Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արփիկ Միսաքեան

Յունիս 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

arpik-haratch7811Այս պարզութեամբ կը խորագրեմ էջը: Նաեւ` անոր համար, որ չեմ ուզեր խօսիլ մահուան մասին:

Պէյրութ էի, երբ իմացայ Արփիկ Միսաքեանի անհետացումը:

Երբ դրական յիշատակը կը պահուի, մահը ձեւական երեւոյթ կ՛ըլլայ:

Արփիկ Միսաքեան հայ մամուլի «Մեծ տիկին»-ն էր, անձնաւորութիւն մը, որուն հետ կարելի էր համաձայն չըլլալ, բայց անկարելի էր անոր վրայ չհիանալ եւ զինք չյարգել իր քաջութեան համար:

ՅԱՌԱՋ-ը սոսկ լրատուամիջոց չէր, աւելին էր, ինքնութեան եւ իրաւունքի դատ ունեցող ժողովուրդի մը ձայնն էր:

Ան նաեւ մշակոյթի հաւատարմութիւն էր իր «Միտք եւ արուեստ» յաւելուածով, վկայութիւն, որ հայերէնով կարելի էր արձագանգել գրական, իմաստասիրական եւ արուեստի հարցերու: Նաեւ` ժամադրավայր մտաւորականութեան եւ ստեղծագործութեան:

Մեր հաւաքականութիւններուն համար փտախտ դարձած նահանջականութիւնը մերժեց Արփիկ Միսաքեան` հակառակ ամէն կարգի խորշակներու: Ամէն առաւօտ, գործարանի բանուորի պէս, առաւօտեան ժամը 7-ին, Փարիզի 9-րդ թաղամասի «Կապոյտ փողոց»-ի (Rue Bleue) նամակատան առջեւէն կ՛անցնէր խմբագրատուն երթալու համար:  Չհետեւեցաւ ազգային հաւաքականութիւններու խորք ու բովանդակութիւն եղծող օտարամոլութեան, օտարախօսութեան, օտարագրութեան: Օր մը քաջութիւն կ՛ունենա՞նք հաշուեկշիռ ընելու եւ ըսելու, թէ ազգի ապագայի կերտման տեսանկիւնէ ի՞նչ բերին մեր յաջորդական եւ ամէն անգամ քիչ մը աւելի շեշտուող նահանջները, որոնց եզրայանգումն է այն, որ կ՛ըսեն, կամ հեռու կամ մօտ ապագային պիտի ըսենք, թէ` «մեծ հայրս հայ էր»…

Նաեւ պէտք է հարց տալ, որ բազմաթիւ միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ (հարիւրաւոր) աւելի քան կէս միլիոն անդամ հաշուող Ֆրանսայի համայնքը ինչպէ՞ս չկրցաւ իր թերթին տէր ըլլալ… Հարցում էր:

Արփիկ Միսաքեան վերջիններէն էր, անհետանալու ընթացքի մէջ եղող մարդատեսակ մը, որ չուզեց հետեւիլ անհարազատութեան տանող հեզասահ հոսանքին եւ Շաւարշ Միսաքեանի, նաեւ Շաւարշ Նարդունիի, ժառանգութիւնը պահեց` մերժելով մասնակից-մեղսակից դառնալ օտարման (alienation) ընթացքներու, որոնցմէ առաջինը, գլխաւորը մայրենիի կորուստն է: Անոնցմէ էր, որոնք Ռաֆայէլ Իշխանեանի յանդգնութեամբ, կրնային ըսել` «առանց լեզուի ի՞նչ ազգ»… Օտարում, որ վերջնական անհետացումէ առաջ կ՛արտադրէ տեղայնութիւններ, տեղական փառասիրութիւններ, ծագումով եւ զգացումով հայեր, որոնք յաճախ շփոթեցին եւ կը շփոթեն հարազատ ինքնութիւնը աղմուկով քարոզչութեան հետ:

Ազգի ոգեկանութեան պահպանման տեսիլք ունէր Շաւարշ Միսաքեան, որուն հաւատարմութեան ուխտ ըրած էր Արփիկ Միսաքեան: Այդ հաւատարմութիւնը հայերէնով կը խոնարհուէր, հայ թերթով եւ հայ դպրոցով, որոնք շարունակութիւն ըլլալու կառոյցներ են, եթէ պահեն հայերէնի շունչը, հայերէն, որ չըլլայ, նոյնինքն Շաւարշ Միսաքեանի բանաձեւումով` «հաց-պանիրի հայերէն», որուն հետզհետէ վերածուած է, կը վերածուի հայերէնը, եւ հայկական ղեկավարութիւնները կարաւան կազմած` հաւկուրութեամբ կ՛ընթանան, առանց իրենք իրենց հարցնելու, թէ ո՛ւր կ՛ուզեն հասնիլ, ո՞ւր կ՛ուզեն հասցնել հայածնունդ օտարախօս հաւաքականութիւնները, եւ ի՞նչ ընելու համար:

Հարցումը կոպիտ ձեւով պէտք է ուղղել բոլոր անոնց, որոնք հայ դպրոց կը փակեն, հայ թերթը օտարալեզու կը դարձնեն, հայ դպրոցի հայերէնը կը վերածեն սոսկ ամավերջի հանդէսի համեմի, հարցում` նաեւ անոնց, որոնք իրենց զաւակները կը յանձնեն օտարի կրթութեան, բեմերը կը վերածեն օտարախօսութեան ինքնագոհութեան դրօշակի:

Կ՛ուզէի խօսիլ Արփիկ Միսաքեանի մասին: Բայց ի՞նչ ըսել իր մասին, երբ գիտենք, որ խօսելով յամառօրէն հայատառ եւ հայաբարբառ ՅԱՌԱՋ-ի մասին` կը խօսինք Արփիկ Միսաքեանի մասին:

Կը խօսինք նաեւ այն արտակարգ հայուն եւ հրապարակագիրին մասին, որ Շաւարշ Միսաքեանն էր, «Մեծ Շ.», ինչպէս կ՛ըսէր Արփիկ Միսաքեան, որ ՅԱՌԱՋ-ի հրատարակութենէն մինչեւ իր մահը ամէն օր խմբագրական գրեց: Ինչպէ՞ս կարելի էր ամէն օր չխօսիլ բազմապիսի հակասութիւններու մէջ մխրճուած սեփական ժողովուրդին: Այսօր ալ` օրինակելի «Մեծ Շ»…

ՅԱՌԱՋ-ի դադարեցումով Արփիկ Միսաքեան իր զէնքերը վար դրած էր: Պատգամ, որ չէին լսած տեղատուութիւնները տնտեսող ասպետները, հրավառութիւնները համարելով ազգային գոյատեւման պայքար: Հիմա կրնան աշխարհի բոլոր լեզուներով գովերգական խօսքեր ըսել, որոնք դատարկ կը հնչեն` չգտնուելով Շաւարշ Միսաքեանի եւ Արփիկ Միսաքեանի հարազատութեան գիծին վրայ:

Անհետացող Արփիկ Միսաքեան սոսկ լրագրող կամ հրապարակախօս չէր, հա՛յ լրագրող եւ հա՛յ հրապարակագիր էր, որ ինքզինք դրած էր իր ժողովուրդի հարազատութեան, ինքնութեան պահպանման, մշակոյթի պաշտպանութեան ծառայութեան դիրքին վրայ, այսինքն` սեփականի, որ ցուցափեղկային չէր, այլազան շահերու եւ շահակցութիւններու ջաղացքին ջուր բերելու դերին չէր կոչուած:

Ի՜նչ իմաստ ունին յետմահու ըսուած գեղեցիկ խօսքերը, դամբանականները, ծաղիկները:

Ինչո՞ւ բարձրաձայն պիտի չըսուի, որ կրնայինք պահել ՅԱՌԱՋ-ը որպէս հարազատութեան բեմ եւ չպահեցինք…

Mea culpa…

Սգալ Արփիկ Միսաքեանի մահը…

Ափսո՜ս ՅԱՌԱՋ-ին…

Ափսո՜ս մեզի…

 

22 յունիս 2015, Պէյրութ

Նախորդը

Հողին Ուժը (Սնապ Սնապեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Խօսք Յիշատակի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023
Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 31, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In