Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶՈՄ-ի «Դէպի Երկիր Վարժանք Ծրագիր»-ի Անդրանիկ Մասնակիցները Կը Պատմեն Իրենց Փորձառութեան Մասին

Յուլիս 10, 2015
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1912164_431498283660787_1812439402_n2014-ին ԶՈՄ-ը հիմը դրաւ «Դէպի Երկիր վարժանք ծրագիր»-ին, «Դէպի Հայք» (ԴՀ) հիմնադրամին հետ գործակցաբար: Տարի մը ետք, արդէն իսկ Լիբանանէն չորս ուսանողներ ամբողջացուցած են ծրագիրը եւ զանազան ոլորտներու մէջ` կամաւոր աշխատանք տարած Հայաստանի մէջ: Այժմ ծրագիրին հինգերորդ մասնակիցը արդէն իսկ կը ծառայէ Երեւանի եւ զանազան գիւղերու մէջ: Երեք ուսանողներ եւս պիտի մեկնին յառաջիկայ շաբաթներուն, ցարդ վարժանքի ծրագիրին մասնակցողներու ընդհանուր թիւը հասցնելով ութի:

Կամաւորներու անձնական փորձառութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու եւ անոնց վկայութիւնները լսելու միտումով «Զաւարեանական էջ»-ը հարցազրոյց կատարեց «Դէպի Երկիր վարժանքի ծրագիր»-ին մասնակիցներէն Փաթիլ Բրուտեանի եւ Արամ Փափազեանի հետ:

Յիշեցնենք, որ 20-35 տարեկան սփիւռքահայ երիտասարդներ կրնան մասնակցիլ ծրագիրին: Անոնք իրենց մասնագիտութեան կամ նախասիրած բնագաւառին մէջ պիտի կատարեն կամաւոր աշխատանք` նուազագոյնը վեց շաբաթ տեւողութեամբ: Բացի վարժանքէն, կամաւորներուն կ՛ընծայուի առիթ` ապրելու հիւրընկալ ընտանիքի մը տան մէջ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչո՞ւ ուզեցիք մասնակցիլ «Դէպի Երկիր» վարժանքի ծրագիրին:

ԱՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ.- Փետրուարին համալսարանը աւարտելէս ետք կը զգայի, թէ նախքան գործի դիմելս` պէտք էր, որ վարժանք մը կատարէի եւ յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգէի իմ մարզիս մէջ: Անպայման կ՛ուզէի վարժանքը կատարել Հայաստանի մէջ, որպէսզի առիթ ունենայի քիչ թէ շատ գիտնալու, թէ ի՛նչ են իմ մասնագիտութեանս ընդհանուր մակարդակն ու գործի կարելիութիւնները Հայաստանի մէջ:  Նաեւ ի մտի ունէի, որ այս ծրագիրին միջոցով առիթ պիտի ունենայի հայրենիքս տեսնելու տարբեր դիտանկիւնէ եւ ապրելու հայաստանեան առօրեայ կեանքը:

ՓԱԹԻԼ ԲՐՈՒՏԵԱՆ.- Շատ կ՛ուզէի մասնակցիլ ծրագիրին, որովհետեւ կ՛ուզէի Հայաստան երթալ եւ իմ հայրենիքս տեսնել: Բայց խորքին մէջ զբօսաշրջութիւն ընել չէր ուզածս, այլ` ձեւով մը ներդրում ունենալ հայրենիքիս մէջ: Այս պատճառով հետաքրքրուեցայ վարժանքով եւ քայլ առ քայլ դիմեցի` յուսալով, որ անպայման երազս կ՛իրականանայ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.-   Արամ եւ Փաթիլ, խօսեցէ՛ք մեզի` ե՞րբ եւ ո՞ւր ըրիք վարժանքները եւ ի՞նչ ոլորտներու մէջ:

Ա. Փ.- Ես վարժանքս ըրի 21 փետրուարէն 3 ապրիլ, graphic design ոլորտին մէջ, «Jarakite Creative Partners»-ի ընկերութեան մէջ, Երեւան: Ընկերութիւնը կը ստանձնէ ծրագիրներ տեղացի եւ արտերկրի յաճախորդներէ: Միջին հաշուով օրական վեց ժամ կ՛աշխատէի հոն: Իւրաքանչիւր ծրագիր սկսելէ առաջ աշխատակազմով կը մտածէինք ծրագիրի ստեղծագործական երեսներուն մասին, ապա գործերը կը բաժնուէինք եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը կ՛աշխատէր ծրագիրէն բաժինի մը վրայ: Պէտք է աւելցնեմ, որ մթնոլորտը շատ հաճելի էր, գործատէր-պաշտօնեայ յարաբերութիւնը շատ հեզասահ եւ ընկերական էր, այնքան, որ նոյնիսկ կարգ մը երեկոներ միասին ընկերական խնճոյքներու ներկայ եղանք: Ուրեմն կրնամ ըսել, որ փորձառութիւնը շատ օգտակար էր թէ՛ աշխատանքի եւ թէ՛ բարեկամութեան գետնի վրայ:

Փ. Բ.- Գրեթէ 11 շաբաթ մնացի Հայաստան: Առաջին մէկուկէս ամիսը մնացի Երեւան ու աշխատեցայ «Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամ»-ին մէջ, որուն Երեւանի գրասենեակի նախագահն է պատմաբան եւ յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան: Իսկ յաջորդ ամիսը փոխադրուեցայ Գիւմրի, ուր աշխատեցայ երկու կազմակերպութիւններու մօտ` «Քաղաքային ուսումնասիրութիւնների կենտրոն» (City Research Center) եւ Historic Armenian Houses:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արա՛մ, դուն, որ նախապէս Հայաստան գտնուած ես, ի՞նչ տարբերութիւն գտար այս փորձառութեանդ եւ նախորդ փորձառութիւններուդ միջեւ: Հայաստանը տարբեր տեսա՞ր:

Ա. Փ.- Այո՛, տարբեր էր միւս անգամներէն. նախ` ամէնէն երկար կեցութիւնս էր, եւ յետոյ այնպէս մըն էր, որ կարծես հոն կը բնակէի, այն իմաստով, որ հոն կը գտնուէի եւ տեղացիներուն նման կ՛արթննայի, գործի կ՛երթայի, օրը կ՛անցընէի… զբօսաշրջութենէն տարբեր էր: Այս մէկը պատճառ եղաւ, որ աւելի կապուիմ Հայաստանին: Եթէ պատահի, որ այսօր գործ գտնեմ Հայաստանի մէջ, շատ աւելի մղում պիտի ունենամ գործը ընդունելու եւ Հայաստան հաստատուելու:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Իսկ դուն, Փաթի՛լ, առաջին անգամն էր, որ Հայաստան կը գտնուէիր: Ինչպէ՞ս կրնաս նկարագրել հայրենիքի հետ ծանօթացումն ու կապը:

Փ. Բ.- Հայաստան հասնելուս պէս արդէն իսկ «Դէպի Հայք» հիմնադրամի անձնակազմը առաջնորդեց զիս դէպի իմ հիւրընկալ ընտանիքիս մօտ, որոնք իսկապէս առաջին օրէն ջերմօրէն դիմաւորեցին զիս: Առաջին կամաւորն էի, որ կը բնակէր իրենց հետ: Շատ հետաքրքրուած էին իմ խօսած հայերէնովս, խօսակցական ոճովս եւ մտածելակերպովս: Հիւրընկալ ընտանիքէս բացի, ընդհանրապէս քիչ մը ժամանակ առաւ, որպէսզի հանգիստ կերպով կապ հաստատեմ եւ յարաբերիմ շրջապատիս հետ: Առաջին օրերուն բաւական մտահոգ էի` ճամբաները լաւ չէի գիտեր եւ տեղացիներուն լեզուն լաւապէս չէի հասկնար: Բայց կրնամ վկայել, որ ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ փոխուեցաւ. շաղուեցայ ժողովուրդին հետ, բաժնեցի անոնց մտահոգութիւնները եւ հասկցայ երկրին մէջ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները: Իսկ Գիւմրի գտնուիլս շատ էական էր, որովհետեւ ծանօթացայ Երեւանէն դուրս պարզուող հայաստանեան կեանքին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.-  Ի՞նչ էին ձեր տպաւորութիւնները այս փորձառութեան մասին:

Ա. Փ.- Տպաւորութիւնս շա՜տ շա՛տ լաւ էր: Համոզուեցայ, որ կ՛արժէ փորձել որեւէ բան, որ կ՛ընենք նաեւ ուրիշ միջավայրի մէջ, ըլլայ այդ մէկը ուրիշ երկիր կամ ընկերութեան մէջ կամ ուրիշ մարդոց հետ, որովհետեւ նոր փորձառութիւններ ձեռք կը ձգենք: «Դէպի Հայք» վարժանքի ծրագիրը նաեւ ունէր դաստիարակչական բաժին մը, ինչպէս` դասախօսութիւններ, ֆորումներ, մշակութային ձեռնարկներ, որոնք շատ օգտակար եւ հաճելի դարձուցին կեցութիւնս:

Փ. Բ.- Կրնամ հաստատօրէն ըսել, որ հրաշալի փորձառութիւն մը ունեցայ Հայաստանի մէջ, մանաւանդ` իբրեւ կամաւոր «Դէպի Հայք»-ի ճամբով, որովհետեւ հիմնադրամի միջոցով է, որ ես եւ այլ կամաւորներ կրցանք ուղղակի շփումի մէջ մտնել ժողովուրդին հետ եւ ապրիլ իսկական Հայաստանի մէջ, ըլլայ այդ մէկը վարժանքներու, հիւրընկալ ընտանիքներու եւ ընդհանուր առմամբ պտոյտներու ճամբով:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Բացի վարժանքներէն` ծրագիրը ունի իր ընկերային բաժինը եւ ծանօթացաք մեծ թիւով կամաւորներու` զանազան այլ երկիրներէ: Ի՞նչ էին ձեր տպաւորութիւնները ձեր մշակած նոր ընկերութիւններուն նկատմամբ:

Ա. Փ.- Բոլորս կարծես կը կազմէինք մէկ ընտանիք, որ կազմուած էր անդամներէ, որոնք եկած էին աշխարհի չորս կողմերէն, տարբեր մշակոյթներէ եւ միասնաբար կը կազմէին մէկ ընկերական ուժ:

Փ. Բ.- Իրականութեան մէջ, այլ կամաւորներու ներկայութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար յոյսի եւ քաջալերանքի աղբիւր մըն էր: Բոլորս կը բաժնէինք նոյն զգացումները. միեւնոյն ժամանակ քիչ մը օտար, բայց եւ այնպէս շատ հարազատ կը զգայինք հայրենիքի մէջ: Կային շատեր, որոնք բացարձակապէս հայերէն չէին գիտեր, բայց հայերէնի դասընթացքներուն շնորհիւ` որոշ չափով բառեր կամ նախադասութիւններ կազմելու սկսան ժամանակ մը ետք: Որքան ալ տարբեր ըլլայինք իրարմէ, ամէն ինչ կը կատարէինք միասնաբար. միասնաբար հրճուեցանք եւ յուզուեցանք, միասնաբար հաց կերանք ու կենաց խմեցինք, երգեցինք ու պարեցինք: Որքան ալ տարբեր ըլլայինք իրարմէ, հասարակ յայտարար մը կար մեր միջեւ. բոլորս ալ հայ էինք վերջի վերջոյ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կը յանձնարարէ՞ք, որ այլ երիտասարդներ մասնակցին սոյն ծրագիրին: 

Ա. Փ.- Այո՛, կը յանձնարարեմ, եթէ առիթը ունին, թող փորձեն չփախցնել նման առիթ մը:

Փ. Բ.- Անշո՛ւշտ. կը քաջալերեմ, որ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ դադարի ժամանակ մը յատկացնէ իր  առօրեայ կեանքէն եւ ծառայէ հայրենիքին մէջ: Կարեւոր է առանց որեւէ մէկ ակնկալութեան երթալը, որպէսզի իւրաքանչիւր վայրկեան ապրուի այնպէս, ինչպէս որ պէտք է:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վերջին խօսք ունի՞ք փոխանցելիք:

Ա. Փ.- Այո՛: Վարժանքի ծրագիրին դիմեցէ՛ք:

Փ. Բ.- Կ՛ուզեմ խօսքս ուղղել վարժանքի ծրագիրի բոլոր ապագայ կամաւորներուն եւ քաջալերել, որ անպայման մնան հիւրընկալ ընտանիքի մը մօտ: Ընտանիքը յենարան մը կրնայ հանդիսանալ կամաւորին` անոր առօրեայ դժուարութիւնները դիմագրաւելու համար: Ընտանիքի անդամները կը բաժնեկցին կամաւորին ուրախ պահերը այնքան մը, որ կամաւորը կը զգայ, թէ իսկապէս մաս կը կազմէ այդ ընտանիքին: Ես անձնապէս շատ կապուեցայ իմ հիւրընկալ ընտանիքիս, անկեղծ սէր եւ հոգատարութիւն գտայ անոնց մօտ: Իսկապէս որ չափազանց հիւրընկալ է հայ ժողովուրդը:

ՀՅԴ «ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ ԷՋ» ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

 

Նախորդը

Հակազդելու 365 Օրեր

Յաջորդը

Վալերի Թորանեանի Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքը Մրցանակակիր

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?