Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Գիրքեր. Յուշագիրներ… Հեղինակ` Պօղոս Սնապեան

Յունիս 29, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

6-29-15_HoushakirnerՏարի մը առաջ մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ սփիւռքահայ գրագէտ, գրական քննադատ, վերլուծաբան, գրականութեան ուսուցիչ-դասախօս, «Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսի քառասուն տարիներու խմբագրապետ Պօղոս Սնապեան:

Իր հարուստ գրական վաստակը հիացում կը պատճառէ ընթերցողին եւ մշակութասէր անձերու: Ան հեղինակն է երեսուներեք հատորներու` վէպեր, գրական-քննադատական էջեր, մասնաւորաբար հայրենի գրողներու եւ կարմրաշռայլ (բառը իրն է) անձերու մասին, քրոնիկներ եւ մեր առօրեան հետաքրքրող քննադատական եւ ուսանելի  յօդուածներ:

Այսօր մեր ձեռքին ունինք յետմահու հրատարակուած եւ նոր լոյս տեսած իր մէկ գիրքը` «Յուշագիրներ…»,  մեկենասութեամբ սիտնիաբնակ Հրաչ եւ Զոհրապ Գըւըրեան եղբայրներու:

141 էջերու բաղկացած հատորը կը բովանդակէ 34 յօդուածներ, իւրաքանչիւրին թեման վերցուած է սփիւռքահայ թէ Հայաստանի գրական եւ արուեստի մթնոլորտէն:

Պօղոս Սնապեան իր սահուն եւ գրական արժէք ներկայացնող գրութիւններով լոյսին բերած է մութ եւ խոցելի հարցեր` անդրադառնալով սուտերու, դաւերու, նախանձի, անտարբերութեան դրոշմած ճշմարտութիւններու: Հաճոյքով եւ հիացումով կը կարդանք իր բծախնդիր հայեացքով մեկնաբանուած հարցերը, լուրջ եւ պախարակելի իրողութիւններու շուրջ: Օրինակ` անարժէք անձի մը տրուած շքանշան մը, թեթեւամիտ տրամադրութեամբ հրապարակ իջած անձերու նկատմամբ կ՛արտայայտէ քաջ գրողի իր տեսակէտները, որոնք համազօր են ճշմարտութեան:

Իւրաքանչիւր նիւթ ունի հետաքրքրական անդրադարձներ, մասնաւորաբար` մեր իրականութեան մէջ տեսնուած ձախող  որոշումներու վերաբերեալ: Ան մեծահոգի անձի մը դառնութեամբ կը մատնանշէ սարքուած կարգ մը համագումարներ պաշտօնական հեղինակութիւններու կողմէ, երբ այդ համագումարները չեն ունենար արձանագրուած որոշումներ կիրարկող հետեւողականութիւն յոյժ տպաւորիչ է «Շքանշաններ ցանկացողներուն» խորագրուած գրութիւնը, ուր վստահելի  չափանիշներէ զուրկ գրողներու կամ այլ անձերու շռայլուած են պատիւներ` հիւանդագին չափազանցութիւններով:

Պօղոս Սնապեան կը խարազանէ ստրկամտութեամբ հրապարակ իջած բոլոր անձերը` հոս եւ հոն: Ան ամենայն իրաւացիութեամբ կը մատնանշէ մեր համագումարներուն եւ պաշտօնական ժողովներուն հրաւիրուած «սակաւ ընտրեալները եւ բազում կոչեցեալները», երեւոյթ մը, որ կը նուաստացնէ գումարուած ժողովին չափանիշը: Հոս կ՛երեւին «անարժան պսակներ»-ու արժանացած հիւրեր, որոնց ներկայութիւնը ոչինչով կ՛արժեւորէ տուեալ հանդիպումը:

Նոր գլուխի մը մէջ (էջ 103) Պօղոս Սնապեան կ՛ակնարկէ ոչ շնորհալի գրողներու նկատմամբ ոմանց ցուցաբերած գովեստին: Գիրքեր կը տպուին, որոնք կարօտ կամ հետաքրքրութիւն յառաջացնող ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին: Անոնց մասին գրախօսականներ կը գրուին լորձնաշուրթն արտայայտութիւններով: Այս կապակցութեամբ, իբրեւ օրինակ կը բերէ մեր տաղանդաշատ գրողներու անունները ինչպիսիք են` Դանիէլ Վարուժան, Մեծարենց, Օշական, Պարոյր Սեւակ, որոնց գրականութիւնը խծբծողներ ալ եղած են: Արուեստէ չհասկցող անձեր են անոնք, «ներքինիներ, անարժան պսակներ» եւ այլն:

Այս իրողութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի գրական շրջանակներու կը վերաբերի: Այս կապակցութեամբ քաջ գրագէտը վկայութեան կը բերէ նաեւ միջազգային գրականութենէն հանրայայտ գրողներ, որոնք եւս ունեցած են անարժան անձերէ լսուած խօսքեր: Այսպիսի հրապարակումներ երբեք նկատի չեն առնուած, չարախօսները մնացած են անպաշտպան:

Յստակ է Պօղոս Սնապեանի խոր ծանօթութիւնը ո՛չ միայն հայ գրականութեան անդաստանին, այլեւ` միջազգային, մասնաւորաբար ֆրանսական գրականութեան դաշտին մէջ ծաւալած տեղեկութիւններուն:

Գրական քննադատ Պ. Սնապեան կարեւորութեամբ կը վերյիշէ մասնաւորաբար Յակոբ Օշականի հասցէին ուղղուած անտեղի եւ անարդար որակումները «Ծակ պտուկ» եւ «Մնացորդաց» գլուխ գործոցներուն մասին:

Սնապեան իր հարուստ եւ ճոխ մակդիրներով կարողացած է տեղը դնել բոլոր անարժանները, որոնք յիմարաբար լեզու ցցած են հանճարներու` հասցէին:

«Յուշագիրներ…»-ու հեղինակը չէ մոռցած «գրականութեան նորընծաները, որոնց մասին վարպետի իր յորդորները բանաձեւած է: Ան կ՛ակնարկէ հին բառերով նոր ոգի եւ շունչ ներշնչող գրագէտներուն, որոնց առաջիններէն է Պարոյր Սեւակ, որուն ակնարկելով գրած է Արտաշէս Պապոյեան. «Նրա չափածոյում հանդիպող հնաբոյր բառերն ու ձեւերը կարծէք ոգի են առնում ու շնչում առողջ ու լիաթոք»: «Տաղանդաւորները ցուրտ դամբարաններէն դուրս կը հանեն զանոնք եւ իրենց հոգիներուն բովերէն լոյսեր կը հաղորդեն անոնց»: Հեղինակը կը թելադրէ նորընծաներուն` լրջօրէն կարդալ Յ. Օշականի եւ Եղիշէ Չարենցի փորձառութիւնները:

«Օտար բառերու գերիներուն…» գրութեամբ ձաղկած է օտար լեզու օգտագործողները` գրականութեամբ թէ այլապէս քանի որ ունինք այդ օտար բառերուն հայերէնը: Այս տրամադրութեամբ հեղինակը կը մատնանշէ մեր օտարամոլները, որոնք իրենց զաւակները կը յանձնեն օտար դպրոցին:

Հետաքրքրութեամբ կարդացինք Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահի ընտրութեան վերաբերեալ ակնարկը, նախկին նախագահ Լեւոն Անանեանի մահէն ետք տեղի ունեցած: Այս յօդուածով մեր ուշադրութեան կը յանձնուի ընտրութեան մասնակցած գրողներու մեծագումար քանակը: Այս պարագային Պ. Սնապեան շեշտը կը դնէ իբրեւ գրող արձանագրուած անդամներուն խեղճութեան:

Նոյնքան հետաքրքրաշարժ գտանք հայաստանեան ուղղագրութեան թերի վիճակին մասին ներկայացուած մտածումները: Այս հարցին առնչութեամբ շատ մելան հոսեցաւ եւ դեռ պիտի հոսի:

Ցաւօք սրտի, ընթերցուած մը եղաւ ներկայի մեր վարժարաններուն յատկացուած երկը, որով բաղդատութեան կը դրուի լիբանանահայ գաղութի սկզբնական շրջանի կազմաւորումը` բաղդատած ներկայի: Սնապեան անուններով կը յիշէ նախկին օրերու զօրութիւնը հայ վարժարաններէն ներս. կը յիշուի փակումը Պէյրութի հայագիտական ամպիոնին եւ Կիպրոսի կրթական հաստատութեան. ան կ՛ափսոսայ, որ բազմաթիւ միլիոնատէրեր հաշուող մեր գաղութը չկրցաւ պահել այնքան անհրաժեշտ հայագիտական ամպիոն մը:

Կը կարդանք վերջին յօդուածը, դարձեալ` չափի զգացումի պակասին վերաբերեալ. օրինակներ կու տայ Սնապեան քննադատը` տկարացած մեր լեզուին եւ գրականութեան, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի մամուլով արտայայտուած խօսքերու. օրինակներ շատ ունի գրողը` հիմնաւորելու իր տեսակէտները, մշակութային վարկը անտեսողներուն նկատմամբ:

Աւարտեցինք «Յուշագիրներ…»-ը` մէկը միւսը ամողջացնող թեմաներով, արտայայտուած բաց միտքով եւ սրտցաւ մրրկումով: Հասկցողին շատ բարեւ` ըսինք մենք մեզի, նոյն ատեն մեր հիացումը արտայայտելով նորոգ հանգուցեալ վաստակաշատ հեղինակին գործին խոր ցաւով անդրադառնալով իր բացակայութեան:

 

 

Նախորդը

Փառաւոր Սերունդ

Յաջորդը

Ինչպիսի Աւարտ Կարող Է Ունենալ Մարշալ Բաղրամեանի Պայքարը

RelatedPosts

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք

Ապրիլ 1, 2023
Այնթապի Հերոսամարտը
Անդրադարձ

103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին

Ապրիլ 1, 2023
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In