Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Աւանդութեան Վերյիշեցում

Յունիս 27, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Horizon-Drug-Free-ZoneԵրկրորդ տարին ըլլալով` «Հորիզոն»-ի կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ մարաթոն վազքը ընդդէմ թմրամոլութեան կամ աւելի ճիշդը թմրամոլութեան վտանգաւոր հետեւանքները կանխազգուշացնելու եւ այդ առումով յատկապէս նոր սերունդի իրազեկութիւնն ու զգօնութիւնը բարձր պահելու նպատակով:

Այս կը նշանակէ արդէն, որ կազմակերպող կողմը կը ցուցաբերէ հետեւողականութիւն. այնպէս չէր, որ անցեալ տարուան կազմակերպուած վազքը պարագայական քարոզչական մէկ գործողութիւն էր, որ իր առաքելութիւնը աւարտած նկատեց վազքին վերջնագիծ հասած  վերջին մարզիկով:

Հաւաքական մէկ վազքէն մինչեւ միւս վազքին կազմակերպումը «Հորիզոն»-ը ընելիք ունէր հետեւելու, կանխազգուշացման բազմաթիւ միջոցառումներու դիմելու, դասախօսական հանդիպումներ կազմակերպելու, թմրամոլութեան ճիրաններուն ինկած զոհերուն հետ զբաղելու, ցուցմունք տալու եւ հետեւողականօրէն աշխատելու զանոնք այդ արհաւիրքէն փրկելու ուղղութեամբ:

Ցաւօք, մեր կեանքը եւս անմասն չէ մնացած աշխարհի կարեւորագոյն չարիքներէն նկատուող այս ախտի ազդեցութիւններէն: Կեանքին բազմազան դժուարութիւնները, յատկապէս ընկերային-տնտեսական աճող խնդիրները, զանոնք յաղթահարելու թէ՛ ունակութեան եւ թէ՛ կարողութեան ակներեւ պակասը երիտասարդները կը մղեն բարոյալքումի, յուսաբեկումի, որոնք ինքնաթունաւորման այս եղանակին մէջ կ՛ուզեն փնտռել ինքնամոռացութեամբ խնդիրները շրջանցելու վտանգաւոր ձեւը:

Փաստերն ու երեւոյթները ցոյց կու տան նաեւ, որ տնտեսական յագեցած պայմաններու մէջ եղողները եւս հաճոյացման եւ յղփացման պայմաններու մէջ անմասն չեն ուզեր մնալ այս փորձութենէն: Թմրեցուիլը ուրեմն, տարբեր ընկերային դասակարգեր հարուածող եղելոյթ է, որ ժամանակի ընթացքին կը բազմապատկէ զոհերը:

Յաւելենք տակաւին քաղաքական շարժառիթներէ մեկնած թմրեցուցիչի տարածման եւ երիտասարդութեան կլանումի տեսութիւնները, ապաքաղաքականացնելու, աւելի ճիշդը` ուղղակի բթացնելու նպատակով իրականացուող պետական ծրագիրները:

Մեր երկրին մէջ քաղաքացիական շարժման ծաւալման ալիքներուն հետեւողները վերջերս նկատեցին կազմակերպիչներու կողմէ կատարուած այն զգուշացումները, որոնք համացանցային տարածքներու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուեցան: Կ՛ահազանգէին անծանօթ մարդոցմէ անվճար տրամադրուող ջուր եւ սնունդ չվերցնել, որոնք ըստ իրենց համոզումին ներարկուած էին հոգեմէտ դեղերով, այս անգամ հակաթմրութեան ազդեցութեան գործօնով յարձակողապաշտ տրամադրութիւններ բարձրացնելով սադրանքներու ինքնաառաջնորդուելու եւ ոստիկաններուն հետ բախումներ ունենալու նպատակով: Ճիշդ կամ սխալ, յամենայն դէպս իբրեւ տեսութիւն կարելի չէ անտեսել նաեւ նման վարկածներ, հոգեմէտ դեղերու օգտագործումով քաղաքական նպատակներ իրականացնելը:

Թմրեցուցիչը հաւաքական չարիք է: Մեր կազմակերպ կեանքը հաւաքականութիւն կ՛ենթադրէ: Այդ հաւաքականութեան հիմքը երիտասարդութիւնն է: Թմրեցուցիչը ուրեմն, մեր երիտասարդութիւնը հարուածելով կը միտի հարուածել մեր հաւաքական կեանքը, մեր կազմակերպուածութիւնը: Իսկ մեր կազմակերպուածութիւնը քաղաքական գործօն է: Վերջնական նպատակը թմրեցուցիչով մեզ հարուածողներուն, հայկական քաղաքական կազմակերպ գործօնի չէզոքացումն է:

Հայկական թաղամասերուն մէջ թմրեցուցիչ տարածողները, հաւաքական չարիքի սերմնացաններ են: Անոնք պիտի իմանան, որ հայկական թաղամասերուն ինքնապաշտպանութիւնը ստանձնած կազմակերպութիւնը այս խնդիրը չ՛ընկալեր միայն ախտահարներու  ապաթունաւորման բուժումով եւ դասախօսական կանխազգուշական միջոցառումներով: Աւանդութիւն գոյութիւն ունի հաւաքական չարիքի վերածուողներուն եւ մեր ժողովուրդի ազդեցիկ գործօնի կայացման  ընթացքին վնաս հասցնողներուն հետ վերաբերուելու ուղղութեամբ:

Նախորդը

Մինչ Ելեկտրականութեան Սակագինի Բարձրացման Դէմ Բազմամարդ Ցոյցերը Կը Շարունակուին. Նախագահ Սարգսեան Խօսած Է Ելեկտրական Հոսանքի Սակի Բարձրացման Մասին

Յաջորդը

Ռէյ Ուիլքինզ Նշանակուեցաւ Շերվուտի Օգնական

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?