ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
3) Պետական Պահանջատիրութեան Ուղին` Անկոխ Եւ Անհարթ
Ազգովին հպարտ ենք, որ Մեծ եղեռնի 100-ամեակին, համահայկական աննախընթաց միասնականութեամբ, պատմական քայլ մը նետեցինք եւ պաշտօնապէս ՊԵՏԱԿԱՆ մակարդակի բարձրացուցինք հայկական պահանջատիրութիւնը:
Ծիծեռնակաբերդի բարձունքէն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, համայն հայութեան պետական, հոգեւորական, քաղաքական եւ հասարակական ղեկավարութեանց միասնակամութիւնը արտայայտելով, ՊԵՏԱԿԱՆՕՐԷՆ իրաւատէր ներկայացաւ քաղաքակիրթ աշխարհին:
Այդպէ՛ս, ազգովին եւ պետականօրէն` յիշեցինք ու պահանջեցինք:
Մինչեւ 29 յունուար 2015-ի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը, շուրջ եօթը տասնամեակ բացառապէս սփիւռքի տարածքին եւ, այնուհետեւ, քառորդ դար մըն ալ նաեւ Հայաստանի մէջ Մեծ եղեռնէն վերապրած հայութիւնը դժուար ուղի կտրեց եւ ստիպուեցաւ անկոխ ու անհարթ շատ ճամբաներէ անցնիլ` հասնելու համար հայկական պահանջատիրութեան այսօրուան ՊԵՏԱԿԱՆ ամրագրումին:
Միասնականութեան եւ պահանջատիրութեան այդ ուղին հունաւորելու առումով, Մեծ Եղեռնի յիսնամեակը անտարակոյս հիմնական դարձակէտ արձանագրեց` «Մեր հողերը, մեր հողերը» պահանջով, 1965-ին Երեւանի փողոցները ողողած բազմահազարանոց ցոյցերը իրենց ուժեղ արձագանգը գտան սփիւռքի հայրենամերձ գօտիէն մինչեւ հեռաւոր ափերը….
Նոյնպէս կասկածէ վեր է, որ 1970-ականներուն Սփիւռքի տարածքին թափ առած Հայ դատի ուժական պայքարը, հայրենի հայութեան ուղղակի մասնակցութենէն զրկուած ըլլալով հանդերձ, նոր հորիզոններ բացաւ Հայ դատի միասնական հետապնդումին առջեւ` միջազգային քաղաքական այժմէականութիւն ու հնչեղութիւն ապահովելով Հայկական Պահանջատիրութեան:
Հետեւաբար, 1988-ին բռնկած արցախեան պահանջատիրութիւնը եւ 1990-ին թափ առած Հայաստանի անկախութեան վերականգնման շարժումը էապէ՛ս ներշնչուած էին յիսնամեակէն եւ անոր յաջորդած Հայ դատի ուժական պայքարէն` քսաներորդ դարավերջին պատմական վերականգնումի կարեւորագոյն դարձակէտին առջեւ դնելով հայ ժողովուրդը:
Այդպէ՛ս նուաճեցինք ազգային-ազատագրական պայքարի մերօրեայ զարթօնքին աւանդը, որ վճռորոշ նշանակութիւն ունեցաւ հայ քաղաքական միտքի դիմագրաւած վերջին քառորդ դարու վերիվայրումներն ու դեդեւումները յաղթահարելու պայքարին մէջ` ազգովին մեզ առաջնորդելով Հայ դատի ՊԵՏԱԿԱՆ պահանջատիրութեան հաստատագրումին, Մեծ եղեռնի 100-ամեակին առիթով:
Այսուհանդերձ, որքան ալ ազգային մեր ինքնավստահութիւնն ու հպարտութիւնը ջրդեղելու ծառայէ հարիւրամեակի այս նուաճումը, հայ քաղաքական միտքը չի կրնար մտահան ընել, որ ՊԵՏԱԿԱՆ պահանջատիրութեան փուլը թեւակոխելով` Հայ դատի պայքարը դէմ յանդիման կանգնած է անկոխ եւ անհարթ ուղիով յառաջանալու մեծագոյն մարտահրաւէրին առջեւ:
Նոյնինքն հարիւրամեակի պետական հանդիսաւորութեամբ ոգեկոչումը, իր ապահոված միջազգային աննախընթաց հետաքրքրութեան ու զօրակցութեան զեղումներով հանդերձ, փաստօրէն բացայայտ դարձուց ՊԵՏԱԿԱՆ պահանջատիրութեան սահմանափակումներն ու կաշկանդումները:
Եթէ լրջօրէն հետամուտ ենք հայկական պահանջատիրութեան յառաջիկայ հանգրուանի ռազմավարութեան վերասահմանումին, որուն անհրաժեշտութիւնը Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւողականօրէն կը շեշտէ հարիւրամեակի առիթով իր ունեցած տարբեր ելոյթներուն մէջ, առաջնահերթաբար ախտաճանաչումը պէտք է կատարենք հայոց ՊԵՏԱԿԱՆ պահանջատիրութեան բացայայտած այդ ընկրկումներուն:
Գլխաւոր տեղատուութիւնը կը բխի միջպետական յարաբերութեանց մեր դարու տիրող համակարգէն:
Միաժամանակ մէկ կողմէ պետութիւններու հողային առկայ ամբողջականութիւնը պահպանելու, իսկ միւս կողմէ` ազգերու ինքնորոշման տիեզերական իրաւունքը պաշտպանելու իր ներհակ առաջնահերթութիւններով այսօրուան քաղաքական աշխարհը գործնապէս կը կաշկանդէ փոքր ու տկար ազգերն ու պետութիւնները:
Հայաստանն ու հայութիւնը, ի վերջոյ մեր ազգային անկախ պետականութիւնը վերականգնելով հանդերձ, քաղաքական աշխարհի այսօրուան քարտէսին վրայ կաշկանդուած կը մնան` մեծապետական ուժերու հաստատած սահմանագիծերով….
Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր իրողապէս ազատագրուած ու անկախացած է Արցախը, բայց մայր հայրենիքին հետ անոր միացումը տակաւին կը բախի մեծապետական աշխարհի հաստատած իրաւական խութերուն:
Միջպետական յարաբերութեանց միջազգային մերօրեայ համակարգէն բխող նոյնպիսի կաշկանդումի ենթակայ է Հայաստանի Հանրապետութեան ՊԵՏԱԿԱՆ պահանջատիրութիւնը` Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ մեր հողերը պահանջելու ճակատին վրայ:
Թուրքիա ո՛չ միայն կը ժխտէ իր գործած ցեղասպանական ոճիրը հայ ժողովուրդին դէմ, այլեւ կը մերժէ ընդունիլ Հայաստանի երկու երրորդը բռնագրաւած ըլլալու պատմական իրողութիւնը` ատենի իր նախագահ զօր. Քենան Էվրենի հետեւողութեամբ սպառնալով հող պահանջող հայերուս, որ` «եթէ ուժ ունիք, եկէք` առէք»….
Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, այս պարագային Հայաստանի երեք նախագահներու օրով ալ, փաստօրէն, էվրենեան այդ սպառնալիքի լոյսին տակ կը մշակեն մեր երկիրի ու պետութեան ազգային ռազմավարութիւնն ու արտաքին քաղաքականութիւնը:
Մինչեւ որ հայ քաղաքական միտքը կրցաւ նուաճել հարիւրամեակի ամրագրած հայ ՊԵՏԱԿԱՆ պահանջատիրութիւնը, հայ ժողովուրդը ծանր գին վճարեց Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած…. Թուրքիոյ հետ մերձեցման քաղաքականութեան:
Հայաստանի իշխանութիւնները անպարտ չեն այդ քաղաքականութեան պղտոր ջուրերուն մէջ ինչ-ինչ հաշիւներ մաքրելու մեղսակցութենէն:
Բայց յանուն ճշմարտութեան նաեւ պէտք է գլխագիրով ընդգծել, որ ՊԵՏԱԿԱՆ պահանջատիրութիւնը իր սահմանումովն իսկ ենթակայ է ու հաշուետու` միջպետական յարաբերութեանց գործող համակարգի այդօրինակ կաշկանդումներուն եւ խաղարկումներուն….
Թերահաւատները կրնան խորանալ այսպէս կոչուած հայեւթուրք արձանագրութեանց տխրահռչակ թղթածրարի ուսումնասիրութեան մէջ, որպէսզի համոզուին, թէ հարիւրամեակին նուաճուած հայոց ՊԵՏԱԿԱՆ պահանջատիրութենէն ետք անգամ, ՀՀ իշխանութիւնները պարտքին տակ են Թուրքիոյ հետ ինչ-որ արձանագրութիւններ գործադրելու….
ՊԵՏԱԿԱՆ պահանջատիրութեան սահմանափակումներուն եւ ընկրկումներուն սոսկ պերճախօս դրսեւորումն է հայեւթուրք արձանագրութեանց ձախաւերութիւնը:
Բուն չարիքը կը կայանայ այն դաժան իրողութեան մէջ, որ համեմատաբար փոքր եւ տկար պետութիւն մը կը դժուարանայ սեփական հողերը պահանջելու զանոնք բռնագրաւած իր հարեւանէն, երբ վերջինը մեծ է ու հզօր….
Այդ պատճառով ալ հարիւրամեակի Համահայկական հռչակագիրը մեծագոյն նահանջը արձանագրեց, երբ մեր հողերը ՊԵՏԱԿԱՆՕՐԷՆ պահանջելու փոխարէն` դիւանագիտական պարտամուրհակներ (օրինակ` Սեւրի դաշնագիր) յիշեցուց միջազգային հանրութեան:
Այս առումներով յետհարիւրամեակի նոր հանգրուանի համահայկական ռազմավարութիւնը մշակելու մեծ մարտահրաւէրը կը դիմագրաւենք:
ՊԵՏԱԿԱՆ պահանջատիրութեան անկոխ եւ անհարթ ուղիով յառաջանալու եւ մեր հողերուն վերատիրանալու կարելի` ազդու ռազմավարութեան մասին է խօսքը: