Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայութիւնը Յաւերժագրող Մեծագոյն Տիտաններ

June 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

Հայ ժողովուրդը երախտագիտական բարձր գիտակցութեամբ կը յիշէ եւ կը մեծարէ հայ ազգի գոյութենական յաւիտենականութիւնը երաշխաւորող, հայ գիրերու գիւտարար եւ թարգմանիչ սերունդի ղեկավար Ս. Սահակն ու Ս. Մեսրոպը:

Հայ դպրութիւնը ճառագայթումն էր հայու ստեղծագործ ոգիին ու ճանաչողութեան ձգտումին: Արդիւնքն էր հայու անխորտակելի կամքին` յաւէտօրէն ու միաբանօրէն ապրելու:

Հայ տառերը աստուածատուր ժառանգութիւն մը ըլլալով , թարգմանչաց սերունդը գերբնական իմաստութեամբ անձնական երկերով թէ օտար ընտրանի գիրքերու թարգմանութեամբ արժեւորեց զայն` կերտելով հայոց պատմութեան ամենափառաւոր էջերը, անմահացնելով ազգային-հոգեւոր եւ մշակութային կոթողները:

Ցայսօր երախտապարտ է աշխարհասփիւռ հայութիւնը ոսկեդարու (5-րդ դար) ազգային զոյգ սուրբերուն, որոնք երաշխաւորեցին ոչ միայն այդ օրերու պարսկական եւ բիւզանդական կայսրութիւններուն միջեւ երկփեղկուած հայութեան հոգեւոր եւ իմացական միութիւնը, այլեւ հեռատեսութեամբ պահպանեցին հայու ինքնութիւնը անժամանակօրէն:

Հայ եկեղեցին տարին գլխաւորաբար երկու անգամ կը տօնէ Ս. Սահակի ու Ս. Մեսրոպի յիշատակը: Առաջինը` Բուն Բարեկենդանի նախորդող շաբաթ օրը, իսկ երկրորդը` Հոգեգալստեան տօնին յաջորդող հինգշաբթի օրը:

Ս. Սահակ Կաթողիկոս

sahagbartev1Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տոհմին հինգերորդ եւ վերջին շառաւիղն էր Մեծն Ներսէս Ա. Պարթեւ հայրապետի որդին` Ս. Սահակը: Ծնած է 348-ին: Ուսանած է Աղեքսանդրիոյ, Կեսարիոյ եւ Կ. Պոլսոյ մէջ: Կատարելապէս տիրապետած է յունարէն, ասորերէն եւ պարսկերէն լեզուներուն: Ամուսնացած է եւ ունեցած միայն դուստր մը` Սահականուշը, որ ամուսնանալով Համազասպ Մամիկոնեանի հետ` կը դառնայ քաջն Վարդան Մամիկոնեանի մայրը:

Եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ ետք ճգնողական կեանք ապրած է Վաղարշապատի Ս. Էջմիածին վանքին մէջ եւ վաթսուն աշակերտներով շրջած ու Աւետարանի լոյսը քարոզած` ժողովրդեան:

Հայոց կաթողիկոս ընտրուած է 387-ին, Խոսրով Դ. Արշակունի թագաւորին զօրակցութեամբ (387-389), որ կը ջանար վերամիաւորել Մեծ Հայքի հայկական հողերը: Վերջինիս գահավիժումէն ետք, եղբայրը` Վռամշապուհ, կը գահակալէ (389-414): Սոյն շուրջ քսանամեայ ժամանակաշրջանը կը յատկանշուի անդորրութեամբ, Ս. Սահակը իր տեղապահին ու հաւատարիմ գործակիցին` Ս. Մեսրոպի աջակցութեամբ կը վարէ  հոգեւոր եւ մշակութային եռուն գործունէութիւն:

Իր առաքինի վարքին, ազգանուէր ու կառուցողական ծառայութիւններուն համար յիշեալ թուականէն Հայ Եկեղեցւոյ տօնելի սուրբերէն է:

Գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք զարկ կու տայ ազգային կրթութեան` Հայաստանի պարսկական եւ բիւզանդական բաժիններէն ներս: Կաթողիկոսական հրամանագիրով կ’արգիլէ ասորերէն ու յունարէն լեզուներով դասաւանդումը բոլոր դպրոցներէն ներս, եւ ուսումնառութիւնը կ՛ըլլայ միայն հայերէնով: Թարգմանել կու տայ նաեւ յունարէն եւ ասորերէն լեզուներէ աստուծաբանական, հոգեւոր, գիտական, գրական, իմաստասիրական եւ մշակութային գիրքեր:

Պատմահայր Մովսէս Խորենացի եւ մատենագիր Ղազար Փարպեցի կը վկայեն, թէ Ս. Սահակը առաւել խանդավառ էր գիրերու ստեղծման նիւթով, քան` Մեսրոպ Մաշտոցը, եւ թէ` թարգմանական աշխատանքները ճշգրտօրէն կատարելու համար անպայմանօրէն առաջնորդուելու էին իրմով ու մասնաւորաբար` Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը յունարէն եօթանասնիցէն ոսկեղնիկ գրաբար հայերէնին, զոր ծանօթ է աշխարհին «Թագուհի թարգմանութեանց» յորջորջումով:

Մատենագրական հսկայ ժառանգ թողած է ետին: Կարգաւորած է «Հայոց տօնացոյցը», գրած է կենցաղավարական կանոններ, դաւանաբանական թուղթեր, պետական անձնաւորութիւններու յղուած նամակներ, ծիսական աղօթքներ ու շարականներ, կրկնապէս յիշատակելի է Աստուածաշունչը հայերէնի թարգմանութեան վերահսկողութիւնն ու կանոնականացումը: Միջնադարեան աղբիւրներու համաձայն, եկեղեցական «ութ ձայն»-երու դրութեան կարգաւորումը նաեւ կը վերագրուի իրեն:

Հայ հոգեւոր ինքնուրոյն երգերու սկզբնաւորիչ կը դաւանուին Ս. Սահակն ու Մեսրոպը:

439-ին պարսիկներու Յազկերտ Բ. արքան պատերազմ կը հռչակէ Բիւզանդիոնի դէմ` բեմ ունենալով Հայաստանը: Կաթողիկոսը, կանխելու համար գալիք աղէտը, ճամբայ կ’ելլէ, հազիւ Արածանիի հովիտէն անցնելով Բագրեւանդի դաշտը կը հասնի, իսկոյն յոգնաբեկ կը վախճանի իննիսունամեայ ալեւորը: Անոր աճիւնը կը փոխադրուի Տարօն եւ կը թաղուի Աշտիշատի մէջ:

Ս. Մեսրոպ Մաշտոց

ph138683160430Ծնած է մօտ 360-ին, ազնուական ընտանիքի մը մէջ, Տարօնի Հացեկաց գիւղը: Տարօնի մէջ յունական կրթութիւն ստացած է: 389-ին Վաղարշապատի պալատին մէջ քարտուղարի եւ ապա զինուորական ծառայութեան պաշտօններ վարած է: 395-ին աշխարհիկ կեանքէ հեռանալով` կուսակրօն հոգեւորականի ձեռնադրուած է: Աշակերտներու ընկերակցութեամբ շրջած է Հայաստանի գրեթէ բոլոր գաւառները, եւ մասնաւորաբար` Գողթն գաւառը, ուր կը յամենային հեթանոսական բարքերն ու հաւատալիքները:

Թէկուզ քրիստոնէութիւնը պետականօրէն ընդունուած էր Հայաստանէն ներս, սակայն ժողովուրդը հարաւէն` ասորերէն ու արեւմուտքէն յունարէն քարոզող եւ երկրի տարածքին յիշեալ լեզուներով Աստուածաշունչի ընթերցումէն ու հոգեւոր մատակարարումէն ոչինչ կը հասկնար:  Եւս առաւել` 387-ին Հայաստանի բաժանումը Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիոնի միջեւ նոյնազգի զաւակներու միջեւ լեզուամտածողութեան օտարացումը սկսած էր զգալի դարձնել:

Սոյն մտահոգութիւններուն ականատես ու խստօրէն տագնապող` Ս. Մեսրոպը հանդիպելով Ս. Սահակ կաթողիկոսին, կը ներկայացնէ անոր հայերէն գիրեր ստեղծելու շտապ անհրաժեշտութիւնը եւ իր վճռական տրամադրութիւնը: Վերջինս իր համամտութիւնը յայտնելէ ետք, կ’իմացնէ, թէ Դանիէլ անունով ասորի վարդապետի մը քով հայերէն գիրեր կան:

Ս. Մեսրոպ ստանալէ ետք Դանիէլեան նշանագրերը, որոշ ժամանակ կը փորձարկէ զանոնք դպրոցներէ ներս, սակայն հայերէնի հնչիւնային հարուստ համակարգին անհամապատասխան կը գտնէ եւ անբաւարար կը նկատէ` ճշգրիտ կերպով արտայայտուելու եւ թարգմանական աշխատանքներ ձեռնարկելու:

Պարսկական հովանաւորութւնը կրող ասորի վարդապետները վճռական դեր ունենալով Հայ եկեղեցւոյ մէջ` արգելք հանդիսացած են գիրերու գիւտի ծրագիրին, որպէսզի եկեղեցւոյ ծիսական լեզուն ասորերէնը մնայ: Վռամշապուհ արքայի թելադրութեամբ, 405-ին Ս. Մեսրոպ կը մեկնի Ասորիք, լեզու գտնելով համաձայնութեան գալու ասորի եկեղեցւոյ մեծամեծերուն հետ, սակայն ի զուր կ’անցնին բոլոր ջանքերը: Ան անցնելով Ամիդէն` կը հասնի Եդեսիա, ուր պատմագիրներու վկայութեամբ կը հնարէ հայոց այբուբենը:

Վերադառնալով Հայաստան` սկիզբ կ’առնէ թարգմանչաց լայնածաւալ գործունէութիւնը` ե՛ւ ուսումնակրթական ե՛ւ թարգմանական իմաստներով:

Ս. Մեսրոպի կը վերագրուի աղուաններու եւ վրացիներու գիրերու գիւտերը:

Հեղինակ է «Ապաշխարութեան» շարականներուն:

Հայերէնի ստեղծիչը ըլլալէ անդին` նաեւ ուսուցչապետն է ու դասաւանդման ձեւերուն` առաջին կիրարկողը:

Ս. Մեսրոպի վարքագիրն է իր աշակերտներէն Կորիւնը:

Սրբադասուած է հայ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ կողմէ:

Վախճանած է 440-ին, թաղուած է Օշականի մէջ, անոր գերեզմանը ցայսօր սրբատեղի է հայազգի զաւակներուն համար:

Սրբոց թարգմանչաց սերունդի ոգին առկայծ մնայ՛ ու բոցավառէ ներկայի սերունդներուս հոգեիմացական աշխարհը, նոյն նախանձախնդրութեամբ գուրգուրալու հայոց լեզուին, որպէսզի հաստատուն քայլերով երաշխաւորենք մեր գոյերթը:

 

 

 

Նախորդը

Ինչո՞ւ Մենք Կը Ծարաւնանք Եւ Կ՛անօթենանք

Յաջորդը

Տեսակէտ. Միջնամատեր

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.