Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հարցականներ Ստեղծող Մթնոլորտ Մը

Յունուար 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Mass Unity Rally Held In Paris Following Recent Terrorist AttacksՓարիզի մէջ «Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթին դէմ ահաբեկչական յարձակումով ընթացք առած դէպքերը կարելի է նկատել երկրորդ «11 սեպտեմբեր» մը: 2001-ին այդ օր Նիւ Եորքի մէջ կատարուած յարձակումին հետեւանքը եղաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ձեռնարկում, Աֆղանիստանի եւ Իրաքի պատերազմ: Փարիզեան իրադարձութեանց լոյսին տակ յառաջիկային կը նախատեսուին միջազգային վեհաժողովներ, որոնց լոյսին տակ պիտի ճշդուի ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչական պայքարի նոր ռազմավարութիւն մը: Հաւանաբար այս յարձակումը եւս «11 սեպտեմբեր»-ի նման ունենայ իր արձագանգը, հետեւանքներն ու ազդեցութիւնները, որոնց առաւելագոյնը պիտի կրէ Եւրոպական Միութիւնը, որուն անդամները արդէն շատոնց մտահոգութիւն կը յայտնէին Սուրիայէն եւ Իրաքէն իրենց ժիհատական քաղաքացիներուն վերադարձով յառաջանալիք վտանգներուն նկատմամբ: Փարիզեան յարձակումները այդ նախատեսութեանց իրականութիւն դառնալուն ազդանշանն է:

Այդ զարգացումներուն անմիջական ազդեցութիւններէն մէկը Շենկենի համաձայնութեան սառեցումը կամ առնուազն անոր բարեփոխումն ու նոր պայմաններու պատշաճեցումը պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ` Եւրոպայի մէջ իսլամոֆոպիայի նկատառելի աճը: Ստեղծուած կացութիւնը Թուրքիոյ առիթ կ՛ընծայէ վերադիրքաւորուելու եւ իր մեկուսացումէն դուրս գալու: Անգարա արդէն Պոլսոյ մէջ զբօսաշրջական կեդրոնի մը դէմ անձնասպանական գործողութեան հեղինակին ՏԱՀԵՇ-ի հետ առնչութիւնը շեփորելով եւ միեւնոյն ժամանակ  փարիզեան դէպքերուն մասնակից կին ահաբեկիչին հետապնդման աշխատանքին մէջ ֆրանսական ու թրքական գաղտնի սպասարկութեանց միջեւ սերտ գործակցութիւն յառաջացնելով` ինքզինք կը զետեղէ «զոհերու» եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարողներու ճամբարին մէջ:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ 20 յունիս 2012-ին Պրազիլի մայրաքաղաքին մէջ Թուրքիոյ վարչապետին հետ հանդիպումը որակած էր իբրեւ «Սարքոզիի օրերուն յառաջ քշուած Ցեղասպանութեան քրէականացման օրինագիծին պատճառով գրեթէ վերացած երկկողմանի յարաբերութիւնները վերսկսելու տեսանկիւնէն» կարեւոր հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք ընդգծած էին ոչ միայն յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը բանալու անհրաժեշտութիւնը, այլ նաեւ զանոնք խորացնելու կարեւորութիւնը: Կը թուի, թէ փարիզեան յարձակումները ստեղծած են այդ մէկը իրականացնելու յարմար ենթահողը եւ արդէն սկսած են ընթացք առնել այդ ուղղութեամբ քայլերը:

Ֆրանսական եւ միջազգային տեսանկիւնէն պահու լրջութեան լոյսին տակ, Հոլլանտ որքանո՞վ պիտի շարունակէ յանձնառու մնալ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ ներկայացնելու իր ընտրական խոստումին, որուն գործադրութեան ժամկէտը արդէն քանի մը անգամ ձգձգած է: Տիրող մթնոլորտին մէջ 24 ապրիլ 2015-ին նախատեսուած Հոլլանտի Երեւան այցելութիւնը ի զօրո՞ւ պիտի մնայ: Այս հարցադրումներուն կողքին գոյութիւն ունի այլ ընդհանուր հարցադրում մը. փարիզեան յարձակումները պիտի ունենա՞ն այնպիսի զարգացումներ, որոնք միջազգային լուսարձակները իրենց վրայ կեդրոնացնելով` շուքի կրնան մատնել կամ առնուազն նուազեցնել ցեղասպանութեան 100-ամեակի քարոզչական բնոյթի նախաձեռնութիւններուն յաջողութեան տարողութիւնը: Յուսանք առաջին երկու հարցումներուն պատասխանը դրական ըլլայ, իսկ երրորդինը` ժխտական:

 

 

 

Նախորդը

«Զինուորներին Կոտորողը, Հայերին Կոտորողը»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?