Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւատեսութեամբ Ճառագայթող Էտին

June 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20150602-WA0009Դժուար է այն պահը, երբ առյաւէտ մեզմէ բաժնուող հարազատի մը վերջին հրաժեշտ տալու ժամը կը հասնի: Կը փորձենք գտնել սփոփանքի եւ մխիթարութեան խօսքեր, թէկուզ լաւապէս գիտակցելով, որ մեծ ազդեցութիւն պիտի չունենան, պիտի չկարենան լեցնել այն հսկայ դատարկութիւնը, որ կը ստեղծուի սիրելիի մը անժամանակ կորուստով:

Սակայն ընտանիքին, ծնողքին, հարազատներուն ու բարեկամերուն համար մխիթարականը այն իրականութիւնն է, որ իրենց սիրելին ձգած է ուրախ յիշատակներ ու անջնջելի դրոշմ մը իրենց կեանքին մէջ:

Այդ մէկը կ՛ըլլայ հեռացողին կողմէ մեզի ձգուած աւանդը եւ ժառանգութիւնը:

Այս խօսքը աւելի ճշմարիտ չի կրնար ըլլալ, որքան Էտիին պարագային:

Ան կեանքով լեցուն, ազնիւ հոգիով, բարի սիրտով անձ մըն էր, որ թափացած էր բոլորին հոգիներուն մէջ` իր դրական եւ ուրախ տրամադրութեամբ:

Անոր վաղահաս մահուան գոյժը կայծակի հարուածի ազդեցութիւն ունեցաւ իր հարազատներուն եւ բոլոր զինք ճանչցողներուն ու ծանօթներուն վրայ:

Էտի (Եղիա) Եահեէեան մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ 30 օրեր առաջ, ետին ձգելով ազնիւ յիշատակները հայ անհատի, նուիրեալ հօր ու մտերիմ ընկերոջ:

Ան ծնած էր Պէյրութ, 1976-ին: Նախակրթութիւնը ստացած է Կարմիրեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած Յովակիմեան վարժարան: 1999-ին` աւարտելով Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի մեքենագիտական ճարտարագիտութեան ճիւղը, նուիրուած է գործի ասպարէզ: Եղած է անդամ եւ վարչական ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի, Հայ համալսարանական ուսանողաց միութեան եւ «Եանկ փրոֆեշընըլզ» միութեան։

2005-ին հիմնած է իր հայ ընտանեկան օճախը իր կեանքի ընկերոջ` Արփի Դանիէլեանի հետ ու բախտաւորուած է 2 զաւակներով` Րաֆֆի եւ Տենի:

2006-ին իսրայէլեան պատերազմին իբրեւ հետեւանք ու ասպարէզի պայմաններու բերումով փոխադրուած է Սէուտական Արաբիա, ուր մնացած է մինչեւ կանխահաս մահը:

Էտի՛, անհաւատալի է եղածը, կարելի չէ ընդունիլ քու յաւիտենական բացակայութիւնդ:

Կարելի չէ բառերով արտայայտել այն դատարկութիւնը, որ մեր բոլորին կեանքին մէջ ստեղծուեցաւ քու առյաւէտ բաժանումովդ:

Կարելի չէ անարցունք ընդունիլ հեռացումը  անձի մը, որ բարեկամ ու ընկեր էր բոլորին, անոնց առօրեայ հարցերով մտահոգուող, անոնց յաջողութիւններով ուրախացող, յոյս ներշնչող` հակառակ ամէն դժուարութիւններուն յարատեւելու:

Բայց քու ժառանգութիւնդ յուսալքում չի փոխանցեր: Բոլորովին վստահ եմ, որ իբրեւ մնայուն ներկայութիւն պիտի ապրիս մեր յիշատակներուն մէջ, սրտերուն ու հոգիներուն մէջ` իբրեւ գուրգուրացող կեանքի ընկեր, ժպտերես հայր, հաւատարիմ ու անկեղծ բարեկամ, որ կեանքը կը տեսնէ իր ճոխութեան եւ ուրախութեան մէջ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկեր:

ՎԱՉԷ

Նախորդը

Տեսակէտ. Միջնամատեր

Յաջորդը

Հողին Ուժը (Սնապ Սնապեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.