ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Ի զուր չէ, որ հայ ժողովուրդը վերապրիլ ու գոյատեւել բառերուն մարմնացումը հանդիսացած է, յատկապէս 100 տարի առաջ, երբ ամէնէն դաժան ու ահաւոր անմարդկային արարքները կրեց իր մորթին վրայ, սակայն կրցաւ թօթափել անմարդկայինը եւ մարդկայինին կառչիլ` ո՛չ միայն վերապրելով, այլ կազմակերպուելով եւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելով:
Վերապրողներուն ոդիսականը միայն տարագրութեան ճամբուն վրայ չէր, այլ նաեւ այն վայրերուն, ուր անոնք հասան անպատսպար, որբացած, ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս ընկճուած ու մաշած: Սակայն համախմբուած հայութիւնը, որ կրցած էր արհամարհել Տէր Զօրի այդքան հսկայական տարածքը, այդքան անջրդի ու հրկիզող անապատ, ուրկէ քալած էր նման հերոսներու, նաեւ իր երթը շարունակած էր նման հերոսներու` ոչինչէն ամէն ինչ ստեղծելով:
Լիբանան հասած հայութեան ճակատագիրը եւս բաւական դաժան եղած է, յատկապէս սկզբնական տարիներուն, երբ տարագրեալ հայ ժողովուրդը կայք հաստատած է տարբեր հիւղաւաններու մէջ, որոնցմէ առաջիններէն եղած է Քարանթինայի հիւղաւանը: Ոչ երանելի պայմաններու մէջ Քարանթինա ապաստանած հայութեան օգնութեան ձեռք երկարելու միտումով 1935 թուականին կը հիմնադրուի ԼՕԽ-ի «Քարանթինա»-ի մասնաճիւղը` շրջանի բարեսէր եւ անձնուէր խումբ մը տիկիններու ժրաջան աշխատանքով, որոնց կարգին յիշատակելի է ներդրումը Արաբկիրի ծնունդ Նուարդ Այճեան-Քարծայրի, Ատըեամանի ծնունդ Լուսիա Իզմիրլեանի, Խարբերդի ծնունդ Արաքսի Գաւասեան-Պալեանի: Շուտով կը կազմուի առաջին վարչութիւնը, որուն ատենապետը կ՛ըլլայ Նուարդ Քարծայրը, քարտուղարը` Արուսեակ Քերոբեանը, գանձապահը` Արաքսի Պալեանը. խորհրդականները` Լուսիա Իզմիրլեանը, Տիգրանուհի Մագսուտեանը, Երանուհի Չալեանը եւ Ալիս Տէօվլեթեանը: Վարչութիւնը շուտով սկսած է կամաւոր անդամներ արձանագրել իր շրջանին մէջ, որ կ՛ընդգրկէր Խալիլ Պատաուին, Հաճընը, Քարանթինան մինչեւ շոգեկառքի գիծ (ներկայիս Մար Մըխայէլ) եւ Ժըմմէյզի: Ամիս մը չանցած արդէն մասնաճիւղը կը հաշուէր 300 անդամ:
Մասնաճիւղը աշխատանքի կը լծուի տարբեր բնագաւառներու մէջ, կը հասնի ծերունիին ու որբին, հիւանդին ու կարիքաւորին, կը փորձէ ապահովել նիւթական աղբիւրներ, որպէսզի կարենայ հոգալ բոլորին անխտիր: Որքան յանդգնութիւն ու քաջութիւն կ՛ենթադրէ մոռնալ կամ ոտնակոխ ընել անձնական ցաւն ու տագնապը` լծուելու ուրիշի օգնութեան, վեր բարձրանալ անձնականէն եւ գործել հաւաքականին համար, յատկապէս ահաւոր սպանդին յաջորդող տարիներուն, երբ վէրքը տակաւին բաց էր ու կոտտացող: Սակայն հայ կիներն ու մայրերը այդ զոհողութեան, նուիրումին եւ վեհանձնութեան մարմնացումը հանդիսացան, իրենց կիսաքանդ տունը մոռցած վազեցին կառուցելու հայրենակիցին երդիքը, իրենց զաւակները անօթի անկողին դնելով փութացին օգնել այլ հայորդիի հիւանդ մանուկին:
Ժամանակի ընթացքին մասնաճիւղը աւելի եւս կազմակերպուեցաւ, սերտեց կարիքները եւ, անոր համաձայն, նախաձեռնութիւններ կատարեց: Արդարեւ, 1938-ին Քարանթինայի շրջանին մէջ հիմնուեցաւ առաջին դարմանատունը, որուն գործօն բժիշկն էր Օննիկ Կէրկէրեան: Շաբաթը երեք օր ներկայութիւն էր` իրեն հետ ունենալով հիւանդապահուհի օրդ. Ովսաննան: Զանազան վարձու շէնքերու մէջ գործելէ ետք, դարմանատունը 1954-ին փոխադրուեցաւ Օգնութեան խաչի ակումբը: Սոյն դարմանատան մէջ աշխատած են նաեւ տոքթ. Ղ. Գասապեան, տոքթ. Ա. Արսլանեան, տոքթ. Մելքոն Հայրապետեան եւ տոքթ. Խոսրով Գրիգորեան:
ԼՕԽ¬ականներուն ժրաջան աշխատանքին դիմաց սակայն, բնութիւնն ու ճակատագիրը իրենց տնօրինումը պիտի կատարէին: 1963-ին ծագեցաւ Քարանթինայի հիւղաւաններու առաջին հրդեհը, որմէ ետք ԼՕԽ-ի Քարանթինայի մասնաճիւղը փոխադրուեցաւ Մար Մըխայէլ եւ կոչուեցաւ «Աստղիկ»` հիմնուելով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան այն որոշումին վրայ, թէ իւրաքանչիւր մասնաճիւղ պէտք է վերակոչուի հայկական անունով մը:
Արդէն իսկ իր հիմնադրութեան 80-ամեակը նշող մասնաճիւղը տարիներ շարունակ աշխուժ գործունէութիւն ունեցաւ, պահեց սաներ, հասաւ կարիքաւորին, հոգաց ծերերուն եւ հիւանդներուն, կազմակերպեց ներքին եւ արտաքին ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ պտոյտներ երկրէն ներս թէ դուրս, ինչպէս 1972-ին` Եգիպտոս, 1975-ին` Երեւան-Մոսկուա-Լենինկրատ եւ 1983-ին` Յունաստան:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եւս մասնաճիւղը մնաց պատնէշի վրայ, հասաւ անոր, որ կարիք ունէր օժանդակութեան ու նեցուկի: Հիմնադիրներուն աւանդով եւ կտակով գործեցին ու տակաւին կը գործեն «Աստղիկ» մասնաճիւղի անդամները, որոնք այսօր նոր մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման կանգնելով` կը փորձեն իրենց նորօրեայ գործունէութիւնը յարմարեցնել մերօրեայ կեանքին ու պայմաններուն: Շրջանին մէջ մնայուն եւ տիրական ներկայութիւն հանդիսացող մասնաճիւղը իբրեւ բարեկամ ունի ո՛չ միայն շրջանի հայութիւնը, այլ նաեւ տեղացիները, որոնք լաւապէս գիտակցելով տարուած մարդասիրական եւ նուիրաբերական աշխատանքին` յատուկ յարգանք կը տածեն «Աստղիկ» մասնաճիւղին եւ անոր գործունէութեան նկատմամբ:
80 տարիներու հեռաւորութենէն կը դիտենք թիթեղաշէն հիւղերուն գիրկը ծնունդ առած ԼՕԽ¬ի մասնաճիւղի մը նուիրական աշխատանքը, որուն շնորհիւ շատեր կուշտ փորով անկողին մտան, շատեր մահէն փրկուեցան, շատեր առիթ ունեցան կրթութիւն ստանալու, շատեր իրենց առանձնութեան մէջ ջերմ սիրտ ու օժանդակ ձեռք վայելեցին:
80 տարուան բեղուն ու հպարտալի աշխատանք` վայել հայկական միութեան մէկ մասնաճիւղին, վայել վերապրող հայութեան եւ գոյատեւման կտակ ձգած նահատակներուն:
80 տարիներ շարունակ կամաւորներ բոլորուեցան «Աստղիկ» մասնաճիւղին շուրջ, հիներուն փոխանցած ջահը վառ պահեցին ընդմիշտ ու կը շարունակեն նուիրական երթը` յոյսով եւ հաւատքով, որ յաջորդող սերունդները եւս ատակ պիտի ըլլան այս պատասխանատուութեան տէր կանգնելու եւ 80-ամեայ անմար կրակը միշտ բարձր ու բոցավառ պահելու:
Վարձքը կատա՛ր հիմնադիրներուն եւ 80 տարիներ շարունակ մասնաճիւղին երդիքին տակ գործած ԼՕԽ¬ականներուն, որոնք ո՛չ միայն ծառայեցին, այլ նաեւ դարձան օրինակը անշահախնդիր զոհողութեան, հաւաքական շահերը գերադասելու սկզբունքին, տիպար հայ կնոջ ու նուիրական մօր:
Քարանթինայի հիւղաւանէն մինչեւ քարաշէն յարկաբաժիններ, սակայն նպատակն ու սկզբունքը կը մնայ նոյնը` ծառայել, նեցուկ եւ օժանդակ ըլլալ, մարդ արարածին զգացնել, որ այս աշխարհին մէջ առանձին ու լքեալ չէ, ծերունիին տալ գոյատեւելու ուժ, հիւանդին` պայքարելու կամք, որբին` ջերմութիւն ու գուրգուրանք, աշակերտին` ուսանելու առիթ:
Նորանոր ամեակները անպայման պիտի յաջորդեն վեհ սկզբունքներով գործող ԼՕԽ¬ի «Աստղիկ» մասնաճիւղին: