Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. «Շարլի Էպտօ»-ն Եւ Անգարայի Լարախաղացութիւնը

Յունուար 13, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

011215_vahoՖրանսան եւ ընդհանրապէս աշխարհը ցնցած իսլամական ծայրայեղական ձեռագիր կրող ահաբեկչութիւնը  այս օրերուն իր վրայ կեդրոնացուցած է երկրագունդի ուշադրութիւնը: Վերլուծումներ, բանավէճեր, շարժումներ, կը շարունակեն ողողել ամէն տարածք, որ այս կամ այն ձեւով մտահոգ է  ահաբեկչական  միտումի մագլցողականութիւն արձանագրող ընթացքէն: Կը պարզուի հետզհետէ, որ երկրագունդը իր կարեւորագոյն աշխարհագրական միջավայրերով անվտանգութեան գօտիներէ դուրս եկած է եւ կրնայ դիմագրաւել նման արարքներու շարունակականութիւնը: Փաստացի ուղերձը այն է, որ Իսլամական պետութիւնը իր բազմաճիւղ դրուածքով դուրս եկած է Միջին Արեւելքէն, իր  «կրօնագաղափարական» ազդեցութեան տակ առած ծայրայեղական տարբեր խմբաւորումներ, որոնք կը գործեն բարբարոսաբար` «յանուն կրօն»-ի:

Անշուշտ մեկնաբանութիւններն ու ընկալումները գերքաղաքականացուած են: Միեւնոյն բարբարոսութիւնը աշխարհագրական տարբեր միջավայրի մէջ նոյն որակումներուն, նոյն դատապարտանքներուն եւ նոյն հակազդեցութեան ալիքներուն չ՛արժանանար: Տարբեր խնդիր է նաեւ նման արարքներու ետին կանգնած եւ պետական մակարդակի համապատասխան նեցուկ ստացած խմբաւորումներու ծագման, զարգացման հոլովոյթը, ներշնչումները, քաջալերանքները, ֆինանսական եւ զինական օժանդակութիւններու երեւոյթներու մանրամասնեալ ուսումնասիրութիւնը: Կը թուի, որ պահը հասունցած է խորհելու, թէ նման շարժումները իբրեւ Միջին Արեւելքի սահմաններու վերագծման քաղաքականութեան ծառայող գործիքներ արդէն դուրս եկած են վերահսկողութենէն եւ կը բանին ընդդէմ գործիքները հնարողներուն:

Ասիկա անշուշտ հարցերու յաւելեալ ու խորացեալ իրազեկութիւն կը պահանջէ, մանաւանդ քաղաքական շարժառիթներու ոչ ենթադրեալ, այլ ճիշդ իմացութիւն: Բայց պարզ է, որ ստեղծուած այս կացութեան մէջ թրքական գործօնի հակազդեցութիւնը հսկայական հակասութիւններու դուռ կը բանայ եւ մեծ հարցականներ կը ստեղծէ:

Թուրքիոյ վարչապետին յայտնուիլը դատապարտանքի եւ զօրակցութեան քայլարշաւին որոշ նախաբան ունէր. Անգարայի յայտարարութիւնները` ահաբեկչութիւնը դատապարտող ու տակաւին զայն կանխարգիլող գործողութիւններու մասնակցելու պատրաստակամութեան դրսեւորումով, Տաւութօղլուին ճամբան կը հարթէր դէպի Փարիզ:

Լուսարձակը կեդրոնացնենք Տաւութօղլուի` այս առիթով կատարած յայտարարութեան վրայ եւ տեսնենք այնտեղ տեղաւորուած ուղերձին հիմնական կէտերը.-

1.- Անգարան ահաբեկչութեան դէմ յստակ կեցուածք որդեգրած է. Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքացիներ զոհ գացած են ահաբեկչութեան:

2.- Ահաբեկչութիւնը կրօնական կամ ցեղային բնոյթ չունի, այլ մարդկութեան դէմ ոճիր է:

3.- Նշում` թրքական եւ ֆրանսական գաղտնի սպասարկութիւններու միջեւ սերտ գործակցութեան` ահաբեկիչները բացայայտելու նպատակով:

Հայկական ակնոցով ամէնէն գրգռիչ յայտարարութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիրին վերաբերող թուրք գործիչին յայտարարութիւնն է եւ դատապարտանքը գործադրողին եւ դրդապատճառներուն, առանց որեւէ արդարացումի:

Բայց այս կէտը, կրնայ այնքան չշահագրգռել միջազգային հանրային կարծիքը, որքան իսլամական ծայրայեղականութեան անունին տակ ծայր առած միջազգային ահաբեկչութեան երեւոյթին նկատմամբ Անգարայի տուած այժմու գնահատականը: Մինչ այժմ աշխարհի տարբեր կեդրոններու մէջ ներկայութիւն փաստող եւ անվտանգութեան սպառնացող նոյն տարրերը  սպառնական գոյութիւն չեն ընդգծեր Թուրքիոյ տարածքին տեղակայուած, զինական օժանդակութիւն ստացած, թրքական սահմաններէն դէպի Իրաք եւ Սուրիա անարգել ելեւմուտք ունեցող այս խմբաւորումներուն, որոնք եւրոպական մասնաճիւղերն են պարզապէս եւ որոնք Տաւութօղլուի քննադատութեան թիրախ կը դառնան:

Տակաւին, այս առիթով  հայկական ոսպնեակի դիտարկումով չենք վերարծարծեր Տէր Զօրի յուշահամալիրի պայթեցումը Անգարայէն թափանցած միեւնոյն տարրերուն կողմէ: Համայն մարդկութեան համար Տէր Զօրը կոչուած էր ներկայացնելու զանգուածային սպանութեան այն կենդանի յուշարարն ու վկայարանը, որ մարդկութեան դէմ ոճիրի ամէնէն վառ, ամէնէն խօսուն եւ ամէնէն անմարդկային յանցագործութեան կը վերաբերի: Անհամեմատելիօրէն շատ աւելին, քան «Շարլի Էպտօ»-ն:

Թէեւ ֆրանսական կողմի ընկալումը թրքական աշխուժութեան շատ խանդավառ չերեւցաւ, այսուհանդերձ կասկած չկայ, որ այս թոհուբոհին մէջ իր հարցերը լուծել փորձող Անգարայի ներկայացուցիչը ճիգ չխնայէ պաշտօնական Փարիզի խոստումի իրականացումը տապալելու: Խօսքը կը վերաբերի Ֆրանսայի մէջ ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քրէականացման:

Նախորդը

Սարսափելի Ոճիր` Գիւմրիի Մէջ. Ռուս Սահմանապահ Մը Կը Սպաննէ Ամբողջ Ընտանիքի Մը 6 Անդամները

Յաջորդը

Ֆութսալ. Հայաստանի Հաւաքականը Մեկնեցաւ Շուէտ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պետութիւններու Շահերը  Եւ Տրամադրուող Պատրուակները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամադրուող Պատրուակները

Մայիս 21, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 21, 2025
Աուն-Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?