ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին առաջին հանգրուանը աւարտեցաւ 1976-ի աշնան, սուրիական զօրքերու Լիբանան մուտքէն ետք: Պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը ծանր հարուած ստացան եւ քաշուեցան շատ մը շրջաններէ: Ռիատի եւ Գահիրէի արաբական գերաստիճաններուն որոշումով Լիբանանի ապահովութիւնը ստանձնեցին արաբական զսպիչ ուժերը, որոնք սկզբնական շրջանին միայն սուրիական զօրքերէ բաղկացած էին: Այնուհետեւ Լիբանան ժամանեցին նաեւ սուտանցի, սուէտցի եւ լիպիացի հինգ հազար զինուորներ, զսպիչ ուժերուն թիւը հասցնելով 30 հազարի: Զինեալ միլիսները քաշուեցան հրապարակէն:
1975-1976 կրթական տարեշրջանը, քաղաքացիական պատերազմին բերումով, սկսած էր 1976-ի փետրուարի սկիզբը, բայց մարտ 11-ի կռիւներէն ետք դպրոցները կրկին փակուած էին. անոնք վերաբացուեցան սեպտեմբերին, կռիւներու մեղմացումէն ետք. տարեշրջանը աւարտեցաւ 1976 դեկտեմբերին կամ 1977 յունուարին եւ այնուհետեւ սկսաւ նոր տարեշրջանը:
Նապաայի կռիւներէն ետք Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղերը վերակենդանացան, գաղթականներէն շատեր վերադարձան իրենց բնակարանները, եւ հայութիւնը միասնական ջանքերով ջանաց ամոքել պատերազմին վէրքերը:
Ազգային խորհուրդը հիմնուած էր 1976 մայիսին, երբ Լիբանան օրհասական պահեր կ՛ապրէր: Իրարու ետեւԷ փուլ կու գային պետական բոլոր կառոյցները` նախարարութիւններէն մինչեւ ոստիկանութիւն եւ բանակը: Անխնայ կը քանդուէին եւ կ՛ոչնչացուէին տասնամեակներու աշխատանքով ձեռք բերուած հաստատութիւնները: Ամէն կողմ աւեր էր ու մահ, կատարեալ թշուառութիւն եւ անիշխանութիւն: Պետական սպասարկութեանց բացը լեցնելու համար կեանքի կոչուած էր Ազգային խորհուրդը, Պուրճ Համուտի մէջ:
Միաժամանակ նաեւ, իրաւազուրկ հայութեան սփիւռքեան կեանքը արդէն իսկ հրամայական պահանջի վերածած էր հանրանուէր ու մնայուն կառոյցներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը: Ազգային խորհուրդը կեանքի կոչուած էր նաեւ այդ մղումով: Քաղաքացիական պատերազմի անձկութեան մատնուած եւ թշուառացած ժողովուրդին տիրութիւն ընելու եւ հանրային ծառայութիւն մատուցանելու անմիջական ու հրատապ ճիգէն անդին, Ազգային խորհուրդը առաջնորդուեցաւ հայ կեանքէն ներս նոր հանգրուան մը կերտելու մղումով:
Պետութեան աստիճանական վերականգնման եւ միլիսներու հատուածական իշխանութիւններու վերացման պայմաններուն տակ, Ազգային խորհուրդը, պարագայական իր սպասարկութիւնները ջնջելով, գործնապէս մնաց հանրային ծառայութեան հիմնական մարզերէն ներս, իբրեւ Լիբանանի հայութեան հանրանուէր ու ազգային մնայուն կառոյցներէն մէկը:
Ազգային խորհուրդը, ամսական դրութեամբ հայ ընտանիքներէ ազգային տուրք հաւաքելով եւ իր տրամադրութեան տակ դրուած յատկացումներով, հայ կեանքը օժտեց հանրային ու ընկերային ծառայութեան մնայուն կառոյցով ու անձնակազմով: Ազգային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ եւ հայ կեանքէն ներս գործող զանազան մարմիններու մասնակցութեամբ ստեղծուեցաւ տնտեսական բարգաւաճումի հայկական հիմնադրամը, որ աննշան տոկոսով փոխատուութիւն կատարելով նպաստեց ժողովրդային կարիքներուն լուծում գտնելու աշխատանքին:
Տնտեսական յանձնախումբը մշակեց յատուկ ծրագիր մը, ծանրանալով մասնաւորաբար ուղղակի եւ անուղղակի տուրքերու, ինչպէս նաեւ` ներածումի տուրքերու դրութեան մը ստեղծման վրայ: Բայց հետագային, քաղաքական դէպքերու ընթացքը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդը յաւելեալ տուրքերով չբեռնաւորելու մտահոգութիւնը, մղեցին որ յանձնախումբը, Ազգային խորհուրդին հետ համախորհուրդ, հրաժարի այդ ծրագիրի գործադրութենէն:
Ազգային խորհուրդի յանձնախումբերու պիւտճէն հաւասարակշռելու համար դիմում կատարուեցաւ գաղութէն ներս գործող բարեսիրական հաստատութիւններու եւ այլ կազմակերպութիւններու ու մարմիններու, որպէսզի կարելի ըլլար նիւթապէս բաւարարել յանձնախումբերուն պահանջները, եւ իրապէս ալ, այդ կազմակերպութիւնները մեծ գումարներ դրին Ազգային խորհուրդի տրամադրութեան տակ:
Ազգային խորհուրդի տնտեսական յանձնախումբը 1976 հոկտեմբերէն սկսեալ ձեռնարկեց հայկական հաստատութիւններէ որոշ տուրքեր գանձելու աշխատանքին, Ազգային խորհուրդի հանրօգուտ ծախսերու մասնակցութիւն անուան տակ: Սկզբնական շրջանին այդ աշխատանքը տարուեցաւ միայն Պուրճ Համուտի հաստատութիւններուն, իսկ այնուհետեւ այդ աշխատանքը տարուեցաւ նաեւ Մար Եուսէֆի, Էշրեֆիէի, Հայաշէնի եւ Մար Մըխայէլի շրջաններուն մէջ: Հետագային Անթիլիասի եւ Զալքայի շրջանները եւս ներառուեցան:
Յանձնախումբը իր գանձումներուն համար մեկնակէտ առաւ վաճառականական ճիւղերը եւ հաստատութիւններու ընդհանուր եկամուտը: Այդ հիման վրայ հաստատութիւնները բաժնուեցան դասակարգերու եւ իւրաքանչիւր հաստատութեան համար ճշդուեցան խորհրդանշական համապատասխան սակեր, որոնք կը տարբերէին ըստ առեւտրական ճիւղերուն:
1977 փետրուարին, մասնակցութեամբ Ճինիշեան հաստատութեան, Զուիցերիացի հայասէրներու միութեան, Ազգային առաջնորդարանին, Օգնութեան խաչի շրջանային վարչութեան եւ Ազգային խորհուրդի տնտեսական յանձնախումբին, կազմուեցաւ ԱՖԷՏ-ը, (AFED – Armenian Fund for Economic Development):
ԱՖԷՏ-ը ֆոնտ մըն էր, ուր ներդրումներ կատարած էին վերոյիշեալ մարմինները եւ որ գոյացուած գումարը կը յատկացնէր փոխատուութիւններու:
Յատկապէս պատրաստուած դիմումնագիրներու հիման վրայ, հայորդիներ գումար կը ստանային ԱՖԷՏ-էն եւ կը ձեռնարկէին աշխատանքի:
Ազգային խորհուրդի տնտեսական յանձնախումբի ներկայացուցիչը կը վարէր ԱՖԷՏ-ի գործերը, իր կեդրոնը ունենալով Ազգային խորհուրդի գրասենեակներուն մէջ:
* * *
«Ազդակ» 5 մարտ 1977-ին թեւակոխեց իր հիմնադրութեան յիսնամեակը: Այդ առիթով հրատարակուած բացառիկի խմբագրականին մէջ կ՛ըսուէր, որ պատերազմի օրերուն «Ազդակ»-ի ընտանիքը ամէն վտանգ ու զրկանք յանձն առաւ իր ժողովուրդին «հացի պէս խլուող» թերթ հասցնելու համար, եւ որուն թելադրականութեամբ հայ զանգուածը գիտցաւ իր տկարութեան ամէնէն ճգնաժամային պահերուն իսկ տոկալ ու հայութեան խնայել այս անփոխարինելի կռուան-գաղութի տարտղնումը` բանալի բացատրութիւնն է «Ազդակ»-ի յարատեւութեան գաղտնիքին:
Պատերազմի սկզբնական շրջանին «Ազդակ»-ի անձնակազմը Արա Երեւանեան ակումբին մէջ կը գիշերէր, բայց յետոյ Ուաթ-Ուաթ թաղի հայերու պատկանող պարապ տուներուն մէջ ցրուեցաւ, զանոնք գրաւումներէ եւ կողոպուտէ զերծ պահելու համար:
Տպարանի աշխատանքը կը սկսէր յետմիջօրէին: Ելեկտրականութիւնը յաճախ կ՛ընդհատուէր եւ խմբագիրները իրենց աշխատանքը կը շարունակէին մոմերու լոյսին տակ: Կը պատահէր, որ ամբողջ գիշերներ ելեկտրականութիւնը չէր յայտնուեր: Խմբագիրներ իրենց ձեռագիրները ստիպուած զամբիւղ կը նետէին: Երբեմն ելեկտրական հոսանքը օրեր շարունակ չէր յայտնուեր, եւ թերթը լոյս չէր տեսներ: Հետագային միայն տպարանը սեփական ժեներաթէօր ունեցաւ:
Խմբագրական աշխատանքը կ՛աւարտէր կէս գիշերէն ետք ժամը երկուքին կամ երեքին: Անկէ ետք կը սկսէր տպագրութեան աշխատանքը, որ կ՛աւարտէր առտուն կանուխ:
Այնուհետեւ կը մնար թերթը արեւմտեան Պէյրութէն արեւելեան շրջան փոխադրելը: Առաջին մտահոգութիւնն էր մայրաքաղաքին երկու մասերը իրարու կապող ճամբաներուն ապահովութիւնը ստուգել, որմէ ետք վարորդը, որ Արա Երեւանեան ակումբը կը գիշերէր, մահուան սպառնալիքը դիմակալելով թերթը արեւելեան շրջան կը փոխադրէր: Օրեր եղած են, երբ երկու շրջաններուն միջեւ երթեւեկող միակ ինքնաշարժը եղած է «Ազդակ»-ի ինքնաշարժը:
«Ազդակ»-ի յիսնամեակին առիթով, ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր ողջոյնի խօսքով կը ծանուցէր թերթը սեփական շէնքով, արդիական տպարանով ու խմբագրատունով օժտելու ծրագիրը, որպէսզի անիկա աւելի հաստատ ու ամուր հիմերով կարենայ շարունակել իր առաքելութիւնը:
Քուէյթէն Արշաւիր եւ Վիգէն Շաղզոյեան եղբայրները, սիրայօժար ընդառաջելով Կեդրոնական կոմիտէի եւ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան բաղձանքին, իրենց հանգուցեալ հօր` Ներսէս Շաղզոյեանի յիշատակին, եւ առ ի գնահատանք «Ազդակ»-ի հանրանուէր ծառայութեան, 55 հազար քուէյթեան տինար (580 հազար լիբանանեան ոսկի) նուիրեցին «Ազդակի տան» կառուցման համար:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը, գնահատելով Շաղզոյեան եղբայրներուն սրտաբուխ նուիրատուութիւնը, որոշեցին «Ազդակի տան» ապագայ շէնքը անուանակոչել Շաղզոյեան մշակութային կեդրոն: Նաեւ, փութացնելու համար թերթը սեփական շէնքով եւ արդիական սարքաւորումով օժտելու ծրագիրը, բացուած յայտարարուցեաւ «Ազդակի տան» շինութեան ֆոնտը:
Իր կարգին, Թեհրանէն Ալպէրթ Պապայեան 50 հազար լիբանանեան ոսկի նուիրեց «Ազդակի տան» շինութեան ֆոնտին: Այս առիթով, 25 մայիս 1977-ի թիւով եւ «Յիսնամեակի նուէրը» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր, որ իր հանրանուէր գործունէութեան ամբողջ տեւողութեան, ամբողջ յիսուն տարի լոյս տեսնելով, թերթը շարունակ շնչեց եւ գործեց հայութեան մշակութային ամրոցը դառնալու հրամայականով: «Չունէր եւ դեռ չունի իր տպարանն ու խմբագրատունը մէկտեղող սեփական կալուած: Չունէր եւ դեռ չունի իր հանրային-մշակութային առաքելութիւնը տնտեսական եւ արհեստագիտական ամուր հիմերու վրայ հաստատող կառոյց: Հետեւաբար, երբ այսօր կը դրուի մեր թերթը սեփական շէնքով ու արդիական տպարանով օժտելու պահանջը, ատիկա չի թելադրուիր սոսկ ներկայանալի հիմնարկ մը դառնալու մտահոգութենէն: Երբ նման հիմնադրամի մը կը ձեռնարկենք, խորքին մէջ կ՛առաջնորդուինք մեր հրապարակագրական գործը աւելի ամբողջական դարձնելու հրամայականէն: Եթէ մեր յիսնամեակին առիթով սեփական շէնքի եւ արդիական տպարանի կառուցման կը ձեռնարկենք, մշակութային եւ հանրանուէր ծառայութեան նոյն կոչումն է որ մղում կու տայ այդ քայլին», կը նշէր «Ազդակ» եւ կ՛եզրակացնէր ըսելով.
Հրապարակագրական ասպարէզը հասած է այն հանգրուանին, որ ոչ մէկ թերթ կրնայ մամուլի իր առաքելութիւնը ամբողջական արդիւնաւորումի առաջնորդել, եթէ զուրկ է տնտեսական ու հրատարակչական լրացուցիչ կռուաններէ: Ոչ մէկ թերթ կրնայ հանրային իր ծառայութեան առջեւ նոր դաշտեր բանալ, եթէ իր արդիական տպարանը չունի, եթէ հրատարակչական յարակից գործունէութիւն չունի, եւ եթէ մշտանորոգ սարքաւորումներով քայլ չի պահեր օրուան նորայայտ կարիքներուն հետ: Հետեւաբար, «Ազդակի տան» – մշակութային կեդրոնի պատկերացումը կը մեկնէր այդ սկզբունքէն: Հայ թերթը իրեն յատուկ կռուանները պէտք է ստեղծէր, տնտեսական իր գործառնութեանց դաշտը ընդլայնէր, որպէսզի կարենար միշտ նորոգել իր մշակութային-հրապարակագրական արտադրութիւնը, եւ որպէսզի կարենար հասնիլ ընթերցող հանրութեան հետաքրքրութիւններուն: