել:
Բա՛ւ է արտասուել:
Բա՛ւ են խօսակցութիւններ եւ յօդուածներ`սփիւռքի օրաթերթերուն մէջ, այս կամ այն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական գործիչին սխալ ընթացքին մասին:
Բա՛ւ են քննադատութիւններ:
Թող սփիւռքի առաջնորդները, որոնք իրենք զիրենք կը յարգեն որպէս առաջնորդներ, ոտքի ելլեն, մէկդի դնեն իրենց անձնական հարցերը, հաւաքուին, միասնութեամբ զօրանան եւ պատասխանատուութիւն ստանձնեն` տէր կանգնելով հայրենիքին: Ի վերջոյ, որո՞ւ կը պատկանի հայրենիքը:
Պատմութիւնը պիտի դատէ մեզ եւ մեր առաջնորդները` մեր անշարժութեան համար:
Փարիզ, յունիս 2015