Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսք Յիշատակի

June 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

3097254151_1d22bb51ae_oՔառասուն օր անցաւ արդէն Արմէն Արսլանեանի անժամանակ մահուան գոյժէն, 17 մայիս 2015-ին: Արմէն Արսլանեան ծնած էր 9 յուլիս 1960-ին, Պէյրութի մէջ: Ան երէց զաւակն էր Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի գլխաւոր բարերարներէն Հայկ Արսլանեանին: Մանկութեան ու պատանեկութեան տարիները անցընելէ ետք Պէյրութի մէջ, Արմէն Արսլանեան ընտանեկան ասպարէզի բերումով հաստատուած էր Պելճիքա: Իր կապը, սակայն, Լիբանանի հետ բնաւ չէր խզած:

Պատանեկան տարիքէն Արմէն Արսլանեան իբրեւ մարզիկ անդամակցած էր ՀՄԸՄ-ին: Հեծանուորդներու խումբին հետ ան մասնակցած էր բազմաթիւ մրցումներու ու ախոյեանական տիտղոսներ նուաճած: Բազմազան հեծանիւներու հաւաքածոյ մը ունէր ու իր յաճախակի այցելութիւններուն առիթով, յաճախ առանձին, հեծանիւով մարզական շրջապտոյտի կ՛ելլէր Լեռնալիբանանի մէջ:

Իր հօրեղբօր ու հօր կատարած իշխանական նուիրատուութեան բերումով, Արմէն Արսլանեան մնայուն կերպով հետաքրքրուեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի առօրեայով: Այդ հետաքրքրութիւնը միայն նիւթական բնոյթ չունէր: Ճեմարանի հետ սերտ կապը իր սնունդը կը ստանար Արմէն Արսլանեանի հայ լեզուին, գրականութեան, հայ մշակոյթին ու Հայ դատին նկատմամբ իր յանձնառու հետաքրքրութենէն: Մասնաւորաբար, Արմէն Արսլանեան սիրահար էր հայ լեզուին.արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման նկատմամբ ան կը ցուցաբերէր մաքրակրօնութեան հասնող նախանձախնդրութիւն մը:

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը կորսնցուց անկեղծ ու հաւատաւոր բարեկամ մը: Կ՛ափսոսանք Ճեմարանի առաքելութեան հաւատացող ու անոր իրականացման համար ջանք չխնայող Արմէն Արսլանեանի կորուստը: Կորուստը յանձնառու հայու կերպարի մը, որուն այնքան պէտք ունինք մեր հասարական կեանքին մէջ:

 

 

Նախորդը

Արփիկ Միսաքեան

Յաջորդը

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Խօսքը Արմէն Արսլանեանի Յուղարկաւորութեան

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.