Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փառաւոր Սերունդ

June 29, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0624diaspora

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Այլեւս խորհրդային բարքերէն ամբողջովին ազատագրուած` Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ազատ քաղաքացիներու սերունդ ունինք:

Սերունդ, որ իր վարքով, պատասխանատուութեան իր գիտակցութեամբ, իր ողջախոհութեամբ, իր շրջահայեացութեամբ, բայց եւ իր պայծառատեսութեամբ յոյս կը ներշնչէ բոլորիս, ամէնէն առաջ` յուսահատութեան դուռը հասած հայրենի ժողովուրդին:

Այս սերունդը կազմուած է սահման պաշտպանած, բանակի մէջ  ծառայած երիտասարդներով, որուն հայրենասիրութիւնը կասկածի տակ կարելի չէ առնել, որուն հայրենի հողին փարած մնալու վճռակամութիւնը անքննելի է:

Այս սերունդը անկաշկանդ է եւ պատրաստ` դիմակայելու իշխանական ամէն տեսակի լծակներու ճնշումները:

Այս սերունդը որոշած է տէր կանգնիլ իր իրաւունքներուն եւ պատրաստ է անզիջում պայքար տանելու այդ իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր:

Այս սերունդը իր առողջ բնազդով կը ղեկավարուի` բացառելով սխալները, բացառելով միջամտութիւնները, ձախողեցնելով մութ թէ յայտնի ուժերու սադրանքները:

Այս սերունդը լաւ սերտած է անկախութեան շրջանի քաղաքական պատմութիւնը եւ խորապէս հասկցած` համակարգային իշխանափոխութիւնը ձախողեցնող բոլոր խաղերը, հնարամտութիւնները, հասարակական գործիչներ վարկաբեկելու, ահաբեկելու, նսեմացնելու իշխանական արհեստագիտութուինը:

Այս սերունդը բոլորիս յարգանք կը պարտադրէ, զոհաբերութեան իր պատրաստակամութեամբ:

10480212_917174151685795_2584476314494141940_n

Այս սերունդը իր հարազատներուն, իր շրջապատի մարդոց արժանապատուութիւնը վերականգնելու, անոնց մէջէն ստրկացման տանող ճնշուածութիւնը արմատախիլ ընելու, ազատութեան տենչը բոցավառելու առաքելութեան լծուած է:

Այս սերունդը մեր հայրենիքը իրեն արժանի բարձունքին հասցնելու տեսիլք ունի եւ այդ տեսիլքը կենսագործելու ճանապարհը բռնած է:

Այս սերունդը իր բաց գործելակերպով բոլորիս ժողովրդավարութեան դասեր կրնայ տալ:

Այս սերունդը հաւաքական ղեկավարութեան իւրօրինակ բանաձեւը գտած է. ղեկավարութիւն մը, որ բնականաբար եկաւ պարտադրելու ինքզինք, պարտադրելու իշխանական իր խօսակիցներուն, իսկ լայն հանրութեան` վստահութիւն ներշնչելով:

Բոլորիս պարտքն է գուրգուրալ այս սերունդին վրայ, թիկունք կանգնիլ անոր, պաշտպանել զայն ուղղակի կամ անուղղակի հարուածներէ, թեւաւորել անոնց յառաջխաղացքը:

Պաշտպանել ու գուրգուրալ այս փառաւոր սերունդին, որ վերջապէս արդարութեան հասնելու հայրենական ձգտումին խորհրդանիշ դարձած է:

 

 

Նախորդը

Հայը… Մենք Ենք

Յաջորդը

Նոր Գիրքեր. Յուշագիրներ… Հեղինակ` Պօղոս Սնապեան

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.