Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախ Լաւ Մարդ, Յետոյ` Գաղափարապաշտ…

Յուլիս 10, 2015
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

«Գործօնութիւն», «մարտունակութիւն», «արիութիւն», «անշահախնդրութիւն», «ուղղամտութիւն», «պարկեշտութիւն», «համեստութիւն»…

Այսպիսի բառերով է, որ Հրաչ Տասնապետեան կ՛անդրադառնայ դաշնակցականի տիպարին, «Ո՞վ է դաշնակցականը» գիրքին մէջ:

Կը կարծեմ, որ նկարագիրի այս կէտերը պէտք չէ միայն պատկանին դաշնակցականի մը, այլ` ոեւէ մարդու, որովհետեւ հայ կամ դաշնակցական ըլլալէ առաջ, նախ պէտք է ըլլալ լաւ մարդ: Այս նկարագիրը անհրաժեշտ է ոչ միայն լաւ դաշնակցական գործ մը կատարելու համար, այլ նաեւ` յաջողութիւն գտնելու կեանքին մէջ, իբրեւ լաւ մարդ:

***

Եթէ մտածենք հայրենիքին ծառայելու միջոցներուն մասին, կրնանք ըսել, որ գաղափարի մը հետեւիլը ամէնէն դիւրին միջոցներէն մէկն է: Գաղափարի մը հետեւելով` երբեմն կը մոռնանք բարոյականութիւնը եւ դիմակով մը մենք մեզ կը համարենք հայրենիքի նուիրուած եւ ազգին համար զոհուող հայրենասէրներ: Բայց ի՞նչ կ՛ընեն անոնք, որոնք խոստացած են ամէն բան նուիրել հայրենիքին (նոյնիսկ հարկ եղած պարագային` իրենց կեանքը), բայց իրենց նկարագիրին մէջ լաւ մարդ ըլլալու ոչ մէկ նշոյլ ունին: Իրապաշտ ըլլանք եւ ընդունինք, որ շատ քիչեր են անոնք, որոնք իրենց խոստումին տէրը կ՛ըլլան եւ ամբողջովին կը նուիրուին իրենց ազգին, մինչ ուրիշներ միայն իրենց շահերը կը հետապնդեն կամ պատճառ կը դառնան ուրիշին շահերուն: Մինչ մեր ազգը լուրջ հարցերու դիմաց կը գտնուի, անոնք կը կեդրոնանան իրենց «եղբայրները» վիրաւորելու վրայ, կամ` տիրանալու հանգամանքի մը եւ կամ լեցնելու իրենց գրպանները: Բայց անոնցմէ քանի՞ հոգի  սահման կ՛երթայ զոհուելու` հայրենիքին ծառայած ըլլալու համար, կեանքը նուիրելով:

Միութիւններուն մէջ կը քարոզեն, թէ ժողովներուն ներկայութիւնը պարտադիր է, թէ` պէտք է ամէն բան զոհել հայրենիքին համար: Արդեօք 1800-ական թուականներո՞ւն կ՛ապրինք, երբ ֆետային իր ընտանիքը, տունը եւ ուսումը կը ձգէր եւ կը նուիրուէր ազգին:

Ուսումը կրնայ հայրենիքին ծառայելու ամէնէն զօրաւոր զէնքերէն մէկը դառնալ: Երբեմն ուսման բարձր մակարդակը կրնայ շատ աւելի լաւ օգնել հայրենիքին, քան` հրապարակաւ անիմաստ խոստումներ տալը…

Հայրենադարձութիւնը ամէնէն լաւ միջոցներէն մէկը կը համարեմ` հայ ազգին ծառայելու համար: Հայրենիքի մէջ է, ուր ձուլումի ոչ մէկ վտանգ կայ: Հոն է, որ կը գտնենք մեր պատմութիւնը, մեր մշակոյթը եւ մեր ինքնութիւնը: Բայց հասկնալի են Հայաստան հաստատուելու դժուարութիւնները: Նոյնքան կարեւոր է արտագաղթին դէմ պայքարը, որովհետեւ տրամաբանական չէ, որ Հայաստանի մէջ ապրին քանի մը միլիոն հայեր, իսկ Հայաստանէն դուրս` աւելի քան եօթը միլիոն հայեր:

Նիւթական օժանդակութիւնները, մանաւանդ սփիւռքահայութեան կամ մեծահարուստ հայերու կողմէ, հայրենիքի բարգաւաճման եւ կառուցման ամենայաջող ձեւերն են:

Հայոց լեզուին պահպանումը անհրաժեշտ կը նկատեմ, տրուած ըլլալով, որ հայերէնը այն լեզուներէն է, որ բռնած է չքանալու ճամբան:

Բազմաթիւ ուրիշ ձեւեր կրնամ նշել հայրենիքին ծառայելու համար, միայն հայրենիքին ծառայելու համար` առանց ոչ մէկ ակնկալութեան: Բայց պէտք չէ մոռնալ այն սուրբ գործը, որ կը կատարեն երիտասարդ զինուորները, Արցախի սահմանը: Անոնք, որոնք գուցէ մեզի գաղափարակից չեն, բայց ինչպէս կը տեսնենք, կեանքի գնով կը պաշտպանեն մեր հողերը: Պէտք է օրինակ առնել անոնցմէ կամ գոնէ փորձել հասկնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ամէն ինչ զոհել հայրենիքի համար:

Ամէն մարդ կրնայ իր յարմար ձեւով օգտակար դառնալ հայրենիքին: Ամէն մարդ կրնայ իր ձիրքով, իր ուսումով կամ իր համոզուած ձեւով օժանդակել Հայաստանի բարգաւաճման: Բայց փորձենք չմոռնալ, մենք, որ մեր գաղափարներով խոստացած ենք ծառայել հայրենիքին, թէ` գաղափարապաշտ ըլլալէ առաջ պէտք է ըլլալ լաւ մարդ: Պէտք է ըլլալ գործօն, մարտունակ, արի, անշահախնդիր, ուղղամիտ, պարկեշտ, համեստ…

 

 

 

Նախորդը

Զարկ Զթամբը, Որ Իմանայ Անառակը

Յաջորդը

Հայրենիքի Օդն Ու Ջուրը Ուրիշ Ա

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Յուլիս 2, 2025
Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ
Զաւարեանական

Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ

Յուլիս 2, 2025
Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը
Զաւարեանական

Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը

Յուլիս 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?