Վալերի Թորանեանի Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքը Մրցանակակիր
Ֆրանսահայ յայտնի գրող, «Էլ» ամսագիրի նախկին գլխաւոր խմբագիր Վալերի Թորանեանի ընտանիքին պատմութիւնը յայտնուած է ֆրանսական մամուլի եւ հասարակութեան ուշադրութեան կեդրոնին: Թորանեանի «Օտարերկրացին» գիրքը արժանացած է ամէնամեայ «Մատամ Ֆիկարօ» մրցանակաբաշխութեան գլխաւոր մրցանակին, «Նուվել տ՛Արմենի» պարբերականի յղումով կը գրէ «Արմէնփրէս»-ը: Գիրքին մէջ հեղինակի` Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած մեծ մօր` Աղաւնիին պատմութիւնն է: ««Օտարերկրացին» գիրքի պատմութիւնը սարսափելի եւ ապշեցնող է: Անիկա կը պատմէ հայերու...















