ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան կարգ մը նկարներուն մէջ օդը բարձրացած միջնամատեր կ՛երեւին… Հայաստանի ելեկտրականութեան սակի բարձրացումին դէմ բողոքող հասարակութիւնը դիմած է հաւաքական բողոքի, նստացոյցի, քայլարշաւներու: Երեւանի Ազատութեան հրապարակն ու Բաղրամեան փողոցը օրերէ ի վեր երիտասարդութեամբ ու ոստիկանութեան ուժերով ողողուած են: Ցուցարարները բազմաթիւ կոչերու, նստացոյցերու, բացագանչութիւններու, երգերու, նուագներու եւ շուրջպարերու կողքին, ցուցական այլ արտայայտութիւն մըն ալ կ՛օգտագործեն: Անոնցմէ շատեր, տղայ թէ աղջիկ, ոստիկանութեան հետ բախումի ժամանակ, ջրցան գործիքով զանոնք ցրուելու փորձերու ատեն կամ բողոքի պահուն իրենց միջնամատերը կը ցցեն:
Աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ եւ զանազան պատճառներով երբ բողոքի ցոյցեր կը պատահին, մարդիկ իրենց ձեռքի մատները գործածելով կը ջանան պատգամ մը հասցնել: Բոլորիս ծանօթ է, օրինակի համար, որ երբ ցուցարարներ ցուցամատն ու միջնամատը կը բարձրացնեն յաղթութեան կամ յաղթանակի պայքար մղելու պատգամը կ՛ուզեն փոխանցել: Երբ մարդիկ բռունցք կը բարձրացնեն, ուժ եւ միասնութիւն կը խորհրդանշեն: Ուրիշներ, ինչպէս, օրինակ, Թուրքիոյ ազգայնամոլ թուրքերը, իրենց ցոյցերուն ժամանակ ձեռքի մատներով գորշ գայլի նշանը կը կազմեն: Անդին, Եգիպտոսի մէջ, վերջերս գահընկէց եղած Մուրսիին համակիրները «Ռապաա» (չորրորդ) անունով Գահիրէի մէկ հրապարակին վրայ երբ յաճախ կը հաւաքուէին, իրենց ձեռքի չորս մատները կը բարձրացնէին որպէս նշան Մուրսիի եւ Իսլամ եղբայրներու զօրակցութեան: Իսկ Հայաստանի մէջ, յաղթանակի եւ բռունցքի նշաններուն կողքին, միջնեմատ ալ կը բարձրանայ:
Այստեղ կ՛արժէ մտածել, թէ այսօրուան Հայաստանի երիտասարդութիւնը ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս նման վարքագիծ մը կ՛որդեգրէ իր երկրի իշխանութիւններուն նկատմամբ: Երբ ցոյցերու ընթացքին երբեմն անվայել արտայայտութիւններ ու հայհոյանքներ կը լսուին, երբ այդ արտայայտութիւնները լայն տեղ կը գտնեն համացանցի ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերուն մէջ եւ անոնց կը զուգակցի ձեւական արտայայտութիւն մը, որ այս պարագային միջնամատ բարձրացնելն է, հեռուէն դիտող օտար մը կրնայ երկու հետեւութիւններ ընել:
Առաջին. հասարակութեան քաղաքակրթուածութեան մակարդակը այդքան ալ բարձր չէ, ինչ որ ճիշդ ու արդար չէ Հայաստանի հասարակութեան զգալի տոկոսին համար, որովհետեւ նման ոչ քաղաքակիրթ արարքներ ու արտայայտութիւններ յաճախ չեն պատահիր, բոլորին կողմէ չեն օգտագործուիր, եւ ասիկա համատարած երեւոյթ չէ:
Երկրորդ. Հայաստանին մէջ տիրող ընկերային անարդարութեան, անգործութեան, փտածութեան, կեղծ ընտրութիւններու, հարստահարման քաղաքականութեան ու սակաւապետական կարգերու հաստատման, ինչպէս նաեւ շարք մը խնդիրներու մէջ քաղաքացիներուն կարծիքներն ու պահանջները իշխանութեան կողմէ չյարգուելուն եւ չգործադրուելուն պատճառով, հասարակութեան համբերութիւնը սպառած է եւ որպէս հետեւանք` ան զանազան միջոցներով այս կացութեան մերժումը կը յայտարարէ: Ահա այս երկրորդ պարունակին մէջ պէտք է դիտել բողոքի ելած Հայաստանի քաղաքացին: Առանց կատարուածը արդարացնելու փորձ կատարելու, միջնամատ բարձրացնելը իր ճանչցուած իմաստէն աւելի, այստեղ` ոստիկանութեան ուժերուն անհամաչափ ուժ գործածելուն որպէս բնական հակազդեցութիւն կարելի է սեպել, ինչպէս նաեւ ցասումի, պոռթկումի, քաջութեան, չընկրկելու, չյուսահատելու եւ չտկարանալու ձեւական մէկ մարմնացում նկատել:
Միւս կողմէ, սակայն, պէտք է նշել նաեւ, թէ երկրի քաղաքացիական հասարակութիւնը, որ առաջատարն է այս շարժումին, ըստ երեւոյթին տակաւին չէ կերտած բոլորին համար ընդունուած սկզբունքային համակարգ մը, որուն մէջ էական ըլլան քաղաքացիական ու քաղաքակրթուած ոճով ու ձեւերով պահանջներ փոխանցելու եղանակները: Համակարգ մը, ուր հայհոյախառն արտայայտութիւնները, անարգական վերաբերմունքը, սադրիչ կեցուածքներն ու հրահրողական արարքները նուազագոյն տեղն իսկ չունին: Թերեւս ոմանք առարկեն ու ըսեն, թէ պահանջուած քաղաքակիրթ եղանակները ապարդիւն են Հայաստանի նման երկրի մը համար, որովհետեւ բացակայ է ժողովրդավարական թափանցիկ պետական համակարգը, սակայն երբ քաղաքացիական շարժումը գերագոյն զսպուածութիւն ու քաղաքակրթուածութիւն կը ցուցաբերէ, նախ իր ձայնը աւելի լսելի կը դառնայ, երկրորդ` յանցագործութեամբ ու օրինազանցութեամբ ամբաստանուելու հաւանականութիւնը կը նուազի, երրորդ` արտաքին միջամտութիւններու եւ ազդեցութիւններու ծուղակին մէջ իյնալու վտանգը կը հեռանայ, իսկ ամէնէն կարեւորը` լարուած մթնոլորտը կը մեղմանայ եւ ոստիկանութեան կողմէ կիրարուելիք անհամաչափ ուժի գործածութեան կամ բիրտ հակազդեցութիւններու հաւանականութիւնը քիչ կ՛ըլլայ։
Այստեղ մեծ է դերը նաեւ երկրի ոստիկանութեան ուժերուն, որոնք կոչուած են գերզգայուն այս պահը արհեստավարժութեամբ եւ լայնախոհութեամբ դիմակայելու, հանդուրժելո՛ւ տաքարիւն երիտասարդութեան երբեմն խոցելի արտայայտութիւններն ու արարքները, առանց մոռնալու, որ այս երիտասարդութիւնը իրենց դրացի, բարեկամ ու համաքաղաքացի հայրենակիցներէն կազմուած է:
Կացութիւնը գերզգայուն է, եւ առկայ լարուածութիւնը մեղմացնելու միակ ճանապարհը ժողովուրդին արդար պահանջներուն գոհացում տալն է: