
Շաբաթ, 20 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան միջնակարգ վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը: Ներկայ էին Սօսի Պալեան` կրթական համադրող յանձնախումբի ատենապետ, Վարդուկ Պալըգճեան` վարժարանի հոգաբարձու եւ Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի տնօրէն, եկեղեցւոյ ժողովականներ, դպրոցի հոգաբարձութիւն, ծնողական խորհուրդ ու զանազան հիւրեր:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները հնչելէն ետք Վարդուկ Պալըգճեան ըրաւ Աստուածաշունչի ընթերցումն ու աղօթքը: Ապա բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը` Էմմանուէլ եկեղեցւոյ հովիւ, պատուելի Սեւակ Թրաշեանը: Ան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, ի մասնաւորի իններորդ կարգին ըսաւ. «Դուք այսօր բոլորեցիք այս հանգրուանը ձեր աշխատանքով եւ ձեր ծնողներու զոհողութեամբ, սակայն տակաւին երկար ճամբայ ունիք կտրելիք, եւ այդ ուղին այսօր կը սկսի: Իրագործելու համար ձեր նպատակը` խանգարիչ ձայները դադրեցուցէք եւ խանգարիչ անձերը հեռացուցէք ձեզմէ: Լաւ ճանչցէ՛ք, թէ դուք ով էք, դուք հարուստ մշակոյթ ունեցող ազգի մը զաւակներն էք, ձեզի վստահուած է շատ բան եւ կ՛ակնկալուի շատ բան»: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հնչած «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» կարգախօսին հաւատարիմ մնալու` իբրեւ գիտութեամբ եւ Աստուծոյ վախով զինուած հայ աշակերտներ, որոնց կարելի է վստահիլ հայ ազգի ապագան, եւ որոնք իրենց նուաճումներով պատիւ պիտի բերեն հայութեան: Խօսքը ուղղելով ծնողներուն` ըսաւ, թէ այս պատանիները տակաւին կը կարօտին ծնողներու հոգատարութեան, որպէսզի զարգացնեն իրենց նկարագիրի գիծերը, ուստի ծնողները պէտք է քաջալեր հանդիսանան, որպէսզի նոր սերունդի զաւակները ըլլան ընկերային, հաւատքով եւ ծառայութեան հոգիով զինուած: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց բոլոր շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները:
Ապա վարժարանի երգչախումբը, խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի, հանդէս եկաւ չորս հայերէն երգերով` «Հաւատքն է յաղթութիւն», «Հայաստանը իմն է», «Հայաստան» ու «Կիլիկիա», որոնց յաջորդեց վեցերորդ եւ իններորդ կարգերու կողմէ պատրաստուած պատգամը` ուղղուած իւրաքանչիւր հայ անհատի «Ով հայ» խորագիրով:
Ապա ներկաները դիտեցին 2014-2015 տարեշրջանի գործունէութիւններուն մասին խճանկար մը, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց ամբողջ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած գործունէութիւնները` ըլլան անոնք դպրոցին մէջ կամ արտադասարանային: Իններորդ աւարտական կարգէն Նարինէ Հաշոլեան հայերէն եւ Փոլին Նասրի արաբերէն լեզուներով կարդացին ուղերձները:
Ապա տեղի ունեցաւ վեցերորդ եւ իններորդ կարգի աշակերտներու վկայականաց բաշխումը: Վեցերորդ կարգի վկայական ստացան 10, իսկ իններորդ կարգի դարձեալ 10 աշակերտներ: Վկայականներու կողքին յանձնուեցան յատուկ մրցանակներ, վեցերորդ կարգէն բարձրագոյն միջինի եւ տիպար աշակերտի մրցանակները ստացաւ Ժոյէլ Աւետիքեանը, իսկ «Հայ աւետ. Էմմ. եկեղեցի» Աստուածաշունչի մրցանակը ստացաւ Սէրլի Քէօշկերեանը: Իններորդ կարգէն տիպար աշակերտի մրցանակը ստացաւ Փոլին Նասրին, իսկ «Ալեքս Գէորգ Սվաճեան» հայերէնի, «Աւետիս Սահակեան» հայոց պատմութեան եւ «Հայ Աւետ. Էմմ. եկեղեցի» Աստուածաշունչի մրցանակները ստացաւ Նարինէ Հաշոլեան:
Հուսկ բանքին մէջ տնօրէն Սեդա Գարակէօզեան ըսաւ, թէ այս տարեշրջանի հունձքը կը նկատենք հայ ազգի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հունձք: Ըստ անոր, մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի հունձքերը կը ներկայանան իբրեւ փաստ, թէ ցեղասպան թուրքը պարտուած է: Իր խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` ան պատգամեց.
– Յստակ արժէքներ որդեգրել եւ անոնց կառչած մնալ, անոնցմով ապրիլ, ի՛նչ ալ ըլլան պարագաները:
– Պատասխանատուութիւն ստանձնել, յիշել, թէ արդիւնքը պիտի վայելեն եւ հետեւանքը կամ կրեն, ոչ միայն իրենք, այլ նաեւ` ծնողներն ու պատասխանատուները:
– Քաջաբար ո՛չ ըսել պէտք եղած ժամանակ եւ հաստատ մնալ իրենց տուած որոշումին վրայ, մանաւանդ` մեր ապրած այս դարուս, երբ առաջարկներն ու մարտահրաւէրները բազում են:
Յաջողութեան երկու գաղտնիքներուն անդրադառնալով` Սեդա Գարակէօզեան հաստատեց, որ առաջինը յարատեւութիւնն է, յարատեւ սորվողը միշտ կը ստանայ իր աշխատանքին արդիւնքը, իսկ երկրորդը այն հաւատքն է, որուն ուժի աղբիւրը Աստուած է. Անոր դիմեցէք, որովհետեւ Ան խոստացած է տալ ձեզի:
Տնօրէնը շնորհաւորեց բոլոր աւարտականները, ուսուցչակազմը ու պաշտօնէութիւնը:
Նաեւ ան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդէսը բեմադրողին` Ռոպերթ Առաքելեանին եւ ձայնի ու սարքաւորումներու պատասխանատու Մարիա Շէնզեանին, նաեւ` բոլոր անհատ բարերարներուն թէ կազմակերպութիւններուն, ինչպէս` Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, հայրենակցական միութիւններն ու Լիբանանի օգնութեան խաչը:
Զոյգ դասարաններու շրջանաւարտները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին իրենց ծնողներուն` խորհրդանշական նուէրներ տալով անոնց: Պատուելի Սեւակ Թրաշեանի աղօթքով վերջ գտաւ հանդէսը:


