Յօդուածներ

Հայ Գրականութեան Մէջ Հոգեխոցի Եւ Այլ Հարցերու Շուրջ Զրոյց Փրոֆ. Արթօ Փայասլեանի Հետ

Հայ Գրականութեան Մէջ Հոգեխոցի Եւ Այլ Հարցերու Շուրջ Զրոյց Փրոֆ. Արթօ Փայասլեանի Հետ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ուրբաթ, 26 յունիսին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց բանաստեղծ, գրող եւ երաժիշտ Արթօ Փայասլեան, որ անգլիական գրականութեան դոկտորայի թեկնածու է Սկովտիոյ Կլասքօ համալսարանին մէջ: Անոր առաջին գիրքը` «Քափիլլարիթի», հրատարակուած է 2009-ին, եւ կը նախատեսուի, որ այս տարի լոյս տեսնեն եւս երկու գիրքեր: Ան այժմ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ գրականութեան եւ այդ արուեստին տիրապետելու դասախօս է: Անոր մասնագիտութիւնն է 1892-1940 թուականներու...

«Համշէնցիները» Խորագրեալ Ձեռնարկին Կարօ Աբրահամեանի Արտասանած Խօսքը

«Համշէնցիները» Խորագրեալ Ձեռնարկին Կարօ Աբրահամեանի Արտասանած Խօսքը

Վերջին տարիներուն այժմէական դարձաւ մահմետականաց(ու)ած հայերու գոյութեան հարցը: Կատարուեցան բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ այս խմբաւորումին պատկանող հայերու կրօնական պատկանելիութեան եւ ազգային գիտակցութեան առերեւումին շուրջ: Իրականութենէ խուսափում է հայկական այս խմբաւորումները ամբողջութեամբ պիտակաւորել իբրեւ թաքնուած հայեր, կամ թրքացած հայեր եւ կամ ալ` քրտացած հայեր: Ատենն է, որ ընդունինք մերկ իրականութիւնը, թէ` այսօր գոյութիւն ունի մահմետական(ացած) հայու տիպարը, որ կ՛ապրի իր իսկ հողին վրայ:...

«Մե՛նք Ենք Տէրը Մեր Երկրի»…  (Այսինքն` Ոչ Օտար Ուժերը)

«Մե՛նք Ենք Տէրը Մեր Երկրի»… (Այսինքն` Ոչ Օտար Ուժերը)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան սակի բարձրացման հարցը շատ բարացուցական է այն աշխարհին մէջ, ուր վայրագ դրամատիրութիւնը սանձարձակ կ՛արշաւէ: Համաշխարհային դրամատան եւ Միջազգային դրամական հիմնադրամի (IMF) «օժանդակութիւնները», բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր կատարուած են, կը միտին զօրակցելու բացառապէս դրամատէր խաւին, մեծ ընկերութիւններուն եւ ոչ թէ` հանրութեան, ժողովուրդին: Նշեալ երկու հաստատութիւնները կը քաջալերեն վայրագ սեփականաշնորհումը` ո՛չ թէ տուեալ երկիրի տնտեսութիւնը ոտքի...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Դէպի Ո՞ւր Կը Դիմէ Թրքական Ճատրակախաղը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Թուրքիոյ մէջ համախոհական կառավարութիւն ձեւաւորելու սկզբնական ճիգերը արդէն իսկ կը բախին լուրջ խոչընդոտներու` ամէն օր աւելի սրելով Թուրքիոյ ներքին ճակատի կուտակուող հարցականները: Նախագահ Էրտողանի մեծամասնական կուսակցութիւնը Արդարութիւն եւ բարգաւաճումը կը շարունակէ խօսիլ ուժի դիրքերէ` իր ձեռքին մէջ ունենալով երկու հզօր խաղաքարտեր: Ըստ գործող սահմանադրութեան, իրենց կը պատկանի առաջին իրաւունքը համախոհական հողի վրայ նոր կառավարութիւն կազմելու: Եթէ իշխող կուսակցութիւնը...

Մինչեւ  2033 Թ. Թուրքիայի Զինուած Ուժերում Իրականացուելիք Համապարփակ Բարեփոխումների Շուրջ (Բ. Մաս)

Մինչեւ 2033 Թ. Թուրքիայի Զինուած Ուժերում Իրականացուելիք Համապարփակ Բարեփոխումների Շուրջ (Բ. Մաս)

ՀԱՅԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ Որպէսզի ԹԶՈւ-ն դառնայ աւելի ազդեցիկ ռազմական ուժ, անհրաժեշտ է, որ սպայակոյտը  կենտրոնանայ բուն ռազմական խնդիրների վրայ, իսկ գործողութիւններու եւ մարտավարական մակարդակներից դուրս գտնուող մնացեալ հարցերը թողնի պաշտպանութեան նախարարին: Պաշտպանութեան ղեկավարման ամբողջականութեան համար անհրաժեշտ է, որ պաշտպանութեան նախարարը, սպայակոյտը եւ զօրատեսակների հրամանատարութիւնները կենտրոնացուեն մէկ ճամբարում, ինչպէս որ Միացեալ Նահանգների եւ Ֆրանսայի պարագայում է: Առաջարկւում է, որ խաղաղ եւ պատերազմական...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Արարատեան Թեմի Նախաձեռնութեամբ 50 Միլիոն Դրամ Տրամադրուեցաւ Զոհուած Զինուորներու Ընտանիքներուն Արարատեան հայրապետական թեմը 23 յունիսին 350 հազարական դրամ տրամադրած է 2014-2015 թուականներուն, 1 յունիսի դրութեամբ թեմի զաւակներէն Հայաստանի սահմանին զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն եւ առաջին կարգի հաշմանդամ դարձած զինուորներուն: Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեան հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցած է զոհուած զինուորներու յիշատակին`...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Փաղանգաւոր-Ազատական Բուռն Կռիւներ Եւ Ազատական Միլիսներու Լուծարքը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Փաղանգաւոր-Ազատական Բուռն Կռիւներ Եւ Ազատական Միլիսներու Լուծարքը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արեւելեան շրջաններուն մէջ 1980-ի ամրան սկիզբը բախումները յաճախակի դարձած էին փաղանգաւոր եւ ազատական միլիսներուն միջեւ: Միւս կողմէ, Վերին Մեթնի Պասքինթա եւ Զաարուր շրջաններուն մէջ բախումներ տեղի կ՛ունենային փաղանգաւոր եւ ղովմի զինեալներուն միջեւ: Իսկ Պաթրունի եւ Ժիպէյլի լեռնային շրջաններուն մէջ, գլխաւորաբար` Նիհա-Տէյր Պալլա-Տումա-Պըժժէ-Մայֆուզ-Մեթրիթ-Շաննաթա գիծերուն եւ Քանաթի ու Հարտինի բարձունքներուն վրայ մարտերը իրարու հակադրած էին փաղանգաւոր եւ մարատա ուժերը: Լեռնային...

Ակնարկ.  Նոր Հեռանկարների Պարտադրանքը

Ակնարկ. Նոր Հեռանկարների Պարտադրանքը

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ Այս օրերին հայաստանաբնակ եւ ոչ միայն հայաստանաբնակ հայութիւնը ակնդետ հետեւում է Երեւանի կենտրոնում տեղի ունեցող բողոքի գործողութիւնների ընթացքին: Բնականաբար իւրաքանչիւր ոք ցանկանում է հասկանալ, թէ զարգացումները մինչեւ ո՛ւր կը հասնեն եւ ինչպիսի հանգուցալուծում կը ստանայ քաղաքացիական այս առճակատումը: Բոլորի գլխում էլ երեւի պտտւում են հնարաւոր դիպաշարներ, բայց թւում է թէ չկայ ոեւէ մէկը, այդ թւում ցուցարարների կամ իշխանական...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Թաւալում … Եւ Սայթաքում

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թաւալում … Եւ Սայթաքում

Ցնցումէն աւելի քան շաբաթ մը ետք Էրտողան կը մնայ ցնցուած եւ կը նախընտրէ իր շրջապատին միջոցով արտայայտուիլ եւ իր միտքերը փոխանցել: Թէ՛ թուրքին եւ թէ՛ քաղաքական իրադարձութիւններուն մօտիկ աշխարհաբնիկին համար հետաքրքրական է, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան Էրտողանի նախագահութեան մնացեալ չորս տարիները... նախագահական ամբողջատիրական ուժէն եւ ուժականութենէն հեռու: Իր կուսակցութեան` «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան հակակշռին տակ գտնուող «Սապահ»-ը կը նշէ, թէ...

Մինչեւ  2033թ. Թուրքիայի Զինուած Ուժերում Իրականացուելիք Համապարփակ Բարեփոխումների Շուրջ (Ա. Մաս)

Մինչեւ 2033թ. Թուրքիայի Զինուած Ուժերում Իրականացուելիք Համապարփակ Բարեփոխումների Շուրջ (Ա. Մաս)

ՀԱՅԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ 2013թ. դեկտեմբերին թուրքական «Վաթան» թերթը գրում էր, թէ երկրում պատրաստւում են 2033 թուականին` կապուած Թուրքիայի զինուած ուժերը (ԹԶՈւ) հիմնովին վերակազմաւորելու հետ, ինչը նշանակում է, որ 2033թ. Թուրքիայի Հանրապետութիւնը (ԹՀ) կ՛ունենայ «Նոր զինուած ուժեր»: Թերթի պնդմամբ, այդ ամէնի նախապատրաստական աշխատանքները մեկնարկել են, եւ որ տուեալ ուղղութեամբ առաջին քայլը կատարուել է 2013թ. նոյեմբերի 28-ին տեղի ունեցած Բարձրագոյն ռազմական խորհրդի (ԲՌԽ)...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ   Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ստեղծուած նոր իրավիճակը Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ անյայտներով ձեւաւորուող կնճռոտ հաւասարութիւն մըն է տարածաշրջանի նոյնքան կնճռոտ խաղատախտակին վրայ: Յստակ է, որ նախագահ Էրտողանի կուսակցութիւնը (ԱԲԿ) կորսնցուցած է շարժումի իր բացարձակ ազատութիւնը երկրի ներքին քաղաքական բեմին վրայ եւ այս փաստը ինքնին պատճառ կը հանդիսանայ, որ իշխող այս կուսակցութեան ղեկավար ոլորտին մէջ վաղուց գոյութիւն...

Եւրոպան Զգուշացնում Է Թուրքիային. Հեռանկարում Հայաստանը Լուրջ Փորձութիւն Է

Եւրոպան Զգուշացնում Է Թուրքիային. Հեռանկարում Հայաստանը Լուրջ Փորձութիւն Է

«ԱՐՄ ՈՒԻՔԼԻ ՆԻՈՒԶ» Թուրքիայում յունիսի 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւնների արդիւնքում ստեղծուեց պատմական մի իրավիճակ, երբ միայն Թուրքիայի խորհրդարանական 25-րդ ընտրութիւններին քրտական կուսակցութեան 80 պատգամաւորները յաջողեցին մտնել Մեծ մեճլիս եւ այդ երկրի կառավարման համակարգի վրայ լուրջ ազդեցութիւն ակնկալել: Անկախ նրանից, թէ առաջիկայում ի՛նչ քաղաքական գործընթացներ կը գնան Թուրքիայում, ի՞նչ կարգով կառավարութիւն կը ձեւաւորուի, Թուրքիան այլեւս նոյնը չի լինի ինչ էր յունիսի 6-ին,...

Քաղաքական Խաղ` Մարմնամարզային Թեքումով

Քաղաքական Խաղ` Մարմնամարզային Թեքումով

ԼԷՈՆԻԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Այսպիսով, յունիսի 12-ին Պաքւում մեկնարկեցին առաջին Եւրոպական Ողիմպիական խաղերը, որոնք կը շարունակուի մինչեւ յունիսի 28-ը: Թերեւս կարիք չկայ խօսել այն մասին, թէ Պաքուի իշխանութիւններն ի՛նչ նշանակութիւն են տալիս մարզական այդ իրադարձութեանը, որին նրանք դեռ խաղերի սկզբից շատ աւելի վաղ «պատմական» մակդիրն էին շնորհել եւ խօսում էին Ազրպէյճանի միջազգային հեղինակութեան անխուսափելի բարձրացման ու «առաջին խաղերի հիւրերին ազրպէյճանական ժողովրդի մշակոյթը,...

Արեւմտահայաստանի Եկեղեցիները Փրկելու Յամառ Պայքար

Արեւմտահայաստանի Եկեղեցիները Փրկելու Յամառ Պայքար

ԷՄՐԷ ՃԱՆ ՏԱՂԼԸՕՂԼՈՒ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայոց մշակութային ժառանգը անխնամութեան եւ հասցուած վնասներու պատճառով ոչնչանալու վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուի: Միւս կողմէ` կարգ մը դրական զարգացումներ ալ կ՛արձանագրուին: Մշակոյթի նախարարութիւնը թէեւ կարգ մը պատմական հնութիւններ նորոգած է, բայց անոնք հազարաւորներու չնչին մէկ մասն են: Հայ մշակոյթի ժառանգութիւնը փրկելու համար արտասահմանի եւ Թուրքիոյ մէջ զանազան կազմակերպութիւններ աշխատանք կը տանին: Այս ուղղութեամբ...

«Հնարաւո՞ր Է Երբեւէ Վրէժ Լուծել Ցեղասպանութեան Համար. Քրիստոֆըր Ադամեանը` Էրիկ Պօղոսեանի «Նեմեսիս Գործողութիւն Գրքի Մասին

«Հնարաւո՞ր Է Երբեւէ Վրէժ Լուծել Ցեղասպանութեան Համար. Քրիստոֆըր Ադամեանը` Էրիկ Պօղոսեանի «Նեմեսիս Գործողութիւն Գրքի Մասին

«ԹԵՐԹ» «Հաֆինկթըն փոսթ»-ի հայազգի յօդուածագիր Քրիստոֆըր Ադամեանը ներկայացրել է իր մտորումներն ու տպաւորութիւնը ամերիկահայ թատերագիր, դերասան եւ բեմագիր Էրիկ Պօղոսեանի «Նեմեսիս գործողութիւն. վրէժխնդրութիւն Հայոց ցեղասպանութեան համար» գիրքն կարդալուց յետոյ: «Նեմեսիս գործողութիւնը վրէժխնդրութեան ուշագրաւ ծրագիր էր` կազմակերպուած լուծելու 1.5 միլիոն հայ զոհերի վրէժը` երիտթուրքերի իրագործած Հայոց ցեղասպանութիւնից յետոյ: Հասարակական-քաղաքական գործիչ Շահան Նաթալիի (Յակոբ Տէր Յակոբեան, (կեղծանունը` Նեմեսիս) ստեղծած «Նեմեսիս գործողութիւն» ծրագիրը...

Արձագանգ.  Թաքնուած Հայերը    Եւ Թուրքին  Անթաքոյց  Սարսափը

Արձագանգ. Թաքնուած Հայերը Եւ Թուրքին Անթաքոյց Սարսափը

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Թուրքիոյ վերջին ընտրութեանց հիմամբ` իրարու հակադիր երեք կուսակցութեանց ցանկերուն մէջ ներառուած երեք հայ  թեկնածուներու ընտրութիւնը (պատուաբեր  քուէներով) եւ ընդհանրապէս երկրին  քաղաքական  նոր խմորումները  կը շարունակեն  վերլուծման թեմա մնալ հայ թէ միջազգային հրապարակումներուն մէջ: Չտարածուելու  համար, կ՛արժէ պահ մը  կենալ ու խորհրդածել այդ վերլուծումներէն միայն մէկ կէտին վրայ: 23 յունիսի «Ազդակ» օրաթերթին  մէջ  կան մէջբերում մը թուրք յայտնի լրագրողի ...

Սիմոնին «Որբին Կարօտը»

Սիմոնին «Որբին Կարօտը»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Իմ հայրս` Երուանդ Յակոբեանը, քառասուն որբերէն մէկն էր...»: Սիմոն Յակոբեանը ծնած է Եթովպիա: Հայրը` Երուանդ, մէկն էր Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած այն քառասուն որբերէն, որոնց թագաւոր Հայլէ Սելասիէ 1924-ին Երուսաղէմէն բերաւ Եթովպիա: Հայլէ Սելասիէի նպատակն էր փողերախումբ մը կազմել այս որբերէն, որոնք չորս տարի պիտի նուագէին Եթովպիոյ մէջ, որմէ  ետք դարձեալ պիտի վերադառնային, բայց վերադառնալ ո՞ւր, չէ՞ որ...

Անկրկնելի Հալէպը. Աւանդութիւններ, Զորս Կարօտով Կը Փնտռեմ…

Անկրկնելի Հալէպը. Աւանդութիւններ, Զորս Կարօտով Կը Փնտռեմ…

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Այս գիշեր տարին իր կէսին կը հասնի, կը սկսի  2015 թուականի վայրէջքը: 30 յունիսի կէս գիշերին Հալէպի հայկական եւ քրիստոնէական շրջաններուն մէջ սովորութիւն է ապակեղէն կոտրել` տուներէն դուրս շպրտելով: Երբ ժամացոյցի սլաքը տասներկուքին մօտենայ, ամառնային օդին, բաց պատուհաններէն եւ պատշգամներէն նետուած ապակեղէններու ջարդ ու փշուր ըլլալու ձայներ կը լսուին: Յաջորդ օրը առաւօտ կանուխ չարիք վանելու համար պատահածին վնասը...

Ազգ. Սրբ. Քառասնից Մանկանց Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Ազգ. Սրբ. Քառասնից Մանկանց Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Կիրակի, 14 յունիս 2015-ին տեղի ունեցաւ Սրբ. Քառասնից Մանկանց վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, նախագահութեամբ վարժարանի բարերար տէր եւ տիկին Կարպիս Լութֆիկ Սարգիսեաններու, եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի: Հանդէսը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկայացուեցաւ հանդէսի թեման, որուն հիմքը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումն էր` «Թուրքը ձախողեցաւ» կարգախօսով: Առաջին...

Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երեքշաբթի, 16 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի ամավերջի հանդէսը: Վարժարանի շրջափակին մէջ սարքուած բեմը, գունագեղ եւ մանկական զանազան գեղեցիկ խաղալիքներու մանրատիպարներով զարդարուած, կը նմանէր հեքիաթային աշխարհի գիրքէ մը փրցուած երազային էջի մը: Հանդիսատեսը շարան-շարան կը վայելէր աշակերտական երկար տողանցքի մը անցքը` սկսելով բացման խօսքերէն, շարունակուելու համար...

Page 1043 of 1110 1 … 1,042 1,043 1,044 … 1,110

Արխիւներ