ԱՐԵՒԻԿ
Տարին քանի մը անգամ առիթներ կը ներկայանան արժեւորելու մեր գործօնութեան մակարդակը: Գործօնութիւն ըսելով` ըսել կ՛ուզեմ` activism, որ կ՛ենթադրէ որոշ քաղաքական, ընկերային կամ տնտեսական պայմաններու պատասխան, հակազդեցութիւն: Եթէ խորհրդածենք մեր գործօնութեան աշխուժութեան վրայ թերեւս անդրադառնանք, որ ան ազդեցութիւն (action) է աւելի, քան` հակազդեցութիւն (reaction): Իսկ թեման աւելի ազգային, քան` մարդկային:
Ազդեցութիւն, աւելի քան` հակազդեցութիւն
Մեր աշխատանքներուն մեծ մասը կը կեդրոնանայ քայլերու վրայ, որոնց ազդեցութեան կը սպասենք պայմաններուն վրայ եւ կը պակսին այն աշխատանքները, որոնք պատասխան են ուրիշներու կողմէ առնուած քայլերու: Այսինքն շատ հազուադէպ պարագաներու է, երբ նկատելով Ա. պատահարը, պայմանը կամ կացութիւնը, կը հակազդենք եւ կը կազմակերպենք Բ.-ը: Ընդհանրապէս մենք է, որ կը կազմակերպենք Ա.-ը եւ կը սպասենք, որպէսզի արդիւնք մը տայ: Ասիկա միաժամանակ դրական եւ բացասական կարելի է համարել: Դրական, որովհետեւ մենք կ՛ըլլանք նախաձեռնողը եւ կացութիւնը կ՛առաջնորդենք մեր ուզած ուղիով: Բացասական, որովհետեւ կը նշանակէ, թէ գործօն ենք միայն մեր ծրագրած շրջանակին մէջ եւ կը խուսափինք «խառնուելէ» յանկարծակիօրէն ծագած պայմաններու:
Օրինակ` վերջերս Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան գինի բարձրացման դէմ բողոքները եւ մեր գրեթէ բացակայ հակազդեցութիւնը:
Ամբողջ տարին կը խօսինք Հայաստան-սփիւռք կապի եւ փոխադարձ վստահութեան կարեւորութեան մասին, բայց երբ առիթը կը ներկայանայ այդ խօսքերը գործնականացնելու եւ այդպիսով անկեղծ դարձնելու… վա՛յ, մէջտեղ չկանք: Կա՛մ անհոգ ենք, կա՛մ անորոշ վիճակի մէջ ենք, կա՛մ կը վախնանք եւ կա՛մ կ՛արգիլուի զօրակցութիւն յայտնելը: Ինչո՞ւ: Այդքան ալ բարդ չէ կացութիւնը. շատ լաւ գիտենք, որ իրաւունքը ժողովուրդին հետ է, եւ որ` իշխանութիւնները անընդհատ կը կեղեքեն խեղճ ժողովուրդը. մենք է, որ այպանած ենք հայաստանցի ժողովուրդը կրաւորական ըլլալուն համար, հիմա որ վերջապէս ոտքի ելաւ եւ իրաւունքը կը պաշտպանէ, յանկարծ մե՞նք շուարեցանք: Նոյնիսկ եթէ բողոքի շարժումին ծածուկ կերպով որոշ քաղաքական հոսանքներու հսկողութեան տակ ըլլալու մտահոգութիւնը կար, չի վերանար այն իրականութիւնը, որ շահագործուած ժողովուրդի մը արդար պոռթկումն էր անիկա: Եթէ պահանջատէր ենք, եթէ պայքարող ենք, ինչպէս որ կը ծանուցենք մենք մեզ, ուրեմն պահանջատէր ըլլանք նաեւ մեր ազգակիցներուն հետ կապուած ընկերայի՛ն հարցերուն մէջ ալ (մանաւանդ ընկերվարականներ ըլլալով, եթէ իրաւ ենք), ուրեմն պայքարինք Ցեղասպանութեան եւ Արցախի հարցերէն բացի` ազգային այլ խնդիրներու լուծման համար ալ: Ինչո՞ւ շուարինք, վախնանք, արգիլենք® որովհետեւ մեր նախատեսած ծրագիրին մէջ չկա՞ր այս բողոքի շարժումը: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ չենք կրնար հակազդել: Եթէ իրաւ գործօն պիտի ըլլանք, ուրեմն անդադար եղելութիւնները պիտի արձանագրենք, վերլուծենք, քննարկենք եւ հակազդենք, չենք կրնար բաւարարուիլ մեր ծրագիրներով, ապա թէ ոչ կը մնանք ճահճացման մէջ: Իսկ ճահճացում` կը նշանակէ չյառաջդիմել, կը նշանակէ, որ չենք կրնար լուծել մեր Հայ դատը, որ չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ կ՛անջատենք Հայաստանի հարցերէն:
Աւելի ազգային, քան մարդկային
Այնքան կլանուած ենք ազգայինով, որ յաճախ մարդկայինը կը մոռնանք: Ազգայինն ալ մարդկային է, բայց անիկա առանց մարդկայինին անհեթեթ է: Թերեւս եթէ թափ տանք մեր ընկերվարական գաղափարներուն քիչ մը աւելի կը մօտենանք մարդկայինին: Մարդկային ըսելով` ըսել կ՛ուզեմ ոչ յատուկ խումբի մը, յատուկ դասակարգի մը, յատուկ ազգի մը պատկանող, այլ` բոլորին պատկանող, մարդ արարածին իրաւունքները ներառող: Այսինքն քիչ մը խնդալիք կը թուի աշխատիլ ազգի մը իրաւունքին վերատիրանալու համար, բայց միաժամանակ անտեսել մարդու մը իրաւունքի կոխկռտումը:
Դժբախտաբար այնպէս մը եղած է, որ մենք այլեւս գործօն ենք միայն ազգային խնդիրներու մէջ: Է՛, ո՞ւր մնացին աշխատաւորական դասակարգին, կենտերային (gender), բնապահպանական, ուրիշ փոքրամասնութիւններու դիմագրաւած հարցերը: «Մենք մեր հարցը լուծել չենք կրնար, ուրիշներուն ինչպէ՞ս պիտի հասնինք»: Նախ` ինչո՞ւ ուրիշ: Ես հայ եմ, այո՛, բայց միաժամանակ մարդ ալ եմ, չէ՞: Աշխատաւո՛րն ալ մարդ է, կի՛նն ալ մարդ է, բնութեան պահպանո՛ւմն ալ մարդուն օգտին է, փոքրամասնութիւննե՛րն ալ մարդիկ են® պարզապէս քանի որ անպայմանօրէն հայ չեն, կը նշանակէ, որ անոնց դատը իմ դատս չէ՞: Յետոյ, ո՞վ ըսաւ, որ նոյնիսկ ուղղակիօրէն չեն առնչուած անոնք հետս: Դրամատիրութիւնը անձնապէս ի՛մ իրաւունքներս ալ կ՛ուտէ, հայրիշխանութիւնը անձնապէս ի՛մ վրաս ալ կը ճնշէ, բնութեան ջախջախումը անձնապէս ի՛մ վրաս ալ կ՛ազդէ, ցեղապաշտութիւնը անձնապէս ի՛մ յաջողութեանս ալ արգելք կը հանդիսանայ® Ուրեմն վստահաբար այս բոլորը նաեւ ի՛մ դատերս են, նոյն մտածումով նաեւ քո՛ւ դատերդ են, բոլորիս դատերն են, որովհետեւ մարդկային դատեր են: Ահա` ինչպէս երբ միայն ազգայինով զբաղինք մարդկային դատերը եւ, հետեւաբար, մեր բոլոր միւս դատերը կ՛անտեսենք:
Կ՛ընդունիմ, թէ իրատեսական չէ պահանջելը, որ անձ մը մարդկային կամ իրեն հետ առնչուող բոլոր դատերու լուծման աշխատանքներուն մէջ գործօն ըլլայ: Ըսածս ալ այդ չէ: Ատիկա կը ջլատէ ուժերը եւ արդիւնքը կը նուազեցնէ: Բայց չի նշանակեր, որ պէտք է բաւարարուինք միայն ազգային հարցերու աշխատանքներուն մէջ գործօն ըլլալով: Համաձայն եմ, որ մեզ մեր ազգային հարցերը առաջնահերթութիւն նկատելու կը մղեն մեր ազգային հարցերու մեծ տարողութիւնը եւ այն մտածումը, որ ուրիշը քու դատիդ համար նոյնքան լաւ պիտի չաշխատի, որքան դուն, նաեւ որ` եթէ ամէն մարդ աշխատի իրեն առնչուող գործերու մէջ, ընդհանուրը եւ ուրեմն մարդկային հարցերը աւելի դիւրին կը լուծուին: Առաջնահերթութիւն կը նշանակէ բան մը ուրիշ բանէ մը աւելի առաջ ընելու կարեւորութեան գիտակցութիւնը ունենալ, բայց ըսել չէ, որ պէտք է սպասել հայկական բոլոր հարցերու լուծման, որպէսզի միայն անկէ ետք անցնինք միւս մարդկային հարցերու լուծման: Ատիկա կը նշանակէ, որ լաւագոյն պարագային տասնամեակներ պիտի սպասենք, մինչեւ կարենանք ուրիշ դատերով զբաղիլ: Հետեւաբար առանց առաջնահերթութեան սկզբունքը մէկ կողմ նետելու, նաե՛ւ աշխատինք այլ դատերու օգտին, հաւանաբար` շատ աւելի նուազ տարողութեամբ, բայց գոնէ անտարբեր չմնանք: Պայման չէ, որ մենք ըլլանք նախաձեռնողները, կարելի է նաեւ գործօն ըլլալ մասնակցութիւն բերելով կամ զօրակցութիւն յայտնելով: Եթէ այդպէս չընենք, կը նմանինք անձնասէր մանուկի մը, որ միայն իր նախասիրած գոյքերը կը պաշտպանէ. է յետոյ ալ երազենք, որ ուրիշներ մեր դատին կարեւորութիւն տան: Ոմանք կ՛ըսեն` մասնակցինք այլ դատերու համար տարուող աշխատանքին, այնքան ատեն որ հայերու շահին է: Աւելի ճիշդ կ՛ըլլար ըսելը, որ եթէ մասնակցինք ուրիշ դատերու պայքարին, նաե՛ւ կ՛օգտուինք մենք, անկախ այդ դատին հայերուն օգուտ բերելուն կամ չբերելուն, որովհետեւ երբ մասնակցինք միւս արդար դատերուն, տիպար մարդու պատկերը ստեղծած կ՛ըլլանք եւ հեռու կը մնանք մարդկային դատերը ձեւականօրէն պաշտպանող աշխուժութենէն: Երբ մէկը տեսնէ, որ խտրութիւն չենք դներ դատերուն միջեւ, աւելի կը քաջալերուի մեզի զօրակցելու, իսկ մեր խիղճն ալ հանգիստ կ՛ըլլայ: Պարզապէս վարուած կ՛ըլլանք որպէս մարդիկ եւ ոչ որպէս միայն հայեր: Ի վերջոյ մարդ ենք, չէ՞. ինչպէ՞ս կրնանք անտարբեր մնալ մարդուն էութիւնը կտրատող հարցերուն:
Փորձենք մեր հայութեան կողքին միշտ յիշել մեր մարդկութիւնը, եւ որքան ալ չնչին ըլլայ այդ հսկայ շրջանակին մէջ մեր գործօնութիւնը, գոնէ բոլորովին ձեռնածալ չմնանք: Ապրիլ 24-ին կողքին մայիս 1, մարտ 8 եւ ուրիշ 362 օր կայ:


