Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Առաջին Քայլը Արապեան Դպրոցի Բացումին Առթիւ

July 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-09-15_arabian-(5)4 յուլիս 2015 թուականը պատմական է ֆրանսահայութեան կրթական կեանքին մէջ: Նախ` որովհետեւ Մեծ եղեռնի հարիւրամեակին վերակառուցուած է դպրոց մը` «Գէորգ Արապեան» վերանուանումով, նախապէս` «Սուրբ Մեսրոպ» կրթարան, որ հաւանաբար գալ տարի դառնայ նաեւ միջնակարգ վարժարան` կրթական ծրագրի բնական շարունակականութիւնը ապահովելով նախակրթարանը աւարտող դպրոցականներուն: Այս դպրոցը փաստն է սփիւռքի դժուարին պայմաններուն մէջ հայութեան մշակութային վերականգնումին ու գոյատեւումին:

Երկրորդ` առաջին անգամ ըլլալով երկու երկիրներու` Ֆրանսայի եւ Հայաստանի վարչապետները կը մասնակցին հայկական վարժարանի մը բացումին: Ալֆորվիլի քաղաքացիները եւ ալֆորվիլահայութիւնը այսքան մեծ պատիւի չէին արժանացած հայկական դպրոցի մը բացումին առթիւ:

Սակայն կայ երրորդ պատճառ մը, որ այս թուականը, այս օրը իսկապէս կ՛իմաստաւորէ, այն ալ հաւատքն է, համոզումը, որ դեռ հայկական դպրոց կառուցելը կարելի է, անհրաժեշտ է, կենսական է: Դպրոցին կառուցման ետին կայ ամէնօրեայ պայքարը` քարացած մտայնութիւններու, անտարբերութեան, օր ըստ օրէ նահանջի անձնատուր մտայնութեան տէր դասակարգի: Հակադիր այս երկու ուժերու բախումին գիտակցութիւնը դպրոցին կառուցումը կը դարձնէ աւելի հետաքրքրական, աւելի իմաստալից:

Վերոնշեալ առաջին երկու կէտերը արդիւնք են, հետեւանք են երրորդին: Եթէ չըլլար հաւատքն ու համոզումը եւ մղուած ամէնօրեայ պայքարը, վարչապետներ առիթ չէին ունենար ներկայանալու հանդիսութեան: Անոնք ոչ մէկ դեր ունեցան կառուցման մէջ: Դպրոցը կառուցուեցաւ իրենց կամքէն անկախ:

Նմանապէս, ԱՓՔԱՖ-ի (Ֆրանքեւհայկական մշակոյթի զարգացման միութիւն) մարտահրաւէրը, անոր տարած ամէնօրեայ աշխատանքին, պայքարին նպատակը եղած է դպրոցին կառուցումը հասցնել հարիւրամեակի ոգեկոչման խորհրդանշական պահուն:

Անշուշտ մեծ պատիւ է վարչապետներու ներկայութիւնը: Պէտք է ըսել` քիչ մը չափազանցուած պատիւ է: Կրթութեան նախարարներու կամ նոյնիսկ քաղաքապետական մակարդակով ալ նոյնքան պատշաճ բացում կարելի էր ապահովել թէ՛ ֆրանսական, թէ՛ հայկական կողմերուն համար: Գալով հայկականին, զարմանալի էր վարչապետին ներկայութիւնը, որովհետեւ սփիւռքի մէջ կրթական հաստատութիւններ բանալու խնդիրը մինչ այժմ տեղ չէ գրաւած ո՛չ Հայաստանի կառավարական, ո՛չ ալ կրօնական իշխանութիւններու ծրագրին մէջ: Որքան պիտի ուրախանայինք, եթէ այդպէս ըլլար: Թերեւս այս մէկը առաջին քայլը հանդիսանայ այդ գիտակցութեան:

Վարչապետներու ներկայութեան խնդիրը, երեւոյթը կրթական մակարդակէն քաղաքական հարթակ փոխադրելու միտում կը պարզէ: Օրուան քաղաքական պայմանները այդ կը պահանջեն, ինչ որ կը շեղէ խնդիրը կրթական լուրջ խորհրդածութիւններու ենթարկելէ: Շէնքը կառուցելը առաջին քայլն է, սակայն` վասն ինչպիսի՞ կրթական բովանդակութեան: Բուն գործը հիմա կը սկսի, շատ աւելի խստապահանջ ու ծանրակշիռ գործը, որուն համար պէտք են` թէ՛ դրամագլուխ եւ թէ՛ կրթական ծրագիր մշակելու ատակ անձեր, ոչ միայն ֆրանսական կրթական ծրագիրը իրագործելու համար, այլ` ստեղծելու այն վայրը, ուր երկու մշակոյթները մանուկներուն եւ պատանիներուն հոգիներուն մէջ իրենց համազօր տեղը ունենան:

ԱՓՔԱՖ-ի գործունէութիւնը մինչեւ օրս եղած է օրինակելի: Ուժերու համախմբումը, սերունդներու գործակցութիւնը, փորձառութիւններու եւ մասնագիտութիւններու համատեղումը ցոյց տուին, որ անկարելի թուացող դպրոցաշինութիւնը կարելի՛ է իրագործել: Պատճառ չկայ, որ նոյն համոզումով սկիզբ չդրուի նոր մանկավարժական շարժումի մը` հայկական դպրոցներէն ներս, ուր հայերէնը չմնայ երկրորդ դասակարգի դասանիւթ, այլ դառնայ դպրոցականները բազմալեզւութեան, ինքնաճանաչման ու ինքնազարգացման նոր հորիզոններ առաջնորդող ուժ:

Ժ. Չ.

 

Նախորդը

Ալֆորվիլի «Գէորգ Արապեան» Դպրոցին Բացումը

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան Միջն. Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.