Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հնարամիտ Եւ Ապիկար Ժխտողականներ

Յուլիս 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

7-08-15_vaho

Ժխտողականութիւնը մերժելի երեւոյթ է, իսկ այդ ժխտական քաղաքականութեան կիրարկումը` դատապարտելի, սակայն, ինչպէս դրական քաղաքականութիւններու պարագային, ժխտական քաղաքականութիւնը եւս երկու տեսակի է` հնարամիտ եւ ապիկար: Սերպիոյ վարչապետ Ալեքսանտր Վուսիչ յայտարարեց, որ Սերպիոյ կառավարութեան միաձայն որոշումին հիմամբ` ինք 11 յուլիսին պիտի մեկնի Սրեպրենիցա` մասնակցելու համար Պոսնիոյ սերպերուն կողմէ նշեալ քաղաքի իսլամներուն դէմ գործուած ցեղասպանութեան 20-ամեակին:

Վուսիչ ծանօթ է իբրեւ եւրոպամէտ դարձած նախկին ծայրայեղ ազգայնական մը: Անոր ղեկավարած պետութիւնը կը մերժէ թէ՛ դէպքը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալ, թէ՛ ալ հաւաքական պատասխանատուութեան գոյութիւնը: Վուսիչ նշեց, որ յանցագործները անհատներ էին, որոնց ինքնութիւնը ծանօթ է եւ որոնք պէտք է պատժուին: Սերպիոյ վարչապետը սպառնաց չմասնակցիլ ոգեկոչման արարողութեան, եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրէ դէպքը ցեղասպանութիւն որակող բրիտանական բանաձեւը: Այլ խօսքով` անոր այցելութիւնը կամ այցելելու որոշումը ընդամէնը նշեալ բանաձեւը վիժեցնելու մարտավարական քայլ մըն է, որ շնորհիւ այցելութեան նախօրեակին կատարուած վերոնշեալ յայտարարութեան, Սրեպրենիցայի մէջ գործուած յանցագործութեան նկատմամբ պաշտօնական կեցուածքէն ոչ մէկ զիջում կը պարունակէ, սակայն դիւանագիտական կէտեր կ՛ապահովէ: Պոսնիոյ իսլամներուն կողմէ արդէն իսկ կը հնչեն անոր այցելութիւնը մերժող յայտարարութիւններ. եթէ անոր ներկայութիւնը պաշտօնական մակարդակով ալ անբաղձալի նկատուի, ապա Վուսիչ կրնայ չայցելել Սրեպրենիցա, առանց վնասելու «կառուցողական ու բարի կամեցողական» կեցուածքի տէր իր երկրին:

Սերպիոյ վարչապետին նման ժխտողական ու ազգայնական եղող Էրտողան, ամբողջովին այլ մարտավարութիւն մը կիրարկեց: Ան Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը փոխադրեց 24 ապրիլին` կարծելով, որ այդպիսով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը պիտի շեղէ Երեւանի մէջ ոգեկոչման ձեռնարկէն: Իրողութեան մէջ ճիշդ հակառակն էր, որ պատահեցաւ: Եթէ Թուրքիոյ նախագահը Սերպիոյ վարչապետին նման ենթահող պատրաստող յայտարարութիւն մը կատարէր եւ ապա Երեւանի մէջ արարողութեան ներկայ գտնուէր, իր վրայ պիտի հրաւիրէր լուսարձակները եւ իր այցելութիւնն ու «1915-ի իրադարձութեանց» զոհերուն յիշատակը յարգելը պիտի վերածուէին գլխաւոր լուրին, իսկ ոգեկոչման ձեռնարկը` իրադարձութեան ծիրին կամ մանրամասնութեան մը: Էրտողան այդպիսով պիտի «վնասազերծէր» մինչեւ իսկ Հոլլանտի եւ Փութինի ներկայութիւնն ու անոնց արտասանած խօսքերը:

Ահաւասիկ ժխտողականներու երկու հաւասարապէս մերժելի մարտավարութիւններ, որոնցմէ առաջինը կը վկայէ սերպ ղեկավարներու հնարամտութեան մասին, իսկ միւսը` թուրք ղեկավարներու ապիկարութեան:

 

 

Նախորդը

Արծրուն Յովհաննիսեան. «Ազրպէյճան Թող Շարունակէ Իրենց Երեխաներուն Խաղալիքները Իրենց Ձեռքէն Խլել»

Յաջորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?