Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի Տեղեկատուական բաժանմունքին, 24 յուլիսէն 2 սեպտեմբեր 2015, տեղի պիտի ունենայ Ազգային առաջնորդարանի ժողովներու, բաժանմունքներու եւ գործունէութեան ծանօթացման հարցազրոյցներու հաղորդաշար մը, որ պիտի ներկայացուի «Վանայ Ձայն»-էն, չորեքշաբթի օրերը, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Հարցազրոյցը կը վարէ «Վանայ Ձայն»-ի հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան:
Առաջին յայտագիրը նուիրուած էր Ազգային սահմանադրութեան եւ Ազգային տուրքին: Այս գծով հարցազրոյցի մասնակիցն էր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային վարչութեան ատենադպիր Տիգրան Ճինպաշեան: Հարցազրոյցը իր ամբողջութեամբ կը դարձնենք «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն սեփականութիւնը:
Հ.- Ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ ստեղծուեցաւ Ազգային սահմանադրութիւնը:
Պ.- 1850-ական թուականներէն սկեալ, երբ հայութեան թէ՛ արեւելեան եւ թէ՛ արեւմտեան հատուածին մէջ զարթօնքի շարժում մը գոյութիւն ունէր, որուն պայմաններուն տակ նաեւ ազգային կեանքը կանոնակարգելու, զայն աղաներու, փաշաներու, ամիրաներու ազդեցութենէն դուրս բերելու ուղղութեամբ սկսաւ շարժում մը, որ կը կոչուէր էսնաֆներու շարժում: Անոնք աշխատաւոր, մտաւորական, կրթուած մարդիկ էին, որոնք եկան ըսելու, որ իրենց կեանքը տնօրինող օրէնքները, կանոնները պէտք է մշակուած ըլլան ժողովուրդին կողմէ եւ արժանանան հաւաքականութեան հաւանութեան: Օսմանեան կայսրութեան մէջ կ՛ապրէին բազմաթիւ ժողովուրդներ, որոնք տարբեր մշակոյթներ, սովորութիւններ, բարոյական տարբեր հասկացողութիւններ ունէին: Սուլթանը յարմար նկատեց, որ յոյն պատրիարքութեան կողքին, որ արդէն գոյութիւն ունէր, նաեւ հայերը ունենան պատրիարքութիւն մը, որ տնօրինէ հայ մարդու ընթացիկ կեանքը` ընտանեկան յարաբերութիւններ, ուսում, կրթութիւն, մշակոյթ… Վստահաբար այս բոլորին մէջ քաղաքական երեւոյթները տեղ չունէին: Այս ձեւով իւրաքանչիւր ազգութեան տրուեցաւ իր ներքին գործերը տնօրինելու իրաւունքը, որ կ՛իրականանար Սուլթանի անմիջական հսկողութեան տակ: Ներքին որոշակի ինքնավարութիւն մը կար այն բոլոր հարցերուն վերաբերեալ, որոնք քաղաքական բնոյթ չունէին եւ կ՛առնչուէին անհատական իրաւունքին: Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակող բոլոր հայերուն եւ Հայ եկեղեցւոյ դաւանակից ժողովուրդներու համար պատրիարքութիւնը գերագոյն իշխանութիւնն էր: Ամիրաները սուլթանական պալատին մօտիկ անձնաւորութիւններ էին, ունէին բարձր պաշտօններ, եւ որոնք յաճախ կը փոխուէին: Անոնք մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենային, պատրիարք կը հանէին գահին վրայ ու կ՛իջեցնէին: Ուրեմն, այս բոլորին վերջ մը տալու նպատակ, 1850-ական թուականներէն սկսեալ շարժում մը սկսաւ, որուն իբրեւ արդիւնք` Օսմանեան կայսրութիւնը արտօնեց, որ հայերով յանձնախումբ մը կազմուի` կանոնագրութիւն մը մշակելու համար: Կանոնագրութեան կազմութիւնը երկար տարիներ տեւած է: Առաջին փորձը ներկայացուեցաւ պետութեան, որ չվաւերացուեցաւ, որովհետեւ նկատուեցաւ, որ կանոնագրութիւնը պետութեան մէջ պետութիւն մը կը ստեղծէ: Կառավարութիւնը կազմեց յանձնախումբ մը, որ պատրիարքարանի յանձնախումբին հետ միասնաբար վերամշակեցին կանոնագրութիւնը, որ 1863-ին Սուլթանին կողմէ վաւերացուեցաւ ու կոչուեցաւ «Ազգային սահմանադրութիւն»: Մենք այդ կանոնագրութեան սահմանադրութիւն անունը տուած ենք, բայց մենք պետութիւն չէինք Օսմանեան կայսրութեան մէջ, որ սահամանադրութիւն ունենանք, սակայն օրին այդպէս յարմար գտած են: Այս սահմանադրութիւնը կը տնօրինէ հայութեան անձնական իրաւունքի հետ կապուած բոլոր խնդիրները, առաւել նաեւ` եկեղեցւոյ գործունէութեան հետ կապուած խնդիրներ:
Հ.- Հետագային կանոնագրութիւնը վերամշակուեցա՞ւ:
Պ.- Այո՛, կանոնագրութիւնը փոքր վերամշակումներու ենթարկուած է, բայց` ոչ հիմնական ձեւով: Այդ սահմանադրութիւնը գործադրութեան դրուելէն 5-6 տարիներ ետք առկախուեցաւ, ապա վերահաստատուեցաւ: 1915-ին, սահամադրութիւնը անգամ մը եւս առկախուեցաւ, որմէ ետք Պոլսոյ պատրիարքութեան մէջ այս սահմանադրութիւնը չի գործեր:
Հ.- Որո՞նք են սահմանադրութեան հիմք ծառայող սկզբունքները:
Պ.- Նկատի ունենալով, որ պատրիարքը ընտրովի է, Ազգային Սահմանադրութիւնը մշակող մարդիկը Եւրոպայի մէջ տիրապետող ազատական ոգիէն թելադրուած` փաստօրէն մեր պատրիարքութեան գործունէութեան տուած են հանրապետական ձեւ, այլ խօսքով` գերագոյն ժողովը Ազգային Երեսփոխանական ընդհանուր ժողովն է, որ ազգին խորհրդարանն է, կազմուած է աշխարհականներէ եւ կրօնականներէ: Վեց եօթներորդը աշխարհականներ են: Ասի օրէնսդիր մարմինն է, որուն գլխաւոր պարտականութիւններն են պատրիարքարանի գործունէութեան համար տարեկան պիւտճէն քուէարկելը եւ գործադիր իշխանութիւն կազմելը:
Հ.- Որո՞նք են Ազգային Երեսփոխանական ժողովին պարտականութիւնները:
Պ.- Ազգային Երեսփոխանական ժողովն է, որ կը կազմէ «կառավարութիւն»-ը, կը հսկէ անոր գործունէութեան. ինքն է, որ կը մշակէ «երկիր»-ին հիմնական օրէնքները, կը քուէարկէ պիւտճէն: ինքն է, որ կը ճշդէ եկամուտները ու անոնց ծախսելու եղանակը: Առաջնորդի ընտրութիւնն ալ իր պարտականութիւնն է…
Հ.- Իսկ գործադիր իշխանութեան գործը…
Պ.- Գործադիր իշխանութիւնը ունէր երկու բաժին` մէկը Քաղաքական ժողովն է, որ խորքին մէջ քաղաքացիական պէտք էր ըլլար, որուն պարտականութիւնն է զբաղիլ պատրիարքութեան ոչ կրօնական տիպի բոլոր հարցերով` ընտանեկան, դատաստանական, ուսումնական, ընկերային, մշակութային, շինարարական… Երկրորդը Կրօնական ժողովն էր, որուն պարտականութիւնն էր զբաղիլ կրօնական գործերով` եկեղեցական արարողութիւններ, եկեղեցականներու պատրաստութիւն եւ անոնց գործունէութեան հսկողութիւնը: Այս երկու ժողովները երբեմն ունէին խառն պատասխանատուութիւններ. դատաստանական գործերու պարագային երկուքը միասնաբար որոշում կը կայացնէին եւ այդ ժողովը կը դառնար Խառն ժողով: Այդ Խառն ժողովը կը կոչուէր Ազգային վարչութիւն, որ պատրիարքութեան կառավարութիւնն էր, պատրիարքին նախագահութեան տակ: Դատաստական խորհուրդը ունէր եռաստիճան կազմուածք` նախադատ ատեան, վերաքննիչ ատեան, վճռաբեկ ատեան: Այս խորհուրդը կը գործէր անկախ: Իւրաքանչիւր ժողով ունէր իր դիւանը, ատենապետը: Քաղաքական ժողովը իր աշխատանքները լաւ ձեւով կատարելու համար իր կողքին կը ստեղծէր խորհուրդներ եւ վարչութիւններ, որոնք ազգային նախարարութիւններ էին` Ուսումնական խորհուրդ, Տնտեսական խորհուրդ, Ելեւմտական վարչութիւն, Կալուածոց տեսչութիւն, վանքերու յատուկ վարչութիւն:
Հ.- Ներկայիս Ազգային սահամանադրութիւնը ի՞նչ ձեւով կը գործէ, որոշ բաներ փոխուա՞ծ են, որովհետեւ պայմաններն ու ժամանակը փոփոխութեան ենթարկուած են:
Պ.- Օրին բոլոր տեսակի ընտրութիւնները եւ որոշումներու մէկ կարեւոր մասը պէտք էր վաւերացուէին օսմանեան պետութեան կողմէ: Եթէ շրջանի մը մէջ առաջնորդ մը ընտրուէր, այդ առաջնորդը իր պաշտօնը ստանձնելու համար պէտք ունէր սուլթանական հրովարտակի մը: Պատրիարքական ընտրութիւնը պէտք էր եւս վաւերացուէր: Երբ Օսմանեան կայսրութիւնը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ, եւ կայսրութեան մէջ ապրող հայոց մէկ կարեւոր մասը եկաւ ու ապաստանեցաւ սփիւռքի մէջ, ուր նաեւ հաստատուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, որ ժամանակին Սիսի մէջ գոյութիւն ունէր, կարգ մը կէտեր փոփոխութեան ենթարկուեցան: Կրօնական գետնի վրայ կաթողիկոսը շատ աւելի մեծ խօսք ունէր, բայց վարչական իմաստով այդպէս չէր: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ հաստատուելէ ետք որդեգրեց Ազգային սահմանադրութիւնը, որ կ՛ենթադրէր շարք մը փոփոխութիւններ, ինչպիսին էր` Օսմանեան կայսրութեան հետ կապը: Այդ կէտերը դուրս հանուեցան եւ մշակուեցաւ: Գործադրութեան դրուեցաւ այն երկիրներուն մէջ, ուր համայնքային դրութեան գոյութեան պատճառով տակաւին Օսմանեան կայսրութենէն մնացած որոշ սովորութիւններ գոյութիւն ունէին, յատկապէս` Լիբանանը եւ Սուրիան: Աւելի ուշ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր կանոնագրութիւնը մշակեց, որ կը բխի Ազգային սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքներէն: Պատշաճեցում եղած է, բայց ժողովրդավարութեան հիմքերը անփոփոխ մնացած են:
Հ.- Ազգային տուրքի մասին ի՞նչ ըսելիք ունիք…
Պ.- Ազգային սահմանադրութիւնը երբ կազմաւորուած էր, քանի մը հիմնական սկզբունքներ դրուած էին: Ազգային ըլլալու յատկանիշներէն մէկը այն էր, ազգին կողմէ ընտրուած մարդիկ պէտք է ըլլան ազգային երեսփոխաններ: Հիմնական սկզբունքներուն մէջ մէկ հիմնական գաղափար կայ. ազգը, իբրեւ ամբողջութիւն, ազգայիններուն նկատմամբ պարտաւորութիւններ ունի` աղքատներու հոգատարութիւն, ուսում, մշակութային գործունէութիւն… Իսկ ազգայինները ազգին նկատմամբ երկու պարտաւորութիւն` մէկը այդ գործունէութիւնը կարելի դարձնելու համար ազգային տուրք վճարելն է, իսկ երկրորդը Ազգային վարչութեան կողմէ իրենց առաջարկուած գործերը սիրայօժար կատարելն է, մասնակցութիւն բերելն է: Սահմանադրութիւնը կը ճշդէ, որ իւրաքանչիւր ազգային պէտք է տուրք վճարէ իր կարողութեան համաձայն. շատ ունեցողը շատ պիտի տայ, մինչ քիչ ունեցողը քիչ պիտի տայ: Հիմա ալ այդպէս է: Լիբանանի պարագային, շուրջ 40 տարիներ առաջ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի որոշումին հիման վրայ, ազգային տուրքէն գոյացած եկամուտներուն 90 առ հարիւրը կը յատկացուի ազգային վարժարաններուն: Երբ ազգային տուրք կը վճարենք, մենք մեր դպրոցներուն գումար կու տանք: Ի միջի այլոց, Լիբանանի թեմն ալ իր ներքին կանոնագրութիւնը մշակած է: Տեղ-տեղ Ազգային Սահմանադրութեան որոշ դրութիւններ ամբողջովին կնքուած են:
Հ.- Սահմանադրութիւնը որքանո՞վ այժմէական է ու իր նպատակին կը ծառայէ:
Պ.- Ժամանակին, երբ հետաքրքրութիւնները աւելի սուր էին, մանկութեան օրերուս կը յիշեմ, որ Ազգային Երեսփոխանական ժողովներու ընտրութիւններու ատեն ընտրապայքար տեղի կ՛ունենար: Պատերազմը, երկրի վիճակը եւ1950-ական թուականներուն ստեղծուած եկեղեցական տագնապը մղեցին, որ ժողովուրդը անտարբերո մօտեցումը ունենայ: Ճիշդ է, որ այդ ընտրութիւնները այսօր ալ տեղի կ՛ունենան, բայց ժողովրդային մասնակցութիւնը տկար է: Երբ ազգային մը պիտի մասնակցի ընտրութեան, ապա պէտք է Ազգային տուրքը վճարած ըլլաս: Այսօր այդ մէկը դժկամութեամբ կը կատարեն: Ազգայինները երբ գործ մը ունենան առաջնորդարանի հետ, ստիպուած կ՛ըլլան նախ իրենց պարտականութիւնը կատարելու` Ազգային տուրքը վճարելու: Այսպէս չէր անցեալին, բնականոն կերպով ազգայինները տարեկան դրութեամբ իրենց պարտականութիւնները կը կատարէին, ինչոր այսօր ալ այդպէս պէտք է ըլլայ:
Հ.- Իսկ կիներուն մասնակցութիւնը…
Պ.- Անցեալին կիները Ազգային տուրք չէին վճարեր: Երբ կանոնագրութիւնը մշակուեցաւ, կիները սկսան ազգային երեսփոխան ընտրուիլ, խորհուրդներու անդամ դառնալ… Ուստի պատճառ չկայ, որ եթէ բոլոր իրաւունքները կը վայելեն, պարտաւորութիւններն ալ չունենան: Եթէ աշխատող է եւ եկամուտ ունի, պէտք է վճարէիր Ազգային տուրքը:
Հ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս յայտագիրը, կը կարծէ՞ք, որ իր օգտակարութիւնը պիտի ունենայ:
Պ.- Անկասկա՛ծ: Ասիկա լաւ նախաձեռնութիւն է: Ժամանակի ընթացքին հաւանաբար պատերազմը իր դերը ունենացած է: Ազգային առաջնորդարանը իր կառոյցներով շատ կարեւոր գործ կը կատարէ: Լիբանանի մէջ համայնքային դրութիւն գոյութիւն ունի, եւ մեր առաջնորդարանը ունի իր պարտաւորութիւնները լաւ կատարելու համար պէտք ունի ժողովրդային հսկողութեան: Ծանօթացումը առաջին քայլն է: Լաւ է, որ մեր ազգայինները գիտնան ու յանձնառութեամբ մօտենան ազգային գործերուն: