Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետ. Կէրթմէնեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէս

June 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-12-15_gertmenian

Ուրբաթ 12 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին  տեղի ունեցաւ Հայ աւետ. Կէրթմէնեան վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը: Կանուխ ժամերէն արդէն վարժարանին բակը լեցուած էր ծնողներով եւ բարեկամներով, որոնք անհամբեր կը սպասէին, որ բացուին սրահին դռները, որպէսզի գրաւեն իրենց տեղերը:

Արդարեւ, հասաւ ժամը, եւ սրահ մուտք գործեցին մանկապարտէզի աշակերտները, որոնք իրենց տեղերը գրաւեցին բեմին վրայ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք աշակերտները մեկնաբանեցին հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով երգեր, նաեւ արտասանեցին համարներ` Առակաց գիրքէն:

Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտներ Մելիսսա Սելըմ, Գէորգ Ապուլապուտեան եւ Արա-Էնտրիւ Յովհաննէսեան բարի գալուստ մաղթեցին իրենց ծնողներուն եւ ներկայ հանդիսականներուն, որմէ ետք Կոկոն դասարանի աշակերտները ներկայացուցին արաբական պար մը: Բողբոջ դասարանի աշակերտները մեկնաբանեցին  հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն երգեր, որուն յաջորդեց «Շատախօսը» արտասանութիւնը` կատարողութեամբ Կոկոն դասարանէն Տէյվիտ Ֆենտեանի: Ծաղիկ դասարանի ներկայացուցած յունական պարին յաջորդեց երգերու փունջ մը` կատարողութեամբ Կոկոն դասարանի աշակերտներուն, ապա յաջորդաբար ներկայացուեցան եւրոպական եւ հայկական պարեր` կատարողութեամբ Բողբոջ եւ Ծաղիկ դասարաններու: Յայտագրի վերջին բաժնով Ծաղիկ դասարանը մեկնաբանեց երգերու փունջ մը:

Վարժարանի տնօրէն Սահակ Տէտէեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Ժանեթ Չիլինկիրեանին եւ ուսուցչուհիներուն` գնահատելի հանդէսի պատրաստութեան համար: Տնօրէնը վարժարանը նմանցուց ոսկի հաւկիթ ածող հաւու մը: Ան օրինակներ տալով` հաստատեց, որ վարժարանը տուած է շրջանաւարտներ, որոնք իրենց համալսարանական ուսումը շարունակելով` դարձած են դեղագործներ, ստացած են MA, BS վկայականներ` պատուոյ յիշատակութեամբ: Ան կոչ ուղղելով ներկաներուն` խնդրեց, որ իրենց կարելին ընեն, որպէսզի «ոսկի հաւկիթ ածող հաւը չմորթուի», այլ խօսքով` վարժարանը չփակուի:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխում:

Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտներն են` Մարի Պել Ակոբճեան, Մելիսսա Սելըմ, Գէորգ Ապուլապուտեան, Պասսամ Ապտօ, Հատի Ապտօ, Հրակ Արաբսէսեան, Նարեկ Տէր Յովհաննէսեան, Արա-Էնտրիւ Յովհաննէսեան, Սատեք Մուսթաֆա:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (30 Յունիս 1965)

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Յիշատակելի Օր. Մեսրոպեանի Մէջ Բացուեցաւ «Հաւատարմութեան Շատրուանը», Բարեսիրական Ընթրիքին Հանգանակուեցաւ 109 Հազար Ամ. Տոլար

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.