Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարանի Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 8, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_3037IMG_0906Անարատ յղութեան հայ քոյրերու Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարաններու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 26 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք բացման խօսքը հայերէնով ներկայացուց Փաթիլ Մալեան, արաբերէնով` Մարք Կիւրեղեան: Չորս լեզուներով ուղերձներ կարդացին Սապին Շաթոյեան`  հայերէն, Քրիստին Ժիպելեան եւ Սալբի Օհաննէս` արաբերէն, Մարինա Անտոնեան` ֆրանսերէն եւ Մելքոն Սեֆերեան` անգլերէն:

Աւարտականները կատարեցին խմբերգներ` «Երկիր հայրենի», «Նահնա հոն պընիշ» եւ «Փուր թուա Արմենի»` դաշնակի ընկերակցութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւարտական կարգէն Արամ Քէօթեքլեան եւ Կասիա Գրողլեան` ջութակով, Ճենիֆըր Այվազեան` մեներգով, պար մը կատարեցին  Ճենիֆըր Այվազեան եւ Մովսէս Ճանիկեան (11-րդ):

Վարժարանի աւանդութեան համաձայն, աւարտական կարգէն 11-րդ դասարանի աշակերտին փոխանցուեցաւ վահանը:

Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան, որ իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունիի վախճանման` յաւիտենական հանգիստ մաղթելով անոր հոգիին: Ապա դիտել տուաւ, որ Հռիփսիմեանց վարժարանի հովանիին տակ շրջանաւարտները երկար տարիներ կոփուեցան հայ քոյրերուն առաքելութեան հոգիով եւ քալեցին անոր հիմնական մեկնակէտով. դաստիարակուեցան, կերտուեցան նախ որպէս մարդ եւ մանաւանդ հայ քրիստոնեայ մարդ, նկարագիրի տէր անձեր, անոնք զինուեցան իրենց ապագայ կեանքին համար անհրաժեշտ կռուաններով, որպէսզի կարենան կեանքի տարբեր մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման կանգնիլ եւ յաջողութեամբ յառաջանալ:

Քոյր Արմինէ Մակարոսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով վարժարանին մէջ կատարուած նախաձեռնութիւններուն, յատկապէս` աշակերտներուն ու պատասխանատուներուն Վատիկան եւ Հայաստան տուած ուխտագնացութիւններուն, դպրոցին մէջ խաչքարի զետեղման եւ այլն:

Իր խօսքին մէջ տնօրէնուհին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց վարժարանի ուսուցչական կազմին եւ պատասխանատուներուն, ծնողներուն, քոյր Էլիզին եւ երկրորդական բաժինի պատասխանատու Կարպիս Գապասագալեանին: Եզրափակիչ մասով դիմելով շրջանաւարտներուն` քոյր Արմինէ Մակարոսեան ըսաւ, որ ըլլալով 100-ամեակի հունձք` անոնք պարտաւոր են ըլլալ պահանջատէր եւ հետապնդել մեր ազգային արդար իրաւունքները` «Յիշել ու պահանջել»: «Այսօր կը մեկնիք Հռիփսիմեանցէն, ժամանակն է, որ ըլլաք յանձնառու, սլանաք դէպի ապագայ` առանց յուսահատելու, առանց տարակուսելու, անվարան, քաջաբար: Ապագան ձերն է, դուք պիտի կերտէք ու ծաղկեցնէք զայն», հաստատեց ան:

Հանդիսութեան աւարտին շրջանաւարտները ստացան տարիներու իրենց քրտնաջան աշխատանքին արդիւնքը` վկայականները: Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի վկայական ստացան` Լոռի Տէր Մեսրոպեան, Մարինա Անտոնեան, Կրեկուար Ժուգուլեան եւ Արամ Քէօթեքլեան, Քրիստին Ժիպելեան, Կասիա Գրողլեան, Մարք Կիւրեղեան, Սերժիօ Փամփալեան, Ժան Փիեռ Սիսլեան, Մելքոն Սեֆերեան, Ալեք Թասլաքեան, Սապին Շաթոյեան, Սալբի Օհաննէս, Փաթիլ Մալեան, Ճենիֆըր Այվազեան եւ Դալար Ուրիշեան:

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Ազրպէյճանն Ու Անոր Լիպիիստները Ապակողմնորոշման Կ՛ենթարկեն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը

Յաջորդը

Միսաք Մեծարենց (Մեծատուրեան, 1886-1908). Գեղեցկութեան, Բարութեան Եւ Սիրոյ Հանճարեղ Երգիչը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?