Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հողին Ուժը (Սնապ Սնապեանի Յիշատակին)

June 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20150626-WA0002Արդէն քառասուն օրերու թեթեւութիւն մը կայ հողին վրայ այն հայուն, որ մօրեղբայրս էր` Սնապ Սնապեան անունով: Յիշատակը անմար պահելու սոյն երկտողը չի նմանիր պարտադիր գովերգութեան: «Գնա մեռիր, եկուր սիրեմ» ասացուածքէն ալ շատ հեռու է, այլ կու գայ մէկ տարուան մէջ երկրորդ մօրեղբայր մը կորսնցուցած քրոջ որդւոյն ցաւող սրտի խորերէն:

Մօրեղբայր…

Սոյն կոչումին մէջ, հին ատեն, ազգականական պարտադիր կապէ մը աւելի ուրիշ սէր կար: Ի պահանջել հարկին, մօրեղբայրը կը կատարէր նաեւ ծնողքի, դաստիարակ ընկերոջ դերերը, եւ յաճախ կը դառնար մանուկ հոգիներու տիպար անձնաւորութիւնը: Այդպէս էր պարագան նաեւ իմ մօրեղբօրս, որուն մահով եղբայրս իր վշտին մէջ պիտի ըսէր` «երկրորդ անգամ ըլլալով որբացայ»:

Մուսա լերան քառասուն օրերու հերոսներէն Մարկոս Սնապեանի որդին էր Սնապ Սնապեան: Հողին ուժին գիտակից, այնքան սիրեց հողը, որ պաշտամունքի հասցուց զայն: Հողագործութեան արդար աշխատանքը եղաւ իր արհեստը: Հողէն հաց հանեց եւ պահեց իր ընտանիքը:

Տեղահանութեան թէ տարագրութեան բերումով չյագեցուց ուսման ծարաւը, սակայն իր զաւակներուն համար երբեք չխնայեց իր քրտինքը: Մարկոյին, Մարկոսին, Թալինին, Ժիրայրին բարձրագոյն ուսման ղրկեց, եւ անոնց յաջողութեամբ այնքան հպարտացաւ:

Ընտանիքի հայր էր ան, արդար, անշահախնդիր սիրով կապուած իր կողակիցին Լուսին քեռկինին, որուն վաղաժամ մահով իր կեանքն ալ փոխուեցաւ, բայց եւ այնպէս իր ուրախութիւնը գտաւ իր թոռներուն ուրախութեան մէջ, որոնց ամենասիրելի պապուկն էր ինք:

Գիւղացիի բարի հոգի մը ունէր: Բարի իր իսկական իմաստով: Ժպիտը պակաս էր իր դէմքէն նոյնիսկ ամենաջղային վայրկեանին:

Իր կորուստով աշխարհի բարութեան մէջ բացակայութիւն մը ստեղծուեցաւ: Հողին ուժին հաւատացող արդար հոգի մըն ալ միացաւ անդէնականին: Այնճարի հողը քիչ մը աւելի սրբացաւ:

«Որպէս մի ծաղիկ հողից դուրս ելայ, կեանքին ժպտացի, անցայ գնացի»:

Յիշատակդ վառ, սիրելի՛ մօրեղբայր:

ՍԵՒԱԿ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

Նախորդը

Լաւատեսութեամբ Ճառագայթող Էտին

Յաջորդը

Արփիկ Միսաքեան

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.