Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Հունձքը

Յուլիս 10, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-10-15_aved-(3)7-10-15_aved-(1)Հայ աւետարանական քոլեճի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 26 յունիս 2015-ին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիի շրջափակին մէջ: Ներկաներուն մէջ էին ՄԱՀԱԵՄ Կեդր. մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան եւ ուրիշներ:

7-10-15_aved-(2)

Հանդիսաւոր մուտք գործեցին յատուկ տարազներ հագած նախակրթարան Զ. եւ երկրորդական ԺԲ. ընթացաւարտ կարգերու շրջանաւարտները, որոնց  կը հետեւէին դպրոցի կրթական մշակներն ու պատասխանատուները: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն նուագածութենէն ետք դպրոցի հոգեւոր տեսուչ Կարինէ Չոլագեան Աստուածաշունչէն ընթերցում ըրաւ եւ աղօթք մատուցեց: Ապա օրուան պատգամաբեր ազգային հասարակական գործիչ Բենիամին Պչաքճեան ներկայացուց իր հմտալից խօսքը: Ան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի նկարագրին, որ «իր պատմութեամբ ու մշակոյթով հարստացուցած է մարդկութիւնը եւ համաշխարհային քաղաքակրթութիւնը», բռնագրաւող չէ եղած ոչ ալ հարստահարող, եղած է տիպար քաղաքացի, ուր ալ որ ապրած է: Ան շեշտեց, որ` «մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը, որոնք կերտած են մեր դիմագիծը, մեր հաւաքական իղձերն ու երազներն են, որոնք բնորոշած են մեծ տեսլականը, մեր ընտանեկան օճախն է, որ հաւաքականութեան մը պատկանելու ինքնավստահութիւնը ներշնչած է մեզի, մեր եկեղեցին է, որ հաւատքի հզօրութեամբ ամրապնդած է մեր կամքն ու դիմադրողականութիւնը, մեր դպրոցն է, որ իր փոխանցած գիտելիքներով կոփած է մեր անհատականութիւնը եւ, վերջապէս, մեր ազգային կառոյցներն են, որոնք ծրագրած ու հունաւորած են մեր հաւաքական երթը»: Ան թելադրեց նոր սերունդին` չըլլալ եսակեդրոն, այլ` անհատականին հաշուոյն հաւաքականին փառքը կերտել, ըլլալ յանձնառու հայեր եւ դիմագրաւել սփիւռքեան մաշեցուցիչ պայմանները եւ պահանջատէր մնալ հայութեան իրաւունքներուն:

Ասոր յաջորդեցին նախակրթարանի Զ. կարգի ասմունքը Պէպօ Սիմոնեանի «Աւազի հատիկ մը… եւ կաթիլ մը ջուրի» (պատրաստող Անի Աղպաշեան) եւ նախակրթարանի երգչախումբին կողմէ «Հայրենիքի սէր» եւ «Հայաստան» խմբերգները:

Մրցանակաբաշխութենէն առաջ տնօրէնը նշեց, թէ դպրոցէն 7 ուսուցիչներ ՄԱՀԱԵՄ-ի կողմէ քառորդ դարու ծառայութեան համար Ուսուցչաց օրուան ատեն պարգեւատրուած էին եւ խնդրեց, որ ոտքի ելլեն: Ապա անդրադարձաւ պրըվէի պետական քննութեան 100 առ 100 յաջողութեան: Ասկէ ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, ապա յանուն երէց աւարտականներուն Շուշան Քէշիշեան (հայերէն) եւ Սառա Չիլինկիրեան (արաբերէն) ուղերձներ կարդացին եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին:

Աւարտական ԺԲ. դասարանի դաստիարակ դոկտ. Ա. Իւրնէշլեանի հրաւէրով դպրոցի վաստակաշատ տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան նախակրթարանի եւ երկրորդական աւարտականներուն յանձնեց վկայականները, նաեւ այս վերջիններուն 100-ամեակի հաստատագիրը, որ բոլոր հայ վարժարաններու շրջանաւարտներուն տրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման յանձնախումբին տնօրինութեամբ: Հուսկ, տնօրէնը յայտարարեց, թէ երեք նոր մրցանակներ, ամէն մէկը` 1000-ական տոլար, հաստատուած էր բարերար Րաֆֆի Մանուկեանի կողմէ: Նկատառելի ուսումնական յաջողութեան մրցանակը ստացաւ Շուշան Քէշիշեան, նկատառելի արտադպրոցական գործունէութեան մրցանակը ստացաւ Կասիա Հաճեքեան եւ նկատառելի տաղանդի մրցանակը տրուեցաւ Լիբանանի 18-էն վար աղջկանց ճատրակի ախոյեան Յուշիկ Գայմագամեանին:

Արազ Պարտաքճեան եւ Շուշան Քէշիշեան տիպար աշակերտի շքանշաններուն արժանացան, որոնք տնօրէնին հրաւէրով Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիի հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեանը աշակերտուհիներու լամբակին անցուց: Ապա տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան իր իմաստալից հուսկ բանքը տուաւ, ան նշեց թէ երկրորդական հանգրուանը աւարտելէ ետք համալսարաններու մէջ պիտի ունենային որոշ ազատութիւններ, աւելցնելով, թէ իրենց սպասող ազատութիւնները բացարձակ չեն, ոչ ալ` սանձարձակ, թէ` ազատ չեն պետական, համալսարանական եւ բարոյական օրէնքներ ոտնահարելու, ազատ են այնքան, որ ուրիշին ազատութիւնը չեն կաշկանդեր, ուրիշին կամքին վրայ չեն բռնանար, ազատ են քննադատական մտածողութեան եւ իրենց որոշումները տալու մէջ եւ իրենց միտքի փայլատակումին սահմանափակում չկար: Տնօրէնը ապա անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին զուգադիպող աւարտականներուն, թելադրեց լաւ սերտել մեր պատմութիւնը, ձեւականէն աւելի խորքայինին կառչիլ, լաւատեղեակ ըլլալ մեր ազգային պահանջներուն եւ իրենց կարելին ընելու` մեր ոտնակոխած ազգային իրաւունքներուն վերահաստատման համար: Այդ կրնայ ըլլալ սերունդներու հարց, ուստի պէտք է սերունդները իրարու ագուցող ոսկեայ շղթան չփշրել: Ան եզրափակեց` ըսելով. «Մինչ այդ դուք պարտաւոր էք մեր նահատակներուն կտակը պահպանել, պարտաւոր էք մեր ազգը ծաղկեցնել»:

Հուսկ բանքէն ետք հովիւը փակման եւ շնորհակալութեան խօսքը կատարեց ու ապա հանդիսաւոր ելքով փակուեցաւ կոկիկ ու խնամուած յայտագրով հանդէսը:

Աւարտականներն էին`

Յովիկ Արթինեան, Միրէյ Պաղտասարեան, Արազ Պարտագճեան, Լուչիա Պեշտիքեան, Մարի Պայրագտարեան, Հայարի Տագէսեան, Րէա Էքմեքճի, Կասիա Հաճեքեան, Սեպուհ Հելվաճեան, Յուշիկ Գայմագամեան, Շուշան Քէշիշեան (յիշատակութեամբ), Մոհամետ Խաթիպ, Արման Խտըրլարեան, Գարէն Քիրեճեան, Սառա Չիլինկիրեան:

Նախակրթարանի Զ. դասարանի աւարտականներն են.

Այգ Արզումանեան, Էլիօ Ակոբճեան, Եարա Եունես, Նորայր Թերզեան, Սելին Համմուտ, Նարինէ Պասթաճեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Արիժ Սիտանի (յիշատակութեամբ), Աւօ Տէրտէրեան, Գառնի Քէօշկէրեան:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (10 Յուլիս 1965)

Յաջորդը

Զարկ Զթամբը, Որ Իմանայ Անառակը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?