Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգանքի Տուրք Գըրգ Գըրգորեանին` Արտակարգ Մարդու Յիշատակին

Յունիս 29, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Յունիս 15-ի Գըրգ Գըրգորեանի մահէն ետք հազարաւոր լրագրողներ ընդգծեցին անոր զարմանահրաշ նուաճումները գործարարական աշխարհին եւ հսկայ աւանդը` բարեգործութեան բնագաւառին մէջ: Սակայն այդ լրագրողները երբեք չէին հանդիպած այս մեծանուն մարդուն, քանի որ ան հազուադէպ հարցազրոյցներ կու տար լրատուամիջոցներուն:

Գրեթէ երեք տասնամեակ աշխատելով Գըրգորեանի հետ` որպէս «Լինսի» հիմնադրամի փոխնախագահ եւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահ, կը ցանկայի իմ անձնական յարգանքի տուրքս մատուցել այս գթասիրտ ամերիկահայուն եւ հրաշալի անձնաւորութեան:

Շատ լաւ կը յիշեմ իմ առաջին հանդիպումս Գըրգորեանի հետ: Անիկա տեղի ունեցաւ 1980-ականներու կէսերուն, Պեւըրլի Հիլզի ճաշարաններէն մէկուն մէջ, հաւաքոյթի մը ժամանակ ունեւոր հայերու փոքր խումբի մը, որ կ՛աջակցէր նահանգապետ Ճորճ Տէօքմեճեանի վերընտրութեան: Ես այնտեղ էի որպէս «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի խմբագիր: Երբ մօտեցայ անոր ներկայանալու համար, Գըրգորեան անմիջապէս ճանչցաւ զիս եւ ըսաւ, որ իմ շաբթական խմբագրականներուս մշտական ընթերցողն է: Շատ զարմացայ եւ ինքզինքս շոյուած զգացի…

Գըրգորեանի հետ իմ յաջորդ հանդիպումս կայացաւ Պեւըրլի Հիլզի անոր գրասենեակին մէջ, 1989-ի նոյեմբեր 1-ին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժէն 11 ամիս անց: Մենք քննարկեցինք հնարաւորութիւնը համախմբելու Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող եօթը մեծ հայկական կազմակերպութիւնները, ներառեալ «Լինսի» հիմնադրամը` օդային ճանապարհով Հայաստան մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու նպատակով: Գըրգորեան առաջարկեց վճարել ճանապարհային բոլոր ծախսերը եւ առատաձեռնօրէն խոստացաւ հոգալ ոչ միայն այդ մէկ թռիչքին ծախսերը, այլ` «հետագայ բոլոր թռիչքներուն, քանի դեռ Հայաստան օգնութեան կարիք ունի»: Քանի մը օրուան ընթացքին ծնաւ Միացեալ հայկական հիմնադրամը, որ յաջորդ 25 տարիներուն ընթացքին 158 թռիչքներով եւ 2250 ծովային արկղերով 700 միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերեց Հայաստանին եւ Արցախին:

1998-ին Գըրգորեան զիս հրաւիրեց միասին մեկնելու Հայաստան եւ իր այդ առաջին ուղեւորութեան ժամանակ նախագահ Քոչարեանին խոստացաւ յատկացնել 100 միլիոն տոլար (աւելի ուշ զայն բարձրացնելով մինչեւ 242 միլիոն տոլարի), որով կառուցուեցան կամ վերանորոգուեցան փապուղիներ, կամուրջներ եւ տասնեակ մը դպրոցներ Հայաստանի ու մէկը Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ` հարիւրաւոր քիլոմեթր մայրուղիներ, ճանապարհներ եւ փողոցներ, 34 մշակոյթի օճախներ ու թանգարաններ, 3700 բնակարան` աղէտի գօտիին մէջ եւ 20 միլիոն տոլարի վարկեր` փոքր գործարարութեան համար: Այս ծրագիրները ոչ միայն զգալիօրէն նպաստեցին Հայաստանի ենթակառուցուածքներու բարելաւման, այլ նաեւ խիստ անհրաժեշտ աշխատատեղեր ապահովեցին 20 հազարէ աւելի աշխատողներու համար: Պարոն Գըրգորեան ինձմէ խնդրեց վերահսկել այս ծրագիրները` որպէս «Լինսի» հիմնադրամի փոխնախագահ:

Տարիներու ընթացքին Գըրգորեանի «Լինսի» հիմնադրամը հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ նուիրեց ամբողջ հայութեան, որոնց շարքին` 14 միլիոն տոլար Հայաստանի բնակչութեան 1993-ի խստաշունչ ձմրան վառելանիւթով ապահովելու համար, 2006 թուականին 4.5 միլիոն տոլար Լիբանանի բոլոր 28 հայկական դպրոցներուն եւ միլիոնաւոր տոլարներ Հայաստան համահայկական հիմնադրամին` Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներու համար: Ըստ հաշուարկներու, 1989-էն մինչեւ 2011 թուականները ինկած ժամանակահատուածին «Լինսի» հիմնադրամը նուիրած է աւելի քան 1 միլիառ տոլար` հաւասարապէս բաժանուած հայկական եւ օտար բարեգործական կազմակերպութիւններու միջեւ:

Երբ «Լինսի» հիմնադրամը 2011-ին փակեց իր դռները, անհիմն եւ կեղծ լուրեր սկսան շրջանառուիլ փակման հնարաւոր պատճառներուն մասին: Փաստը այն է, որ պարոն Գըրգորեան նախատեսած էր, որ որոշ տարիքի հասնելով` այլեւս պիտի չկարենայ զբաղիլ ամէնօրեայ դիմումներու տարափով, զորս կը ստանար ամբողջ աշխարհէն` ֆինանսաւորման օգնութեան խնդրանքով եւ իր հարստութեան հիմնական մասը բաժնել յետ մահու:

Կը ցանկանայի աւարտել` նշելով այս նշանաւոր ամերիկահայու համակրանքներէն եւ հակակրանքներէն քանի մը հատը:

Պարոն Գըրգորեան մեծապէս դժգոհ էր ներհայկական պառակտումներէն: Ան անվերջ կը վշտանար, որ հայերը իրարու հետ անհամերաշխ են եւ յաճախ կ՛ըսէր. «Ինչո՞ւ չեն կրնար միաւորուիլ ու շարժիլ միեւնոյն ուղղութեամբ»: Ան ուրախ էր, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող եօթը մեծ հայկական կազմակերպութիւնները կ՛աշխատին միասին` Միացեալ հայկական հիմնադրամի հովանիին տակ:

Ան խիստ կը մտահոգուէր Հայաստանի ժողովուրդի թշուառ վիճակով եւ մշտապէս կ՛անհանգստանար արտագաղթով: Ան կը ձգտէր աշխատատեղեր ստեղծել, որպէսզի հայերը չլքեն իրենց հայրենիքը:

Ան չէր սիրեր ըլլալ ուշադրութեան կեդրոն եւ երբեք թոյլ չէր տար իր անունով կոչել որեւէ կառոյց կամ հաստատութիւն:

Ան չափազանց հարուստ էր, բայց շատ համեստ կեանքով կ՛ապրէր եւ կը խօսէր մեղմ ու քաղաքավար: Ան կը նախընտրէր, որ մարդիկ իրեն դիմեն անունով` Գըրգ, այլ ոչ թէ` պարոն Գըրգորեան:

Վերջապէս, ոչ ոք կը յուշէր Գըրգին գումար նուիրել պատեհ առիթներով: Ան յաճախ իր կամքով մեծ նուիրատուութիւններ կ՛ընէր` առանց խնդրանքի:

Հայ ժողովուրդը եւ համայն աշխարհը անոր երախտիքի մեծ տուրք ունին մատուցելու:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (29 Յունիս 1965)

Յաջորդը

Հայուհիի Մը Անգլերէն Գիրքի Հրատարակութենէն Թելադրուած Մտածումներ

RelatedPosts

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք

Ապրիլ 1, 2023
Այնթապի Հերոսամարտը
Անդրադարձ

103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին

Ապրիլ 1, 2023
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In