Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համացանցային Անդրադարձներ

January 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերոյիշեալ խորագիրին տակ, ասկէ ետք, խմբագրական կազմին հայեցողութեամբ «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ լոյս պիտի տեսնեն համացանցային էջերուն եւ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարուած գրառումներ, անդրադարձներ, «Ազդակ»-ի կայքին կամ Դիմատետրի էջերուն վրայ արտայայտուած կարծիքներ, մտորումներ, քննարկումներ, որոնք կը կրեն համահայկական բնոյթ եւ, յօդուածի տարողութիւն չունենալով հանդերձ, պատգամ, գաղափար եւ մթնոլորտ կը փոխանցեն:

Ստորեւ կը հրատարակենք Հալէպէն նշմար մը, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»-ի խմբագրականին առիթով կատարուած անդրադարձ մը:

1920463_626556834113013_7749903185909115480_nՄեծ խանդավառութեամբ սպասուած տօնական օրերը անցան…

Հակառակ կենցաղային անորակելի դժուարութիւններուն, հալէպահայութիւնն ալ ինչ որ չափով, ինչ որ ձեւով մասնակից դարձաւ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ ընկերային-հասարակական հարթակի վրայ տեղի ունեցող տօնախմբութիւններուն` քերմէս, ցուցահանդէս, երգահանդէս, պարահանդէս, ճաշկերոյթ եւ մասամբ նորին…

Հալէպահայը անգամ մը եւս ամրագրեց իր վերականգնումի կամքը խթանող հրամայականը…

Հոգեւոր ոլորտին մէջ եւս, եկեղեցին աւելի քան երբեք կը գտնուի պատնէշի վրայ եւ, ի հեճուկս տիրող գերազանցապէս անապահով իրավիճակին, կարելիութեան սահմաններու մէջ կը ջանայ պահել իր յատկանշական աւանդութիւններու համակարգը, իսկապէս իմաստաւորելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն` երջանկայիշատակ Բաբգէն կաթողիկոս Կիւլեսէրեանի այս մասին ունեցած համոզումը. «Եկեղեցի մը, որ չունի աւանդութիւն, ենթակայ է յարատեւ փոփոխութեան, ինչ որ համազօր է պատեհապաշտութեան… »:

Այս պարունակի մէջ տեղի ունեցող տնօրհնէքը, եկեղեցական հոգեպարար աւանդութիւն ըլլալու կողքին, գօտեպնդող, սրտապնդող ազդակ է նաեւ, որ ընտանեկան յարկին օրհնութեամբ, խորքին մէջ, ըստ իս, կը միտի հայրենիքի կտուրին տակ մեր մեծ ընտանիքին` հայ ժողովուրդին շնորհաբաշխութեան…

Այսօր հալէպահայութեան տօնական սովորութիւններու ցանկէն  (յուսանք ժամանակաւորապէս) զանց առնուած են Ճրագալոյցի գիշերը հայաշատ շրջաններու փողոցներուն մէջ դպրաց դասերու կատարած աւետումի շարականներու երգեցողութիւնը եւ զոյգ տօներու առաւօտեան հայկական միութիւններու բովանդակալից բացիկներով շնորհաւորագիրները մեր տուները հասցնող տղոց եւ աղջիկներուն կատարած քարթաբաշխումի յոյժ գեղեցիկ աշխատանքը…

Սակայն այնքան ատեն որ կը ղօղանջեն Հալէպի մեր եկեղեցիներուն զանգերը, պիտի շարունակուի գէթ տնօրհնէքը… ծխատէր քահանան պիտի օրհնէ մեր տան աղն ու հացը…

Այսօր մեր ընտանեկան յարկը արժանացաւ Ս. Ծննդեան աւանդական տնօրհնէքին…

Հալէպը կը շարունակէ բաբախել իր աւանդութիւններով…

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ…

ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ

 *
*   *

Սիրելինե՛ր

Հիանալի խմբագրական էր «Փակուող-բացուող տարին. այն ինչ որ չկրցանք իրագործել-այն ինչ որ կրցանք ընել»:

Ընկերներ, դուք ձեր նշած գործերից աւելին էք արել: Երբ ամէնօրեայ այցելած կայքերի շարքին այցելում ես «www.aztagdaily.com» սպասում ես նոր հարցազրոյցների, յօդուածների, նոր վերլուծութիւնների, որը արտացոլում է մեր հայկական իրականութեան խնդիրները սփիւռք-հայրենիք հաւասար արժեւորումով եւ բծախնդրութեամբ: Հարցերի բազմակողմանի մօտեցմամբ եւ ուսումնասիրութեամբ, բովանդակալից ու դաշնակցականի մօտեցմամբ, ախտաճանաչումների, ազգային հիմնախնդիրների մասին նոր խօսք ունեցող «Ազդակ»-ը,… «շատ գործ է անում»…

Յատկապէս սփիւռքեան եւ համաշխարհային նոր համակարգուած պայմաններում…

Շնորհակալութիւն ձեզ բոլորիդ…

Սիրելիներ, թէեւ ամանորեայ այդ ուրախ օրերի խանդավառութիւնը խառնուեց ընկ. Վահանի վաղաժամ մահուան լուրի հետ, վիշտ ու ափսոսանք պատճառելով բոլորիս, բայց ցանկանում եմ ձեզ եւ ձեր ընտանիքներին ուրախութիւն, յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք, ու «Ազդակ»-ին բարձրագոյն վերելք ու կանաչ ճանապարհ:

ԻՎԷԹ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

31 դեկտեմբեր – Թեհրան

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Յունուար 1965)

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի (Դեկտեմբեր – Դ.). Ինքնաքննարկման Մօտեցումով, Աշխատանքի Վերանորոգ Թափով

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.