Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենիքի Օդն Ու Ջուրը Ուրիշ Ա

Յուլիս 10, 2015
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՆԱՀԻՆ ՏԱՒՐՈՍ

Օտար երկրի, օտար տունը տո՛ւն չի ձեզ,
Օտար տան մէջ կիսատ քունը քո՛ւն չի ձեզ,
Օտար հավքի սիրոյ բոյնը բո՛յն չի ձեզ,
Հայրենիքի ջերմ կարօտով եկէ՛ք տուն:
ԳՈՒՍԱՆ ՇԱՀԷՆ

Երեք հայրենադարձներ են: Օտար երկրի իրենց կիսատ քունը թողած` հայրենիքի կարօտով հասած են Հայաստան:

Ակամայ կը մտածեմ օտար երկրի մէջ կիսատ քուն փնտռող հազարաւոր արտագաղթողներու մասին, որոնց ցաւոտ լուրերը օրական կը մրճահարեն մեր հոգիները:

Իսկ երեք հայրենադարձները իրենց ընտանիքներով հարիւր կը թուին ըլլալ աչքիս:

Եւ չկարծէ՛ք, թէ անոնք նիւթապէս ապահով  հասած են հայրենիք: Չկարծէք, թէ արդէն իսկ գործ ճարած են Հայաստանի մէջ: Չկարծէք, թէ անոնք հաստատուած են Երեւանի շքեղ թաղամասերուն մէջ:

Երկուքը «Մասաքին»-էն են (չգիտցողներուն համար` Պուրճ Համուտի ամէնէն համեստ հայաբնակ թաղամասերէն): Մէկը իր կնոջ ու նորածին զաւկին հետ մեկնած է, միւսը, որ ոմանց կողմէ թաղին «թռռուկ» կիներէն կը սեպուէր, Մեծամօրի մէջ չնչին գումարով մը հող եւ խանութ գնած` մսագործութեամբ կը զբաղի: Արդէն իսկ «միս կը քաշէ կոր» գիւղին համար: Իսկ երրորդը Ամերիկայի իր հանգիստ ու ապահով կեանքը ձգած` վերադարձած է հայրենիք: Տակաւին գործ չունի, բայց վստահ է, որ ունեցած վկայականներով` «ինչ ալ ըլլայ, գործ մը կը գտնէ»:

Եւ գիտէ՞ք, թէ այս մարդիկը սփիւռքի մէջ նստած հայերէս ինչո՛վ կը տարբերին: Անոնք պարզապէս նախապաշարումներ չունին: Ընդհակառա՛կը, կը զարմանան, թէ ինչո՛ւ «միւսները» կը մտածեն, որ Հայաստանը «ապրուելիք» տեղ չէ, որ` հայաստանցիները կոշտ են, հայաստանցիները գող են, հայաստանցիները աս են, հայաստանցիները ան են: «Շաքարի պէս մարդիկ են հայաստանցիները»:

Այո՛, արտագաղթողներուն մեծ թիւերուն համեմատ` թերեւս շա՜տ քիչ է հայրենադարձներուն թիւը: Բայց ի՞նչ կարեւոր է, որ քանի հոգի կը վերադառնայ հայրենիք: Կարեւորը, այդ մարդոց հարստութիւնն է: Հոգիի՛ հարստութիւնը, գիտակի՛ց հայու տեսակը: Ա՛յն հայու տեսակը, որ հասկցաւ, թէ սփիւռքի մէջ մենք ապագայ չունինք, թէ` օտար երկրի մէջ հայու գոյութիւնը, նախ` իբրեւ անհատ, ապա իբրեւ հաւաքականութիւն` վտանգուած է:

Եւ հաւատացէ՛ք, որ այս մարդիկը գաղափարական դպրոցներ աւարտած չեն: Կուսակցականներ չեն: «Ա՜խ հայրենիք» երգողներ չեն: «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ»-երու յուզուողներ չեն: Հայրենադարձութեան մասին խորհրդաժողովներ կազմակերպողներ ու անոր քարոզիչները չեն:

Ասոնք` այն մարդիկն են, որոնք թրքական կայաններ կը դիտեն: Այո՛, մեր հակաթուրք պայքարի կիզակէտը դարձած թրքական ապրանքները կը գնեն: Այն մարդիկն են, զորս ապրիլ 24-է ապրիլ 24 կը տեսնենք, որոնք մեզի համար կեղծ հայրենասէրներ են:

Բայց եկո՛ւր եւ տե՛ս, որ անոնք մեզմէ առաջ հասկցան հայրենադարձութեան կարեւորութիւնը, մեզմէ առաջ ընկալեցին մեր իսկ քարոզածը:

Անոնց կեանքը դիւրին պիտի չըլլայ հայրենիքի մէջ, բայց հայրենի օդն ու ջուրը «ուրիշ ա», իսկ մնացեալը` մանրամասնութիւն:

 

 

Նախորդը

Նախ Լաւ Մարդ, Յետոյ` Գաղափարապաշտ…

Յաջորդը

Հակազդելու 365 Օրեր

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?