Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ցեղասպանութեան Տարելիցին Ընդառաջ Պիտի Հնչեն
Նահատակ Բանաստեղծներու Խօսքերով Գրուած Երգեր
Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, երաժշտագէտ Դանիէլ Երաժիշտը 2014 թուականը կը նկատէ բարդ տարի` իր թռիչքներով եւ անկումներով: «Ես աւելի շատ զբաղած էի արուեստով, հասայ քանի մը երգ ստեղծելու Սիամանթոյի, Դանիէլ Վարուժանի, Ռուբէն Սեւակի խօսքերով` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ: Արդէն այդ երգերուն մէկ մասը ձայնագրուած է: Նպատակ ունինք Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նպաստել այդ քայլերով», «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է ան:
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ իրենք որոշած են 100-ամեակին ընդառաջ հնչեցնել նահատակ բանաստեղծներու խօսքերով գրուած երգերը. «Իմ երգերէս մէկը ընտրուեցաւ` իբրեւ Սիամանթոյի անուան դպրոցի քայլերգ: Այս տարուան ամէնէն պայծառ իրադարձութիւններէն էր», ըսած է ան:
2015-ի համար կան շարք մը երգեր եւ մտայղացումներ, որոնք, ինչպէս Դանիէլ Երաժիշտը նշած է, նոյնպէս Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ կեանքի պիտի կոչուին:
Ամփոփելով արդէն անցած տարին` երաժիշտը աւելցուցած է, որ ուսումնական բնագաւառին մէջ արձանագրուեցան յաջողութիւններ, բազմաթիւ համերգներ ու փառատօներ տեղի ունեցան: Տարին չափազանց արդիւնաւէտ էր ստեղծագործական առումով:
Ան մաղթեց, որ ժողովուրդը դժուարութիւնները դիտարկէ որպէս փորձութիւններ, որոնք պէտք է յաղթահարուին եւ աւելի զօրացնեն. «Ընկերային իմաստով որքան արդար, այդքան զօրաւոր է մեր հայրենիքը»:
Սուրիահայերուն Հիմնախնդիրները Համակարգող
Կեդրոնին Մէջ Արձանագրուածներուն
Երկու Հազարը Արդէն Աշխատանք Ունի
Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնին մէջ արձանագրուած 7000 սուրիահայերէն 2000-ը արդէն ապահովուած է աշխատանքով, «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է կեդրոնի ներկայացուցիչ Նայիրա Եդիգարեան` միաժամանակ պարզաբանելով, որ արձանագրուած 7000 սուրիահայուն մէջ կան նաեւ երեխաներ ու տարեցներ, որոնք չեն կրնար աշխատիլ:
«Ունենք ընտանիք, որի երեք անդամն աշխատում է: Աշխատանքի մէջ յաճախ առաջանում են լեզուական խնդիրներ, այդ պատճառով մենք ռուսերէնի դասընթացներ ենք անցկացնում, որպէսզի սպասարկման ոլորտում նուազագոյն ռուսերէնով կարողանան աշխատել», ըսած է ան:
Նայիրա Եդիգարեան նշած է, որ իրենք կը տրամադրեն նաեւ իրաւաբանական, կրթական աջակցութիւն:
«Մենք կրթութիւնը ընտրել ենք որպէս համարկման ամենակարճ ճանապարհ, եւ սուրիահայ ուսանողներին կրթաթոշակ վճարելը արդէն իսկ մեծ գործ է: Բոլոր սուրիահայերը, որոնք մտնում են հանրապետութիւն, արդէն իսկ մեր մասին գիտեն, եղել է դէպք, որ մարդը եկել է գրանցուելու, եւ մենք արձանագրել ենք, որ նա ընդամէնը առաւօտեան է եկել Հայաստան, իսկ երեկոյեան` մեր կենտրոն: Մենք տալիս ենք նաեւ ֆինանսական օգնութիւն, երբ մարդիկ ծանր կացութեան մէջ են, բնակավարձի հատուցում, համագործակցում ենք զբաղուածութեան պետական ծառայութեան, ինչպէս նաեւ` անհատ ձեռներէցների հետ», ըսած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ կա՞ն սուրիահայեր, որոնք ստանալով իրենց անհրաժեշտ աջակցութիւնը դուրս ելած են կեդրոնէն` Եդիգարեան դիտել տուած է. «Կենտրոնից դուրս չեն գալիս, մնում են տուեալների շտեմարանում, որովհետեւ նրանք մեր շահառուներն են, եւ նոյնիսկ եթէ չունեն ֆինանսական օգնութեան կարիք, մշակութային միջոցառումներին մասնակցում են: Սա համարկման ուղղուած քայլ է»:
Մահացած Է KDWIN Ծրագիրի Հեղինակ
Ռաֆիկ Մարութեանը
Միացեալ Նահանգներու մէջ, դեկտեմբերի վերջին օրերուն, երկարատեւ հիւանդութեան պատճառով մահացած է Ռաֆիկ Մարութեանը: Հաւանաբար անոր անունը բոլորին ծանօթ չէ, սակայն անոր ստեղծած KDWIN ծրագիրը հանրաճանաչ է եւ կ՛օգտագործուի բոլորին կողմէ:
51 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած Ռ. Մարութեան ծնած է Պաքու, ուր դպրոցական տարիները ամբողջացնելէ ետք բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Երեւանի մէջ` ուսողութեան բնագաւառին մէջ: Այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Մոսկուայի մէջ` Ռուսիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի տեղեկատուութեան փոխանցման մէջ մասնագիտացած հաստատութեան մէջ, ուրկէ ստացած է ուսողութեան գիտութիւններու դոկտորի կոչում: Անոր հետաքրքրութիւններուն ոլորտը շատ ընդարձակ է` տեղեկատուական տեսութիւն, համակարգերու ծրագրաւորում, վիճակագրութիւն, ստեղնաշարային տրայվըրներ, ելեկտրոնային բառարաններ, համակարգչային ծրագրաւորում եւ այլն: Ընկերութիւններէն մէկուն մէջ աշխատանքի սկսելուն առիթով անոր տուած երաշխաւորագիրին մէջ գրուած էր. «Ան գերարագ ծրագրաւորող է: Ան կրնայ շատ աւելի արագ ծրագրաւորել, քան դուք կը մտածէք»: Ռ. Մարութեան Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի հիմնադիրներէն էր: Ան հայաստանեան Synopsys ընկերութեան հիմնական մասնագէտներէն էր: Իսկ մինչ այդ HPL ընկերութեան ծրագրային ճարտարագիտութեան տնօրէններէն էր: 2000 թուականին Ռաֆիկ Մարութեան մնայուն բնակութեան համար հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր ապրեցաւ եւ աշխատեցաւ մինչեւ իր կեանքին վերջին օրը:
Ստեփանակերտի Մէջ Ուռուցքաբանական Կեդրոն
Պիտի Կառուցուի
Տարեսկիզբին Ստեփանակերտի մէջ պիտի սկսի ուռուցքաբանական կեդրոնի շինարարութիւնը, որուն ֆինանսաւորումը հաստատուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղին կողմէ:
«Ազատ Արցախ» թերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեանը` աւելցնելով, որ կեդրոնին կառուցումը ոլորտի հերթական ու ազդեցիկ քայլերէն մէկը նկատած է: «Բոլորս ենք քաջատեղեակ, թէ Արցախում եւ աշխարհում ինչքան են տարածուել սիրտ-անօթային եւ ուռուցքային հիւանդութիւնները: Նոյնիսկ զարգացած երկրներում ինչքան արհեստագիտութիւններ արդիականանում են, դեղորայքն աւելի արդիւնաւէտ դառնում, միեւնոյն է, մահուան ելքով այդ հիւանդութիւնները գլուխ են բարձրացնում», դիտել տուած է Յ. Քուշկեան:
Ուռուցքաբանական կեդրոնը պիտի կառուցուի Հանրապետական բժշկական կեդրոնին յարող տարածքին մէջ: Արդէն հաստատուած է ճարտարապետական նախագիծը: Ծրագիրը, ըստ նախարարին, համալիր է, որովհետեւ կը նախատեսուին ոչ միայն շինարարական աշխատանքներ, սարքաւորումներու ձեռքբերում, այլ նաեւ` հիւանդի մէկ տարուան թանկարժէք դեղորայքի ապահովում, ինչպէս նաեւ` մասնագէտներու վերապատրաստում արտասահմանի մէջ (2 բժիշկ, 2 բուժքոյր):
«Յոյսով եմ, որ շատ արագ կը կառուցենք այս կենտրոնը, որը լուրջ քայլ կը լինի Արցախի առողջապահական համակարգի զարգացման գործում: Ի հարկէ, տնտեսական ու ֆինանսական ճգնաժամեր լինում են, բայց մենք պէտք է կարողանանք մեր փորձը, հմտութիւնները, հնարաւորութիւններն արդիւնաւէտ օգտագործել: Դժուար ժամանակաշրջաններում եւս պէտք է փորձենք ոլորտն առաջ տանել: Կարծում եմ` կը կարողանանք լուծել ծառացած խնդիրները եւ ապահովել համակարգի արագ զարգացումը», ըսած է առողջապահութեան նախարարը եւ աւելցուցած է. «Քանի որ ոլորտը աշխուժօրէն զարգացող է, միշտ պէտք է առաջ ընթանալ»:
Վարդանեան Ընտանիքը 300 Հազար Տոլար Նուիրած Է
Ստեփանակերտի Մայր Եկեղեցւոյ Կառուցման
2006 թուականին Արցախի մայրաքաղաքին մէջ սկսած է Աստուածամօր Ս. Յովանի եկեղեցւոյ կառուցումը: Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի համաձայն, սկզբնական շրջանին նիւթական մեծ գումարներու կարիք ըլլալուն պատճառով եկեղեցւոյ կառուցման ընթացքը դանդաղ էր: Եկեղեցւոյ շինարարութիւնը շարունակելու համար ժամանակին օգնութեան ձեռք երկարած է գործարար Հրանդ Վարդանեան եւ տրամադրած է 150 հազար տոլար:
«Վարդանեան աւագի գործը շարունակեցին նաեւ նրա որդիները, ովքեր համաձայնեցին ֆինանսական օժանդակութիւն ցուցաբերել եկեղեցու կառուցմանը եւ տրամադրեցին եւս 150 հազար տոլար», «Նիուզ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Արցախի թեմի առաջնորդը` աւելցնելով, որ եկեղեցւոյ օծումը նախատեսուած է 2016 թուականի աշնան:
«Այլընտրանքային Ուժանիւթ» Ծրագիր`
Պարոյր Սեւակ Գիւղի Դպրոցին Մէջ
Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնարկը (FPWC) եւ հիմնարկի գլխաւոր գործընկեր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը ամփոփած եւ ներկայացուցած են «Այլընտրանքային ուժանիւթ» ծրագիրի ծիրին մէջ իրականութիւն դարձող միացեալ նախաձեռնութիւններուն արդիւնքները: Այս շրջագիծին մէջ Պարոյր Սեւակ գիւղի նախակրթարանին մէջ տեղադրուած է արեւային զօրութեամբ ջուր տաքցնող սարք եւ ելեկտրական ջեռուցման համակարգ: Շնորհահանդէսը կայացած է գիւղի նախակրթարանին մէջ, որ ունի 2 սենեակ եւ կը սպասարկէ 16 երեխայի: Այս առիթով դպրոց այցելած են «Վիվասել-Էմ. Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան, FPWC-ի հիմնադիր Ռուբէն Խաչատրեանը եւ Պարոյր Սեւակ համայնքի ղեկավար Էդուարդ Ստեփանեան:
«Հին ժամանակներում իմաստուններն ասում էին, որ երկրագունդը պէտք է սիրել եւ պահպանել, քանի որ այն ոչ թէ ժառանգել ենք մեր ծնողներից, այլ պարտք ենք վերցրել մեր երեխաներից: Բնութիւնն անչափ հարուստ է պաշարներով, բայց մենք պէտք է խնայողաբար օգտագործենք դրանք` հնարաւորութեան դէպքում ընտրելով պակաս վնասակար կամ լիովին անվնաս տարբերակներ: Արդէն ամբողջ աշխարհն է գիտակցում կենսոլորտային աղէտների պատճառներն ու դրանց հետեւանքների լրջութիւնը, եւ բազմաթիւ երկրներ պատասխանատու մօտեցում են ցուցաբերում շրջակայ միջավայրի հանդէպ` օգտուելով այլընտրանքային ուժանիւթի աղբիւրներից: Սա ոչ թէ առանձին երկրների, այլ ամբողջ մարդկութեան պայքարը պէտք է լինի, եւ միանալով դրան` մէկ անգամ եւս հաւաստում ենք մեր քաղաքակիրթ եւ գիտակից մօտեցումը», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Պարոյր Սեւակ գիւղը, որ նախապէս ունեցած է Սեւակաւան անուանումը, հիմնադրուած է 1978-ին եւ ունի 577 բնակիչ: Գիւղի բնակչութիւնը գաղթած է յարակից շրջաններէն, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանէն:
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Արեւային ջեռուցման եւ ջրատաքացուցիչ համակարգն ունի ջրատաքացուցիչ 2 կուտակիչ, իւրաքանչիւրը` օդատեղ 30 խողովակով (ընդհանուր` 60 հատ): Հայաստանում, ի դէպ, 70 մմ տրամագծով օդատեղ խողովակներն առաջին անգամ են գործարկւում (մինչ այժմ շահագործուող խողովակների տրամագիծը չի գերազանցել 58 մմ) եւ առաւել արդիւնաւէտ են: Օդատեղ մէկ խողովակի երկարութիւնը 2.1 մ. է: Համակարգն ունի նաեւ 300 լիթր տարողութեամբ երկշրջագիծ ջերմափոխանակիչ տակառ, ինչպէս նաեւ ղեկավարման համակարգ` իր ջրմուղով: Բացի այդ, նախակրթարանում տեղադրուել է ջեռուցման ելեկտրական կաթսայ` 15 քիլովաթ հզօրութեամբ եւ ջեռուցման ընդհանուր համակարգ` 8 հատ ջեռուցման մարտկոցով: Նախակրթարանում տեղադրուած արեւային ջրատաքացուցիչը ջեռուցման արդիւնաւէտութեան եւ բնապահպանական տեսանկիւնից արդարացուած միջոց է: Այս համակարգը ձմրանը 50-60 տոկոսով նուազեցնում է ջեռուցման ծախսը, իսկ ամռանը 100 տոկոսով` տաք ջրի ծախսը: Ծրագրի շնորհիւ սպասւում է նաեւ նախակրթարան յաճախող երեխաների քանակի աճ»:
2014-ին` Վերջին Տարիներուն Հետ Բաղդատելով,
Մեծ Քանակութեամբ Գիրք Տպուած Է
Գրականագէտ Արքմենիկ Նիկողոսեան 2014 տարին կարեւոր նկատած է առաջին հերթին գրահրատարակչական ոլորտին մէջ արձանագրուած արդիւնաւէտ գործունէութեան համար: Ան այս մասին խօսած է «Հայոց Աշխարհ»-ի թղթակից Ռուսլան Թաթոյեանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
«Վերջին տարիների համար աննախադէպ քանակով գրքեր են տպագրուել: Եւ կարեւորն այն է, որ դրանց մակարդակը եւ որակն է էապէս բարձրացել, ու նաեւ տպագրական առումով են աւելի լաւը: Յատկապէս թարգմանական դաշտում եղան մի քանի իրադարձութիւններ: Ցաւօք, արդէն երջանկայիշատակ Սամուէլ Մկրտչեանը 2014 թուականին տպագրեց իր բոլոր նախկին թարգմանութիւնները, եւ դա մեծ նուէր էր հանրութեանը, ընթերցողներին: Տարեվերջին Զաւէն Պոյաճեանի թարգմանութեամբ լոյս տեսաւ Ումպերթօ Էքոյի երկար սպասուած «Վարդի անունը» վէպը: Տպագրուեցին աշխարհահռչակ հեղինակների նոր ստեղծագործութիւններ, կարելի է իրադարձութիւն համարել «Նոպէլեան մրցանակակիրներ» մատենաշարի հիմնումը «Անտարես» հրատարակչութեան կողմից, որն արդէն երկու հեղինակի գործ է տպագրել: Այս տարի լոյս են տեսել նաեւ ժամանակակից հայ գրողների, մասնաւորապէս Արամ Պաչեանի նոր ժողովածուն, Արտաւազդ Եղիազարեանի, Դիանա Համբարձումեանի, շատ երիտասարդ բանաստեղծների գրքեր: Մի խօսքով, դաշտն այդ առումով շատ աշխուժ է, բայց 2015-ից սպասում եմ ոչ միայն գրահրատարակչական, այլեւ ընթերցողական աշխուժութիւն: Ի վերջոյ, այս ամէնը ստեղծւում է նախեւառաջ ընթերցողների, դրանով իսկ` գրական դաշտում, երկրում ընդհանրապէս մթնոլորտ փոխելու համար», յայտնած է ան:
Մահացած Է Վաստակաւոր Արուեստագէտ
Էդուարդ Բաղդասարեանը
Յունուար 6-ին 87 տարեկանին կեանքէն հեռացած է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, միջազգային եւ համամիութենական մրցումներու ու փառատօներու դափնեկիր, երգիչ Էդուարդ Սերգէյի Բաղդասարեանը:
1954 թուականէն Էդուարդ Բաղդասարեան Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի առաջատար մենակատարներէն էր: 1968-ին, ըլլալով Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիայի մեներգիչ, համերգներով հանդէս եկած է Խորհրդային Միութեան եւ արտասահմանեան տասնեակ երկիրներու մէջ` բարձր կատարողական վարպետութեամբ ներկայացնելով հայկական արուեստը:
Հայաստանի կառավարութիւնը, գնահատելով Էդուարդ Բաղդասարեանի կատարողական արուեստը, զայն պարգեւատրած է պետական բարձրաստիճան շքանշաններով եւ մետալներով:
Էդուարդ Բաղդասարեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 8 յունուարին, Մալաթիոյ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Բարեգործներու Շնորհիւ Մարտունին
Պիտի Ունենայ Բարեկարգուած Փողոցներ
Մարտունի քաղաքի ծայրամասային փողոցներուն մէջ տեղի կ՛ունենան սալապատման աշխատանքներ, որոնք իրականութիւն կը դառնան Ղարաբաղի գիւղերու զարգացման հիմնարկին միջոցներով: «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մարտունիի քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեան դիտել տուած է, որ ծրագիրը մեկնարկած է նախորդ յուլիսին: «Այսօրուայ դրութեամբ կատարուել են փողոցների աւելի քան 2000 քառ. մեթր սալապատման աշխատանքներ, ինչը շարունակական է լինելու եւ պէտք է ընդգրկի Մարտունու բոլոր ծայրամասային փողոցները», յայտնած է Մ. Խաչատրեան` աւելցնելով, որ անոնք հիմնականին մէջ այն փողոցներն են, որոնք կը գտնուին անմխիթար վիճակի մէջ եւ անձրեւներուն պատճառով կը դառնան անանցանելի:
Ըստ քաղաքապետին, «ծրագրում ներգրաւած են հիմնականում տեղաբնակ շուրջ 30 բանուորներ եւ վարպետներ, որոնց 1 քառ. մեթրը սալապատելու դիմաց հիմնադրամի կողմից վճարւում է 3500 դրամ աշխատավարձ»:
Ծրագիրի իրականացման համար Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետին կողմէ տրամադրուած են նաեւ արտապիւտճէական միջոցներ, որոնք կ՛օգտագործուին ծրագիրին մէջ չներառուած ծախսերու համար:
Ռազմական Պարի Դասընթացք` Լեռնային Ղարաբաղի
Պաշտպանութեան Բանակի Զօրամասերուն Մէջ
«Արցախ» ազգային պարի նախաձեռնութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն հետ համադրաբար կ՛իրականացնէ ծրագիր մը, որուն ծիրին մէջ պաշտպանութեան բանակի զօրամասերուն մէջ կը կազմակերպուին ռազմական պարերու ներկայացումներ, ապա` ուսուցում:
Ըստ Karabakh open-ի, դասընթացքները կը կայանան երկու հանգրուանով, առաջինը` դասախօսութիւններ, իսկ երկրորդը` ռազմական պարերու գործնական ուսուցում:
Այս նախաձեռնութիւնը, ըստ կազմակերպիչներուն, շարունակական պիտի ըլլայ: