Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Իրաւական Պահանջատիրութեան Առաջին Քայլերը

July 9, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11127896_1052531911427177_1199778802_nԱնթիլիասի մէջ օրեր առաջ տեղի ունեցած դասախօսական երեկոներն ու մամլոյ ասուլիսը ծառայեցին Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ յարուցուած դատին հիմնական իրաւական ուղիները ըմբռնելու:

Այսպէս. երկու թուրք անձնաւորութիւններու ներգրաւուածութիւնը այս հարցին` արխիւային եւ իրաւական խնդիրներու համակարգման անհրաժեշտութիւն կ՛ընդգծէ: Օսմանեան արխիւներու մասնագէտ Թաներ Աքչամը եւ Թուրքիոյ ու ընդհանրապէս միջազգային օրէնսգէտ Ճեմ Սոֆուօղլուն իրենց ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները կը փոխանակեն հիմնահարցին թէ՛ պատմաիրաւական եւ թէ՛ ներկայ Թուրքիոյ սահմանադրութեան դրոյթները նկատի ունենալով:

Պարզ դարձաւ, որ Օսմանեան կայսրութեան արխիւներուն մէջ գտնուող նիւթերուն համաձայն,  Օսմանեան կայսրութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ճանչցած է իբրեւ անկախ միաւոր: Այս փաստը կ՛երեւի նաեւ Ճեմալ-Թալէաթ նամակագրութեանց մէջ, ուր յստակ ընդգծում կը կատարուի այս հաստատումին: Արխիւային այս նիւթերը անհրաժեշտ են Սիսի կաթողիկոսարանին ժառանգորդը իբրեւ իրաւատէր ճանչնալու իրաւական հիմքի ամրագրման առումով:

Նուրբ հարցադրումը այստեղ կը վերաբերի իրաւաժառանգորդ նկատուելու երկկողմանիութեան: Այսինքն` այսօրուան Թուրքիա իրաւական առումով յաչս թէ՛ Թուրքիոյ օրէնսդրութեան եւ թէ՛ մանաւանդ միջազգային օրէնքին կը նկատուի՞ պատասխանատու իր նախորդ պետութեան, վարչակարգին գործունէութեան: Այս հարցը ըստ էութեան շատ աւելի խորքային է, քան Սիսի կաթողիկոսարանին հետ կապուած խնդիրը: Այն առումով, որ շեշտակիօրէն կը վերաբերի Ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելու միջազգային օրէնքին հիման վրայ կայացած իրաւական դրոյթին: Բայց վերադառնալով Սիսի կաթողիկոսարանի դատին, իրաւական մեկնաբանութիւնները հակառակորդ կողմը կրնայ զարգացնել այն մօտեցումով, որ պատասխանատուութեան շարունակականութեան օրէնքը կը յենի տուեալ տարածքի սահմաններուն եւ այնտեղ ապրող ժողովուրդի պահպանման հիմքերուն վրայ:

Թուրք պատմաբանին եւ թուրք փաստաբանին հանդիպումները արծարծեցին աւելի զգայուն կէտ մը եւս, որ անհրաժեշտութիւնը ունէր պարզաբանման: Փաստաբան Սոֆուօղլուն յստակեցուց, որ առաջադրուածը այս դատին ոչ թէ Սիսի կաթողիկոսութեան դիմաց փոխհատուցումի կարգով նիւթական ստանալն է, այլ նոյնինքն կաթողիկոսութեան ու կաթողիկոսապատկան կալուածներու վերադարձը:

Ոչ միայն նիւթական, այլ նաեւ ընդհանրապէս փոխհատուցումը այստեղ մերժելի է դատ յարուցող կողմին համար: Յաւելենք անմիջապէս, որ մեր պահանջատիրական բառապաշարին մէջ փոխհատուցում բառեզրի օգտագործումէն խուսափումը հրամայական է. փոխհատուցումը կալուածներու, ինչքերու, եկեղեցիներու, ընդհուպ մինչեւ տարածքներու` կրնայ շատ հանգիստ տեղաւորուիլ Անգարայի ծրագիրներուն մէջ: Նախկին արտաքին գործոց նախարար (ներկայիս վարչապետ) Ահմեթ Տաւութօղլուն, ամբողջ փոխհատուցումի ռազմավարութեան վրայ կայացուցած էր թաւշեայ ժխտողականութիւնը: «Հրամմեցէք համատեղ հայրենիք» խաղը փոխհատուցումներու հիման վրայ կը փորձէր չէզոքացնել հայկական պահանջատիրական շարժումը:

Շփոթը, որ կրնայ ահազանգում յառաջացուցած ըլլալ, բխած է դատի բացման համապատասխան փաստաթուղթի ճշդած ձեւակերպումներէն, ուր դատ բացողը պահանջած կալուածին համապատասխան արժեգինը ընդհանուր գումարի տարազին տակ պարտաւոր է նշել: Ասիկա որեւէ կերպ չի նշանակեր, թէ կալուածին փոխարէն նիւթական հատուցումը կը բաւարարէ պահանջող կողմը:

Այս յստակեցումները անհրաժեշտ էին. եւ հանդիպումներն ու մամլոյ ասուլիսը նպաստեցին այս կէտերուն յստակեցման: Յստակեցուած կարեւոր կէտը նաեւ այն է, որ դատի արծարծման ամբողջ իրաւական հայեցակարգը թիրախ ունի Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու դատարանը: Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը հանգրուան մըն է, որ պիտի սպառի դիմելու համար յաջորդին` եւրոպականին:

Սիսի կաթողիկոսարանի պահանջը մեր իրաւական պահանջատիրութեան առաջին նախադէպն է: Իրաւական հարթ ուղիներ անպայման չեն սպասեր մեզի: Օրէնքի մեկնաբանութիւններ, միջազգային օրէնքի համապատասխանեցման փորձեր, եւրոպական իրաւաչափութիւններու իրազեկում, այս բոլորը հսկայական համակարգումի աշխատանքներն են:

Ամէնէն հիմնականը այն է, որ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջը դէպի իրաւական պահանջատիրութիւն առաջին քայլն է, որ կը կատարէ:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Զալպերը

Յաջորդը

Զազա Միացաւ Եուվենթուսի

RelatedPosts

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը
Գաղութային

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը

January 17, 2026
Ակնարկ.  Հեռու` Տեղեկատուական Աղմուկէ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հեռու` Տեղեկատուական Աղմուկէ

January 17, 2026
Թրամփ Կազայի Մէջ Խաղաղութեան  Խորհուրդի Ստեղծումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Մէջ Խաղաղութեան Խորհուրդի Ստեղծումը Յայտարարեց

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.