Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Արժանթին
«Պատմութիւն ՀՄԸՄ-ի Պուէնոս Այրեսի
Մասնաճիւղին 1927-2012» Գիրքին Ներկայացումը
Չորեքշաբթի, 24 յունիսին, Պուէնոս Այրեսի Հայ մշակութային կեդրոնի «Էտուարտօ Սէֆէրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պատմութիւն ՀՄԸՄ-ի Պուէնոս Այրեսի մասնաճիւղին 1927-2012» գիրքին ներկայացումը, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուէնոս Այրեսի մասնաճիւղին եւ հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան:
Այս առիթով Պուէնոս Այրես այցելեց եւ գիրքին ներկայացումը կատարեց Լիբանանէն յատկապէս հրաւիրուած` ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վիգէն Աւագեան, որ յիշեալ գիրքին յառաջաբանին հեղինակն է: Գիրքին հեղինակն է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Աբրահամ Ահարոնեան:

Գիրքի ներկայացումը կանխեց մասնաճիւղին պատմութիւնը ներկայացնող տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը: Ապա խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ-ի Պուէնոս Այրեսի մասնաճիւղի ատենապետ Էտկարտօ Գէորգեան, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ալպերթօ Սորէեան, գիրքի հեղինակ Աբրահամ Ահարոնեան, օրուան պատգամաբեր Վիգէն Աւագեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քարլոս Սէֆէրեան:
Խօսքերէն ետք ՀՄԸՄ-ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրներով պատուեց Վիգէն Աւագեանն ու Աբրահամ Ահարոնեանը:
Գիրքի ներկայացման յաջորդող օրերուն ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւն մը, լիբանանահայ հիւրին հետ, այցելեց Պուէնոս Այրեսի մէջ Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպանատուներ եւ ծանօթացման հանդիպումներ ունեցաւ դեսպաններ Անթոնիօ Սաապի եւ Ստեփան Յարութիւնեանի հետ: Հանդիպումներու ընթացքին դեսպաններուն ներկայացուեցան նոր լոյս տեսած պատմագիրքէն օրինակներ: Նմանօրինակ այցելութիւններ կատարուեցան նաեւ «Արմենիա» շաբաթաթերթի խմբագրատուն, Ազգային առաջնորդարան եւ Խրիմեան վարժարան:
Վիգէն Աւագեանի Արժանթին այցելութենէն օգտուելով` տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում մը Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակին եւ սուրիահայութեան կացութեան մասին: Հանդիպումին ներկայացուեցաւ հալէպահայութեան մասին տեսերիզ մը, որմէ ետք Վիգէն Աւագեան խօսեցաւ սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ օժանդակութեան աշխատանքներուն մասին:
Վիգէն Աւագեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Պուէնոս Այրեսի մասնաճիւղին եւ սկաուտական շարքերուն հետ` խօսելով ՀՄԸՄ-ը, հայութիւնը եւ սուրիահայութիւնը յուզող հրատապ հարցերու մասին:
Աւստրալիա
Աւստրալահայերը 50 Հազար Տոլար
Կը Հանգանակեն Սուրիահայերուն Օգնելու
Աւստրալիոյ մէջ սուրիահայերուն օգնելու նպատակով կազմակերպուած հանգանակութեան շնորհիւ հաւաքուած է 50 հազար տոլար: Դրամահաւաքը կազմակերպուած էր յունիս 22-ին: Առաջին շաբաթուան ընթացքին հաւաքուած էր 26 հազար աւստրալիական տոլար, իսկ եզրափակիչ համերգի ժամանակ այդ թիւը հասած է 40 հազարի:
Հետաքրքրական էր, որ համերգին ներկայ եղած է ընդամէնը 120 հայ հանդիսատես: Մնացած 10 հազար տոլարը աւելցուցած են հայ գործարարները: Հաւաքուած գումարը ամբողջութեամբ պիտի նուիրաբերուի սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն եւ յատկապէս հալէպահայութեան, որ այսօր կը դիմագրաւէ կենցաղային եւ անվտանգութեան լուրջ դժուարութիւններ:
Դրամահաւաքը կազմակերպած էին Աւստրալիոյ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն, Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ), Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը (ՀՄԸՄ), Հայ դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը, Աւստրիոյ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնը:
Պոլիս
Սեբաստահայերու
Նոր Հաւաքատեղիի Բացում
Յունիս 13-ին Փանկալթի թաղի Թիւրքպէյ փողոցին մէջ կատարուեցաւ Սեբաստահայոց հայրենակցական միութեան նոր հաւաքատեղիին բացումը, ինչպէս նաեւ` Զաքարիա Միլտանօղլուի տեղադրումով լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը:
Նոր հաւաքատեղին գնուած էր անցեալ ամիսներուն` միութեան անդամներուն հանգանակութեամբ:
Սեպուհ Քոչաք եւ վարչութեան միւս անդամները մտերիմ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեցին բոլոր մասնակիցները:
Սեբաստահայոց եւ բարեկամներու միութեան վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Քոչաք բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն` յայտնեց, թէ ցուցադրուած լուսանկարներուն կարեւոր մէկ մասը ապահովուած էին միութեան երիտասարդ անդամներուն ջանքերով եւ Զաքարիա Միլտանօղլու այդ հաւաքածոն վերածած էր Սեբաստիոյ հարիւր տարուան պատմութեան վկայութեան:
Սեպուհ Քոչաք շնորհակալութիւն յայտնեց հանգանակութեան գլխաւոր բարերարներ` Տիգրան Կիւլմեզկիլի, Եթքին Պէրպէրօղլուի, Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւի եւ Զաքարիա Միլտանօղլուի:
Թեհրան
Երաժշտական Երեկոյ` Թեհրանի Հայոց Թեմի Ե
րեք Երգչախումբերուն Կատարողութեամբ
Յունիս 24-ին, ՀՄԱԿ-ի «Կոմիտաս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան երաժիշտ խմբավար Արփի Սիմրոճեանի ղեկավարած` Հայ համալսարանականներու ընդհանուր միութեան «Տաւիղ», ԹՀԹ Կրթական խորհուրդի «Նոր ձայներ» եւ ՀՄԱԿ-ի Արուեստից միութեան «Արուեստի դպրոց» երեք երգչախումբերը:
Թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի հովանաւորութիւնը վայելող ձեռնարկին նպատակը Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի մագիստրոսութեան շրջանաւարտ Արփի Սիմրոճեանի աւարտական համերգն էր:
Դաշնակի վրայ երգչախումբերուն ընկերակցեցաւ դաշնակահարուհի Ալին Թաշճեան: Համերգի ընթացքին ջութակի կատարումներով հանդէս եկան Նանէ Յովհաննիսեան եւ Նանոր Նազարեան:
Փարիզ
Պուք-Պել-Էռ Քաղաքին Հրապարակը
Անուանակոչուեցաւ
Հանրի Վեռնէօյի Անունով
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս ֆրանսական Պուք-Պել-Էռի քաղաքապետարանը որոշած էր քաղաքի մուտքի հրապարակը անուանակոչել Հանրի Վեռնէօյի անունով (Աշոտ Մալաքեան):
Առ այդ, հրապարակի բացման արարողութեան ներկայ էին Պուք-Պել-Էռի քաղաքապետ Ռիշար Մալիէ, Հանրի Վեռնէօյի կինը եւ անոնց զաւակներ` Սոֆի եւ Փաթրիք Մալաքեաններու ընտանիքները:
Բացման խօսքով քաղաքապետը նշեց, որ 100 տարի անցած է օսմանեան Թուրքիոյ գործած ամենամեծ ոճիրէն, սակայն Թուրքիան եւ միջազգային ամբողջ հանրութիւնը տակաւին չեն ճանչցած զայն: Ան նկատել տուաւ, որ կան մեծ թիւով գիտակից մարդիկ, յատկապէս` արուեստագէտներ, որոնք իրենց արուեստով կը փորձեն դատապարտել Թուրքիան ու կոչ ընել ճանչնալու հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը: Անոնց շարքին էր նաեւ բեմադրիչ Հանրի Վեռնէօյ, որ գեղարուեստական ժապաւէնի լեզուով փոխանցեց այն, ինչ որ, ճառերով կամ վաւերագրական ժապաւէնով անկարելի է ըսել:
Հանրի Վեռնէօյի դուստրը` Սոֆի Մալաքեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ նշեց, որ իր ընտանիքին պատմութիւնը ներկայացնող «Մայրիկ» եւ «588 Փարատի փողոց» ժապաւէններուն մէջ իր հայրը կրցաւ պատկերաւոր եւ ճշմարտացի նկարագրել Եղեռնէն մազապուրծ, Մարսէյ ապաստանած հայ գաղթականներուն վիճակը` յուզելով համայն աշխարհը եւ ներկայացնելով բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու անոնց կամքը:
Սերժ Մանուկեանին Շնորհուեցաւ
Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետի Շքանշան
Յունիս 10-ին, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ կից «Կարպիս Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, որուն ընթացքին Լիոնի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամ Սերժ Մանուկեանին շնորհուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան բարձրագոյն կոչումներէն` «Պատուոյ լեգէոնի ասպետ»-ին աստիճան: Հանրապետութեան նախագահին կողմէ մեծարեալին շքանշանը յանձնեց թեմի նախկին առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան:
Սերժ Մանուկեան այս կոչումին արժանի նկատուած է միութենական, յատկապէս մարզական միութիւններու կեանքէն ներս ունեցած իր ընդհանուր ծառայութիւններուն համար:
Հայաստանեան Առաջին
«Աշխատանքի Տօնավաճառ»-ը
Եւրոպական Միութեան «Թիրախային նախաձեռնութիւն Հայաստանի համար» ծրագրի ծիրէն ներս, 13 յունիսին Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մայր տաճարի «Նուրհան Ֆրենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայաստանեան առաջին «Աշխատանքի տօնավաճառ»-ը եւ «Պատկերացուր Հայաստանը» խորհրդակցական ժողովը:
Յայտագիրը բաժնուած էր գլխաւոր երեք բաժիններու: Առաջին բաժինով ցուցադրուեցան փաստագրական ու քարոզչական կարճատեւ ժապաւէններ` նուիրուած այն ոլորտներուն, որոնք արտասահմանեան մարդուժի պէտք ունին, ինչպէս` գինեգործութիւն, տեղեկատուական ճարտարագիտութիւն, զբօսաշրջութիւն, մասնագիտական խորհրդատուութիւն…
Երկրորդ բաժինը նուիրուած էր Հայաստան հաստատուած ու այնտեղ աշխատանք գտած զանազան անձերու վկայութիւններուն ու փորձառութիւններուն: Հայաստանցիներ եւ ֆրանսահայեր, որոնք այդ ոստումը կատարած են, խանդավառութեամբ արտայայտուեցան իրենց հայաստանեան կեանքին մասին:
Երրորդ բաժինը յատկացուած էր Հայաստանէն յատկապէս Ֆրանսա ժամանած ընկերութիւններուն, որոնք եկած էին աշխատատեղիներ առաջարկելու ներկաներուն: Ընկերութիւններու մարդուժի պատասխանատուները ներկայացուցին իրենց ընկերութիւնը, իրենց հետապնդած նպատակը եւ իրենց փնտռած անձը:
Կարինէ Սիմոնեան, որ կը ներկայացնէր Գերմանիոյ միջազգային գործակցութեան ընկերութեան հայկական բաժինը, բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ֆրանսայի «Աշխատանքի տօնավաճառ»-ին մասնակից ընկերութիւններու ընտրութեան մէջ կարեւոր գործօն հանդիսացած էր վարձատրութիւնը, որ ըստ աշխատանքին կը տարուբերի 600-էն 3000 եւրոյի միջեւ:
Այս տօնավաճառի պատրաստութեան իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած էին` «Ռիբեթ Արմինիա»-էն Վարդան Մարաշլեան, «Այտիա» հաստատութենէն Սերգէյ Թանթուշեան եւ «100 լայվզ»-էն Արէն Ապիկեան: Շուրջ յիսուն ներկաներուն առիթը տրուեցաւ ուղղելու հարցումներ, որոնք կը վերաբերէին Հայաստան հաստատուելու կարելիութիւններուն:
«Ռիբեթ Արմինիա» յայտարարեց, որ առաջին ֆրանսահայը, որ գործի կ՛ընդունուի Հայաստանի մէջ, կը ստանայ դէպի Հայաստան թռիչքի տոմսը` «մէկ ուղղութեամբ», իբրեւ նուէր:
Ցուցադրուեցաւ Շանթալ Փիքոյի
«Յիշողութեան Հրձիգները»
Վաւերագրական Ժապաւէնը
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէի, Կապոյտ խաչի, «Նոր սերունդ»-ի եւ Մշակոյթի տան յանձնախումբին, 10 յունիսին Փարիզի Հայ մշակոյթի տան «Տեմիրեան» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ ֆրանսացի բեմադիր Շանթալ Փիքոյի «Յիշողութեան հրձիգները» վաւերագրական ժապաւէնը, որ ցարդ սփռուած է «Թութ լիսթուար» եւ զուիցերական հեռատեսիլի ֆրանսախօս «Ռոմանտ» կայաններէն:
52 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնը առաջին փաստագրական ժապաւէնն է, որ կը ներկայացնէ տարբեր ցեղասպանութիւններու մերժումին համեմատական եզրը: Բեմադրիչը կը ներկայացնէ Ցեղասպանութեան մերժումը, որ 1987-ին Հանրի Ռուսօ «ժխտողականութիւն» որակած է եւ կը վերաբերի Հրեաներու ողջակիզման (5-6 միլիոն զոհ), Հայոց ցեղասպանութեան (մէկուկէս միլիոն զոհ) եւ ասկէ 20 տարի առաջ գործադրուած Ռուանտայի թութսիներու (800 հազար զոհ) նկատմամբ գործադրուած ցեղասպանական արարքին:
Շ. Փիքօ ըսաւ, թէ այս ժապաւէնով ինք կ՛ապացուցէ, որ «ցեղասպանութիւն»-ը եւ «ժխտողականութիւն»-ը նոյն մետալին երկու երեսներն են, եւ ժխտումը կը սերի ցեղասպանութենէն:
Ժապաւէնին մէջ Իվ Թեռնոն պատմական ակնարկով կ՛անդրադառնայ 20-րդ դարու երեք անհերքելի ցեղասպանութիւններուն: Հոն կը տեսնենք թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի վկայութիւնները, ուր ան կը հաստատէ, թէ թուրքերուն համար դիւրին չէ ընդունիլ, որ իրենց պետութեան հիմնադիր հայրերը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին գողեր ու մարդասպաններ եղած են, աւելցնելով, որ պետական ժխտողականութիւնը իրարու յաջորդող կառավարութիւններու կողմէ 2000 թուականէն ետք հետզհետէ աւելի արմատականացած է` դասագիրքերու խմբագրական ուղղութեան փոփոխութեան զուգընթաց եւ ներկայիս թուրք աշակերտներուն կ՛ուսուցանուի, որ հայերն են, որ Ցեղասպանութիւն գործած են թուրքերու նկատմամբ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին:
Ժապաւէնի վերջին բաժինը յատկացուած էր ժխտողականութեան դէմ պայքարող կազմակերպութիւններու պատասխանատուներու վկայութեանց, որոնք աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալեն:
Գործին մասին յիշատակութեան արժանի են բեմադիր Շանթալ Փիքոյի մտածումները, ուր ան կը հաստատէ, թէ մերժումի քարոզչութիւնը նոյնքան պախարակելի է, որքան` նոյնինքն ոճիրը: Ժխտելով` երկրորդ անգամ կը մահանան զոհերը, իսկ անոնց ժառանգներն ալ կ՛ամբաստանուին ստախօսութեամբ: Այս երեք ցեղասպանութիւններէն մեկնելով` հեղինակը կը փորձէ վերլուծել եւ հասկնալ ժխտումի անարգ գաղափարախօսութիւնը, որ տակաւին կը շարունակուի:
Միացեալ Նահանգներ
Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր
Եկեղեցւոյ Մէջ Սրբապատկերի Օծում
Յունիս 20-ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելութիւն մը տուաւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ ծխական համայնքին, ուր 21 յունիսին, յընթացս Ս. պատարագի, սրբալոյս միւռոնով օծեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին կողմէ Ս. Տրդատ թագաւորին մկրտութիւնը պատկերացնող նոր իւղաներկ պատկերը:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները` Հայրերու տօնին առթիւ, խօսեցաւ տօնի խորհուրդին ու հայր ըլլալու իմաստին մասին եւ կանգ առաւ հօր մը ընտանիքին եւ ընկերութեան մէջ ունեցած դերակատարութեան վրայ: Ան յիշատակեց ազգային բարերար եւ մեծանուն հայ Գըրք Գրգորեանը` նշելով, որ թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգիստ պիտի կատարուի մեծանուն բարերարին համար: Ապա ան անդրադարձաւ հանգուցեալ բարերարին կեանքին ու բարեսիրական գործունէութեան վրայ:
Սրբազան հայրը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նորաօծ սրբապատկերին խորհուրդին եւ պատմական ակնարկ մը նետեց Գրիգոր Լուսաւորիչի` Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման մէջ ունեցած հիմնական դերակատարութեան, գործակցութեամբ Ս. Տրդատ թագաւորին, վեր առնելով Գ. Լուսաւորիչ հայրապետի դերն ու ներգործութիւնը:
Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ մեծանուն բարերար Գըրք Գրգորեանի հոգւոյն համար:
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին առաջնորդ սրբազանը մասնակցեցաւ Հայրերու տօնին առիթով եկեղեցւոյ սրահին մէջ պատրաստուած սիրոյ սեղանին:
Այնուհետեւ, ան հանդիպում ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ երեսփոխաններուն եւ հոգաբարձութեան անդամներուն հետ` խորհրդակցելով ծխական համայնքի աշխատանքներուն, ապագայի ծրագիրներու եւ գաղութային այլ հարցերու մասին: Սրբազանը գնահատեց եւ օրհնեց անոնց անսակարկ նուիրումը: