Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալֆորվիլի «Գէորգ Արապեան» Դպրոցին Բացումը

Յուլիս 9, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-09-15_arabian-(2)7-09-15_arabian-(1)Յուլիս 4-ին Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի վարչապետներ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Մանուէլ Վալսի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է հայկական վարժարանի բացման արարողութիւն:

Վարժարանի բացման ներկայ էին Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ Քլոտ Պարթոլոն, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան, արտաքին գործոց փոխնախարար Կարէն Նազարեան, Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամներ, երկու երկիրներու դեսպանները, Ալֆորվիլի քաղաքապետը, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, սրբազան հայրեր:

Բացման ժապաւէնը կտրեցին վարչապետները` ներկայութեամբ բարերար Գէորգ Արապեան, ապա տեղի ունեցաւ դպրոցին բակը զետեղուած խաչքարի օծում եւ շրջագայութիւն դպրոցին մէջ` առաջնորդութեամբ ճարտարապետ Միրիամ Յակոբեանի:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ Կարին Լեռեան, որ «Դպրոցի մատակարար մարմին»-ին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց այս գործը իրականացնողներուն, հայ մանուկներուն կրթական յարմարագոյն նոր պայմաններ ստեղծելուն համար:

Երկրորդ խօսք առնողը եղաւ Նորվան արք. Զաքարեան, Ֆրանսահայ թեմի անդրանիկ առաջնորդը, որ ամփոփ կերպով նշեց բոլոր անոնք, որոնք այս գործին բերին իրենց մասնակցութիւնը, յատկապէս շեշտեց Ցեղասպանութեան հետեւանքները յաղթահարելու ուժը, որուն բացայայտ օրինակն է այս դպրոցին գոյութիւնը: Խօսք առաւ նաեւ Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ` Վահան եպս. Յովհաննէսեան, որ իր կարգին շնորհաւորեց իրագործումը:

Դիմելով ներկաներուն` Յովիկ Աբրահամեան ըսած է. «Հայոց ցեղասպանութենէ մազապուրծ հարիւր հազարաւոր հայերուն խաղաղ տանիք ու ապահով կեանք տուած եւ յաջորդող սերունդներուն հայրենիք դարձած Ֆրանսայի մէջ բացուող այս նոր կրթութեան օճախը եւս մէկ անգամ կ՛ազդարարէ, որ մեր ժողովուրդի բնաջնջումը ծրագրած Օսմանեան կայսրութեան քաղաքականութիւնը ի դերեւ ելած է, որ` հայերը կ՛ապրին եւ կ՛արարեն անկախ բնակութեան վայրէ:  Մեր հայրենակիցները Ֆրանսայի մէջ կրցած են ընդելուզուիլ, դառնալ այս երկրի օրինապաշտ քաղաքացիներ, աշխատիլ եւ ստեղծագործել` ի բարօրութիւն իրենց երկրորդ հայրենիքի: Միաժամանակ դուք ամուր կառչած մնացած էք ձեր արմատներուն, ձեր պատմութեան, ձեր մշակոյթին»:

«Այն փաստը, որ հայկական դպրոցի բացումը կը համընկնի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին, շատ կարեւոր եւ խորհրդանշական իմաստ ունի: Այս տարի Ֆրանսայի նախագահը ապրիլ 24-ին հայ ազգի կողքին էր` Երեւանի մէջ:  Իսկ ես Փարիզի մէջ` Կոմիտասի յուշարձանի մօտ, եւս հայ ազգի կողքին էի: Ֆրանսայի համար շատ կարեւոր է ցոյց տալ, որ մենք հայերու կողքին ենք»,  նշեց Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս: Ան կատարեց նաեւ կարեւոր երեք յայտարարութիւն: Առաջինը` այն, որ պետութիւնը կը խոստանայ Արապեան դպրոցին հետ գործակցութեան պայմանագիր կնքել` յանձն առնելով պետական պաշտօնէութեան վարձատրութիւնը, այնպէս, ինչպէս արդէն պատասխանատուութիւնը ստանձնած է նախակրթարանին համար: Երկրորդ, պատասխանելով Հայաստանի վարչապետին, հաւաստեց, թէ կ՛ընդունի Հայաստան այցելելու անոր հրաւէրը: Երրորդ, անդրադառնալով Ֆրանսայի արժէքներուն, շեշտեց երկրին աշխարհիկութեան ազատամիտ ու լայնախոհ դրութիւնը, ուր զանազան ազգերէ անձեր, պահպանելով սեփական ինքնութիւնը, կրնան ազատօրէն ապրիլ իրենց պատկանելիութիւնը, կրնան ֆրանսական մեծ հաւաքականութեան մաս կազմել ու իրենց մասնակցութիւնը բերել Ֆրանսայի հզօրացման ու զարգացման:

Ալֆորվիլի քաղաքապետը` Լիւք Քարվունաս, իր խօսքին մէջ շեշտեց դպրոցներու կարեւորութիւնը եւ Ալֆորվիլի բնակչութեան երիտասարդ ըլլալը, որուն ապացոյցն է Գէորգ Արապեան դպրոցի շինութիւնը, որ այս տարուան ընթացքին երրորդ կրթական նորակառոյց հաստատութիւնը կը հանդիսանար իր վարած քաղաքին մէջ: Շեշտելով իր յունական ծագումը, ան վերահաստատեց հայութեան կողմէ իրենց դպրոցի ու կրթութեան միջոցով հայկական ինքնութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը Ֆրանսայի հանրապետական արժէքներու ծիրէն ներս:

Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան դրուատեց ֆրանսեւհայկական դարաւոր յարաբերութիւնները, յիշեցուց հայութեան մօտ կրթութեան կարեւորութիւնը, հայերէն այբուբենը, որ 1600-ամեայ անցեալ ունի, իսկ տպագրութիւնը` արդէն 500 տարուան պատմութիւն®

Պաշտօնական հանդիսութիւնը վերջ գտաւ դպրոցի աշակերտութեան կողմէ երկու հանրապետութիւններու քայլերգներու երգեցողութեամբ, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի նուագակցութեամբ:

Գլխաւոր բարերար Արապեանին Քարվունաս յանձնեց Ալֆորվիլի պատուոյ քաղաքացիի շքանշանը, իսկ Հայաստանի վարչապետն ալ` Վարչապետի յատուկ շքանշանը:

Արապեան դպրոցի շինութիւնը արժած է 4,5 միլիոն եւրօ, որ գոյացած է անհատներու եւ հաստատութիւններու նուիրատուութիւններէ: Գէորգ Արապեան յատկացուցած է 2,5 միլիոնէ աւելին: Իսկ քանդակագործ Էմմա Աբրահամեան իր բնակարանը կտակած էր դպրոցին, որ այս օրերուս վաճառքի ընթացքի մէջ է:

Ներկայ կացութեամբ ծախսերուն 7,5 տոկոսը դեռ կը մնայ առկախ, այսինքն` 350.000 եւրօ: Փափաքողները կրնան նուիրատուութիւն կատարել «Nor Gertaran» անունով APCAF ընկերակցութեան, կամ համացանցով`  www.norgertaran.fr

 

Նախորդը

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները, Յղի Կնոջ Սննդականոնը

Յաջորդը

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Առաջին Քայլը Արապեան Դպրոցի Բացումին Առթիւ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?