Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յետ Եղեռնի. Գաղութային Կազմաւորում

January 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

1915-1921, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ ջարդերէն ետք հայութեան մէկ մասը ապաստան գտաւ Լիբանանի մէջ:

1923-էն սկսեալ կը կազմաւորուէր լիբանանահայ գաղութը` մայրաքաղաք Պէյրութէն, Քարանթինա-Մար Մըխայէլէն մինչեւ Պուրճ Համուտի ծովեզերեայ շրջանը: Ամբողջ Մար Մըխայէլ եւ իր շրջակայքը հիւղաւաններով ծածկուած էին:

Պուրճ Համուտի հիւղաւանը կոչուեցաւ «Թիրօ թաղ»: Այս շրջանին մէջ կար ընդարձակ հողամաս մը, ուր աղաւնիներ կ՛որսային: Ֆրանսական մանտայի օրերը ըլլալով` ֆրանսերէնը տիրապետած լեզուն էր, հետեւաբար այս տարածքը կոչուեցաւ Թիր-օ-փիժոն. երեք բառերով կազմուած անունը կոչուեցաւ Թիրօ, որով մկրտուեցաւ այս հիւղաւանը:

Հոծ թիւով հայութիւն հաստատուեցաւ այս հիւղաւանին մէջ, որ ունեցաւ իր եկեղեցին եւ դպրոցը, եկեղեցին` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, իսկ դպրոցը` Նուպարեան վարժարան:

Հաւատքի եւ ուսման հարցերը մասամբ կարգադրած ըլլալով` բազմաթիւ ընտանիքներ կ՛որոնէին իրենց հացի ճամբան: Դժուար էր հայկական ինքնութիւն պահելը մանաւանդ որ հայը չէր գիտեր տեղական լեզուն: Հոս թուրքը չկար, սպանդ չկար, բայց կար գլուխ պահելու հարցը, այսինքն` հացի ճամբան: Այս վիճակին մէջ հայը իր աշխատասիրութեամբ, ամէն տեսակի գործեր յանցն առնելով, գոյութիւն պահեց, աճեցաւ եւ բազմացաւ: Կարեւորութիւն չէր կրնար տալ արտաքին շպարի, գեղեցիկ հագուստ-կապուստի: Կային աշակերտներ, որոնք ոտաբոբիկ եւ պատռտած վերարկուով դպրոց կ՛երթային: Իր ամբողջ հարստութիւնը հայրենի աշխարհին մէջ թողած` հայը իր գլուխը պահեց իր ճակտի քրտինքով:

Եթէ բաղդատական մը ընենք 1923-էն մինչեւ մեր օրերու ապրելաձեւին, զարմանքով պիտի հաստատենք, թէ ինչպիսի՛ աշխատունակութեամբ եւ նուիրումով կերտած ենք այս հայկական աւան Պուրճ Համուտը:

Չմոռնանք նոյն ատեն, որ Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ հիմնուած էին որբանոցներ, մասնաւորաբար` «Թռչնոց բոյն» որբանոցը, ուրկէ հասակ առին սերունդներ եւ` «Որբերը տուն շինեցին»:

Օսմանցիին յետնորդները մինչեւ այսօր կ՛ուրանան իրենց կատարած մեծ չարիքը, մէկուկէս միլիոնին կորուստը: Հայը լուռ չմնաց այս սուտ խօսքերուն դիմաց, շարունակեց իր պայքարը, որպէսզի ան ճանչնայ իր գործած մեծ ոճիրը: 100 տարի անցած է արդէն 1915-էն, հայը կը պահանջէ արդար վճիռ` հատուցումով եւ թուրքին գործած ահաւոր յանցանքին ճանաչումով:

1980-ական թուականներէն ի վեր «Թիրօ քեմփ» կոչուած հայկական այս թաղամասը գոյութիւն չունի: Հիւղաւանը վերածուած է նորակառոյց շէնքերով, վաճառատուներով, դրամատուներով վայրի մը, ուր կը տիրապետէ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին, յարակից առաջնորդարանով եւ «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահով: Այս կը նշանակէ եւ կը հաստատէ այն վարկածը, զոր հաստատած է ֆրանսացի բանաստեղծ Վիքթոր Հիւկօ, թէ` «Թուրքը անցած է ասկէ, ամէն ինչ աւերակ է ու մահ»: Այս խօսքին փոխարէն` հայը կը հաստատէ լաւատեսութեամբ. ամէն ինչ շէն ու պայծառ է, քանի որ «հայը անցած է ասկէ»:

Եղեռնէն 100 տարի ետք արցունքով չենք յիշեր մեծ կոտորածը, այլ ամենայն սրտով կը պահանջենք մեր հողերը, մեր իրաւունքը եւ մեր հարստութիւնը:

29-12-2014

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի (Դեկտեմբեր – Դ.). Ինքնաքննարկման Մօտեցումով, Աշխատանքի Վերանորոգ Թափով

Յաջորդը

Նիկոլ Դուման (Նիկողայոս Տէր Յովհաննիսեան, 1867-1914). Ազգային Մարտունակութիւն Դարբնող Անզուգական Հայդուկապետը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը

March 10, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Երկրորդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Երկրորդ Թիւը

March 10, 2026
21-րդ Դարու Ուսուցիչը Ալկորիթմներու Եւ Մարդկայինութեան Միջեւ⁷
Անդրադարձ

21-րդ Դարու Ուսուցիչը Ալկորիթմներու Եւ Մարդկայինութեան Միջեւ⁷

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.