Յօդուածներ

Ինչո՞ւ Է Ազրպէյճանը Յայտարարում, Որ Յարձակուելու Է, Որպէսզի Մենք Պատրա՞ստ Լինենք. Դաւիթ Ջամալեան

Ինչո՞ւ Է Ազրպէյճանը Յայտարարում, Որ Յարձակուելու Է, Որպէսզի Մենք Պատրա՞ստ Լինենք. Դաւիթ Ջամալեան

Ջամալեան «Ազրպէյճանական պաշտպանական գերատեսչութեան ներքին ցուցումների արտահոսքը, որի հիմնական ուղերձն այն է, որ ցանկացած պահի կարող է պատերազմ սկսուել, աւելի շատ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Լեռնային Ղարաբաղի հանրութիւնն ահաբեկելու, անառողջ մթնոլորտ ստեղծելու, այսինքն` քարոզչական տողատակ ունի», «Թերթ»-ի հետ զրոյցում ասաց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական Դաւիթ Ջամալեանը` բացատրելով, թէ ինչո՛ւ է այդպէս կարծում: «Որպէս կանոն` պատերազմի նախապատրաստուելիս այդ մասին բացէիբաց չեն յայտարարում:...

Ազրպէյճանական Հակահայ Քաղաքական Լրատուական Համակարգի Բաղադրիչները

Ազրպէյճանական Հակահայ Քաղաքական Լրատուական Համակարգի Բաղադրիչները

ԼԻԼԻԹ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Ազրպէյճանի կողմից պետականօրէն իրականացուող հակահայկական քարոզչութիւնը շարունակում է ծաւալուել ու զարգանալ` հնարաւոր նոր միտումները պարբերական հետազօտութիւնների միջոցով դիտարկելու անհրաժեշտութիւն առաջացնելով: Հակահայկական լրատուական քաղաքականութեան ուսումնասիրման առաւել յարմար միջոց է ազրպէյճանական լրատուամիջոցների բովանդակութեան ուսումնասիրութիւնը, յատկապէս քարոզչութեան համար նշանակալից առիթներին, ինչպիսին են, օրինակ, Խոջալուի մէջ մահացածների յիշատակի օրը` փետրուար 26-ը եւ դրան նախորդող ու յաջորդող օրերը: Այդ օրերին ազրպէյճանական կայքերն ու...

Նշմար. Յիսուսի Մայր Մարիամի Մզկիթ Թարթուսի Մէջ…

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ Աւելի քան տասը տարիներ առաջ կը գրէի ուրիշ նշմար մը` Մարիամի Որդի Յիսուսի մզկիթին մասին, Սայտայի գիւղերէն մէկուն մէջ... Յիսուս եւ Մարիամ երբ կը մեծարուին իսլամական մզկիթներու մէջ, սա կը նշանակէ, թէ ոչ միայն իսլամ-քրիստոնեայ բախումը դատապարտուած է, այլեւ միաժամանակ դատապարտուած է եւ աւելի մեծ ուժգնութեամբ` միջիսլամական բախումը, սիւննի-շիի բախումը, որ ներկայիս կը քաջալերուի ամերիկեան կայսերական քաղաքականութեան...

ՀՕՄ-ը Կը Հովանաւորէ Ջաւախքի Ճամբարները

ՀՕՄ-ը Կը Հովանաւորէ Ջաւախքի Ճամբարները

Անգամ մը եւս 50 ջաւախահայ պատանիներ երկու շաբթուան ճամբար պիտի վայելեն Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կեդրոններուն մէջ: ՀԵԴ-ի ճամբարի խորհրդատուները եւ վարիչները իրենց կարելին կ՛ընեն` թեթեւցնելու ու պայծառացնելու ջաւախահայերու դժուարին կեանքը, թէկուզ` ճամբարի տեւողութեան ընթացքին: Հայ օգնութեան միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը դարձեալ հովանաւորեց պատանիները. արդարեւ, 2006-2007 տարեշրջանէն ի վեր շրջանը կը հովանաւորէ երկու կեդրոններու տարեկան գործունէութեանց բոլոր ծախսերը:...

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի.  Արժեւորելով Յիշատակը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Արժեւորելով Յիշատակը

Լիզպոնի տղոց` Արայի, Սեդրակի, Սարգիսի, Սիմոնի ու Վաչէի ինքնանուիրումը ոգեկոչական, յիշատակի ձեռնարկներով կամ գրութիւններով գնահատելը անհրաժեշտութիւն է, սակայն` ո՛չ բաւարար: Անհրաժեշտութիւն է, որպէսզի անոնց անուններէն ճառագայթող հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը կարելի ըլլայ փոխանցել նոր սերունդին եւ անտեղեակներուն ու անտարբերներուն մատուցել գերագոյն արժէքներու համար զոհաբերութեան պատրաստակամութեան ճաճանչող օրինակ մը: Անբաւարար է բոլոր անոնց համար, որոնք այդ երիտասարդներուն հերոսական արարքին մէջ կը տեսնեն`...

Դամասկահայ Ներկայացուցիչներ Ներկայ Կը Գտնուին «Հաւատադրժողական Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Համար Տեղեկատուական Միջազգային Խորհրդաժողով»-ին

Դամասկահայ Ներկայացուցիչներ Ներկայ Կը Գտնուին «Հաւատադրժողական Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Համար Տեղեկատուական Միջազգային Խորհրդաժողով»-ին

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ կազմակերպութեամբ տեղեկատուութեան նախարարութեան, 24 յուլիսին Դամասկոսի «Մշակոյթի եւ արուեստի Ասատի տան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար տեղեկատուական միջազգային խորհրդաժողով»-ի բացումը: Երկու օրուան վրայ ընթացող խորհրդաժողովին մասնակցեցան մօտ 130 լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ` զանազան երկիրներէ, ինչպէս` Ռուսիա, Իրան, Սպանիա, Չինաստան, Թուրքիա, Փաքիստան, Եգիպտոս, Լիբանան, Իրաք, Ալճերիա, Մարոք, Պահրէյն, Մեծն Բրիտանիա, Սէուտական Արաբիա,...

Նշմար.  Միւս Քաղաքապետութիւններն Ալ Պէտք Է  Օրինակ Վերցնեն  Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութենէն

Նշմար. Միւս Քաղաքապետութիւններն Ալ Պէտք Է Օրինակ Վերցնեն Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութենէն

ԺԱՔ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Վերջին շաբթուան ընթացքին քանի մը անգամ մամուլով անդրադարձանք Լիբանանի աղբահանութեան տագնապին եւ կը գնահատենք այս իմաստով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ճիգերը իր սահմանափակ կարողութիւններով հանդերձ շրջանին մէջ այս տագնապը թեթեւցնելու իմաստով: Արդէն սկիզբէն ալ ամբողջ հարցը հոն էր, որ այս մարզին կառավարումը 1990-ականներէն ետք յանձնուած էր սեփական ընկերութեան մը` «Սուքլին»-ին, որ իր կարգին այդքան ալ չփայլեցաւ իր գործունէութեան թափանցիկութեամբ...

Պէտք Է Շատ Աւելի Մտահոգուինք Էրտողանի Վտանգաւոր Գործողութիւններով, Քան` Անոր Խելացնոր Պատմութիւններով

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վերջին տարիներուն լիովին կորսնցուցած է իր հեղինակութիւնը բազմաթիւ արտառոց պնդումներ ընելուն պատճառով: Օրինակ` նախորդ տարի Էրտողան Պոլիս այցելած խումբ մը լատինամերիկեան իսլամներու ըսած է, որ իսլամ ճանապարհորդները Ամերիկան յայտնաբերած են Քրիստոֆըր Քոլոմպոսէն աւելի քան 300 տարի առաջ: «Կը պնդեն, որ Քոլոմպոս յայտնաբերած է Ամերիկա ցամաքամասը, 1492 թուականին: Իրականութեան մէջ իսլամ նաւաստիները ամերիկեան ցամաքամաս...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Նաժի Նաաման. Գրքի Եւ Բազմազգ Մշակոյթի Մարդը

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Պէյրութից մի քանի տասնեակ քիլոմեթր դէպի հիւսիս գտնուող Ժունի քաղաքը իմ` յաճախ Լիբանան այցելող հայաստանցուս համար եղել է ծով գնալու յարմար վայր: Միջերկրականի ջուրը եւ լողափը այստեղ համեմատաբար մաքուր են, քաղաքի բնակչութիւնը գերազանցապէս արաբ քրիստոնեաներ են: Ժունի գողտրիկ բնակավայր է, որտեղ կողք կողքի ապրում են հինն ու նորը: Երկյարկանի, կղմինտրէ տանիքներով ծածկուած տների հարեւանութեամբ վեր են խոյեանում բարձրայարկերը:...

Ցեղասպանութեան Թրքական Որոշումին Իրաւաքաղաքական Շրջագիծը

Մեղրաձոր (Կիսաւարտ Հեքիաթ)

ՏՈՔԹ. ՆԵՐՍԷՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Մեղրաձորի մէջ այդ տարին երաշտ եղաւ: Ի՜նչ լաւ էր կեանքը այդտեղ, սակայն երաշտէն ետք մարդիկ ուտելու հաց չգտան: Աղբիւրները չորցան, պարտէզները բերք չտուին, իսկ եղածները միջատները փճացուցին: Չէր բաւեր կարծես այս բոլորը, երբ Թթմաբերդի թալանճի Օսմանի աւազակները յարձակեցան Մեղրաձորի վրայ, հրոյ ճարակ ըրին ու կողոպտեցին շատ տուներ, փորձեցին այրել տաճարը: Այդ տարիներուն ձմեռները շատ խիստ անցան, մարդիկ...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ Մէջ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ 22 ապրիլ 2015-ին պատահաբար «Պի. Պի. Սի. մակազին»-ին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց հետեւեալ յօդուածը` «The Armenian Rugs That Tell Two Stories»` գրուած Լոս Անճելըսէն Լիանա Աղաճանեանի կողմէ: Յօդուածը կը յայտնաբերէ 1925-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քուլիճին նուիրուած Ղազիրի գորգին նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ մէջ: Ղազիրի գորգին պատմութիւնը ծանօթ է մեզմէ շատերուն. սակայն թարմացնելու համար մեր յիշողութիւնը` անդրադառնալու ենք Ղազիրի որբանոցի...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Աղբահաւաքը

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Աղբահաւաքը մեր թաղը կ՛աւլէ` Գետինը նետուած ամէն ինչ գրեթէ, Շիշը կոտրուած` Յակոբին նետած Տիկնոջը գլխուն, փառք քեզ Տէր Աստուած, Որ չհասաւ իր գէշ նպատակին Ու պատուհանէն վար ինկաւ` գետին: Խեղճ խանութպանին էջերը պարտքի Որ երկար ատեն գաղտնի մնացին: Տէրերը պարտքին ուրացան, գացին, Հայհոյելով այդ գէշ խանութպանին: Նկար մը գլխու` անբախտ երգիչին Զոր մեծ յոյսերով նկարուած էր իր Երգահանդէսէն...

Կամաւոր Աշխատանք Տարած Ուսանողներուն Տպաւորութիւնները

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը ընկերային, առողջապահական եւ նախազգուշական սպասարկութիւն մատուցելու կողքին, լաւագոյն առիթը կու տայ կամաւոր աշակերտներուն եւ համալսարանական ուսանողներուն առողջապահական գիտելիքներ ամբարելու եւ ընկերային ծառայութեան ծիրին մէջ վարժութիւններ ձեռք բերելու: Կեդրոնի հիմնադրութենէն մինչեւ օրս, իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին տասնեակ մը երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ եւ համալսարանական ուսանողներ իրենց ամբարած գիտելիքները գործնականի վերածելու  վարժութիւնները, փորձառական շրջանը կատարեցին «Ա. Պուլղուրճեան»...

Մասնաճիւղերու Ձեռնարկներ

- ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 65-ամեակը տեղի ունեցաւ 22 մայիս 2015-ին, «Ուայթ թաուըր» պանդոկի «Արարատ փալաս» սրահին մէջ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Քնար Մակարեան բացման խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ մանրամասնօրէն ներկայացուց «Արագած» մասնաճիւղի հիմնադրութիւնը եւ մինչեւ օրս կատարուած գործունէութեան մարզերը: Ապա հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեանը, որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ 65-ամեակի առթիւ: Թ. Գըլպաշեան նախ...

Ձեռարուեստի Ու Ճաշի Դասընթացքներու Սեմինարներ

Ձեռարուեստի Ու Ճաշի Դասընթացքներու Սեմինարներ

Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Ծառայութիւն, ընկերային արդարութիւն բաժանմունքին եւ Ֆինլանտական «Ֆինն չըրչ էյտ» կազմակերպութեան ֆինանսաւորումով եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, ընկերային պայմաններու բարելաւման եւ հայկական ձեռագործներու ու աւանդական ճաշերու պահպանման ի նպաստ կազմակերպուեցան  ձեռարուեստի ու ճաշի դասընթացքներու սեմինարներ` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: Պէտք է յիշել, որ նախանցեալ տարի սոյն դասընթացքները կազմակերպուած էին յատկապէս սուրիահայ կիներու համար`...

ԼՕԽ-ի «Ն. Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Ամառնային Գործունէութիւն

ԼՕԽ-ի «Ն. Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Ամառնային Գործունէութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնն ու հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը արդէն իսկ սկսած է իր ամառնային գործունէութեան, որ կը կատարուի խանդավառ առօրեայով: Հոն կը յաճախեն 5-12 տարեկան փոքրիկներ, որոնց համար ծրագրուած է 2015 ամրան յատուկ յայտագիր, որ կ՛իրագործուի ամէնօրեայ դրութեամբ: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէ` հայ գիրքի ընթերցանութիւն, ամառնային յատուկ դասեր, ընդհանուր գիտելիքներու փոխանցում, մտային ու դաստիարակչական խաղեր, ճիշդ հայերէն խօսիլ, կենցաղավարութիւն,...

Մի Բուռ Հայաստան` Լիբանանեան Բարկ Արեւի Տակ

Մի Բուռ Հայաստան` Լիբանանեան Բարկ Արեւի Տակ

ԿԱՐԻՆԷ ԱՇՈՒՂԵԱՆ Յուլիսեան մի օր, երբ օրեր անց պատրաստւում էի մեկնել Ճենովա Պոէզիայի միջազգային փառատօնի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային  հայաստանեան միութեան նախագահ Լիլիթ Գալստեանն անակնկալ զանգեց-ասաց, որ Պէյրութում անցկացուելիք Վահան Յովհաննիսեանի «Մանդիլիոն»-ի շնորհահանդէսին որպէս թարգմանչի հրաւիրում են նաեւ ինձ, եւ այդ պահին մտովի գծեցի միջերկրածովեան իմ ամառնային պտոյտը` Տիրոջ կենդանակերպ պատկերի լոյսի ներքոյ. Ճենովայում, Ս. Բարդուղիմէոս հայկական եկեղեցում  պիտի...

Խմբագրական.  Ցեղասպանութենէն 68 Տարի Ետք,  Եւ 100-Ամեակէն 32 Տարի Առաջ

Խմբագրական. Ցեղասպանութենէն 68 Տարի Ետք, Եւ 100-Ամեակէն 32 Տարի Առաջ

Լիզպոնի արարքը ներազգային առումով հսկայական ուղերձ եւ խորհուրդ կը պարփակէ. բայց անիկա արարք է, գործողութիւն` ուղղուած ուղղակիօրէն Թուրքիոյ: Լիզպոնի արդարահատոյցներուն ուղերձներուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնի Թուրքիայէն տարածքային պահանջի խնդիրը, հայութեան պատմական բոլոր իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը: «Հող» բառը Լիզպոնի տղոց նկարահանուած ուղերձներուն մէջ կը կրկնուի իբրեւ ազատագրելի տարածք, իբրեւ ամբողջական հայրենիքի վերականգնման առաջադրանք: Ուրեմն, եթէ Լիզպոնը ընկալենք իբրեւ զինուորաքաղաքական գործողութիւն,...

Անդրադարձ.  «Թաց» ՏԱՀԵՇ-ը  «Չոր» ՔԱԿ-ի Հետ Անխտիր

Անդրադարձ. «Թաց» ՏԱՀԵՇ-ը «Չոր» ՔԱԿ-ի Հետ Անխտիր

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 23 յուլիսին Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցին օտարերկրացի զինեալներու Սուրիա ներթափանցումը արգելակելու շուրջ եւ քննարկեցին Թուրքիա-Սուրիա սահմանի անվտանգութիւնը ապահովելու կարելիութիւնները: Նոյն օրն իսկ Քիլիսի շրջանին մօտ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ ծայր առին թրքական բանակ-ՏԱՀԵՇ բախումներ, իսկ երէկ թրքական ոստիկանութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի եւ ՔԱԿ-ի դէմ շղթայազերծեց մեծ արշաւ մը: Վարչապետարանէն հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը նշէր,...

Անդրադարձ,  Երէկ Տիզպոն, Այսօր` Լիզպոն…

Անդրադարձ, Երէկ Տիզպոն, Այսօր` Լիզպոն…

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ Պատմագիրը բաւական վառ պատմողական երանգներով կը ներկայացնէ այն դրուագը, թէ ինչպէ՛ս սասանեաններու Շապուհ թագաւորը պարսից արքունիք` Տիզպոն հրաւիրեց հայոց Արշակ Բ. թագաւորը, եւ իրեն նկատմամբ վերջինիս հաւատարմութիւնը քննելու համար հրամայեց արքունիքի սրահին մէկ մասին վրայ սփռել հայկական հող, իսկ միւս մասին վրայ` պարսկական հող: Զրոյցի ընթացքին երկու արքաները մերթ կը կանգնէին հայկական հողով ծածկուած բաժինին վրայ, մերթ` պարսկական...

Page 1034 of 1110 1 … 1,033 1,034 1,035 … 1,110

Արխիւներ