Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Ազրպէյճանն Ու Անոր Լիպիիստները Ապակողմնորոշման Կ՛ենթարկեն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը

July 8, 2015
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-08-15_azerbaijan-usa7-08-15_paraԻլիա Լոզոսքի ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթին մէջ կը գրէ, որ տարիներով Ազրպէյճան ծածկած է իր մարդկային իրաւանց մարզի ահաւորութիւնը` ինքզինք Միացեալ Նահանգներուն ներկայացնելով իբրեւ «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին» մէջ հաւատարիմ գործընկեր մը, Իսրայէլի համար յանդուգն բարեկամ մը եւ ուժանիւթի կարեւոր մատակարարող մը: Աւանդական դիւանագիտութեան կողքին, անիկա այս պատգամը յառաջ կը մղէր վերլուծական կեդրոններուն, պետական օրէնսդիր մարմիններու եւ Քոնկրեսի միջանցքներուն մէջ աշխուժ լոպիինկով: Ազրպէյճանի կառավարութեան եւ անոր ամերիկացի լոպիիստներուն կողմէ եկամուտի եւ ծախսի պարտադիր բացայայտումները ցոյց կու տան, որ Պաքու եւ իր վարձկանները միայն 2014-ին նշեալ նպատակին համար ծախսած են առնուազն 4 միլիոն տոլար: Ըստ «Սանլայթ» հիմնարկին, երբ Ազրպէյճան 2013-ին միայն 2.3 միլիոն տոլար ծախսած էր արդէն Ուաշինկթընի մէջ ազդեցութիւն «գնող» օտար կառավարութեանց ցանկին առաջին տասնեակին մէջ էր: Այս փետրուարին Ազրպէյճանի դեսպանատունը իր գլխաւոր լոպիիստին` «Փոտեսթա կրուփ»-ին ամսական յատկացումը բարձրացուց 50 հազար ամերիկեան տոլարէն 75 հազար ամերիկեան տոլարի: «Փոտեսթա կրուփ»-ի գործունէութեան պարտադիր բացայայտումը ցոյց կու տայ, որ քոնկրեսական գրասենեակներու, գործադիր իշխանութեան գործակալութեանց, լրատուական մարզի անդամներու եւ վերլուծական կեդրոններու հետ քանի մը հարիւր շփումներ:

Այս բացայայտուած ծախսերէն ոչ մէկը ապօրինի է, եւ բազմաթիւ կառավարութիւններ, ներառեալ ազատական ժողովրդավարութիւններ Ուաշինկթընի մէջ ազդեցութիւն «կը գնեն»: Սակայն այն, ինչ որ ազրպէյճանցիներն ու անոնց լոպիիստները կարողացան Քոնկրեսի մէջ ձեռք բերել, ակնառու է` մասնաւորաբար նկատի առնելով ազրպէյճանական վարչակարգին իսկական բնոյթը:

7-08-15_bribed

Քոնկրեսական պաշտօնեայ մը, որ փափաքեցաւ անանուն մնալ նկարագրեց Ազրպէյճան-Ամերիկա դաշինքին նման իշխանամէտ խմբաւորումներու կողմէ կազմուած ընդունելութիւնները, որոնց ընթացքին Քոնկրեսի մինչեւ 20 անդամներ «ամպիոնին առջեւ շարք կը կենան»` սպասելով իրենց կարգը գովելու համար Ազրպէյճանը անոր տնտեսական յաջողութիւններուն, Միացեալ Նահանգներու հետ գործընկերութեան եւ Իսրայէլի հետ բարեկամութեան համար: Ան ըսաւ, որ այդ ձեռնարկները նշանակալից են մասնակից քոնկրեսականներու թիւին եւ անոնց արտասանած խօսքերուն միատեսակութեան առումով, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ այդ խօսքերը լոպիիստներու կամ իշխանամէտ կազմակերպութիւններու կողմէ թելադրուած են: Թէեւ խօսքերուն սղագրութիւնները գոյութիւն չունին, իշխանամէտ խմբակները կը սիրեն յոխորտալ վարչակարգին նկատմամբ ամերիկացի պաշտօնատարներու գովասանքներուն մասին, ինչ որ սիրտխառնուք կը պատճառէ:

Այն, ինչ որ շշմեցուցիչ է, այն է, որ «Քափիթըլ հիլ»-ի մէջ Ազրպէյճանի բարեկամներուն կողմէ անոր հասցէին արտայայտուած դրական զգացումները Պաքուի կառավարութեան կողմէ չեն փոխադարձուիր: Դեկտեմբեր 2014-ին Ալիեւի վարչակազմին ղեկավարը գրեց երկար (եւ ակներեւ կերպով փութինեան) հակաամերիկեան գրութիւն մը Ուաշինկթընը ամբաստանելով ժողովրդավարութիւն ջատագովելու պատրուակով յեղափոխութիւն հրահրելու յանցանքով: Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռիչըրտ Քոզլըրիչ կը յայտնէ, որ ատոր նպատակը փոխանցելն է հետեւեալ յստակ պատգամը. «Դուք մեզի աւելի պէտք ունիք, քան` մենք ձեզի»: Նամակին կողքին պետական լրատուամիջոցներուն մէջ հակաամերիկեան արշաւ մը շղթայազերծուեցաւ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ թշնամական յայտարարութիւններու շարք մը կատարեցին եւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին նման ամերիկեան կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող կազմակերպութիւններ ճնշումներու ենթարկուեցան:

Այս շաբաթ Ազրպէյճան կը հիւրընկալէ առաջին Եւրոպական խաղերը: Այսպիսի աչքառու հանդէսներու, ինչպէս 2012-ին Եւրոտեսիլ մրցանքին եւ յաջորդ տարին տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա 1» մրցումին նպատակը երկիրը իբրեւ արդիական եւ միջազգային ընտանիքի զարգացած անդամ ներկայացնելն է: Այդ պատգամի անխաթար փոխանցումը ապահովելու համար կառավարութիւնը վերջին պահուն «Միջազգային ներում»-ին եւ «Կարտիըն»-ին արգիլեց երկիր մուտք գործել: Անցեալ շաբաթ յայտնի դարձաւ, որ «Փոտեսթա կրուփ»-ը յաւելեալ մէկ ամիսով «առցանց աշխատանքներու» մասին խորհուրդ պիտի տայ Ազրպէյճանի: «Ֆրիտըմ Նաու»-էն Մարան Թըռնըր կ՛ենթադրէ, որ ասոր նպատակը մրցումներուն նախօրեակին Ազրպէյճանի մասին ժխտական մամլոյ հաղորդումներուն հակազդելն է: Ուստի, եթէ լուրերու հանդիպիք, թէ Կովկասի մէջ Ամերիկայի լաւագոյն բարեկամը մարմնամարզանքի մէջ հռչակ կը շահի, այդ լուրերուն մօտեցէք պատշաճ վերապահութեամբ եւ ձեր քոնկրեսականներուն յիշեցուցէք նոյնը կատարել:

 

Նախորդը

Մերձաւոր Արեւելքում Թուրք-Իրանական Մրցակցութեան Շուրջ ( Բ. Մաս )

Յաջորդը

Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարանի Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

Ալեքսանտրէթի Սանճագը` Ինքնուրոյն Քաղաքական Միաւոր
Պատմական

Ալեքսանտրէթի Սանճագը` Ինքնուրոյն Քաղաքական Միաւոր

October 28, 2026
Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը
Պատմական

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը

October 21, 2026
Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր
Պատմական

Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.