Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկու Լիբանանցի Քափուչինեան Քահանաներ Զոհ` Հայոց Ցեղասպանութեան (1915 Եւ 1917)

January 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՏԷՐՈՒՆԵԱՆ

Հայր Լէոնար Մելքի
Հայր Լէոնար Մելքի

Վերջերս աշխատանք կը տարուի «Երանելի» տիտղոսին արժանացնելու Լիբանանի Պաապտեթ շրջանէն երկու քափուչինեան  երկու քահանաներու` հայր Լէոնար Հապիպ Մելքի (1881-1915) եւ հայր Թոմաս Ժըրիես Սալեհ (1879-1917): Այս երկու մարոնի վարդապետները ընդունած էին Լատին եկեղեցւոյ ծէսը:

«Երանելի» տիտղոսին կը հասնին անոնք, որոնք կը զոհուին քրիստոնէութեան համար , կարեւոր չէ հրաշք գործել:

Հարցումը այն է, որ այս երկու քահանաները իսկապէ՞ս իրենց կեանքը զոհեցին քրիստոնէութեան համար: Ուստի կը ներկայացնենք անոնց կենսագրականը:

Հայր Լէոնար Մելքի ծնած է Պաապտեթ, 1881-ին, բուն անունով` Ժոզեֆ, հայրը` Հապիպ Մելքի, իսկ մայրը` Նուրա Եամմին:

1915-ին կը գտնուէր Միջագետք, Մարտին քաղաքը, միակը, ուր քրիստոնեաները աւելի էին,  քան մահմետականները: Ան գիտէր արաբերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, սուրեանի, թրքերէն, հայերէն եւ լատիներէն: Կը ձերբակալուի, կը բանտարկուի, կը չարչարուի պարզապէս զինք ստիպելու, որ խոստովանի, թէ քաղաքին մէջ զէնքի գաղտնի պահեստանոցներ կան: Մերժելէ ետք կրօնափոխ ըլլալ, առանց որեւէ փաստի զինք կը դատապարտեն, շղթաներով կը կապեն եւ 400 հոգիի հետ միասին տեղահանութեան կը ղրկեն. կարաւանին մէջ կը գտնուէր հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը:

Տեղահանուածները կը համոզեն, թէ անոնք պիտի մասնակցին ճամբաներու շինութեան աշխատանքներու: Բայց զանոնք հերթաբար կը սպաննեն: Զինուոր մը կը պատմէ, թէ առաջին 100 հոգիի ջարդի գիշերը երանելի Մալոյեան իր շուրջ կը հաւաքէ բոլոր կաթողիկէները եւ կու տայ մեղքերու թողութիւն եւ կը բաշխէ Սուրբ Հաց: Կ՛ըսուի, թէ արարողութեան ատեն հաստ ամպ կը պատէ տեղահանուածները եւ անուշ հոտ մը կը բուրէ բոլորին շուրջ: Ամպը կը կորսուի աղօթքէն ետք , Լէոնար կը նահատակուի 11 յունիս 1915-ին:

 Հայր Թոմաս Սալէհ
Հայր Թոմաս Սալէհ

Հայր Թոմաս Ժըրիես Սալէհ ծնած է Պաապտեթ,  1879-ին: Ան ղրկուած էր Թուրքիա` որպէս ուսուցիչ, քարոզիչ եւ հոգեւոր օգնական. 1915-ին ան եւ ուրիշ այլ լատին միսիոնարներ կը ձերբակալուին եւ կը տեղահանուին դէպի Ուրֆա, որ  այդ օրերու եւրոպացի միսիոնարներու հաւաքման կեդրոն նշանակուած էր: Տեղի կ’ունենան բախումներ, որոնց իբրեւ հետեւանք, 20,000 հայեր կը ջարդուին: Հայր Վարդան անունով քահանայ մը փախուստ կու տայ ջարդէն եւ ապաստան կը խնդրէ քափուչինեաններուն վանքը: Հակառակ անոր որ այս հիւրընկալութիւնը կրնար մեծ վտանգ յառաջացնել վանականներուն, Հայր Թոմաս Սալէհ կը պնդէ, որ հայր Վարդան ընդունուի ներս իբրեւ Յիսուս Քրիստոսի ծառայող: Աւա՜ղ, հայր Վարդանին հետքը շուտով կը յայտնաբերուի. քափուչիեան երեք վարդապետներ բանտարկութեան կը դատապարտուին, իսկ հայր Թոմաս Սալեհ մահապատիժի արժանի կը նկատուի: Ցուրտ ձմրան ժամանակ ան կ՛ուղարկուի դէպի Ատանա, որ դատուի եւ մահուան պատիժը գործադրուի: Ան հերոսաբար կը նահատակուի 25 յունուար 1917-ին, Մարաշ քաղաքին մօտ, ժանտախտէն: «Աստուծմէ խնդրեցի, որ իմ վրաս վերցնէ հայր Վարդանի ցաւերն ու տառապանքները, բնաւ չեմ զղջար եւ մահէն վախ չունիմ», եղան իր վերջին խօսքերը իր շուրջ հաւաքուածներուն:

 4 Յունուար 2015

 

 

Նախորդը

Ստեփան Փարթամեանի «Yes, We Have Expanded» Կոթողային Հրատարակութիւնը

Յաջորդը

Հաւաք` «Ազդակ» Բացառիկ 2015-ի Հրատարակութեան Առիթով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Պատերազմը Խաղաղութեան Միջոց Չէ

February 25, 2026
Բաց Նամակ.  «Մէկ Ընտանիքի Պէս Ապրում Ենք Այստեղ» Յօդուաշարքին Առիթով
Անդրադարձ

Բաց Նամակ. «Մէկ Ընտանիքի Պէս Ապրում Ենք Այստեղ» Յօդուաշարքին Առիթով

February 25, 2026
Հանգիստ` Տաթեւ Սրբազանի Հոգիին
Անդրադարձ

Հանգիստ` Տաթեւ Սրբազանի Հոգիին

February 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.