Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տե՛ս Մօրդ Արցունքը

Յունիս 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՅԲ

6-27-15_posterՔանի՜ կեանքեր, ծաղկահասակ ու դեռատի,  ընդմիջուեցան, վերջ գտան, քանի՜ դագաղներ սպիտակ, ճերմակ եւ թափօրներ թաղման մեր սրտերը ծանրացուցին, մայր հողը չգրկածներու քանի՜ ծնողներ ստիպուեցան իրենց զաւակները թաղել եւ արցունքներով ջրել այդ շիրմաքարը… Վասն ինչի՞…

Սիրո՞յ, ազգի՞, ընտանիքի՞… Ո՛չ: Տկարութեան վայրկեանի մը պատճառով, ծանր ու մութ այս աշխարհին մէջ, սխալ փապուղիի մը ծայրը լոյսի նշոյլ մը փնտռելով, այսպիսով սիրողներուն աշխարհը աւելի մթնցուցին եւ ծանրացուցին…

Թմրեցուցիչ, թմրեցնող, այսինքն` որեւէ տեսակի բնական կամ արհեստական նիւթ մը, որ մարմնին հետ շփուելէ ետք մարդու միտքն ու մարմինը կը փոխադրէ անբնական իրավիճակի, իրականութեան մը, որ իրականին չի համապատասխաներ: Անիկա գանգատները կը փարատէ, եւ կեանքը կը թուի աւելի գեղեցիկ, աւելի հանգիստ, աւելի տանելի… մինչեւ որ մեր մանկապարտէզի նկարներուն մէջի կարմիր այտերով մեր մանկութեան ընկերոջ աչքերը կարմիր տեսնենք, եւ ժամանակ մը վերջ անոր ճերմակ դագաղը մենք շալկենք…

Այո՛, շատ սխալ, անօրէն, վատառողջ, անբարոյ եւ բառարանին բոլոր տգեղ եւ վատ բառերուն համազօր բան մը կարելի է ըսել թէ՛ թմրեցուցիչին, թէ՛ ալ գործածողին: Բայց ընթերցողէն մինչեւ գործածողը, լայնախոհէն մինչեւ ամէնէն նեղմիտը, մինչեւ իսկ թմրամոլը ի՛նք այդ մէկը լաւապէս գիտէ: Արդեօք այդ ո՞վ է, որ կրնայ ըսել, թէ փորձառութենէ մեկնած, կամ` ունեցած գիտելիքէն, լուր չունի, որ լաւ չէ թմրեցուցիչը….

… Բայց, ինչպէս որ յատուկ է միայն մարդ արարածի, շատեր կը նախընտրեն վատը ընել, վնասը հասցնել եւ անձնասպանութեան կարճ ու դիւրին ճամբան բռնել` անգիտակցաբար մեր սրտերուն վրայ ձգելով անդարմանելի վէրքեր…

Կը սկսինք լուծումներու մասին մտածել, ճիշդ ու սխալ վերլուծել, եւ անշուշտ, ինչպէս միշտ, այս աշխարհին դաժանութեան, միջավայրի աղտոտութեան, ընկերութեան անարդարութեան վերագրելով, մէկ-երկու հարուած ալ այս կամ այն ղեկավարութեան ու հոգեւորականին հասցնելով` մեր սիրելիներուն թաղման թափօրին հետեւիլ…

Իրականութի՞ւնը… Շա՛տ դառն է… Այո՛, թմրամոլը տկար է, այո՛, կորսուած է, այո՛, երբեմն ալ վնասակար է ի՛ր իսկ ընկերութեան, եւ ցաւի հետքեր կը ձգէ ընկերութեան բոլոր երանգներուն վրայ` թմրեցուցիչ գործածելէն սկսեալ մինչեւ հողին յանձնուիլը… Յետո՞յ, ախտը գիտցանք, բուժումն ալ գիտցանք, թրմամոլը ի՛նք եւս գիտէ, բայց ինչո՞ւ ախտը չվերցուեցաւ այս աշխարհէն` իրեն հետ տանելով ցաւն ու կսկիծը…

6-27-15_Drug

Եւ պիտի յանդգնիմ ըսել, որ պատճառը ո՛չ թմրամոլն է, ո՛չ ալ թմրեցուցիչը… ո՛չ ալ տնտեսական իրավիճակը, սէրը, ցաւը, մահը, կեանքի պայմանները կամ ընկերութիւնը… պատճառը շատ աւելի խորունկ է, մութ եւ բազմազան: Հաւանաբար որքան մարդու տեսակներ կան այս աշխարհին երեսին, նոյնքան ալ պատճառներ կան… Բոլորս կը տկարանանք եւ բոլորս տարբեր անել վիճակներու առջեւ կը գտնուինք, բոլորս ելքի ճամբաներ կը փնտռենք, ոմանք ջուրին երեսը կ՛ելլեն կարգ մը ձեւերով, իսկ ուրիշներ, աշխարհէն գանած, շուրջիններէն նեղացած, գիտնալով, որ անձնասպանութիւն կը գործեն, կը նախընտրեն լքել այս աշխարհը եւ չտեսնել շրջապատի անցուդարձը` մնալով թմրեցուցիչի ազդեցութան տակ, քան` շարունակել ցաւելու եւ չարչարուելու… Իսկ մենք աւելի անդին կը հրենք, աւելի նեղացնենք, գետին եղած ատեն վրան կը կոխենք կ՛անցնինք` «քոքայինճիին», «տումանճիին», աղտոտին… Չի՛ բաւեր` թերացանք անոր թիկունք չկանգնելով, ձախողեցանք լոյսի ճամբան ցոյց տալու մէջ, կը շարունակենք աւելի անդին հրել զայն` դէպի գերեզման հասցնելով: Անկէ ետք կը յիշենք ինչ լաւ մարդ ըլլալը եւ լալով կը վերապրինք գեղեցիկ օրերը, մինչեւ այդ անկիւնադարձային վայրկեանը, երբ «փճացաւ ան», իսկ մենք «փճացածին» դաւաճանեցինք ու հեռացանք քովէն` զրկելով զայն վերջին յենարաններէն, լքելով առանձին,  անառաջնորդ, պատճառ ըլլալով, որ աւելի իյնայ ու կորսուի թմրամոլութեան մութ ու նեղ ճամբուն մէջ…

Թմրամոլութիւնը համաճարակ մը չէ, փոխանցիկ  հիւանդութիւն մը չէ, թմրամոլները բորոտի պէս ընկերութենէն աքսորելով, մեր աչքերէն ու մտքերէն հեռու պահելով` յաղթած չենք ըլլար այդ երեւոյթին…

Այլ պէտք է թմրամոլին մօտիկ մնալ, ցոյց տալ, որ մենք հոս ենք, մօտ ենք, պատրաստ ենք օգտակար դառնալու… Ուշ է թաղման ներկայ ըլլալով` «երանի» ըսելը, թերեւս եթէ այդ երանին թմրամոլին կենդանութեան ըսէինք, գերեզմանի դռները որոշ չափով աւելի գոց կը մնային…

Իսկ վերջին խօսք մըն ալ` թմրամոլին… Եթէ թաղումիդ ատեն աչքերովդ տեսնէիր, պիտի գիտնայիր, որ այդ պատճառները, այդ վայրկեանի մը տկարութիւնը, որ քեզ թմրեցուցիչին գիրկը նետեց, ոչինչ են մօրդ երեսին ակօսներ բացող ամէն մէկ կաթիլ արցունքին դիմաց, ամէն մէկ ա՜խի, վա՜յի, ամէն մէկ ընկերոջ ու բարեկամի կախ գլխուն, եւ ամէն մէկ քրոջ կամ եղբօր անպաշտպան մնացած զգացումին դիմաց կ՛անհետանային այդ անհեթեթ պատճառաբանութիւնները: Արագ քշողին կ՛ըսէին` արագութեան սլաքին երբ նայիս, տե՛ս մօրդ ու հօրդ դէմքը եւ յիշէ՛, թէ տունը քեզ սիրող, քեզի սպասող ունի, իսկ քեզի ալ կ՛ըսենք` այդ վարնոցին մէջ, որով կը գնես քու մահդ,  տե՛ս մօրդ արցունքը…

 

Նախորդը

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Խօսքը Արմէն Արսլանեանի Յուղարկաւորութեան

Յաջորդը

Համազգային. Փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեան Ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանը` Իբրեւ Հայ Մշակոյթի Համաշխարհային Խորհրդանիշ

RelatedPosts

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք

Ապրիլ 1, 2023
Այնթապի Հերոսամարտը
Անդրադարձ

103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին

Ապրիլ 1, 2023
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In