Շաբաթ, 21 յունիս 2015-ին Ֆեթ տը լա միւզիքի համերգաշարերու ծիրին մէջ իր եզակի եւ բարձրորակ ելոյթը ունեցաւ Լիպանիզ միւզիք սքուլը` Քրիսթինա Փափազեանի տնօրէնութեամբ, Պէյրութի Քափուչինեան միաբանութեան Ս. Լուիս եկեղեցւոյ մէջ:
Սոյն երաժշտակրթական հաստատութիւնը, որ 2011-էն ի վեր կը գործէ, արդԷն չորրորդ անգամն ըլլալով կը մասնակցի այս փառատօնին:
Նորաշունչ այս երաժշտական հաստատութիւնը ունենալով արագընթաց զարգացում եւ աճ, կարողացաւ պատշաճ ձեւով ներկայացնել դասական ստեղծագործութիւններ հայ, լիբանանցի եւ աշխարահոչակ երաժշտահաններու գանձարանէն, որոնք կատարուեցան աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ հիւր արուեստագէտներու կողմէ:
Հարկ է թուել Կրիկի «Անիթրայի Պարը»` 4 ձեռք դաշնակի համար, Ա. Խաչատուրեանի «Անտանին»-ն, Հայտընի 94-րդ համանուագէն հատուածներ, վալսեր, ինչպԷս նաեւ լիբանանցի հռչակաւոր երաժշտահան Զաքի Նասիֆի «Եա աշիքաթ ալ ուարտի» ստեղծագործութիւնը, զոր կատարեց հիւր արուեստագէտ Նատին Պարուքին, բարձր տրամադրութեամբ եզրափակելով համերգը եւ փոխանցելով ժողովրդական երգի ու երաժշտութեան ոգին օտար եւ հայ ունկնդիրին:
Հանդիսատեսը իր ջերմ ծափողջոյններով բարձր գնահատեց դպրոցին կատարած այս իւրայատուկ ելոյթը: