Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարկ Զթամբը, Որ Իմանայ Անառակը

Յուլիս 10, 2015
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երբ գայլ մը հովիւ կը դառնայ, բնականաբար իրեն հետեւող առարկաները պիտի արածէ անտառի մը մէջ, հովիւի տախտակի հանգամանքը դարձնելով իր անբաժանելի «ընկերը»:

Ո՞վ է այս գայլը: Ինչպիսի՞ն է:

Գայլին նկարագիրը ընկերասիրութիւն չի պարունակեր, ո՛չ ալ յարգանք: Անոր իշխանութիւնը գիտէ հրամայականութիւնն ու նուիրապետութիւն: Կը դաստիարակէ իր անմիջական ենթակաները այնպէս,  որ անոնք չհամարձակին մոռնալ իր հեղինակութիւնը ու ըլլան իր անկեղծ ծառաները:

Ծառայութեան առոգանութիւնը միթէ քիչ մը ծանր թուի անոնց ճիտին ըստ արքայիք (archaique) հաւատքին, որովհետեւ «արքային ծառան արքայ է»: Սակայն իւրաքանչիւր խաբկանքի հեռանկարին մէջ կը բարդանայ գարշելի իրականութիւն մը:

Խաբկանքի երեւոյթը նոյնքան քաղցր է, որքան դառն: Պատկանելիութեան հետեւողականութեան, հեղինակութեան եւ իշխանութեան կեղծիքը ծառաներու ինքնավստահութիւն ու համարում կը սնուցանէ:

Բացառիկ իրաւասութիւն ունեցող ծառան, նոյն հոգեբանութեամբ ինքզինք արքայ կարծելով` բնականաբար պիտի փորձէ ինքնիր ենթականերու շարքերը կազմակերպել, վասն անձեռնմխելի գայլին եւ անոր հզօրութեան:

Տիրոջ անկեղծ զինուորն ըլլալը վստահաբար ունի իր վարձատրութիւնը, վերջ ի վերջոյ վարձատրութեան, ուժի եւ իշխանութեան պատրանքի օդն է, որ կը շնչեն անոնք, ջուրն է, որ կ՛ուզեն խմել անոնք:

Եւ այն շաւիղով է, որ կ՛աշխատին, ճիգ ու շունչ չխնայելով` ոչխար հաւաքելու գործով կը զբաղին: Իրենց շուրջ կը հաւաքեն զանոնք վստահ, եւ «դրախտի բանալիները» կը խոստանան, իսկ…

«Անհունարի լեզուն արդէն երկար կ՛ըլլայ» կ՛ըսեն, այս ծառաները ջանք չեն խնայեր այս խօսքը հաստատելու:

Ազնուականութեան գաղափարը ծառայի մը ըմբռնումէն դուրս է: Զարգացման ու յառաջդիմութեան յանդգնութիւնը ծառայի մը համար անօգուտ են:

Աննկարագիրն ու անգիտակիցը կը ծառայեն իր նպատակին, տգէտն ու նեղմիտը միայն կրնան նուիրեալ ըլլալ իր դատին:

Այսպէս «կը սաւառնին» այս օձերը, մէկ ուղիով կը մագլցին, գայլի ուղին, ստրկութեան ուղին, աննկարագրութեան ուղին, խաբեբայութեան, սպառնալիքի, սուտի ուղին:

«Թշուառութեան չափը, որ անցնի, աղէկ նշան է» կ՛ըսեն:

Գայլի ու բորենիներու անպատիւ ու անառակ երթը անտառը կը հաւաքէ առիւծին շուրջ: Այն անասունները, որոնք չեն սողար, անասունները, որոնք գետնի տակ չեն ապաստանիր, այն արջերը, որոնց որջը լուսաւոր է, այն չղջիկները, որոնք օրով կը թռչին, այն բազէները, որոնք կաղ անասուն չեն որսար, այն եղջիւրները, որոնք զուլալ աղբիւրէ կը յագեցնեն իրենց ծարաւը, այն վագրերը, որոնց մուշտակները գծաւոր չեն, սակայն` վիրաւոր, այն աղուէսները, որոնք խորամանկութեամբ «պանիր չեն գողնար», այն սկիւռները, որոնց աչքը ուրիշին կաղինին վրայ չէ, այս բոլորը եւ այսպիսիները հաւաքուեցան առիւծին շուրջ:

Մեղաւորն ու խոցելին տեղ չունին այս միաբանութեան մէջ, աղտոտն ու խաբեբան մնայուն բացակայ են, անկարծն ու աննկարագիրը այս համայնութեան մաս չեն կրնար կազմել: Գիտակից այս միաբանութեան ներկայութեան, գայլն ինքզինք պաշարուած կը զգայ, ու ան կը պայքարի իր վերջին մարտերուն:

Գայլը պիտի մեռնի, գայլերը կը մեռնին, նոյնպէս ալ` բորենիները: Սակայն միշտ պիտի ըլլան գայլեր, միշտ պիտի ըլլան բորենիներ, վերջ ի վերջոյ անտառի օրէնքն է սա:

Լաւագոյնը զանազանելն է ճերմակը սեւէն, մութը լոյսէն: Ոսկոր նետողի բորենին ըլլալու փոխարէն` առիւծի հաւատք է պէտք, զուլալ նկարագիր եւ համեստ տիպար: Անտառի մթութեան մէջ զգուշութիւնն ու գիտակցութիւնը բանալի բառեր են, քանզի գայլը մորթը կը փոխէ, սակայն բնութիւնը չի փոխեր:

ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ ՄԸ

 

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Հունձքը

Յաջորդը

Նախ Լաւ Մարդ, Յետոյ` Գաղափարապաշտ…

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Յուլիս 2, 2025
Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ
Զաւարեանական

Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ

Յուլիս 2, 2025
Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը
Զաւարեանական

Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը

Յուլիս 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?